Այսօր պիտի սերտենք իւրայատուկ նիւթ մը. շեշտը
March 5, 2025
- Շեշտ
Այսօր պիտի սերտենք իւրայատուկ նիւթ մը, որ է խնդրայարոյց… շեշտ մը:
Այս քննութիւնը թելադրողը հետեւեալ օրինակն է.
–«Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը իր տարբեր ծրագիրներով կը միտի առկայծ պահել հայկականութիւնն ու կենդանի՝ Հայոց լեզուն» («Ազդակ», 18/11/2024, էջ 1):
Անշուշտ հարց կու տաք՝
—Ի՞նչն է այս բոլորին մէջ սխալը, որուն կը փորձուի անդրադարձ կատարել:
Պատասխան՝
—Այս յայտարարութեան մէջ կայ… սխալ մտածուած շեշտ մը:
Այո՛, ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ սխալ շեշտ մը:
* * *
Շեշտը,- աշխարհի բոլոր լեզուներու բոլոր շեշտերը,- արտասանական բնական երեւոյթի մը դրսեւորումն է, որ մարդ արարածը կ’իւրացնէ մայրենի լեզուին հետ զուգահեռ, դպրոց երթալէ շատ առաջ, այլ հարց թէ դպրոցը որքանո՞վ կ’օգնէ անոր շեշտադրումին, եթէ կ’օգնէ եւ… չի վնասեր:
Ինչպէս վնասած է վերը բերուած օրինակին մէջ:
Այս օրինակը շեշտուած է ըստ դասագիրքերու ուսուցումին, եւ բնաւ չի համապատասխաներ հայուն, ո՛րեւէ հայու, բնական արտասանութեան:
Հիմա զարմացած պիտի հարց տաք, թերեւս, ի՞նչ շեշտի մասին է այս քարոզը, քանի որեւէ շեշտ չէ դրուած բերուած նախադասութեան մէջ:
Չէ դրուած, այո, բայց ան ներկա՛յ է:
—Շեշտուած է հայկականութիւն բառը:
Հիմա եթէ շատ ուշադիր վերընթերցէք օրինակը, ի պահանջել հարկին՝ քանի մը անգամ, հաւանաբար զգաք ու անդրադառնաք անոր գողածածուկ ներկայութեան եւ… սխա՛լ, անհանգստացնո՛ղ կիրարկութեան:
* * *
Բնական ու տրամաբանական առոգանութեամբ՝ այդ բառը պէտք է գրուէր որոշիչ յօդով մը՝ հայկականութիւնը՝ ը-ով:
Այս ը որոշիչ յօդը ն կը դառնայ մի՛այն ու մի՛միայն այն պարագային, երբ զինք կրող բառը կը շեշտուի, այլապէս կը մնայ ը:
Օրինակ՝ բոլորս կ’ըսենք՝
—Հացն ու պանիրը կերայ:
Ինչո՞ւ հացն գրեցինք ն յօդով:
—Որովհետեւ շեշտեցինք հացը, որ դարձաւ հացն:
Իսկ ինչո՞ւ շեշտեցինք:
Հայերէնը սովորութիւն ունի շեշտելու ա՛յն բառը, որուն կը յաջորդէ ու շաղկապը, ինչպէս զայն կը գտնենք Համազգայինի յայտարարութեան մէջ:
Ուրեմն, պիտի մտածէք, Համազգայինը ի՞նչ սխալ գործած է:
Այո՛, կը շեշտենք, եթէ այդ ու շաղկապը կը կապէ երկու համադաս բառեր, այսինքն՝ երկու նո՛յն բնոյթը ունեցող եւ նո՛յն պաշտօնը կատարող բառեր:
—Հացն ու պանիրը կերայ:
—Քոյրն ու եղբայրը եւս մասնակցեցան մրցոյթի:
Թաւագրուած բառերը զոյգ-զոյգ գոյական են եւ զոյգ-զոյգ կը կատարեն նո՛յն պաշտօնը:
Ինչ որ Համազգայինի շարադրած նախադասութեան պարագան չէ:
—հայկականութիւնն ու կենդանի…
Բացարձակապէս ոչ մէկ հայ այսպէս կ’արտասանէ, իմա՝ կը շեշտէ:
Հայկականութիւնն գոյական է եւ ուղիղ խնդիրն է «պահել» դերբային:
Կենդանի ածական է եւ ստորոգելին է «Հայոց լեզուն» գոյականին:
Այլ խօսքով՝ ո՛չ նոյն բնոյթը ունին, ո՛չ ալ նոյն պաշտօնը:
Երկու իրարու անտարբեր ու օտար բառեր են:
Բառային մակարդակի ոչ մէկ համադասութիւն կայ իրենց միջեւ:
* * *
Հապա ինչպէ՞ս կ’ըլլայ,— պիտի մտածէք,— որ արեւմտահայ սփիւռքի ողնաշարը կազմող լրագիր մը ու անոր սպասաւորներըը նման սխալ գործեն:
Այդ սխալը գործուած է, որովհետեւ զայն գրողը իր սեփական արտասանութեան չէ՛ հետեւած, այլ տեղ մը ինչ-որ մէկէն, ինչ-որ կիսագրագէտ վարժապետէ մը հապճեպ, կիսատ-պռատ իմացած է, որ ու-էն առաջ եկող բառը կ’առնէ ն յօդը՝ ը յօդի փոխարէն:
* * *
Ուրեմն պարտէինք գրել՝
–«Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը իր տարբեր ծրագրերով կը միտի առկայծ պահել հայկականութիւնը ու կենդանի՝ Հայոց լեզուն»:
Նոյնհետայն, ինչպէս նկատելի է, փոխեցինք ծրագիրներով բառին կառոյցը:
Երբ գիր արմատով վերջացող բարդ բառը կը նշանակէ «գրութիւն», յոգնակին կը կազմենք եր-ով. օրինակ՝ ծածկագիր-ծածկագրեր, ձեռագիր-ձեռագրեր, ճակատագիր-ճակատագրեր, օրագիր-օրագրեր: Իսկ երբ «գրող» նշա-նակէ, կը յոգնականացնենք ներ-ով. օրինակ՝ նամակագիրներ, պատմագիրներ,
գրագիրներ, յօդուածագիրներ, խմբագիրներ, վիպագիրներ, սխալագիրներ…
- Եւ…. շեշտ
–«Քննարկուեցան մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան ընդհանուր կացութիւնն եւ… ոլորտները ոտքի կանգնեցնելու կարելիութիւնները» («Ազդակ», 4/3/2025, էջ 2):
Սխալ շեշտում մըն ալ այստեղ ունինք՝ կացութիւնն եւ… ոլորտները:
Ուր կացութիւնը եւ ոլորտները հաւասարապէս գոյական են եւ կը կատարեն նո՛յն պաշտօնը՝ ենթակայ են քննարկուեցան բային: Ուրեմն համադասութեան զոյգ պայմանները յարգուած են:
Այսուհանդերձ… չենք կրնար շեշտել կացութիւնը, քանի որ եւ շաղկապը, որ հոմանիշն է ու-ին, կը սկսի յ բաղաձայնով, որ y կ’արտասանուի. երբ=yerp :
Այս նախադասութիւնը գրողը ինք կացութիւնն եւ… ոլորտները չ’արտասաներ կենդանի խօսքին մէջ, որովհետեւ արտասանելի չէ նման զոյգ մը. սակայն գրած է՝ խաբուելով կամ հետեւելով ու-էն առաջ ն դարձող որոշիչ յօդէն:
Ուրեմն՝ Հայրն ու մայրը ներկայացան:
Բայց՝ Հայրը եւ մայրը ներկայացան:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան