Գիտութեան ազգային շաբաթ Հայաստանի մէջ, 1-6 հոկտեմբեր

July 13, 2024

Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենայ գիտութեան շաբաթ մը, կազմակերպութեամբ՝ «Գիտուժ» նախաձեռնութեան եւ համագործակցութեամբ՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորթի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային ու Երեւանի քաղաքապետարանին:

«Գիտութեան շաբաթը ժողովրդային տարբեր շերտերու համար նախատեսուած զանազան ձեւաչափերով ձեռնարկներու շարք մըն է, որուն նպատակն է ազգային մակարդակով ժողովրդականացնել գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնները, բացատրել անոնց անփոխարինելի դերը եւ նշանակութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ, գիտութիւնը դարձնել հրապուրիչ երիտասարդներու համար, ինչպէս նաեւ խթանել քննական մտքի գիտելիքահենք խօսոյթի զարգացումը», կը նշէ «Գիտուժի» հաղորդագրութիւնը:

Գիտութեան շաբաթը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի եւ բոլոր մարզերուն մէջ, 1-6 հոկտեմբերին։

Վեց օր շարունակ Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գիտութեան փառատօն մը, որուն զուգահեռ, մայրաքաղաքին ու բոլոր մարզերու մանկապարտէզներուն, դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան ապակեդրոնացեալ ձեռնարկներ:

Երեք թեմաներու բաժնուած Գիտութեան փառատօնի այցելուները առիթ պիտի ունենան շփուելու գիտնականներու հետ, տեսնելու եւ մասնակցելու հետաքրքրական գիտափորձերու, սեմինարներու, դասախօսութիւններու, քննարկումներու, ցուցահանդէսներու, մրցոյթներու, առնչուելու ժամանակակից գիտական ձեռքբերումներուն, իրենց աչքերով տեսնելու, թէ ինչպէ՞ս գիտական ստեղծագործ միտքը երեւակայականը կը դարձնէ իրական:

Ապակեդրոնացած ձեռնարկներուն ընթացքին մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու աշակերտները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակից դառնալու բազմապիսի գիտափորձերու ու խմբային ծրագիրներու, որոնք պիտի ներառեն գրեթէ բոլոր գիտակարգերը, իսկ համալսարաններու ուսանողներու համար միջգիտակարգային համագործակցութեան շրջագիծին մէջ պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ ու սեմինարներ:

«Գիտուժ նախաձեռնութեան առաքելութիւնն է հզօրացնել Հայաստանը գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու միջոցով: Գիտութեան ազգային միասնական հարթակի մը ստեղծումը այս առաքելութիւնը իրականացնող կարեւոր քայլերէն մէկն է»,- կ’աւելցնէ հաղորդագրութիւնը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x