Աղէտահար Կազայի պատանի «Նիւթոնը» կը լուսաւորէ իր ընտանիքին վրանը

February 14, 2024
Արուեստական իմաստութեամբ (AI) ստեղծուած պատանի պաղեստինցիի մը նկարը

Կազայի սրտին մէջ, 15-ամեայ պաղեստինցի դեռատի Հուսամ Ալ-աթթարը դարձած է յոյսի ու հնարամտութեան հոմանիշ մը:

Վերջերս, Հուսամի տրուած է «Կազայի Նիւթոն» անուանումը, որովհետեւ ան յաջողած է լուսաւորել Ռաֆահի մէջ տեղահանուածներու վրանները` օգտագործելով ամենէն տարրական գործիքները եւ հովէն ստացուած ուժանիւթը:

Ելեկտրական հոսանքի մատակարարման գրեթէ անգոյութեան պայմաններուն մէջ, Կազայի հիւսիսը գտնուող Ժապալ Մուքապեր դպրոցի աշակերտ Հուսամը ունեցած է փայլուն եւ գործնական գաղափարը` լուծելու ելեկտրականութեան տագնապը:

Իր տրամադրութեան տակ միայն տարրական գործիքներ ունենալով՝ Հուսամ կ’օգտագործէ տինամօ մը եւ շեղբեր` հովի ուժանիւթը օգտագործելու եւ ելեկտրականութիւն արտադրելու համար՝ լուսաւորելով մութ ու պաղ ապաստարաններ: Անոր այս ստեղծագործ նախաձեռնութեան շարժառիթը պարզ կը թուէր, բայց խորքին մէջ, ան կը ցանկար ուրախութիւն պատճառել իր երկուորեակ զարմիկներուն եւ թեթեւցնել անոնց առանձնութիւնն ու վախը, զորս անոնք կ’ապրէին իրենց վրանին մութ տարածութեան մէջ:

«Ես կը դիտէի իմ երկուորեակ զարմիկներս եւ վախ տեսայ անոնց աչքերուն մէջ. երբ մութը կոխեց, անոնք առանձին կը զգային վրանին մէջ: Ուստի մտածեցի… ուրախութիւն պատճառել անոնց եւ լուսաւորել այս վայրը», – Հուսամ կը պատմէ «Էլ Ժազիրայի» թղթակիցին:

Իր կարգին պպրելով տեղահանութեան տառապանքը՝ Հուսամ եւ իր ընտանիքը ստիպուած կ’ըլլան լքելու իրենց տունը Պէյթ Լահիայի մէջ ու քալելով ճամբայ կ’ելլեն՝ անցնելով էլ-նասրէն եւ Խան Եունէսէն, հասանելու Եգիպտոսի սահմանին մօտ գտնուող Ռաֆահ քաղաքի շրջանը: Այս դժուարին պայմաններուն մէջ, Հուսամ կ’ըլլայ վճռական՝ դրականօրէն ազդելու իր ժողովուրդին վրայ: Հակառակ միջոցներու սակաւութեան, ան կը յաջողի ստեղծել հովահարներ, որոնք ելետրականութիւն կ’արտադրեն ելեկտրածիներու միջոցով: Նախ, ան իրեր կը հաւաքէ տեղահանուածներու ժամանակաւոր ապաստարաններու շրջակայքէն:

Փրկելով բաղադրիչներ աջ ու ձախ նետուած կամ վնասուած ելեկտրոնային սարքերէն՝ Հուսամ էական տարրերը կը հաւաքէ իր ժամանակաւոր ելեկտրածինին համար: Այս բաղադրիչները կ’ընդգրկեն պարոյրներ, լարեր եւ մագնիսներ, որոնք բոլորն ալ կարեւոր են ելեկտրական հոսանքի համար: Ապա, ան կը ստեղծէ պարզ, բայց արդիւնաւէտ ուժանիւ (turbine) մը՝ օգտագործելով իր շուրջի հասանելի իրերը: Ան շուկայէն տինամօ մը կը գնէ ընդամէնը 1 շէքէլի (Shekel՝ իսրայէլեան դրամանիշը, որ կ’օգտագործուի նաեւ Կազայի մէջ): Երբ այս տինամօն կը սկսի դառնալ, ան ելեկտրականութիւն կը սկսի արտադրել: Ուժանիւին շեղբերները, որոնք կառուցուած են թեթեւ, բայց ամուր նիւթերէ, Հուսամ զանոնք այնպէս մը կը տեղադրէ, որ հովին ուժգնութիւնը կարենան գրաւել: Նկատի ունենալով, որ հովը կը ճնշէր այս յանպատրաստից շեղբերներուն վրայ, ան կը յաջողէր շարժման մէջ դնել ուժանիւը (turbine):

Հուսամին մայրը, հպարտութեամբ լեցուած, կ’ընդգծէ անոր բնածին տաղանդն ու անպէտք թուացող առարկաները օգտակարի վերածելու կարողութիւնը: Կարիքաւոր ընտանիքներ նոյնիսկ կը դիմէին անոր՝ իրենց ելեկտրական գործիքները վերանորոգելու համար: Գիւտարար դառնալու երազով` Հուսամ կը մնայ լաւատես կեանքի հնարաւորութիւններուն մասին՝ հակառակ Պաղեստինի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Ան նաեւ կ’ըսէ, որ Կազայի մէջ իրեն պէս շատ ստեղծագործ պատանիներ կան: Իբրեւ «Կազայի Նիւթոնը»՝ Հուսամ Ալ-աթթար ո՛չ միայն կը լուսաւորէ տեղահանուածներու վրանները, այլե՛ւ ան կը լուսաւորէ ճամբան դէպի աւելի պայծառ ու յուսադրող ապագայ մը՝ ի դէմս բոլոր դժուարութիւններուն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x