Ա. Պետրոսեան. «Լեւոն Տէր Պետրոսեան՝ իրատես իտէալիսթը»

February 5, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Ալեքսանդր Պետրոսեանի (Պելճիքա) սոյն յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022): Ինչպէս այս շարքի նախորդ գրութիւններուն պարագային, այստեղ եւս, անձի՝ որպէս վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայու ընտրութիւնը եւ արտայայտուած միտքերն ու կարծիքները բացառապէս հեղինակինն են եւ անպայմանօրէն չեն արտայայտեր Տարբերակ21-ի խմբագրութեան տեսակէտները:

Վերջին 300-ամեակը եղած է բեկումնային թէ՛ համաշխարհային, թէ՛ ալ հայոց պատմութեան համար: Կայսրութիւններու տկարացումն ու կործանումը, ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրական պայքարը, լուսաւորչականութեան եւ ազատական աշխարհայեացքի տարածումը իրենց ուրոյն հոլովոյթը ապրած են նաեւ հայկական միջավայրին մէջ: Հայկական հասարակական-քաղաքական մտքի ձեւաւորման եւ զարգացման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած են Դաւիթ Բեկը, Մովսէս Բաղրամեանը, Շահամիր Շահամիրեանը, Խաչատուր Աբովեանը, Րաֆֆին, Կոմիտասը, Յովհաննէս Թումանեանը եւ այլք: Առանձին ուշադրութեան արժանի են յատկապէս  պետականակերտ մտածողութիւն ունեցողներն ու անկախութեան առաջամարտիկները, ինչպէս Առաջին (Ա․ Մանուկեան, Յ․ Քաջազնունի), այնպէս ալ Երրորդ Հանրապետութեան պարագային:

Վերջին հարիւրամեակներուն, օրակարգ ձեւաւորող գործիչները մեր պարագային հիմնականօրէն եղած են կա՛մ զինուորականներ, կա՛մ հոգեւորականներ: Պետականութեան տեւական բացակայութիւնը՝ համակարգային մտածողութեան, երկարաժամկէտ ծրագրումի, իրատես եւ գործնապաշտ քաղաքականութիւն վարելու գծով կործանարար ազդեցութիւն ունեցած է: Տողերուս հեղինակին կողմէ անկախ պետականութիւնը կը դիտուի որպէս վերջին դարերու փոթորկալից ցնցումներու գլխաւոր ձեռքբերում, իսկ անոր շարունականութիւնը վտանգող գոյաբանական խնդիրներու վերացումը` հրամայական: Այս շրջագիծին մէջ, սոյն յօդուածը կ’արժեւորէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դերը նորագոյն պատմութեան շրջանին՝ իբրեւ անկախ պետականութեան վերականգնումի, պետականավարութեան գործին մէջ ուղենշային մօտեցումներ եւ առանցքային դերակատարութիւն ունեցող անձնաւորութիւն:

Օտար հովանաւորներէ կախեալ չըլլալու համար՝ քաղաքական նպատակներու հասնիլը կը պահանջէ սեփական ուժերու եւ հնարաւորութիւններու ճիշդ գնահատում: Յաւերժապէս մնայուն բարեկամութեան ու թշնամանքի փոխարէն, իրատես շահի հետապնդումը, արտաքին քաղաքական լիարժէք գործընկեր ներկայանալը, ինչպէս նաեւ՝ «երրորդ ուժի բացառման օրէնքը»  Տէր Պետրոսեանի արցախեան եւ արտաքին քաղաքական ուղղութիւններուն պարագային եղած են էական: Ստորեւ կը ներկայացնենք հիմնական միտքը պաշտպանող ապացոյցներ:

Արցախ.- Երրորդ Հանրապետութեան հիմնադրութեան գաղափարական եւ քաղաքական շարժիչը արցախեան շարժումն էր: Կիլիկեան հարստութեան կործանումէն ի վեր` Տէր Պետրոսեան առաջին ղեկավարն է, որուն օրով հայկական պետականութիւնը կրցած է յաղթել պատերազմի մէջ` նուաճելով տարածքներ: Հակառակ Խորհրդային Միութեան փլուզումով պայմանաւորուած տնտեսական եւ ուժանիւթային համակարգի խաթարումին, երկրաշարժի հետեւանքներուն, տնտեսական շրջափակման եւ հազարաւոր փախստականներու առկայութեան` Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաջողեցաւ կազմաւորել բանակ, յաղթել պարտադրուած պատերազմը, ինչպէս նաեւ՝ երկրին մէջ հաստատել կարգուկանոն, որուն՝ նախկին Խ. Միութեան հանրապետութիւններէն շատերը հասան աւելի ուշ:

Արցախի մէջ սթաթուս քուոյի պահպանումը, ըստ Տէր Պետրոսեանի, ՀՀ երկարաժամկէտ շահերէն չէր բխեր եւ ունակ էր Հայաստանը դնելու անհամեմատ կախուածութեան մէջ Ռուսիայէն` իր բոլոր բացասական հետեւանքներով: 1997-ին հրապարակուած «Պատերազմ, թէ՞ Խաղաղութիւն․ լրջանալու պահը» յօդուածը, ինչպէս նաեւ՝ 1998 Յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին անոր ունեցած ելոյթին սղագրութիւնը կու գան փաստելու հետեւեալը․ պատմութեան բազմակողմանի վերլուծութիւնը` յատկապէս Առաջին Հանրապետութեան գծով, յետպաղպատերազմեան աշխարհակարգի զարգացման միտումներու ընկալումն ու միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին քաջատեղեակութիւնը Տէր Պետրոսեանը կը մղէին ըլլալու իրատես եւ զգուշաւոր նպատակներու ու քայլերու ընտրութեան մէջ: Իրատես եւ գործնապաշտ նմանօրինակ զգուշաւորութեան դրսեւորումը կը հիմնուէր սեփական եւ հակառակորդի կարողութեանց ճիշդ հաշուարկին, իրավիճակի ու անոր զարգացման միտումներու առողջ գնահատման վրայ: Սակայն, առաւել կարեւոր էր ժամանակի գործօնին գիտակցումը: Այս, թերեւս, լրջագոյն հանգամանքն է, որ ունակ է լիովին ջախջախելու որեւէ սխալ գնահատուած ռազմավարութիւն, որուն ականատես եղանք հետագային:

Փոքր եւ սահմանափակ կարողութիւններով օժտուած պետութիւնները կրնան իրենց պայքարին մէջ յաջողութիւն ակնկալել այս կամ այն աշխարհաքաղաքական կեդրոնի մը աներկբայ աջակցութեան պայմաններուն մէջ: Արցախի հարցին բացարձակապէս հայանպաստ լուծման հարցին մէջ, Հայաստանը գերտէրութիւններէն ոչ մէկուն բացայայտ կամ ալ քօղարկուած աջակցութիւնը երբեք չէ ունեցած:  Ընդդիմադիրներու կողմէ նոյն իրողութիւններու ոչ գիտակից գնահատումը եւ հայկական պետականութիւնը պատեհապաշտական նկրտումներէ դրդուած outpost-ի վերածելու պատրաստակամութիւնը՝ Տէր Պետրոսեանի իրատես դիրքորոշումը որակեց զիջողական: Այլ խօսքով` «յուզական/անիրատես Հայաստանը» յեղաշրջեց «իրատես/քաղաքական Հայաստանը»: Արդիւնքը՝ յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին, Հայաստան անհամաչափօրէն դարձաւ կախեալ Ռուսիայէն` ինքզինք զրկելով ինքնուրոյնութենէ եւ արտաքին քաղաքական այլընտրանքներէ, որոնք «ճոխութիւն» են դէպի ծով ելք չունեցող եւ սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող որեւէ պետութեան համար:

Արցախեան հարցի կարգաւորման Տէր Պետրոսեանի մօտեցումը թերեւս առ այսօր եղածներուն մէջ հայկական շահերու տեսանկիւնէն առաւել նպաստաւորն էր: Ան հաշուի կ’առնէր այդ պահու եւ հետագային սպասուող համաշխարհային եւ տարածաշրջանային քաղաքական ու յատկապէս տնտեսական զարգացումները: 1997-ի առաջարկին գլխաւոր մեխը Արցախի միջազգայնօրէն երաշխաւորուած միջանկեալ կարգավիճակն էր: Այս մէկը ոչ միայն պիտի բացառէր պատերազմով հարցին լուծման փորձը, այլեւ անոր վերսկսման պարագային, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի չձգուէր այն նոյն մեկուսի վիճակին մէջ, ինչ որ պատահեցաւ 2020-ին: Աւելին, բացթողուած այս հնարաւորութեան իրագործումը հիմնովին պիտի փոխէր տարածաշրջանի քաղաքական իրավիճակը` բարձրացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կշիռն ու դերը:

Սակայն, յանուն արդարութեան, պէտք է նշել, որ 1997-ի առաջարկի մէջ, Տէր Պետրոսեանի ակնկալութիւնները  ներհայաստանեան համախոհութեան նկատմամբ ունէին աւելի իտէալիսթական բնոյթ: Այս մէկը կը յիշեցնէ 1918-ին, Մ. Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի կողմէ ներկայացուած յետպատերազմեան աշխարհակարգի կառուցման «14 կէտերը», որոնք մերժուեցան Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ` աւարտին յանգելով Գերմանիոյ վրէժխնդրական վարքագիծին: Ինչպէս Ուիլսոնը, այնպէս ալ Տէր Պետրոսեանը, ժամանակակիցներու կողմէ կը նկատուէին իտէալիսթներ: Սակայն, պատմական զարգացումները ցոյց տուին, որ երկուքի պարագային ալ գործ ունինք «իրատես իտէալիսթներու» հետ:

Թուրքիա.- Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան շրջանի ամենաառանցքային հարցերէն մէկը կ’առնչուէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրին: Իր հեղինակած «Հայոց ցեղասպանութիւնը. հայեացք պետականութեան դիտանկիւնէ» աշխատութեան մէջ, Տէր Պետրոսեան առանցքային կը նկատէ այն հանգամանքը, որ նման ծաւալի հարց, ինչպէս է պարագան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ փոխհատուցման, արտաքին օրակարգի վրայ կարելի է դնել, երբ առկայ են անհրաժեշտ միջոցներն ու համոզիչ հաշուարկները: Հակառակ պարագային, հայկական պետականութիւնը իբրեւ անկախ պետութիւններու ընտանիքի լիիրաւ անդամ, կրնայ գործօնէ վերածուիլ գործիքի, ինչպէս որ եղած է հայութիւնը 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ: Հարցին բարոյական կողմն ալ նաեւ այն է, որ հայկական ցաւը օտար պետութիւններու պատեհապաշտական նկրտումներուն ծառայեցնելը սխալ է:

Ասկէ զատ,  Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Տէր Պետրոսեանի պաշտօնական կեցուածքներուն մէջ միշտ նկատի առնուած են որպէս հարեւաններ, որոնց հետ յարաբերութիւնները անխուսափելի են: Իսրայէլի նման դէպի ծով ելք չունենալով, նաեւ՝ հարուստ եւ ազդեցիկ սփիւռք, ինչպէս նաեւ Մ. Նահանգներու նման աներկբայ դաշնակից, Հայաստան դատապարտուած է կարգաւորելու յարաբերութիւնները իր դրացիներուն հետ: Այս մէկը կ’ենթադրէ միջազգային յարաբերութիւններու իրապաշտական տեսութիւն, ինչպէս նաեւ՝ այդ յարաբերութիւնները կարգաւորող սկզբունքներ: Ունենալով խրթին յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ, Տէր Պետրոսեան այնուհանդերձ կրցաւ ներգրաւուիլ բանակցութիւններու մէջ: Թուրքիա առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը: Հարաւային Կովկասի երեք անկախ հանրապետութիւններու գոյութիւնը Անգարա կ’ընկալէ որպէս Ռուսիոյ յառաջխաղացքը դէպի հարաւ արգելակող գօտի: Աւելին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարած դիւանագիտական ճիշդ աշխատանքին շնորհիւ, Թուրքիա  չմիջամտեց արցախեան առաջին պատերազմին: Հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը բխի Հայաստանի անկախ պետութեան գոյութեան տրամաբանութենէն, այս փաստը, սակայն, հակասութեան մէջ կը մտնէ ազգային շահի սփիւռքեան ընկալման հետ: Յարաբերութիւններու հաստատումը կենսական է Թուրքիոյ կողմէ հայկական պետականութեան նկատմամբ հաւանական սպառնալիքներու չէզոքացման առումով, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանը ուժային այլ կեդրոններէ կախեալ չըլլալու տեսանկիւնէն: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Տէր Պետրոսեանի դաւանած իրատես ու ինքնուրոյն Հայաստանի առանցքն է, որուն հետ ցայսօր անհաշտ կռիւ կը մղէ «forepostային ու անիրատես Հայաստանը»:

Ամփոփելով, պէտք է նշել, որ ոեւէ գործիչի ազդեցիկութիւնը հասարակական կեանքին վրայ կը չափուի անոր թողած գործնական ժառանգութեամբ, ինչպէս նաեւ այն գաղափարներով, որոնք իր մահէն յետոյ չեն կորսնցներ իրենց կարեւորութիւնը: Այս առումով, Տէր Պետրոսեանի տեսականօրէն հիմնաւորուած եւ գործնականօրէն ապացուցուած գործնապաշտութիւնն ու իրապաշտութիւնը անկիւնաքարային են հայկական պետականութեան քաղաքական արժէքաբանութեան համար:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարուժ Թէնպէլեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x