Անժելինա Ժոլի կը մարմնաւորէ հռչակաւոր սոփրանօ Մարիա Քալլասի դերը
September 19, 2024

28 օգոստոսէն 7 սեպտեմբեր, Իտալիոյ մէջ կայացաւ 81-րդ Venice International Film Festival-ը: Մրցակից 21 ֆիլմերէն, անորոշ պատճառով, ուշադրութիւնս գրաւեց Pablo Larraín-ի Maria ֆիլմը(1), որ կը ներկայացնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ծնած, ծագումով յոյն, 20-րդ դարու ամէնէն հռչակաւոր օփերայի սոփրանօ երգչուհիիներէն՝ Maria Callas-ի հոգեկան վիճակը, անոր կեանքի վերջին օրերուն՝ 1977-ին, Փարիզի մէջ:
Maria Callas(2), ծանօթ La Divina (աստուածայինը) անուանումով՝ ունի ուժեղ եւ

իւրայատուկ բազմակողմանի ճկուն սոփրանօ ձայն մը, դէմքի թատերական արտայայտութիւն եւ բեմական գրաւիչ ներկայութիւն, որոնց միջոցով կրցած է լաւագոյնս արտայայտել իր երգած գործերուն բովանդակած խոր զգացումները:
Դժբախտ մանկութիւնը, մօր հետ բարդ յարաբերութիւնը եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի շրջանին տիրած աղքատութիւնը խոր ազդեցութիւն ձգած են Callas-ի վրայ` պատճառ դառնալով ֆիզիքական եւ հոգեկան հիւանդութիւններու կուտակումին, որոնց հետեւանքով, վաթսունական թուականներէն մինչեւ մահ` կը մեկուսանայ Փարիզի իր յարկաբաժինին մէջ, իր մօտ պահելով միայն իր անձնական մատակարարը, իր կեանքի ամէնէն վստահելի անձը՝ Ferruccio Mezzadri-ն:
Maria ֆիլմը կը ներկայացնէ Callas-ի մեկուսացումի շրջանը` վերարտադրելով անոր կեանքին կարգ մը կարեւոր հանգրուանները, որոնցմէ յոյն մեծահարուստ Aristotle Onassis-ի հետ իր նշանաւոր յարաբերութիւնը եւ իր մեծ քրոջ հետ տագնապալի կապը:
Բեմադրիչ Pablo Larraín նախապէս բեմադրած է Jackie(3) եւ Spencer(4) ֆիլմերը.առաջինը 2016ին՝ Միացեալ նահանգներու առաջին տիկին Jacqueline Kennedy-ի (Natalie Portman) հոգեկան վիճակը կը ներկայացնէ, իր ամուսինին՝ նախագահ J.F. Kennedyի սպանութենէն ետք, իսկ երկրորդը, 2021ին՝ Princess Diana-ի (Kristen Stewart) հոգեկան վիճակը, երբ իր ամուսինէն՝ Անգլիոյ իշխան Charles-էն հեռանալու ծանր որոշումը կ’առնէ: Larraín-ի այս երեք ֆիլմերը հարուստ եւ տանջուած կիներու մասին են:

Maria ֆիլմին մէջ Maria Callas-ի դերը ստանձնած է Angelina Jolie-ն(5), որ 2022-ին համաձայնութիւն տուած է այս դերը խաղալու, եւ բնական ու ճշմարիտ թուելու համար՝ եօթը ամիս օփերայի ձայնամարզութեան հետեւած է: Արտաքինով, սակայն, Jolie-ն Callas-ի
նմանցնելու նպատակ չէ եղած` դէմքը չէ փոխուած, այլ միայն աւելցուած է աչքերու սեւ երկար գիծը, իսկ տարազ տրամադրուած է Callas-ի իսկական հագուստներու նմանատիպներ: Այսպէս, Pablo Larraín, վերջին տարիներուն Hollywood-ի լուսարձակներէն հեռու ապրող Jolie-ին, Callas-ի կերպարը տալով՝ երկու մեծ դէմքեր իրարու կը միացնէ եւ զինք կը վերայայտնէ:
Maria Callas-ի մասին բազմաթիւ վաւերագրականներ արտադրուած են, բայց միայն հազուագիւտ ֆիլմեր: 2002-ին, իտալացի հռչակաւոր բեմադրիչ Franco Zeffirelli պատրաստեց իր վերջին ֆիլմը՝ Callas Forever անունով, որ նոյնպէս կը ներկայացնէ Callas-ի կեանքին վերջին օրերը, ֆրանսացի դերասանուհի Fanny Ardant-ի գլխաւոր

դերակատարութեամբ, ուր Zeffirelli կ’երեւակայէ Callas-ի ենթադրեալ վերադարձը դէպի լուսարձակ: Ֆիլմը Zeffirelli-ի մեծարանքն է իր բարեկամ Callas-ի յիշատակին: Ան նախապէս Callas-ը բեմի վրայ բեմադրած է Norma, La traviata եւ Tosca օփերաներուն մէջ:
Pablo Larraín-ի գործէն անկախ կան տարբեր արտադրութիւններ Callas-ի մասին: Մէկը յունական է, միւսը` ֆրանսական: Յունականը` Maria Callas-ը բեմի վրայ նկարուած երաժշտական ներկայացում մըն է Callas-ի կեանքին մասին, բեմադրութեամբ` Antonis Karagiannis-ի եւ գլխաւոր դերակատարութեամբ Mae George-ի(7) (բուն անունով Andromache Georgiadou): Ֆիլմը կը մեծարէ

Callas-ը: Mae George չէ փորձած նմանիլ խաղացած դերին եւ բոլոր երգերու հեղինակը դերասանուհին ինքն է: ֆրանսական արտադրութիւնը՝ Callas անունով, բեմադրած է Niki Caro, գլխաւոր դերակատարութեամբ՝ շուէտացի հանրածանօթ դերասանուհի Noomi Rapace-ի:
Վերադառնալով Venice International Film Festival-ին, Maria ֆիլմը, ինչպէս ուրիշ տասը ֆիլմեր, առաջին անգամ հոն

ցուցադրուեցան: Ութ վայրկեան յոտնկայս ծափահարութեան արժանանալով հանդերձ(9), Maria չտիրացաւ ֆիլմին միակ թեկնածութեան՝ լաւագոյն ֆիլմի մրցանակին (Golden Lion):

Փառատօնին հերոսը դարձաւ Pedro Almodóvar` արժանանալով թէ՛ Golden Lion եւ թէ՛ Brian մրցանակներուն, իր առաջին անգլիախօս ֆիլմով՝ The Room Next Door, որ տասնեօթը վայրկեան յոտնկայս ծափահարութեան արժանացաւ, երկու գլխաւոր դերասանուհիներուն՝ Julianne Moore-ի եւ Tilda Swinton-ի ներկայութեան: