Գարմէն Լապաքի՝ խանդավառ արուեստագէտը (Գ. մաս)

August 15, 2024

Technique բաժինէն անցնելով, սկսանք արծարծել Գարմէնին(1) եւ իր գործերուն կապը:

Գարմէն Լապաքի 1

Անդրադառնալով իր մեծագոյն դժուարութեան, Լապաքի ըսաւ՝ «ժամանակը»: «Երբ ժամկէտ ճշդուած է, պէտք է յարգուի» աւելցուց ան: «Կան այլ դժուարութիւններ, օրինակ, երբ ժամադրուած եւ ծրագրուած նկարահանուելիք հարցազրոյց մը կայ, եւ անձը յանկարծ միտքը փոխէ եւ մերժէ նկարուիլ կամ երբ պրպտումներու ընթացքին զգամ որ մարդիկ բաներ կը պահեն եւ չեն արտօներ որ հասնիմ բուն նիւթիս… Մարդու հետ գործակցիլը դժուար է, բայց յատկապէս ժամանակը մեծագոյն դժուարութիւնս է»:

The Cypriot Maronites 2

«Գետնի վրայ, նկարահանումներուն կը մասնակցի՞ս» հարցուցի: «Անշուշտ» ըսաւ:  The Cypriot Maronites-ը(2) նկարահանելու ընթացքին, 60% ինք եղած է camera-ի ետեւ: Կարճ եւ պարզ նկարահանումները ինք կը կատարէ, եթէ յատկացուած գումարը բաւարար չըլլայ աւելորդ պաշտօնեայ վարձելու կամ եթէ ժամանակը պէտք է խնայուի եւ գործը աւելի արագ ընթանայ: Պատահած է դէպք մը, երբ ծագումով լիբանանցի եւ հպատակութեամբ պրազիլցի աղջիկ մը իր լիբանանեան արմատները փնտռելու ընթացքը վաւերագրել փափաքած է: Գարմէն, տիրապետելով փորթուկալերէնի եւ ըլլալով մասնագէտ վաւերագրող, Պրազիլի եւ Լիբանանի մէջ դաշտային աշխատանքը ամբողջութեամբ տարած է անձնապէս:

Լապաքի միշտ ինքնավստահ եղած է որ խնդրոյ առարկայ ժողովուրդը գոհ պիտի մնայ եւ հպարտանայ իր մասին պատրաստուած վաւերագրական ֆիլմով: Եւ այդպէս ալ եղած է. «փաստօրէն, LBCI կայանը նոյն վաւերագրականը բազմաթիւ անգամներ կը սփռէ, ընդառաջելով ստացուած պահանջքին» կ’ըսէ Լապաքի շատ ուրախ:

«Բոլոր գործերս մէկ կողմ, բայց Armenians of Lebanon-ը սրտիս մէջ տարբեր տեղ կը գրաւէ», կ’ըսէ Լապաքի: Նոյնիսկ հիմա, երբ նորէն դիտէ, չ’ուզեր բան մը փոխել, որովհետեւ ամէն ցաւ, ամէն տառապանք զգացած է երբ արեւմտեան Հայաստան գացած եւ ծանօթացած է ծագումով հայ մուհամմատներու եւ շուքրիյյէներու, աչքերովը տեսած է մզկիթ դարձած հայկական եկեղեցիները, այցելած է հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսիլը արգիլուած երբեմնի հայկական գիւղեր…

«Դժուար ասպարէզ է վաւերագրական պատրաստող ըլլալ, բայց եթէ անձին ծիներուն մէջ կայ այդ սէրը, այդ պարագային կրնայ յաջողիլ: Այլապէս, ստիպուած, ոչ ոք կրնայ յաջող վաւերագրական նկարել, որքան ալ սորվի եւ այդ ծիրէն ներս ուսում ստանայ» կը հաստատէ Լապաքի:

Այն հարցումիս թէ երբեք կը ծրագրէ՞ cinema-ի ֆիլմ նկարահանել, Լապաքի կը պատասխանէ որ միտքը երկու ֆիլմերու նիւթեր ունի, բայց cinema-ն եւ վաւերագրականը շատ կը տարբերին իրարմէ: Միեւնոյն ատեն վաւերագրական քանի մը գործի վրայ կարելի է աշխատիլ, բայց cinema-ի պարագան նոյնը չէ՝ ամբողջական կեդրոնացումի պէտք ունի: Հաւանաբար, երբ The World in Lebanon-ի ծրագիրը ամբողջացնէ, որ ըստ իրեն չորս տարի պիտի տեւէ, այն ժամանակ կը սկսի cinema-ի գաղափարներու վրայ աշխատիլ: Բայց կը մտադրէ նախ զանոնք ներկայացնել գիրքով եւ յետոյ անցնիլ նկարահանումի:

I Knocked on the Temple’s Door 3

Թէ կա՞յ նիւթ մը որ միշտ փափաքած է նկարահանել, բայց արգելքներու հանդիպելով չէ կրցած, Լապաքի նշեց. «Armenians of Lebanon նկարահանած ժամանակ, Սուրիոյ մէջ հանդիպեցայ գնչուներու, եւ փափաքս է անոնց մասին յատուկ վաւերագրական մը պատրաստել, գիտնալ անոնց հայ կամ տարբեր ազգութեան պատկանող արմատները: Կամ Լիբանանի մէջ արամերէն խօսող ասորի գիւղերու մասին: Գիտէ՞ք Քաթարի, Եմէնի մէջ ծագումով քրիստոնեայ շրջաններ եղած են, այդ երկիրներուն անունները նոյնիսկ արամերէնէ եկած են: Բայց այս թեման ոչ ոք կը համարձակի նշել, ըլլա՛յ քաղաքական, ըլլա՛յ կրօնական պատճառներով»:

I Knocked on the Temple’s Door 3

Լապաքի պատմեց նաեւ որ 2012-ին պատրաստած է I Knocked on the Temple’s Door(3) վաւերագրականը՝ համաշխարհային մասոնական շարժումին մասին, մղուած անձնական հետաքրքրութենէ: 12 երկիրի, 22 քաղաքի մէջ նկարահանուած այս վաւերագրականին համար որու որ դիմած է, ուր որ գացած է շատ մեծ սիրով ընդունած են զինք: Միայն Լիբանանի հեռատեսիլի կայաններն են որ չեն սփռած՝ խորհրդաւոր նիւթ ըլլալուն պատճառաւ:

Եթէ նիւթականը հարց չըլլար, եթէ իր առջեւ բոլոր դուռերը բաց ըլլային, Լապաքի պիտի ամբողջացնէր վերը նշածները, ապա պիտի անցնէր «այն նիւթին որ չեմ գիտեր քանի տարի կրնայ տեւել ամբողջացնելու համար… կ’երազեմ այդ գործին աւարտը տեսնել»: Լապաքի բացատրեց որ իւրաքանչիւր երկրի ժողովուրդ եւ ազգ ունի իւրայատուկ քալելու, խօսելու ոճ: Երբ ծովափ երթան, իրենց նստած ձեւը իւրայատուկ է: Օրինակ, երբ լիբանանցի մը արաբերէն կը խօսի, դէմքին շարժումներն ու արտայայտութիւնները կը տարբերին շուէտացիէ մը որ շուէտերէն կը խօսի:  Լապաքի կը մանրամասնէ որ Պրազիլի մէջ ապրող երրորդ կամ չորրորդ սերունդ լիբանանցիները Լիբանանի հետ ոչ մէկ կապ ունին, բայց ծնողները եւ մեծ ծնողները լիբանանցի են. եթէ ուսումնասիրենք, կը նկատենք որ լիբանանցիի չեն նմանիր որովհետեւ օդը կը տարբերի, արեւը, ջուրը… ինքնաբերաբար ժամանակի ընթացքին իրենց մորթին գոյնը, մազին գոյնը կը փոխուին: Եւ որովհետեւ արաբերէն խօսիլ չեն գիտեր, եւ կը խօսին փորթուկալերէն՝ անոնց դէմքերու արտայայտութիւնն ալ կը փոխուի: «Այս գործը պատրաստելու համար իւրաքանչիւր երկրի համար մասնագէտ ընկերաբան եւ մարդաբան պէտք է ճարեմ, վճարեմ: Տարիներով պէտք է հետապնդուի այս գործը, բայց ինչ աղուոր է, չէ՞: Կրնամ մէկ երկար վաւերագրականի մէջ ժողվել կամ անջատ, ամէն մէկը զատ՝ Ա. մաս, Բ. մաս…» աւելցուց Լապաքի:

Վերջին այս հարցս շատ ուրախացուց Գարմէն Լապաքին(4):

Գարմէն Լապաքի 4

Արդեօ՞ք քաջալերեցի զինք որ անմիջապէս սկսի երազային իր այդ գործին:

Շար 3. եւ վերջ

Փաթիլ Գուլաճեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x
\r\n <\/div>\r\n<\/div>\r\n","isUserRated":"0","version":"7.6.29","wc_post_id":"84925","isCookiesEnabled":"1","loadLastCommentId":"0","dataFilterCallbacks":[],"phraseFilters":[],"scrollSize":"32","is_email_field_required":"1","url":"https:\/\/darperag21.net\/wp-admin\/admin-ajax.php","customAjaxUrl":"https:\/\/darperag21.net\/wp-content\/plugins\/wpdiscuz\/utils\/ajax\/wpdiscuz-ajax.php","bubbleUpdateUrl":"https:\/\/darperag21.net\/wp-json\/wpdiscuz\/v1\/update","restNonce":"5f2021b619","is_rate_editable":"0","menu_icon":"https:\/\/darperag21.net\/wp-content\/plugins\/wpdiscuz\/assets\/img\/plugin-icon\/wpdiscuz-svg.svg","menu_icon_hover":"https:\/\/darperag21.net\/wp-content\/plugins\/wpdiscuz\/assets\/img\/plugin-icon\/wpdiscuz-svg_hover.svg"}; var wpdiscuzUCObj = {"msgConfirmDeleteComment":"Are you sure you want to delete this comment?","msgConfirmCancelSubscription":"Are you sure you want to cancel this subscription?","msgConfirmCancelFollow":"Are you sure you want to cancel this follow?","additionalTab":"0"}; -->