Ա. Գրիգորեան. Սերտուած եւ չսերտուած դասեր Խ. Աբովեանէն

November 5, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Աշոտ Գրիգորեանի (Հայաստան) սոյն յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022): 

Ո՞վ կրնանք նկատել հայոց պատմութեան նոր եւ նորագոյն շրջաններու ամէնէն ազդեցիկ հայը: Կը նախընտրէի, որ ան ըլլար Անդրանիկը, որովհետեւ ան ցոյց տուաւ, թէ հայը անյաղթ է, Կոմիտասը, որ բացայայտ դարձուց մեր մշակութային իւրայատկութիւնը, Նժդեհը` այն միակը, որ յատկապէս մեր անկախ ապրելուն համար կը կռուէր, Ազնաւուրը, որուն միջոցով հայերս ճանաչելի դարձանք ամէնուր, կամ երրորդ սերունդի սփիւռքահայ Մոնթէն` յանուն հայրենեաց իր անձնազոհութեամբ: Այսօր ապրողներէն թերեւս կը յիշէի ազգային ինքնորոշման առաջամարտիկ Հայրիկեանը, բայց մենք ողջ մնացածները չենք հանդուրժեր, կը նախընտրենք հանգուցեալը: Եւ այս անունները կը պատշաճին միայն այն պարագային, եթէ նկատի առնենք, որ վերջին դարերու մեր պատմութիւնը միանշանակօրէն յաղթական եղած է, իսկ ազդեցիկ գործիչները` յոյժ արդիւնաւէտ:

Ի՞նչ տուին մեզի վերջին 300 տարիները․ հայրենի տարածքին մէկ իններորդին ու այդքան մըն ալ բնակչութեան (ո՞վ կը հաշուէ) կորուստ, անկախ պետականութեան գոյացում (ըստ էութեան` այդ անկախութիւնը այսօր աւելի նուազ է, քան նոյնիսկ 30 տարի առաջ էր), Արցախի չլուծուած հարցը, յաղթանակներ եւ աւելի յաճախ` պարտութիւններ, նաեւ, այո՛, մշակութային զարթօնք, որ երբեմն դրսեւորուեցաւ երկրին սահմաններէն դուրս: Ամէնէն ազդեցիկ հայն ալ հետեւաբար պիտի ըլլայ ոչ միանշանակ, ողբերգական երկակիութեամբ յատկանշուող մէկը, որուն տարբեր կերպով կարելի է ընկալել: Այդ պարագային արդար կ’ըլլար, եթէ ամէնէն ազդեցիկ հայը համարէինք Իսրայէլ Օրին․ հայ դիւանագիտութիւնը, եթէ ան գոյութիւն ունի, 300 տարի հաւատարիմ է ոչ միայն անոր աշխարհայեացքին ու արեւելումներուն, վստահութեան առ այն, որ օտար պետութիւնները պիտի շարժին մեր շահերով, ի օգուտ մարդասիրութեան, այլեւ կիրառած միջոցներուն: Բայց Օրին շատ ծանօթ չէ հայերու մեծ մասին, եթէ ազդած է հայութեան վրայ, ապա անպայման միջնորդաւորուած:

Մէկուկէս դար յետոյ պիտի հրապարակ գար մեր ազդեցիկ միակը` իր նախորդներէն տարբերուող, բայց բոլորին (նաեւ` Օրիի) տեսլականները պարփակող հոգեւոր գագաթը` Խաչատուր Աբովեանը իր «Վէրք Հայաստանի» վէպով, որ պիտի դառնար հայոց պատմութեան` սխրանքներով հարուստ, բայց եւ ամէնէն ողբերգական երկու դարերու խորհրդանիշը:

Աբովեանի եւ անոր «Վէրքի» «աննախընթաց հզօրագոյն ազդեցութեան» մասին կը գրէ, մասնաւորաբար, Աւետիք Իսահակեան: «Վերքը» այն փոքրաթիւ գրական երկերէն էր, որ միաժամանակ հասու եղաւ հայութեան երկու հատուածներուն․ Արեւմտահայաստանի մէջ տարածուեցաւ նախ մամուլի (վէպի Թիֆլիսեան առաջին հրատարակութենէն դեռ առաջ Պոլսոյ «Մեղուն» անկէ տպագրեց հատուած մը), ապա նաեւ ազգային կուսակցութիւններու քարոզչութեան միջոցով: Վ․ Վէմեանի համոզումով` հայ գրականութեան մէջ դժուար գտնուի մէկը, որ ազդուած չըլլայ Աբովեանէն, իսկ անոր «Վերքը» «ձեռագիր վիճակի մէջ իսկ` բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ․․․ մանաւանդ գաղափարական երիտասարդութէան համար»:

«Վէրք Հայաստանին» ստեղծուած էր համընդհանուր գրաքննութեան պայմաններու մէջ, երբ ոեւէ ողջամիտ ստեղծագործող կը ձգտէր համեմատաբար «անվնաս» թեմաներ վեր հանել, վկայակոչել շատոնց անցած ժամանակները եւ շրջանցել վէպի անսովոր, խրթին ժանրը: «Վէրքը» ուշագրաւ էր նաեւ մէկ ուրիշ առումով, որովհետեւ առաջին վէպն էր Ռուսիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներով (առանց նկատի առնելու առանձնայատուկ կարգավիճակով լեհերէնը), ինչպէս նաեւ՝ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Իր առջեւ չունենալով հայրենասիրական վէպի ուրիշ նմուշներ` Աբովեանը փորձած էր իրագործել անկարելին, եւ բնականաբար պիտի տարակուսէր, յաջողէր եւ սխալէր` դժուարութեամբ խուսափելով ծայրայեղութիւններէ: «Վերքէն» միւս կողմը` Աբովեան անհատը աւելի մեծ ու ընդգրկուն եղաւ` ընդգծելով մինչ օրս այժմէական եւ ուշադրութեան կարօտ երեք ուղղութիւններ` ազգապահպանութիւն, կրթութիւն, գրականութիւն:

«Վէրքը» ծնունդ առաւ հեղինակին ներքին հակասութիւններէն, միտքերու երկուութենէն․ ան մէկ կողմէ ազգային զարթօնքի ներբող ու կոչ էր, միւս կողմէ` ռուսական կողմնորոշման (իմա` օտար ուժի հետ յոյսեր կապելու) յորդոր:

Անիրապաշտ է, աւելի սրտառուչ` Աբովեանի ազգասիրութիւնը: Խօսուն է «Աղասիի խաղը» պոէմին մէջ նկարագրուող խորհրդաւոր տեսարանը․ թո՛ղ որ այս կեանքին մէջ օտարը տիրէ մեր վրայ, բայց երկինքի արքայութեան մէջ թերեւս հակառակը կը պատահի, հայերը կը ստանան արժանին՝ քրիստոնէութեան հաւատարիմ ըլլալնուն համար․ «ամէն ազգէ բարձր»` անոնք բոլոր տասներկու խաչապաշտներուն «տիրութիւն կ’ընեն»:

«Վէրքին» մէջ մէկ տէրը կը խօսի («հայոց մեծ ազգը չէ՞ք ճանչնար»), մէկ` ենթական («ռուս թագաւորին հզօր, աստուածահաստատ ձեռքին տակը»): «ռուսին ձեռքի տակը նստինք, քէֆ ընենք». այս արդէն կ’ըսէ տէրհայրը` ժողովուրդին վերնախաւին ներկայացուցիչը:

Վէպը առիթ ստեղծեց տրամագծօրէն հակառակ տարընթերցումներու․ կ’ուզես` բառացի հասկցիր, կ’ուզես` փորձէ տողատակեր գտնել․․․ Բազմաթիւ հարցեր անպատասխան կը մնան․ ինչու՞ Աբովեանը «Վերքը» 1841-էն յետոյ չէ վերախմբագրած, չէ որ կեանքի վերջին եօթը տարիները հիասթափութիւններու, վերարժեւորումներու շրջան էին, ան կեանքի վերջին կ’ուզէ՞ր, որ վէպը մեզի ծանօթ տեսքով տպագրուէր, արդեօ՞ք ան հարազատօրէն կը ներկայացնէ Աբովեան մտածողի համոզումները, թափը: Վերջիվերջոյ, հեղինակը տանջող «վէրքը» անցեալի յիշողութիւններո՞ւն մէջ էր, թէ՞ դեռ գոյութիւն ունէր․ օտարի լու՞ծն էր, ժողովուրդի քրիստոնէական հեզութիւ՞նը, խաւարամտութիւ՞նը․․․

Ըստ ամենայնի` տարբեր պատճառներով Աբովեան յաճախ գրի չէ առած, չէ բարձրաձայնած այն, ինչ որ մտածած է, եւ «Վէրքին» մէջ անոր քարոզած ռուսական արեւելումը եւս այդ երկուութեան մէկ դրսեւորումն է: Գրականագէտ Հրայր Մուրատեանի համաձայն, Աբովեանի հիասթափութիւնը միապետական Ռուսաստանի հանդէպ, հետզհետէ խորացած է` «կեանքի վերջաւորութեան վերածուելով սկզբունքային, անհաշտ թշնամանքի»:

Թուենք վէպի գրութեան նախորդող «սթափեցուցիչ» իրադարձութիւններէն մէկ քանին:

Պատերազմէն յետոյ Ռուսաստանը գերութեան մէջ գտնուող «արիւնակեր» Հասան խանը ետ յանձնեց Պարսկաստանին, ու ան նոր տարածքներու կառավարիչ դարձաւ: Ըստ պատմաբան Ճորճ Պուռնութեանի՝ ռուսերը կը ջանային պահել պարսկական նախկին վարչական կառուցուածքը. բազմաթիւ աստիճանաւոր իսլամներու թոյլատրուած էր շարունակելու իրենց պարտականութիւնները, ոմանց նոյնիսկ ռուսական զինուորական կոչումներ շնորհուած էր:

Յանուն Վրացական պետականութեան վերականգնումին, ցարական Ռուսաստանի դէմ պայքար կը մղէին վրաց արքայազները. յաջորդաբար տեղի կ’ունենային գիւղացիական ապստամբութիւններ: Հիւսիսային Կովկասի լեռնականներն ալ մինչեւ 1865 կը պայքարէին Ռուսաստանի դէմ. անոնց հնազանդեցնողներու շարքին էին հայազգի ժեներալներ: Ընդհանուր առմամբ, հայերն էին Ռուսաստանի միակ աջակիցները շրջանին մէջ:

1836-ին կազմուեցաւ «Պոլոժենիէն» (կանոնադրութիւն), որով կը վերահսկուէին հայ եկեղեցւոյ ներքին գործերը: Ծանր էր հայ գիւղացիութեան վիճակը: Դժգոհ էին նաեւ Պարսկաստանէն տեղափոխուած հայերը․ անոնք կը պնդէին, որ Պարսկաստանի մէջ իրենց հետ աւելի լաւ կը վարուէին. ոմանք վերադարձան Պարսկաստան: Թաւրիզի մէջ զանոնք ողջունեց գահաժառանգ Աբաս Միրզան:

1840-ին Հայկական մարզը վերցուեցաւ:

Բայց այս բոլորով հանդերձ` Աբովեան վէպին մէջ վերատեսութեան չ’ենթարկեր իր ռուսական արեւելումը, ընդհակառակն` կը հեռացնէ դժգոհութեան արտայայտութիւնները: Ճիշդ է, այլ գրութիւններու մէջ, ան զգուշօրէն կ’ակնարկէ իր հիասթափութեան մասին (նշենք, թէկուզ, «Աղասիի խաղիին մէջ» «մեր խեղճ ազգին» արիւնը ծծող խաչապաշտի, կամ հայուն անունը ջնջողի մասին տողերը): Անհետացումէն քիչ առաջ գրուած, բայց հասցէատէր Ներսէս Աշտարակեցիի չուղարկուած նամակին մէջ ալ Աբովեան կը բողոքէր, որ Հայաստան տարաբախտութեան մէջ կը մնայ․․․

Ուրիշ հարց, որ հանրութիւնը այդ գրութիւնները չէր կարդար, տարբեր պատճառներով Աբովեանէն հանրային յիշողութիւնը իւրացուց ո՛չ նոյնիքն «Վէրքը», ընդհանուր առմամբ` «էս սհաթը․․․» եւ «լեզուն ու հաւատը․․․» (մինչդեռ լեզուէն ու հաւատքէն բացի` ազգը պահող երրորդ անհրաժեշտ հանգամանքն ալ կայ` հողը, երկիրը, որուն հետագայում պիտի անդրադառնայ Միքայէլ Նալբանդեանը): Ի տարբերութիւն Աբովեանի` Նալբանդեան արդէն բացէիբաց խօսեցաւ անկախութեան մասին` արժեւորելով զայն որպէս բաղձալի նպատակ:

Ցաւօք, «Վէրքի» անմիանշանակութիւնը հաշուի չառնող` մակերեսային ու պարզեցուած ընթերցումը ամրապնդեց առասպելականութիւն մը, որ պահպանուած գրեթէ երկու դարէ ի վեր: Սերունդներու գիտակցութեան մէջ արմատաւորուեցաւ օտարին ապաւինելու, այլ տէրութիւններու հովանաւորութեամբ ազգային բարօրութիւնը ապահովելու հաւատամքը` դիւրին իւրացուող գաղափարախօսութիւն մը, նաեւ գրականութեան հետագայ ընթացքի ուղենիշ: Ինչպէս Աբովեան վէպին մէջ ուղղակիօրէն հայոց անկախութիւնը որպէս բացարձակ արժէք չէր առներ` թերեւս զայն մտքին մէջ պահելով, այնպէս ալ հետագային ազգային կուսակցութիւնները որպէս իրենց գլխաւոր նպատակ հռչակեցին Հայաստանի ինքնավարութիւնը: Մտաւորականութեան հիմնական մասն ալ կը խորհէր, որ անպայման հզօր արտաքին ուժ մը մեզի տէր պիտի կանգնի, որպէս կանոն` «չիք փրկութիւն արտաքոյ Ռուսիոյ» մեկնաբանութեամբ: Բայց ի՞նչ արդիւնք կրնար տալ ազգին սեփական ուժերու աստիճանական յաւելումին, անկախ պետականութեան ստեղծման նկատմամբ թերահաւատութիւնը, առաւել բարբարոս տէրութիւններու տիրապետութիւնը համեմատաբար աւելի քաղաքակիրթ կայսրութեան երկաթեայ ճիրաններով փոխարինելը: Այո՛, «վա՜յ է՛ն ազգին, որ աշխարքումս անտէր ա»․ բայց ինչու՞ տէրը վերջիվերջոյ չի կրնար ներսէն ըլլալ: Այն միտքը, թէ միայն ռուսական կողմնորոշման շնորհիւ Ռուսահայաստանի մէկ մասը պահպանուեցաւ ու անկախացաւ, կը կարծեմ, սնանկ է: Կը մնայ պարզենք, թէ ինչպէ՞ս այդ կողմնորոշման պայմաններուն մէջ, մենք կորսնցուցինք հայրենիքին հսկայական կտորը․․․

Որքան հաստատուն, անժամանցելի արժէք է «Վէրքը» որպէս գրական երկ, այնքան թէական, խոցելի է ան որպէս գաղափարախօսութիւն, քաղաքական-դիւանագիտական ուղեցոյց:

Անկախութեան ձգտումը, հակուածութիւնը սեփական պետականութեան ձեւաւորման` գաղափարներ են, որոնք միշտ պակսեցան մեր գրականութեան մէջ․ Նալբանդեանի եւ Րաֆֆիի արտայայտած գաղափարները չունեցան իրենց անհրաժեշտ շարունակութիւնը:

«Ռսին մեր աշխարքը, կեանքն ղուրբան կտանք»․ չնայած (թերեւս նոյնիսկ` ի շնորհիւ) իր քարոզած կողմնորոշումին` Աբովեան պիտի անհետ կորսուէր, ինչպէս եւ անոր հոգեզաւակ Չարենցը` յաջորդ դարուն: Օտարին ապաւինիլը նորանոր աւերներ պիտի բերէր, ինչպէս վերստին համոզուեցանք վերջին տարիներուն: Պիտի հաշտուի՞նք մեր այս ենթակայ կարգավիճակին հետ, երբ քանի մը դար եւս զայն ձգելու ոչ մէկ միջոց ունինք:

Աշոտ Գրիգորեան (Հայաստան)

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարուժ Թէնպէլեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x