Աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան՝ «ինտի ֆիլմ»էն Հոլիուուտ՝ միշտ նոյն ոճով
February 12, 2025
Մարդը միշտ նոյն սափրիչին կ’երթայ, նոյն ատամնաբոյժին, նոյն խանութը:
Եթէ փոխէ, հաւանաբար նոյն արդիւնքը կը ստանայ: Բայց այսպէս աւելի հանգիստ է, երկուստէք զիրար լաւ հասկցած են:

Նոյնն է պարագան ֆիլմաշխարհի մէջ. բեմադրիչներ կան որոնք կ’աշխատին նոյն երաժիշտին, նոյն գրողին, նոյն cinematographer-ին, եւ նոյն դերասանին հետ: Ամենէն յատկանշական պարագաներէն են բեմադրիչ Steven Spielberg-ի(1) երեսուն տարուան եւ աւելի գործակցութիւնը երաժիշտ John Williams-ի(1) հետ եւ Martin Scorsese-ի գործակցութիւնը Robert De Niro-ի, Leonardo DiCaprio-ի եւ Steven Zaillian-ի հետ: Ըստ իս, այս երկու օրինակներուն մէջ ազատ ընտրութեան անունին տակ առանձնաշնորհումի ձեռքբերում կայ. ի վերջոյ, արտադրութեան մեծ ընկերութիւններ իրենց օրէնքներն ու շահերը ունին:
Կայ indie film (independent film) կոչուածը որ հոլիուուտեան ոճէն հեռու է, ուր ստեղծագործութեան եւ գործակիցներու ընտրութեան ազատութիւն կայ, սակայն դրամագլուխը աւելի քիչ է: Այս ոճի ֆիլմերու առաջնախաղը կ’ըլլայ ֆիլմերու փառատօներու ընթացքին, ինչպէս Սանտանս, Քանն, Թորոնթոյի միջազգային ֆիլմի փառատօն (TIFF), Պերլին, Վենետիկ, եւ հոնկէ ընթացք կ’առնեն:

Indie film-ի բեմադրիչ կը սեպուի Գահիրէ ծնած, գանատահայ Ատոմ Էկոյեանը(2): Էկոյեան ընդհանրապէս ինք կը գրէ, կը բեմադրէ եւ կ’արտադրէ իր ֆիլմերը, որոնք յատկանշուած են հոգեբանական խորքով, ոչ ժամանակագրական յաջորդականութեամբ պատկերներով, ուր անցեալը միշտ ներառուած է ներկայ դէպքին մէջ: Էկոյեանի ֆիլմերը, ինչպէս իւրաքանչիւր indie film, դանդաղ ընթացք, բարդ հոգեբանութիւն եւ ոչ աւանդական կառուցուածքով նիւթ ունին եւ այդ իսկ պատճառով ուղղուած են յատուկ հանդիսատեսի` համբերատար եւ կեդրոնացած:

Ատոմ Էկոյեան հանրածանօթ դարձաւ 1994-ի Exotica(3) ֆիլմով. հոգեբանական տրամա մը, որ կ’արծարծէ նիւթեր, ինչպէս՝ վիշտ, կերպարի անցեալէն մնացած բարդոյթներ եւ մարդկային յարաբերութիւն: Արժանացած է Քաննի ֆիլմի փառատօնի Palme D’Or-ի թեկնածութեան: Այս ֆիլմին մէջ Ատոմ աշխատած է իրեն արդէն եւ մինչեւ օրս ծանօթ գործակիցներու հետ՝ cinematographer Paul Sarossy, երաժիշտ Mychael Danna եւ դերասաններ Bruce Greenwood, Elias Koteas, Sarah Polley եւ իր կինը` Արսինէ Խանճեան:

Exotica ֆիլմին կը յաջորդէ The Sweet Hereafter-ը(4) (1997), վերոյիշեալ գրեթէ նոյն գործակիցներուն հետ, եւ կ’արժանանայ զանազան մրցանակներու կողքին, օսքարի լաւագոյն բեմադրիչի եւ լաւագոյն Adapted Screenplay-ի թեկնածութիւններու, ինչպէս նաեւ` Քաննի ֆիլմի փառատօնի Palme D’Or-ի թեկնածութեան:

2002-ին մեզի ծանօթ «Արարատ»(5) ֆիլմն է. հայոց ցեղասպանութեան նիւթով իմ նախասիրած ֆիլմը:
Էկոյեան Հոլիուուտ մուտք կը գործէ 2005-ին, Where The Truth Lies ֆիլմով: Կ’աշխատի յայտնի անուններու հետ, ինչպէս Kevin Bacon, Colin Firth, Alison Lohman(6), չբացառելով cinematographer Paul Sarossy, երաժիշտ Mychael Danna-ն եւ Արսինէ Խանճեանը: Ֆիլմը կ’արժանանայ Cannes Film Festival-ի Palme D’Or-ի թեկնածութեան:
2009-ին հոգեբանական drama Chloe(7) ֆիլմին մէջ դարձեալ առիթը կ’ունենայ աշխատելու աստղ դերասաններու հետ՝ Julianne Moore-ի, Liam Neeson-ի եւ Amanda Seyfried-ի(7), Mychael Danna-ն մնալով սերտ գործակից:

2013-ին Devil’s Knot(8) (Colin Firth, Reese Witherspoon), 2014-ին The Captive (Ryan Reynolds, Rosario Dawson, Scott Speedman), իսկ 2015-ին Remember(9) (Christopher Plummer, Martin Landau) ֆիլմերով, իր հին ու սերտ գործակիցներուն հետ, միշտ կ’արժանանայ մրցանակներու կամ թեկնածութիւններու:

Եւ այսպէս Ատոմ Էկոյեան կը յաջողի Հոլիուուտ մուտք գործել առանց դաւաճանելու իր ոճին, ներկայացնելով մարդկային խոր զգացումներ, հոգեկան բարդ վիճակներ:
Շարունակելով իր ազատ ոճը, Էկոյեան 2019-ին կը բեմադրէ Guest of Honour ֆիլմը յայտնի David Thewlis-ի(10) գլխաւոր դերակատարութեամբ, մասնակցութեամբ Luke Wilson-ի եւ ի վերջոյ 2023ին՝ Seven Veils ֆիլմը գլխաւոր դերակատարութեամբ Amanda Seyfried-ի, բայց միշտ ու միշտ իր կողքին ունենալով cinematographer Paul Sarossy եւ երաժիշտ Mychael Danna: Seven Veils-ի առաջնախաղը տեղի ունեցաւ Toronto International Film Festival-ին եւ ցարդ արժանացած է գանատական զանազան մրցանակներու: Նշեմ որ աս ֆիլմի արտադրութեան ընկերութիւնն է XYZ Films որուն հիմնադիրներէն մէկն է Արամ Դերձակեան:

Իսկ ինչո՞ւ Էկոյեանի մշտական գործակցութիւնը նոյն անձերու հետ: Մանաւանդ երբ indie film-ի մասին է խօսքը, նպատակը կ’ըլլայ ֆիլմին յաջողութիւնը իբր արուեստի ամբողջական գործ, եւ ոչ թէ օրինակ՝ աստղ անունի մը օգտագործումը ֆիլմը յաջողցնելու եւ տարածելու համար: Այնքան ատեն որ Paul Sarossy(11), Mychael Danna(11), Elias Kotias(11), Bruce Greenwood(11), Sarah Polley եւ բնականաբար Արսինէ Խանճեան(11) կը բաժնեն Էկոյեանի տեսիլքը, նպատակը եւ երազը, Էկոյեանի համար աւելի դիւրին եւ ինքնավստահ պիտի ըլլայ գործի անցնիլ: