Անոյշ Առաքելեան․ Ազդեցիկ է այն հայը, որ իր աշխատանքով յաջողած է նպաստել հայրենիքի զարգացման

December 22, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Անոյշ Առաքելեանի (Հայաստան) սոյն յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022):

Ազդեցիկ է այն հայը, որ իր աշխատանքով, գործունէութեամբ յաջողած է նպաստել հայրենիքի զարգացման ու կայունացման: Ամենեւին նշանակութիւն չունի, թէ ով է տուեալ անձնաւորութիւնը եւ ուր կ’ապրի: Հանրածանօթ գործարարէն, երգիչէն, դերասանէն մինչեւ դպրոցի տնօրէն, ուսուցչուհի, շինարար, բժիշկ,  վաճառող կրնան անմիջական ազդեցութիւն ունենալ սեփական երկրի յառաջդիմութեան գործին մէջ՝ քրտնաջան, ազնիւ ու պատասխանատու աշխատանքի շնորհիւ:

Ցուցակը կը ներառէ շատերը, որոնք մեծ դեր եւ նշանակութիւն ունին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ճանաչման մէջ` Յովհաննէս Այվազովսքի, Քըրք Գըրգորեան, Առնօ Պապաջանեան, Տիգրան Պետրոսեան, Շեր, Անրի Վեռնոյ… Ներկայացնեմ ինծի համար աւելի ազդեցիկ մարդիկ, որոնց պատմութիւնները դեռ շատ երկար պիտի մնան որպէս օրինակ:

Այսպիսով, հայուհի Տիանա Աբգար, նախամուսնական անուն-մականունը Անահիտ Աղաբեկեան եղած առաջին կին դիւանագէտը աշխարհի մէջ: Տիանա Աբգար եղած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպանը Ճափոնի մէջ: Ձգած է նաեւ գրական ժառանգութիւն, որու միջոցով արտայայտուած է տիրող անարդարութիւններուն մասին: Զբաղած է նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ: Ան, կտրելով բոլոր կարծրատիպերը, զբաղած է քաղաքականութեամբ, բարձրաձայնած է հայկական հարցերը, ոչ մէկ բանէ վախցած է, եւ այդ պատճառով նշանակալի տեղ կը գրաւէ հայ ազդեցիկներու շարքին մէջ: Մինչեւ հիմա ալ, ան օրինակ կը հանդիսանայ բազմաթիւ կիներու համար` չվախնալ, պայքարիլ, հասնիլ նպատակներու իրագործման:

Զապէլ Եսայեանը ժամանակի առաջամարտիկներէն էր: Ան չէ վախցած եւ բարձրաձայնած է հայ ժողովուրդին հանդէպ տեղի ունեցող անարդարութիւնները: Չվախնալով հետապնդումներէն եւ ճնշումներէն` ան շարունակած է ցոյց տալ աշխարհին դաժան իրականութիւնը, որուն միջով կ’անցնէին հայերը: Ամերիկեան Refinery 29 կայքը Եսայեանի մասին գրած է. «Զապէլ Եսայեանը փայլուն կնոջ օրինակն է, որ ապրած է այնպիսի ժամանակ, երբ խելացի ու հաստատակամ ըլլալը ամէնէն վտանգաւոր յատկանիշներէն էր»: Առ այսօր, անոր հրապարակախօսական յօդուածները, թարգմանութիւնները մեծ արժէք կը ներկայացնեն, անոր կատարած աշխատանքը կ’ոգեւորէ կիները:

Յովհաննէս Ադամեան գունաւոր պատկերասփիւռի հիմնադիրներէն մէկն է: Անոր ներկայացուցած եռագոյն սփռումի գիստը շրջադարձային եղաւ պատկերասփիւռի զարգացման մէջ: Ու հիմա պատկերասփիւռի զարգացման մէջ ունինք այն, ինչ ունինք անոր ջանքերուն շնորհիւ:

Տաղանդաւոր երգահան, ուսուցիչ Կոմիտասը հաւաքագրած է հայկական երաժշտութեան շուրջ երեք հազար  նմուշներ: Անոր երգչախումբը ելոյթներ ունեցած է եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ հայկական երաժշտութիւնը ծանօթացնելով ամբողջ աշխարհին: Թէեւ հիմա միայն հազար երկու հարիւր նմուշ պահպանուած է Կոմիտասի հաւաքագրածներէն, բայց անոնցմէ շատերը կ’օգտագործուին եւ ժամանակակից ձեւով կը ներկայացուին: Կոմիտասը ձգած է անկրկնելի, բացառիկ ժառանգութիւն երգարուեստի ասպարէզին մէջ:

Մեծանուն երգիչ Շառլ Ազնաւուրի մշակութային ազդեցութիւնը հսկայական է: Միջազգային դիւանագիտական ատեաններու մէջ ներկայացնելով Հայաստանը` Ազնաւուր մշտապէս պաշտպանած է անոր շահերը, անոր կարեւորագոյն մարտահրաւէրները: Առ այսօր, զինք կը յիշեն ոչ միայն իբրեւ երգիչ, այլ նաեւ՝ հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայող առաջամարտիկ: Ան օրինակ պիտի դառնայ շատերու համար: Բնաւ նշանակութիւն չունի, թէ աշխարհի ո՞ր ծայրը կ’ապրիս, կատարած աշխատանքդ կ’օգնէ հայրենիքիդ՝ նաեւ հեռուէն: Չեմ կրնար չաւելացնել Ուիլեըմ Սարոյեանի խօսքերը անոր մասին. «երբ ռատիօ-ընդունիչի կոճակը կը սեղմեմ եւ հեռու-հեռուներէն կը լսեմ Ազնաւուրի երգերը, միտքէս կ’ըսեմ. Ապրիս, եղբայր, դուն ալ յաղթեցիր, դուն մեծ ու տոկուն հայ մըն ես»:

Բարերար, գիւտարար Ալեք Մանուկեանը եւս կը գտնուի ազդեցիկներու շարքին: Որպէս հայ գիւտարար ստեղծած է Տելդա-ծորակը: Անթիւ են անոր նուիրատուութիւնները աշխարհի տարբեր ծայրերուն գտնուող հայ համայնքներուն, նաեւ` Հայաստանին: Անոր հովանաւորութեամբ կատարուած են բազում թարգմանութիւններ, հետազօտական աշխատանքներ` նուիրուած հայկական մշակոյթին: Անոնց շնորհիւ ալ աշխարհը ծանօթացած է մեր պատմութեան ու մշակոյթին:

Տեսական աստղագիտութեան հիմնադիրներէն մէկուն` Վիքթոր Համբարձումեանի հիմնած Բիւրականի աստղադիտարանը ամէնէն նշանաւորներէն մէկն է ամբողջ աշխարհի մէջ: Համբարձումեանն աշխարհին ծանօթ է նաեւ շարք մը գիւտերով՝ ցոյց տալով, որ Հայաստան ինքուրոյն տեղն ունի տարբեր բնագաւառներու մէջ: Անոր ձգած գիտական ժառանգութիւնը անգնահատելի է: Բազմաթիւ երկիրներու գիտական կազմակերպութիւններու անդամը յեղաշրջող դեր ունեցաւ մեր պատմութեան մէջ:

Ես չեմ մոռնար նաեւ այն մարդոց կատարած աշխատանքը, որոնց քիչ կը յիշեն, յաճախ` կ’անտեսեն:

Անգնահատելի է հայ զինուորին քաջութիւնն ու անոր անսակարկ նուիրումը երկրին: Անոր սխրանքներուն մասին կը խօսին նոյնիսկ երկրին սահմաններէն  դուրս: Եւ իզուր չէ որ յոյն մը ըսած է. «հայերը չեն կռուիր հերոսներու պէս, հերոսները կը կռուին հայերու պէս»:

Մեծ է այն ուսուցիչին դերը, որ անկախ ամէն ինչէն, նուիրուած է աշխատանքի, որուն շնորհիւ ունինք եւ կ’ունենանք խելացի, ուժեղ, ամէն բնագաւառի մէջ ինքզինք հիանալի դրսեւորող սերունդ մը, որ չի վախնար մարտահրաւէրներէն եւ կը շարժի միշտ առաջ:

Հսկայական է շինարարին կատարած աշխատանքը, որ, առտուընէ իրիկուն, քարը քարին վրայ դնելով, կը կառուցէ հայրենի երկրի զաւակներուն տունն ու տեղը:

Գովելի է այն բժշկը, որ իսկապէս կը մտածէ հիւանդին առողջական խնդիրներուն մասին, եւ ոչ թէ զայն կը նկատէ որպէս եկամուտի աղբիւր:

Ու այսպէս շարունակ… Իւրաքանչիւրը, որ ամէն ինչ կ’ընէ առանց խաբէութեան, առանց մարդիկ շահագործելու, բարեխղճօրէն աշխատելով, երկիրը կը տանի առաջ, հայրենիքէն կամ ուրիշներէն պահանջելու փոխարէն` ինքը կը ստեղծէ, կը կայանայ, բարձր կը պահէ ծննդավայրին պատիւը թէ՛ դուրսը, թէ՛ ներսը:

Իսկ եթէ շատերը «ծանր կը տանին», որ իրենց անունները չեն գրուիր ամսագիրներու մէջ եւ չեն նշուիր միջազգային հարթակներու վրայ, հաւատացէք` դուք ձեր նոյնիսկ թէեւ փոքր, բայց օգտակար աշխատանքին շնորհիւ կերտած ու կերտելիք սեփական հայրենիքի լուսաւոր ներկան ու ապագան, պիտի մնաք անոր պատմութեան մէջ` իբրեւ արժանաւոր քաղաքացի:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարուժ Թէնպէլեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x