Արհեստագիտական համատարած խագարումներ ծառայութիւններու քաոս կը ստեղծեն աշխարհի տարածքին
July 19, 2024
Արհեստագիտական համաշխարհային խանգարում մը ուրբաթ օր դադրեցուց թռիչքներ, հարուածեց դրամատնային գործառնութիւններ եւ խափանեց լրատուամիջոցներ՝ CrowdStrike համացանցային (cyber) ապահովութեան ընկերութեան կողմէ ծրագրային սխալ վերաթարմացման հետեւանքով: Վերաթարմացումը ազդած է Microsoft Windows-ով աշխատող համակարգիչներուն, սակայն միջադէպեր կամ cyberյարձակում չէ պատահած: Հակառակ շատ արագ վերանորոգման ճիգերուն, խափանումները յամեցան եւ աւելի վատթարացան:
Երկար հերթեր գոյացան Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Ասիոյ օդակայաններուն մէջ, որովհետեւ օդանաւային ընկերութիւնները չկրցան ստուգել տոմսերու արձանագրութիւններն ու տեղերու ապահովման համացանցային ծառայութիւններու պատկերը՝ ամառային խճողուած ճամբորդութիւններու այս եղանակին: Հիւանդանոցներն ու բժիշկներու գրասենեակները դէմ յանդիման գտնուեցան ժամադրութիւններու ապահովման համակարգին առնչուած խնդիրներու, որու հետեւանքով բազմաթիւ գործողութիւններ յետաձգուեցան:
Տուժողներու շարքին են մարզիկներ ու մարզասէրներ, որոնք կ’ուղղուէին դէպի Փարիզի Ողիմպիական խաղերը:
Microsoft արագ միջամտեց լուծելու խախտումները, իսկ CrowdStrike յայտարարեց, որ պատահածը cyber յարձակում չէ եւ հարցերը կը լուծուին շուտով: