Բեմի մը պատմութիւնը վարագոյրը բացուելէն առաջ (Բ. Մաս)
March 22, 2025
Փաթիլ Գուլաճեան
Խումբը հասաւ սրահ, զարմացած ու զմայլած: Հինգ տարի առաջ, երբ այս ներկայացումը նոր պատրաստուեցաւ, տեքորի շինութիւնը տեւած էր մէկ ամիս, ապշած մնացին: Իրենց աչքերուն չհաւատացին, որ երեք օրուայ մէջ ինչպէ՞ս այսքան գործ առջեւ գացած է:

Մանր-մունր մանրամասնութիւններու համար, իւրաքանչիւր դերասան բեմ բարձրացաւ(1) եւ իր նկատողութիւնը յայտնեց, թէ փայտի այս մասը պէտք է աւելի երկար ըլլայ կամ ոչ: Տեքորին վրայ պիտի մագլցէին, աջէն ձախ փոխադրուէին: Սերգէյն ու Վիտան իւրաքանչիւր նկատողութիւն նկատի առին եւ անցան գործի: Բայց ժամանակը կ’անցնէր եւ դեռ շատ գործ կար ըլլալիք:
Օրը եղաւ չորեքշաբթի, ներկայացումի օրը: Զգացինք որ աշխարհէն կտրուած ենք. չորս օր է ի վեր միայն իրար երես տեսած ենք, բեմէն ասդին չենք եկած:

Այդ ալ հաճոյք էր, գոնէ ինծի համար: Հարազատ մարդոց(2), մասնագէտներու հետ սիրած գործս կ’ընէի՝ աջ-ձախ գործիք ու տարբեր չափերով պտուտակներ, վերէս վար տախտակի փոշի: Պահ մը Նարինէն կարծելով որ զիս շատ հոգնեցուցած են ու նեղութիւն պատճառած վերջին չորս օրերու ընթացքին, քիչ մնաց ներողութիւն պիտի խնդրէր: Հոն շատ պարզօրէն ըսի, որ գործին այս բաժինը ինծի համար մեծ հաճոյք է, իսկ ներկայացումը՝ դերասանին: Ժպիտով բաժնուեցանք:

Մինչ Սերգէյը, խումբի երիտասարդ դերասան՝ Նարեկ Պաղտասարեանին(3) հետ տեքորի ամրացումի գործին անցաւ, Վիտային հետ props-ի ցանկը ամբողջացնելու անցայ: Ժամը եղաւ վեց եւ տեքորին վրայ առաջին փորձը սկսաւ. քիչ մը հպարտ քիչ մը մտահոգ կը հետեւէինք: Ժամը մօտ եօթն էր, երբ յանկարծ դերասանին ոտքերուն տակէն փայտի ճեղքուելու ձայն լսեցինք… քառ լռութիւն տիրեց: Կա՛մ ժամը ութէն առաջ ճարին պիտի նայուէր, կա՛մ ալ ներկայացումը ճիշդ ժամուն պիտի չսկսէր, այս եթէ ընդհանրապէս ներկայացում տեղի ունենար: Խումբով բեմ ելան, Վիտան ու Սերգէյը խորհրդակցեցան, որոշում տուին եւ խումբի չորս տղոց օգնութեամբ ճառը գտան, տեքորը ամրացաւ, ամբողջացաւ:
Ժամը եղաւ 7:45, ընկ. Մարտիկը կ’ուզէր գիտնալ, թէ մեծ թիւով ժամանած հանդիսատեսները ե՞րբ կրնաէին սրահ մտնել. կը փորձէի ուշացնել բայց ալ իրաւունք չունէի: Վարագոյրը գոցեցինք, անձայն շարունակեցինք գործը, բեմը մաքրեցինք եւ վերջ:
Ահա ժամն էր:

Վախը մտաւ փորս: Հապա եթէ նորէն փայտ մը ճեղքուէր եւ այս անգամ՝ ներկայացումի ընթացքին: Դերասաններուն դէմքերը մէկ առ մէկ դիտեցի, ոչ մէկ վախի նշոյլ: Չդիմանալով, մտահոգութիւնս բարձրաձայն արտայայտեցի: Բոլորը միաբերան ըսին. «Նարինէն արգիլած է վախնալ: Դերասան ես, բեմին վրայ շատ բաներ կրնան պատահիլ, ինչ ալ ըլլայ, ներկայացումը պիտի շարունակուի»:
Անփորձանք ներկայացում տեղի ունեցաւ(4):
Ներկայացումին մասին պիտի չխօսիմ, մէկ շաբաթ անցաւ տակաւին «գինով եմ» եւ ապշած:

Իսկ հիմա… արաբերէն կ’ըսեն «գինովութիւնը գնաց, մտահոգութիւնը մնաց»… չորս օրուան ընթացքին հսկայական տեքոր շինելնէ ետք, պէտք էր զայն քանդէինք: Երբ հեռուէն դիտեցի կազմուած տեքորը, արագ ակնարկով մը հաշուեցի մօտ հազար պտուտակ բեմին վրայ: Ահա մեզի նոր մտահոգութիւն, թէ երեկոյեան քանի մը ժամուան մէջ ինչպէ՞ս պիտի քանդէինք, փայտերը ետ աշխատանոց հանէինք, որ յաջորդ օր առտուան 11:30-ին աշակերտական Պարոյր Սեւակի «Մարդը Ափի մէջ» ներկայացումի տեքորը պատրաստ ըլլար: «Մրջիւնի աշխատանք», «մեղուներու պէս աշխատասէր» խօսքերը կենդանացան աչքիս առջեւ: Խումբով դերասանները, յատկապէս տղաքը, բեմ ելան եւ առանց չափազանցութեան, կէս ժամուան մէջ բեմը կերպարանափոխուեցաւ ու դարձաւ պատրաստ(5)՝ յաջորդ օրուան ներկայացումին:
Թատերական իմ համեստ փորձառութեամբ, անդրադարձայ որ բան չէի գիտեր, եւ չորս օրուան մէջ կարծես տարիներու փորձառութիւն շահեցայ: Ափսոս որ մէկը չնկարեց ու չանմահացուց պատահածը: Անհաւատալի կը թուի:

Բախտաւոր եմ, պահը ապրեցայ:
Շնորհակալութիւն Նարինէ Գրիգորեանին, եւ իր բեմադրական երեւակայութեան:
Շնորհակալութիւն Վիտային(6), որ յամառօրէն (կրնկակոխ) կ’աշխատի իրականացնելու Նարինէին երեւակայածը, բեմի նուազագոյն մանրամասնութեան արժէք տալու համար:

Շնորհակալութիւն Սերգէյին(7) եւ իր հանդարտաբարոյ բնաւորութեան, որ ինծի առիթը տուաւ հետը աշխատելու, որ արհեստին հանդէպ սէրս յայտնէի:
Հանդիսատեսը ներկայացումէն վերջ կը խօսի թատրոնին նիւթին, դերասանին, խաղարկութեան, տեքորին մասին, բայց կը շնորհաւորէ բեմադրիչն ու դերասանը:

Ես յատուկ ձեւով եւ հրապարակաւ պիտի շնորհաւորեմ Վիտան ու Սերգէյը:
Անոնք հերոսական աշխատանք տարին:
Հպարտ եմ, որ մասնակից դարձայ: Բախտաւոր եմ, պահը ապրեցայ:
Շնորհաւոր բոլոր անոնց որոնք աշխատեցան իրականացնելու այս հիւրախաղը:
Շար. 2 եւ վերջ