Գիտէի՞ք, թէ Գրիգոր Զոհրապ ոտանաւոր եւս գրած է

May 14, 2025

1. Գիտէի՞ր, թէ Գրիգոր Զոհրապ ոտանաւոր եւս գրած է՝ ընդհանրապէս ոգեկոչելով երիտասարդ տարիներու անվաղորդայն սէրերը, ինչպէս կը վկայեն ստորեւ բերուած երկու ապշեցուցիչ քնքշութեամբ պարուրուած նմուշները:
Եւ այս՝ իր արձակ գրութիւնները հրատարակելէ բաւական ետք, 1900-ականներէն սկսեալ ընդհուպ մինչեւ 1908, երբ արդէն կը ծեծէր 50-ի դռները, կուշտուկուռ յղփացած էր աշխարհիկ բոլոր ասելի ու մանաւանդ անասելի անառակութիւններով եւ ունէր իր հասակովը չորս զաւակ տիկին Գլարա Զոհրապէն՝ առաքինի կնոջմէն եւ օրինակելի մայրէն:
* * *
Երբոր օր մը զգաս պէտքը՝ զզուած շուրջիդ կեանքէն շինծու,
Երջանկութեան փախչող հետքը անցեալին մէջ փնտռելու:
Որովհետեւ, ո՜վ դառնութիւն, ասկից վերջը աչքիդ ծարիր
Պէտք է դնես եւ անարիւն շրթունքներուդ՝ քիչ մը կարմիր:
Քալած ատենդ երբոր ճամբան նայուածքդ ամէնքը չթովէ,
Եւ զարմացած չփսփսան. «Այս աղուոր կինն արդեօք ո՞վ է».
Երբոր ներկան ցուրտ ու ցամաք դառնայ քեզի կամաց-կամաց,
Կսկիծներով լեցուի համակ ապագադ ալ՝ մռայլամած,
Եւ ուրանայ իսկ քեզ, ո՜վ իմ կեանքս, աշխարհը համօրէն,-
Ես անցեալն եմ հաւատարիմ, իմ գիրկիս մէջ եկո՜ւր նորէն:
* * *
1) Դուն լայն ճամբէդ գնա, աղուո՛ր, 3) Մէկ խնդիրք մը միայն. վերջին
Ես կ’երթամ մութ արահետէս, Ժամուս կ’ուզեմ, որ մօտս ըլլաս,
Երջանիկ այն համոզմամբ, որ Ու երբ ամէնքն ինձմէ փախչին,
Սրտով գոնէ ինծի հետ ես: Դուն գէթ անուշ դէմքդ ցոյց տաս:
2) Ու անխռով կայքէս նսեմ՝ 4) Եւ ամէն փառքի փոխարէն
Աչքս յառած շաւղիդ, ո՛վ իմ Միայն պատկերդ յստակ ու ջինջ
Դալուկ լոյսս, պիտ’ սպասեմ Հետս տանիմ այս աշխարհէն՝
Քեզի որչափ, որ ես ապրիմ: Չյիշելով ուրիշ ոչինչ:

2. Եւ հիմա միասնաբար ըմբոշխնենք «Ազդակ»-ի հետեւեալ գոհարները.
***Հաղորդագրութեան շուրջ հինգշաբթի օր միաձայնութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ (15/3/2025, էջ 1):
***Ընդգծուեցաւ ազգային համաձայնութեան ուղղութեամբ երթը՝ քաղաքա-կան հոլովոյթի համապարփակ երաշխաւորման ուղղութեամբ (12/3/2025, էջ 2):
***[Որդեգրելու համար] նոր խումբ մը նշանակումներու, որոնց ամէնէն նշանակալիցը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումն է:
***Այն ինչ որ 18 փետրուարէն ի վեր կը շարունակուի, Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակում մըն է (24/3/2025, էջ 8):
***Ատիկա անոր ուղղուած հարցումս էր: Որովհետեւ, եթէ ան շարունակէ, ատիկա մեծ խնդիր պիտի ըլլայ մեզի համար, եւ ատիկա ինծի համար մեծ խնդիր պիտի յառաջացնէր, որովհետեւ պարզապէս չենք կրնար արտօնել, որ ատիկա տեղի ունենայ («Ազդակ»,18/2/2025, էջ 8):
***Անիկա մեզի պէտք է, անիկա պէտք է մերը ըլլայ: Անիկա պաշտպանական եւ յարձակողական դիրք ունեցող կղզի է (28/3/2025):
–Եւրոպացիները կ’ուզեն խաղաղապահ ուժեր ուղարկել… ապահովական
երաշխիքներ ապահովելու համար (20/2/2025):
–Նախարարները քննարկած են այլ ոլորտներու մէջ երկկողմանի գործակ-
ցութիւնը (14/4/2025, էջ 1):

3. Քիչ մը հայերէն
***Եազպեք նշեց, որ այդ դիրքորոշումները յստակօրէն թափանցիկ ինքնաքննադատութեան բացակայութիւն ցոյց կու տան, ինչ որ զինք կը մղեն այն համոզումին, թէ Հըզպալլայի… վրայ գրաւ դնելը սխալ է («Ազդակ», 3/4/2025, էջ 2):
—Ինչ որ դերանունը ՄԻՇՏ եզակի է (ի՛նչ ծաւալ ալ ունենայ անոր ընդգրկած հասկացութիւնը), հետեւաբար՝ ինչ որ զինք կը մղէ:
Անտեղի կիրարկուած է յստակօրէն մակբայը եւս:
Ճիշդ ի՞նչն է «յստակ» այս նախադասութեան մէջ:
Յստակ է բացակայութիւն գոյականը, որ մակբայի պէտք չունի, այլ… ածականի. ուրեմն՝ յստակ:
Այսպէսով կ’ունենանք՝
—Եազպեք նշեց, որ այդ դիրքորոշումները թափանցիկ ինքնաքննա-դատութեան յստակ բացակայութիւն ցոյց կու տան…
***Իշխանութիւնը պէտք է Հըզպալլայէն ուղղակի կերպով պահանջէ…(անդ):
—Ուղղակի մակբայ է, այլ խօսքով՝ էապէս կերպ, ձեւ, ոճ ցոյց տուող խօսքի մաս. ան իր այս պաշտօնը կատարելու համար պոչի պէտք չունի: Խնայեցէք այդ պոչին, ուրիշ տեղ եւ ուրիշ բանի կրնայ պէտք գալ ան:
Ուրեմն՝ «Իշխանութիւնը պէտք է Հըզպալլայէն ուղղակի պահանջէ…: ***Մահացաւ ոչ միայն լիբանանեան, այլ արաբական արուեստի մէջ իր դրոշմը ձգած Անթուան Քըրպեժ (անդ, էջ 3):
Երբ ոչ միայն-ին կը յաջորդէ այլ, փոխանակ սպասուած այլեւ-ի, այս պա-րագային պատշաճ է, որ համադասուող բառին վրայ դնենք ամբողջ դերանունը (կամ որեւէ այլ հանրական նշանակութիւն ունեցող բառ). ուրեմն ըսենք՝
—Մահացաւ ոչ միայն լիբանանեան, այլ ամբողջ արաբական արուեստի մէջ իր դրոշմը ձգած Անթուան Քըրպեժ:
Ճիշդ ինչպէս պիտի ըսէինք՝
–Յաջողեցաւ ոչ միայն աշակերտ մը, այլ ամբողջ դասարանը:
–Անոր նուիրեց ոչ միայն իր օրապահիկը, այլ ամբողջ շաբթականը:
***Միացեալ Նահանգները կրնան Իսրայէլին ստիպել պատերազմը դադրեցնել (13/5/2025, էջ 1):
—Միացեալ Նահանգները կրնայ ստիպել Իսրայէլը դադրեցնելու պատե-րազմը:
Երեք սխալ մէ՛կ նախադասութեան մէջ…
Որքա՜՜՜ն երախտապարտ ենք «Ազզդակ»-ի քաղաքական էջին, որ այսպիսի շինիչ սխալներու ճոխութեամբ կը լուսաւորէ մեր խաւար ուղեղները:

[email protected]                                                                                         Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x