Գիտէի՞ք թէ մրցիլ բային արմատը «մուրց» է եւ կը նշանակէ «բռունցք»

October 1, 2024

            1.Մուրց-մրցիլ-մրցում

            Ձեր մտքին ծայրէն կրնա՞ր անցնիլ, որ մրցիլ բային արմատը ըլլար մուրց եւ ան նշանակէր բռունցք, կռուփ, իսկ մրցում-ը իր նախնական կիրարկութեան մէջ նշանակէր…բռնցքամարտ կամ կռփամարտ: Ինքս չէի գիտեր:

           Որքա՜ն լաւ է, որ հիմա գիտեմ եւ ի՜նչ լաւ  բան է…սորվիլը:
            Տարոսը բոլոր չգիտցողներուն եւ…սորվիլ փափաքողներուն:
            Եւ Աստուած ներէ այնպիսիներուն, որոնք ընդմիշտ հրաժարած են սորվելէ:

*   *   *

            Եւ ահա ժամանակին հետ այս նախնական, ըսենք՝ նեղ, նշանակութիւնը անսահմանօրէն ընդլայնած է եւ այսօր մրցիլ կը նշանակէ առօրեայ կեանքի անհամար մարզերու մէջ ուրիշը կամ ուրիշները գերազանցելու, ժողովրդախօ-սակցական ոճով՝ անցնելու, փորձը, ճիգը, քննութիւնը. օրինակ՝ վազքի մրցում, ֆութպոլի մրցում,  լողի մրցում, պլոթի մրցում, շատակերութեան եւ շատախմութ-եան մրցում.  ու տակաւին մրցում՝ ի խնդիր պաշտօնի, աստիճանի, տիտղոսի եւ շատ ուրիշ բաներու:

  1. Մրցանիշ

            Մուրց արմատով ունինք բարդ եւ ածանցաւոր բառերու բաւական ճոխ՝ հայերէնավայել օժիտ մը, որուն գոյառումը սկսած է հազարամեակներ առաջ: Մենք պիտի սերտենք անոնցմէ միայն մէկը՝ մրցանիշը:

            Այս բառին առաջին անգամ կը հանդիպինք Գայայեանի մէջ՝ 1938-ին.

            –«Մրցանիշ – մրցումով ձեռք բերուած բարձրագոյն նիշ՝ թիւ»:

            Այս նոյն նշանակութիւնը կը պահէ ան մինչեւ հիմա եւ այս նշանակութեամբ ալ ան մտած է արեւմտահայ  բառարաններուն մէջ՝ Ճիզմեճեանի, Տէր Խաչատուր-եանի, Կռանեանի, Ճերեճեանի:

            Ան կը ներկայանայ իբրեւ հոմանիշ ֆրանսերէն record-ին:

            Հետաքրքրական է, որ ֆրանսերէն  record-ը իր կարգին ուշ յառաջացած բառ է. զայն չենք գտներ 19-րդ դարու ֆրանսահայ բառարաններու մէջ, ինչպէս՝ Նորայր Բիւզանդացիի, Եղիա Տեմիրճիպաշեանի, Սամուէլ Գանթարճեանի եւ ուրիշներու:

                Առաջին անդրադարձողը անոր կ’ըլլայ Մեսրոպ Նուպարեանը 1911-ին.
            «Record – վերագոյն աստիճան (շուտութեան)»:
            Այսինքն՝ արագութեան բարձրագոյն աստիճան:
            Որ յետոյ պիտի նշանակէր բարձրագոյնը բոլոր մրցումներու մէջ: 

                                                              *  *  *

            Այս բառին կապուող յաջորդ անակնկալը այն է, որ Մալխասեան  ընդմիշտ չունի այս բառը. զայն առաջին անգամ կը գտնենք 1969-ին Ակադեմիայի քառահատոր բացատրականին մէջ՝ մերինէն  տարբեր նշանակութեամբ.

            –«Մրցանիշ – մրցութեան ժամանակ շահուած ցուցանիշ»:

            Այսինքն՝ որեւէ մրցումի մէջ ստացուած որեւէ նիշ/նշան. ուշադրութի՛ւն՝ ո՛չ բարձրագոյնը, ինչպէս է արեւմտահայերէնի մէջ:

            Նոյնը կը գտնենք արեւելահայ հետագայ բառարանագիրներուն քով:

            Իսկ մրցումի մէջ «բարձրագոյն նիշը» արտայայտելու համար պարզապէս փոխ   առած են օտար record-ը՝ ռեկորդ տառադարձութեամբ, որ կը գտնուի թէ՛ Մալխասեանի, թէ՛ միւս բոլորին մէջ:

            –«Ռեկորդ – աջողութեան բարձրագոյն աստիճանը, որ ձեռք է բերւում  մրցութեան ժամանակ՝ մարզութիւնների կամ  աշխատանքի այլ բնագաւառում» (Մալխասեան, 1944):

            Ափսո՜ս:

            Եթէ Մալխասեան իր օրին որդեգրած ըլլար մրցանիշը՝ այն նշանակութեամբ, որ  ան արդէն ունէր արեւմտահայերէնի մէջ, ապա այդպէս  ալ կը շարունակուէր. մեր երկու բարբառները օտարի record-ին դիմաց կ’ունենային ազգային մէկ միասնական բառ, միւս կողմէ՝ արւելահայերէնը ապականող մէ՛կ օտարաբանու-թիւն  կը պակսէր:

            Եւ Նուազի լը Գրանդի աւատապետը 4.000-ի փոխարէն՝ 3.999 օտարաբանութիւն կ’ունենար իր տոմարներուն մէջ:

  1. «Արմենպրես»-ն ու հայերէնը

            Այս կայքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը ցուցադրէ իր կատարեալ տգիտութիւնը հայերէնի մէջ. վերջինն է հետեւեալը.

            –Շահագրգիռ անձիք կարող են ներկայացնել ապացոյցներ (9/8/24)[1]:

          Հայերէնը՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, չունի անձիք բառաձեւ:

          Գրաբարը գիտէր՝ անձն-անձինք, աշխարհաբարը գիտէ՝ անձ-անձեր:  Այս երկուքէն դուրս ուրիշը չկայ: Կայ  լեզուական ՝՝թանձրացեալ տգիտութիւն մը, որ համաճարակի պէս տարածուած է ամբողջ Հայաստանի մէջ՝ վերնախաւէն մինչեւ յետին ռամիկը:

*  *  *

          Ամբողջ Հայաստանը այսօր տագնապի մէջ է. փորձ կ’ըլլայ «Հայոց պատմութիւն» անուանումը դարձնելու «Հայաստանի  պատմութիւն»:

          Մարդկութիւնը այսքան անհեթեթ բանավէճ ու բանավիճողներ չէ տեսած, քանի որ «Հայոց պատմութիւն» բառակապակցութիւնը ինքնին արդէն կը նշանակէ «Հայաստանի պատմութիւն». ա՛լ ասոր ի՞նչը կը փորձուի  ինչի՛ փոխել՝ յայտնի չէ:

          Հայոց՝ սեռական հոլովն է Հայք-ին, որ կը նշանակէ Հայաստան:

          Միւս կողմէ՝ հայք կը նշանակէ նաեւ հայեր. ուրեմն  բարեբախտ զուգադիպութեամբ մը Հայոց  կամ հայոց՝ կը նշանակէ նաեւ… թէ՛ Հայաստանի, թէ՛հայերու: Այս հաշուով՝ երկնային մանանայ  մըն է այս բառը, որ հաւասարապէս կ’անուանէ թէ՛ հայրենիք մը, թէ՛ անոր ժողովուրդը. հասկցիր ո՛ր մէկը որ կ’ուզես:      Եւ ահա հետեւանքը… ապուշ բանավիճողներու   համազգային  անիմաստ գզուըռտուք մը, որ ընդերկար կը քաշքշուի:

         

[email protected]                                                                      Արմենակ Եղիայեան

[1]  Նոյնը՝ «Հայկական ժամանակ»-ի մէջ (13/8/2024)  եւ «Դրօշակ»-ի օգոստոս  2024-ի թիւին մէջ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x