Աշխարհի առաջին թափանցիկ laptop-ը եւ ռոպոթ-շուն պատերազմիկը…
March 10, 2024
Դարաշրջանի մը մէջ, որ կը յատկանշուի արհեստագիտական արագ յառաջդիմութեամբ, գիւտերը կամ նորարարութիւնները կը շարունակեն աննախադէպօրէն ձեւաւորել մեր աշխարհը, եւ՝ շատ արագ: Տարբերակ21 «Լուսատու» սիւնակը յատկացուած է այդ նորարարութիւններու հաղորդումին եւ գիտական այլ հետաքրքրական լուերու փոխանցումին: Ստորեւ՝ հինգ տարբեր ու ամփոփ լուրեր նորարութիւններու մասին:
Աշխարհի առաջին թափանցիկ laptop-ը
Վերջերս Lenovo ներկայացուց աշխարհի առաջին թափանցիկ Laptop-ը` Lenovo ThinkBook Transparent Display Laptop Concept-ը: Այս նորարար համակարգիչը ունի 17,3 մատնաչափ (inch) Micro-LED թափանցիկ պաստառ մը (screen), որ զուրկ է շրջանակէ եւ թափանցիկ է: Ֆիզիքական ստեղներու (keys) փոխարէն ան օժտուած է հարթ զգայականացած ստեղնաշարով (touchscreen keyboard), որ կարելի է նաեւ օգտագործել որպէս յատուկ գրիչով նկարչական տախտակ: Այս նրարար Laptop-ը կ’օգտագործէ արուեստական բանականութեամբ ստեղծուած բովանդակութիւն (AIGC)` թոյլ տալով գործածողներուն իրական աշխարհին հետ հաղորդուելու համար անխափան անցնիլ ստեղնաշարին եւ գծատախտակին միջեւ: Թէեւ տակաւին ան կը գտնուի փորձառական փուլի մէջ եւ դեռ ծախու չէ հանուած, թափանցիկ լափթոփը կը ներկայացնէ թուայնացած եւ ֆիզիքական աշխարհներու միաձուլման ապագայատեսիլ մօտեցում մը:
Թրջուած խելախօսը բրինձին մէջ չդնել, կը յանձնարարէ Apple
Բրինձի մէջ չդնել խելախօսը, կը յանձնարարէ Apple, որ նախազգուշական հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է վերջերս, ուր կը հերքէ թրջուած iPhone-ներու (ընդհանրապէս խելախօսներու) մասին տարածուած այդ առասպելը: Հակառակ երկարատեւ համոզումին, թէ թրջուած iPhone-ը բրինձի տոպրակի մէջ դնելը կրնայ փրկել զայն, Apple կը մերժէ այս գաղափարը՝ զգուշացնով, որ բրինձը կրնայ աւելի վնաս պատճառել, քան օգուտ՝ բջիջայինին մէջ մանր մասնիկներ մտցնելով: Փոխարէնը, Apple կ’առաջարկէ այլ մօտեցում մը. թրջուած iPhone-ները չորցնել մեղմ հպումով եւ բնական օդով:

Ճամբորդութիւնը կարեւո՞ր է, թէ՞տեղ հասնիլը
կենդանական վայրի աշխարհին մէջ արագութիւնը ընդհանրապէս գերիշխող է, սակայն գոյութիւն ունի արարածներու խումբ մը, ընդհանրապէս ցամաքային, որ մարտահրաւէր կը կարդայ արագութեան գաղափարին` որդեգրելով կեանքի ամենէն դանդաղ կշռոյթը: Խորհրդանշական Եռամատ Ծոյլէն (Three-toed sloth) մինչեւ Կալափակոսի հսկայ կրիան` այս կենդանիները տէր են համբերութեան եւ ցոյց կու տան ճկունութեան գեղեցկութիւնը: Անոնց անհապճեպ գոյութիւնը կը յուշէ, որ երբեմն ճամբորդութիւնը ինքնին նոյնքան կարեւոր է, որքան տեղ հասնիլը: Ստորեւ՝ ամենէն դանդաղ կենդանիներու անունները՝ դանդաղութեան շարքով.
- Դանդաղ լորիսը (Slow loris). մէկ մեթր ճամբան հազիւ 30 երկվայրկեանէն կը կտրէ
- Խխունջը (Garden snail). մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 20 երկվայրկեանէն
- Պանանանման խխունջը (Banana slug). մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 12 երկվայրկեանէն
- Կալափակոսի հսկայ կրիան (Galapagos giant tortoise). 1մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 3,5 երկվայրկեանէն
- Եռամատ ծոյլը (Three-toed sloth). 1մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 2,5 երկվայրկեանէն վայրկեան
- Քոալան (Koala). մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 1,2 երկվայրկեանէն
Օժանդակ ռոպոթներ տարեցներ խնամելու
Փարիզի հիւանդանոցներից մէկուն մէջ տեղի ունեցած վերջին փորձարկումը ցոյց կու տայ ընկերայնօրէն աջակցող ռոպոթներու ներուժը ծերագիտական առողջապահութեան մէջ: Սկովտիոյ մայրաքաղաք Heriot-Watt համալսարանի մշակած այս ռոպոթները կ’աշխատին տարեց հիւանդներու հետ` թեթեւցնելով հիւանդանոցի անձնակազմին ծանրաբեռնուածութիւնը եւ նուազեցնելով բժիշկներու եւ հիւանդներու միջեւ ֆիզիքական շփումը: Խոստմնալից արդիւնքներով հիւանդներու խնամքի այս նորարարական մօտեցումը հսկայական ներուժ կը պարունակէ առողջապահութեան ապագային համար:
Քաղաքային պատերազմի նոր զէնք մը՝ ռոպոթ շունը
Չինացի հետազօտողներու փորձարկումները ցոյց կու տան, որ գնդացիրներով զինուած ռոպոթ-շուները կրնան մրցիլ մարդկային դիպուկահարութեան հետ՝ քաղաքային պատերազմի միջավայրին մէջ: Մասնագիտացած ամրակներով զինուած այս ռոպոթ-շուները հրացանաձգութեան ատեն ցոյց կու տան տպաւորիչ ճշգրտութիւն եւ կայունութիւն: Վաւերարկուելու պարագային, այս արհեստագիտութիւնը կրնայ յեղափոխել պատերազմական միջավայրը` յառաջացնելով բարելաւուած շարժունակութիւն եւ յարմարուողականութիւն քաղաքային բարդ միջավայրի մէջ:
Այս սիւնակը կը պատրաստէ՝ Վ.Թ.