Առաքելոց վանքը՝ Եւրոպայի 14 առաւելագոյն վտանգի ենթարկուած ժառանգութեան վայրերու ցանկին մէջ
February 4, 2025
Տաւուշի մարզը գտնուող Առաքելոց վանական համալիրը եւ բնակատեղին ընդգրկուած են Եւրոպայի 14 ամէնէն շատ վտանգի ենթարկուած ժառանգութեան վայրերու ցանկին մէջ։ Լուրը կը հաղորդէ «Եւրոպա Նոսթրա» (Europa Nostra) եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան հիմնարկը (European Investment Bank Institute)։

Վտանգի ենթարկուած 14 վայրերը ընտրուած են միջազգային Խորհրդակցական խումբին կողմէ (բնագիրը՝ այս կապով https://7mostendangered.eu/sites/arakelots-monastery-and-settlement-armenia/), որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են հնագիտութեան, ճարտարապետութեան, ժառանգութեան պահպանման, նախագծային վերլուծութեան եւ գանձատրման ոլորտի մասնագէտներ։ Ընտրութիւնը կատարուած է հետեւեալ չափանիշերով. վայրի մշակութային եւ պատմական արժէքի կարեւորութիւնը, վտանգի իրական եւ հրատապ ըլլալը, տեղական համայնքներու ներգրաւման մակարդակը, պետական եւ սեփական մարզի աջակցութիւնը, Տաւուշի տարածքին ընկերատնտեսական զարգացման ներուժը։ Թաքնուած անտառներուն մէջ, Աճարկուտ գիւղէն երկու քիլոմեթր դէպի արեւմուտք, Կիրանց գետի երկայնքին, Առաքելոց վանական համալիրը միջնադարեան կրօնական եւ աշխարհիկ ժառանգութեան բացառիկ գոհարներէն է։ 13-րդ դարուն ան եղած է մշակութային ու տնտեսական կարեւոր կեդրոն մը՝ Հայկական մետաքսի ճամբուն վրայ։ Մեկուսի դիրքը եւ հայազերպայճանական սահմանին դրացնութիւնը կ՚ընդգծեն համալիրին ոչ միայն պատմական, այլեւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը։

Համալիրը շրջապատուած է տպաւորիչ պարիսպով ու աշտարակներով, իսկ անոր ճարտարապետական կեդրոնը գլխաւոր եկեղեցին է՝ գմբէթաւոր դահլիճով ու կից գաւիթով, որ զարդարուած է հայկական աւանդական «հազարաշէն» տանիքով։ Այսօր հոն պահպանուած են Սուրբ Սարգիսի եզակի որմնանկարը, քարաւանատունը, ձիթհանքը եւ Սրանոց կամուրջը, որոնք կը վկայեն երբեմնի աշխուժ առեւտրային կեանքի մասին։ Զաքարեաններու եւ մոնղոլական տիրապետութեան տարիներուն վանական համալիրը վայելած է հարկային արտօնութիւններ, դառնալով կրօնական ու աշխարհիկ կեանքի համակեցութեան վառ օրինակ եւ հայ-վրացական մշակութային փոխազդեցութեան կա- րեւոր օղակը։ Սակայն 17-րդ դարէն բնակատեղին լքուած է եւ ցարդ պատշաճօրէն ուսումնասիրուած չէ։
Այսօր Առաքելոցը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ: Քայքայուող պատերը, վայրի բուսականութեան ներխուժումը, կլիմայական փոփոխութիւնները, առատ տեղումները եւ ողողումները կը սպառնան համալիրի պահպանութեան։
Մարդկային գործօնն ալ ակնյայտ է՝ կրաֆիթիներով պատուած պատեր, չպահպանուող տարածքներ ու ոչ-կանոնակարգուած հանգիստի գօտիներ։ Բացի ատկէ, համալիրին մէջ առկայ չղջիկներու գաղութն ալ կը պահանջէ մշակութային ժառանգութեան եւ վայրի բնութեան պահպանութեան միջեւ հաւասարակշռուած մօտեցում մը։