Աւելորդաբանութիւնը ոճական կարեւորագոյն արատներէն մէկն (Զ. մաս)
September 3, 2024
Նախորդ երկու յօդուածներով տեսանք աւելորդաբար գործածուող ու լեզուն աղարտող այլազան բառեր:
Կը շարունակենք հետեւեալներով.
***Համար
Սա իր կարգին մակաբուծաբար կը մտնէ այնպիսի կառոյցներու մէջ, ուր շատ յաճախ հոլով մը լայնօրէն գոհացուցիչ է:
Համար-ը նմանապէս յետադրութիւն մըն է, որ կը դրուի տրական հոլով ունեցող գոյականներու կամ այլ առարկայանիշ բառերու վրայ. հիմնական դերակատարութիւնը լեզուի մէջ նպատակ ցոյց տալն է. օրինակ՝
–Ան հայրենիքի ազատութեան համար կը պայքարի:
Ի՞նչ նպատակով կը պայքարի,— ազատութեան (հայրենիքի ազատութեան):
Ազատութեան-ը դրուած է տրական հոլով եւ խնդիրն է համար յետադրութեան:
«Ազասութեան համար»՝ ասոնք միասնաբար ցոյց կու տան պայքարիլ բայի նպատակը եւ կը կոչուին «նպատակի պարագայ կը պայքարի ստորոգիչին», այսինքն՝ դիմաւոր բային:
«Կ’ըլլան մարդիկ, որ լացող մը չունին,
Անոր համար նա դրաւ այդ լուսին» (Պ. Դուրեան):
Ըստ վաղամեռիկ բանաստեղծին՝ Աստուած լուսինը դրած է երկինքի վրայ՝ նպատակով մը. որպէսզի ան լայ այն դժբախտներուն համար, որոնք լացող չունին:
Բայց ահա ստորոգիչին նպատակը ցոյց տալու համար միշտ անհրաժեշտ չէ համար կիրարկել. օրինակ՝
–Աղջիկները աղբիւր գացին ջուր բերելու համար:
–Աղջիկները աղբիւր գացին ջուր բերելու:
Բերելու տրական հոլով դերբայը կատարելապէս ի վիճակի է առանձինը ցոյց տալու աղջիկներուն՝ աղբիւր երթալու նպատակը: Բայց ահա մեզմէ շատեր բոլորովին մեքենաբար կ’աւելցնեն համար-ը:
Այնպէս ալ աւելորդ է համար-ը հետեւեալներուն մէջ.
–Քեզ տեսնելու (համար) եկանք:
–Մամաս փուռ գնաց հաց գնելու (համար):
–Քեզի հետ խաղալու (համար)եկայ:
–Ասիկա կրնայ ոմանց համար յաւակնոտ թուիլ («Ազդակ», 29/8/2024):
* * *
Համար-ը նպատակի փոխարէն պատճառ ցոյց կու տայ, երբ անոր կցենք դիմորոշ յօդ մը. հետեւեալները կը պատասխանեն՝ «ի՞նչ պատճառով» հարցումին .
–Շատ ուտելուս համար գիրցայ:
–Շատ գիտնալուդ համա՞ր սխալեցար:
–Դասարանը խանգարելուն համար պատժուեցաւ:
Նաեւ՝ գիտնալնուս համար… չերթալնուդ համար… կոտրելնուն համար…
–Ճիշդը խօսելնուս համար գէշ մարդ եղանք (եղաք, եղան)…
Յաճախ կը պատահի, որ խօսողը կամ գրողը նոյնիսկ ջնջէ համար-ը.
–Շատ կարդալուն՝ աչքերը տկարացուց…
Պարզ է՝ « շատ կարդալուն պատճառով աչքերը տկարացուց»:
Այս պարագային պէտք է անպայման բութ մը դնել դերբային վրայ. այդ բութը ձեւով մը զեղղչուած համար-ը կը փոխարինէ: Արտասանելու առթիւ՝ այդ բութին պէտք է ակնթարթ մը կանգ առնել՝ առանց ձայնը իջեցնելու:
Բաւական դժուար ոճ մըն է այս եւ լեզուական որոշ հմտութիւն կը պահանջէ:
Անշուշտ անյաղթահարելի չէ այդ դժուարութիւնը, եւ որոշ ճիգով կարելի է տիրապետել անոր:
* * *
Այս բոլորը շարադրեցինք արեւմտահայերէնի ծիրէն ներս:
Արեւելահայերէնը ունի իր սահմանափակումները:
Ան չի կրնար դիմորոշ յօդով օժտել անորոշ դերբայը եւ ըսել.
–Աղմկելուս համար պատժուեցայ: ի՞նչ պատճառով…
–Յաաջողելուն համար վարձատրուեցաւ: ի՞նչ պատճառով
Եւ այս վերջինին փոխարէն ու առանց դիմորոշ յօդի կ’ըսէ.
–Յաջողելու համար վարձատրուեցաւ:
Արդ, արեւմտահայ լեզուամտածողութեամբ՝ այս վերջինը ոչ թէ պատճառ, այլ նպատակ ցոյց կու տայ.
—Ի՞նչ նպատակով ան վարձատրուեցաւ:
Յաջողելու նպատակով:
Այսինքն՝ զինք վարձատրեցին՝ յուսալով, որ աւելի ճիգ կը թափէ ու … կը յաջողի:
Եւ ուրիշ բան չի նշանակեր:
Մինչդեռ արեւելահայուն մտքին մէջ ան կրնայ նշանակել երկու բան.
ա. Ան վարձատրուեցաւ, որպէսզի յաջողի: ի՞նչ նպատակով…
բ. Ան վարձատրուեցաւ, որովհետեւ յաջողեցաւ: ի՞նչ պատճառով
Այլ խօսքով՝ արեւելահայ մտածողութեամբ,— եւ ուրեմն արեւելահայերէն բնագրերու մէջ,— նոյն կառոյցը կրնայ թէ՛ պատճառ ցոյց տալ, թէ՛ նպատակ:
Ես ուղղակի կ’ապշիմ, թէ այս մարդիկ ինչպէ՞ս կը հաղորդակցին ու կը հասկնան զիրար, երբ նոյն խօսքը երկու բոլորովին տարբեր՝ իրարու ներհակ միտքեր կ’արտայատէ:
Եւ այս՝ մեզի համար այլանդակ կիրակութիւնները հիմա ազատօրէն սկսած են սպրդիլ արեւմտահայ թերթերու մէջ: Ստորեւ երեք օրինակ՝
—Նախարարը գոհ էր ընտրութիւնները որոշուած թուականին կատարելու համար:
–Դիւանագէտը մեղադրած է կուսակցութիւնը՝ Ուքրանիոյ աջակցութիւնը խափանելու համար:
–Քաղաքը աղտոտելու համար քաղաքապետարանը աւելի պիտի տուգանէ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան