Ա.Ե. «Կարենալ» բայը կը շարունակէ մնալ համատարած սխալագրութեան առարկայ
June 21, 2024
- «Պայքար»-ը իր սխալներուն կառչած է, ինչպէս «կրիան իր պատեանին»,—պիտի ըսէր Դանիէլ վարուժան: Եւ չ’ուզեր բաժնուիլ անոնց տաքուկ գիրկընդխառնումէն:
Հրամեր էք՝
–«Անոնք տակաւին հեռու են մեծամասնութիւն կարենալ կազմելու կարողութենէն» (թիւ 376, էջ 1, ա. սիւնակ):
Ճիշդ ինչպէս «Պայքար» հեռու է հայերէնի կանոնները ըմբռնել կարենալէ:
Այլապէս ան պիտի գրէր՝
— Անոնք տակաւին հեռու են մեծամասնութիւն կազմել կարենալու կարողութենէն»:
Իսկ աւելի կիրթ ոճով՝
— Անոնք տակաւին հեռու են մեծամասնութիւն կազմել կարենալէ:
- Լեզուական ծուղակ
Լեզուն,— ամէն լեզու,— ունի ծուղակներ, ուր բոլորս ալ հակամէտ ենք իյնալու՝ ի ժամու թէ տարաժամու, թերեւս սա՛ տարբերութեամբ, թէ՝ ոմանք քիչ, ուրիշներ շատ:
Նման ծուղակ մըն են հետեւեալները.
–Անկախութիւնն ու պետականութիւնը մեր գերագոյն նպատակն . . . . .:
–Անկախ պետականութիւնը մեր ազգին թագն ու պսակն . . . . .:
Հարցում.
—Կէտերուն տեղ դրուելիք բայը եզակի՞ է, թէ՞ յոգնակի. Է՞ թէ ե՞ն :
* * *
Եթէ համակերպիք համբերատար վիճակագրութիւն մը կազմել, ապա պիտի նկատէք, որ ձայներուն մեծամասնութիւնը պիտի ըսէ՝
— է՝ առաջինի պարագային, քանի որ ենթակայ պիտի նկատուի նպատակն բառը:
— են՝ երկրորդի պարագային, քանի որ ենթակայ պիտի նկատուին թագն ու ու պսակը բառերը[1]:
Նման ենթադրութիւնը ունի խաբուսիկ արդարացում մըն ալ. նպատակն եւ թագն ու պսակը բառերը քերականական ստորոգելիներ են, իսկ հայը բնական հակումով մը կը շեշտէ ստորոգելին. օրինակ՝ «Դուն խե՛նթ ես»,— ուր շեշտուած է խենթ ստորոգելին, նիւթական շեշտ մը կրէ կամ ոչ:
Եւ ճիշդ այս շեղտն է, որ կը գայթակղեցնէ խօսողն ու գրողը եւ կը մղէ զայն սխալ ընտրութիւն կատարելու եւ գրելու՝ …նպատա՛կն է … թագն ու պսա՛կն են:
Մինչդեռ՝
–առաաջին օրինակի ենթականերն են՝ անկախութիւնն ու պետականութիւնը, որոնք կը պահանջեն յոգնակի բայ՝ են,
–երկրորդին ենթական է պետականութիւնը, որ կը պահանջէ եզակի բայ՝ է:
Այսպէս է այն պարզ պատճառով, որ բային թիւը կը համաձայնի ենթակայով եւ ոչ թէ ստորոգելիով:
Ահա այս զանազանութիւնն է, որ միշտ չենք յաջողիր կատարել կամ ընդհանրապէս չենք յաջողիր կատարել, մանաւանդ… երբ կը գրենք աճապարանօք՝ լրագրողի կշռոյթով, եւ գրածնիս ալ չենք վերընթերցեր:
- Մեր շուրջ ընթացող այլազան պատերազմները մղեցին մեր լրագրողները հնարելու կարգ մը բառեր ու բառակապակցութիւններ, որոնցմէ մէկն է շատ հոլովուող թիրախահար հրթիռ-ը, որուն հանդէպ յատուկ մտերմութիւն կը ցուցաբերէ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը: Պիտի չզարմանամ, եթէ երեւան ելլէ, որ ի՛նք ալ ըլլայ հնարիչը այս չքնաղ բառակապակցութեան:
Սակայն, յարգելով ամէն հայերէն գրողի՝ նոր բառեր հնարելու սրբազան իրաւունքը, հարց տանք.
–Հրթիռ մը կրնա՞յ իր բնութեամբ թիրախահար ըլլալ,— աւելի ճիշդը՝ տրամաբանակա՞ն է թիրախահար ածականով բնորոշել հրթիռի այսինչ տեսակը:
Կը կարծեմ թէ… չենք կրնար: Եւ ճիշդ այս պատճառով ալ այդ բառը հնարելու մասին մտածող չէ եղած: Ինչո՞ւ:
Եթէ կան թիրախահար հրթիռներ, ապա ենթադրելի է, որ գտնուէին ոչ-թիրախահար կամ անթիրախահար հրթիռներ եւս. արդ, ո՞ւր կը գտնուին այս վերջինները՝ ոչ-թիրախահար հրթիռները, ինչի՞ կը ծառայեն անոնք, այլեւ ո՞վ եւ ինչո՞ւ պիտի պատրաստէ այդպիսիները:
* * *
Եթէ իրենց բնութեամբ իրապէս թիրխահար հրթիռներ ըլլային, ապա բոլոր հրթիռները պիտի հարուածէին իրենց թիրախը. բայց ահա կը նկատենք, որ նոյնանման հրթիռներ, օժտուած ըստ ամենայնի նոյն յատկութիւններով, երբեմն կը հանդիպին իրենց թիրախին, երբեմն ալ կը շեղին. այս տարբերութիւնը հետեւանք է այդ հրթիռը արձակողի վարժութեան, փորձառութեան, հմտութեան եւ նման առաւելութիւններու:
Եթէ ինչ-որ տեղ մը ինչ-որ թիրախահարում մը տեղի ունենայ, ապա ան կիրարկուած զէնքի շնորհքը չէ, այլ այդ զէնքը՝ հրթիռը, հրացանը, ատրճանակը, նետն ու աաղեղեը, պարսատիկը կամ որեւէ այլ առարկայ կիրարկողին՝ զինուորին շնորհքն է:
Ուրեմն եթէ պիտի հնարենք թիրախահար ածականը, ապա անով պիտի բնորոշէինք այս վերջինը՝ զինուորը, ինչ որ տեղի չէ ունեցած, եւ նման բառ չէ հնարուած:
- Համապատասխան հրթիռակոծում
Նոյն շրջագիծէն ներս կը գտնենք համապատասխան հրթիռակոծում բառակապակցութիւնը, որով մեր քաջարի լրագրողները կը կարծեն բնորոշել թշնամիին հրթիրակոծումին դիմաց կամ փոխարէն կատարուած հրթիռակոծումը:
Մօտաւորապէս տապիսի բեմագրութիւն մը.
—Թշնամի հրետանին հրթիռակոծեց Ա., Բ., Գ. դիրքերը…
—Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռակոծումով հարուածեց թշնամիին Դ., Ե., Զ. դիրքերը:
Դիմադրութեան հրթիռակոծումին ո՞ր յատկութիւնը կարելի է կոչել համապատասխան. կամ թէ՝ հրթիռակոծում մը, իր ո՞ր յատկութեամբ կրնայ համապատասխանել թշնամիին հրթիռակոծումին:
Համապատասխան(ութիւն) եզրը կ’ենթադրէ ինչ-որ յարմարութիւն, պատշաճութիւն, հաւասարութիւն կամ համարժէքութիւն երկու հասկացութեանց միջեւ. այս տուեալներէն ոչ մէկը կրկնելի կամ վերարտադրելի է, որպէսզի ըսենք՝ թէ դիմադրութեան հրթիռակոծումը համապատասխան էր թշնամիի հրթիռակոծումին:
Փնտռուած եզրը, կը կարծեմ, փոխադարձ(ութիւն)-ն է:
Թշնամին կը ռմբակոծէ ի՛մ դիրքերս, ես ալ փոխադարձաբար կը ռմբակոծեմ ի՛ր դիրքերը: Ու վե՛րջ:
Համապատասխանութիւնը այստեղ ընելիք չունի՛:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Բողոքի ցոյցերը Հայաստանի ներքին գործն է («Պաքար», թիւ 377),— փոխանակ՝ «ցոյցերը…են» ըսելու: