Յուլիս 2021. Շաբաթ թիւ 2
July 15, 2021
Մէկ տարի ընդմիջումէ ետք, դարձեալ կայացաւ «Պարքեմփ»ը. կազմակերպիչները «ամեն ինչ» ըրած էին, որ շատ մարդ չգայ՝ Քովիտի պայմաններուն մէջ, հիւրընկալող հաստատութիւնը մեծ հաւաքի վտանգներէն չանհանգստացնելու համար, բայց 1500-է աւելի մարդ մարդ միացաւ (մօտ երկու անգամ աւելի քիչ, քան 2019-ին): Կը կարծեմ, որ շատ օգտակար էր. միա՛յն ես շուրջ 30 նոր ծանօթութիւն կազմակերպեցի տարբեր բարեկամներուս միջեւ:
«Պարքեմփ»ի տպաւորիչ հատուածներէն էր «Գիտուժ»ի վերաբերեալ քննարկումը, որուն միացաւ MIT-էն Արեգ Տանակուլեանը եւ ներկայացուց MISTI ծրագիրը, որուն միջոցով կարելի է տարբեր ձեւաչափերով համագործակցութիւն հաստատել MIT-ի գիտական խումբերուն հետ:
- «Պարքեմփ»ին մէջ նաեւ յայտարարուեցաւ Armenian Model Rocketry Association-ին մասին: Կը նախատեսուի այս տարի երկու դպրոցներու մէջ հիմնել հրթիռաշինական խմբակներ, ի յաւելումն «Քվանտ» դպրոցին մէջ շատոնց գործող խմբակին: Ընկերակցութիւնը հիանալի հոգաբարձուներու խորհուրդ ձեւաւորած է ու շատ լուրջ տրամադրուած: Այս պահուն կը փնտռեն բնագիտութեան մարդիկ, որոնք կ’ուզեն դառնալ խմբակավարներ նոր ստեղծուող խմբակներուն համար.
- Անցեալ շաբթուան առաջին օրը Tech Week Artsakh-ի վերջին օրն էր, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ եռակողմանի յուշագիր մը` Մարտունիի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ co-working տարածքներ ստեղծելու մասին․
- «Մարզերու երեխաները մարզերուն մէջ» անունով նախաձեռնութիւն մը կայ. Հայաստանի մարզերու երեխաներուն համար առցանց աշխատանքներու հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին. չափազանց հետաքրքրական հարթակ է, կը գործէ շատոնց: Անցեալ շաբաթ Network Nation փոտքասթի շրջանակներուն մէջ Մայիս Մարգարեանը պատմեց, թէ ինչպէս կը գործէ ան․
- Կարէն Վարդանեանի անուան հիմնադրամը Լեռնապատ գիւղին մէջ անօդաչու սարքերու օդակայան կը կառուցէ, թռիչքուղին քիչ թէ շատ պատրաստ է: Մնացածին կառուցման համար դրամահաւաք սկսած է , $111 հազարէն $26 հազարը արդէն հաւաքուած է:
- Դիլիջանի մէջ աւարտեցաւ Մետիագրագիտութեան թեմայով հաքաթոնը, որուն կը մասնակցէին «Արմաթ» գիտաշխանոցներու երեխաները․
- Գիւմրիի մէջ աշխոյժ կ’աշխատի ծրագրաւորման ողիմպիական խմբակը.
Անհրաժեշտ է այս ձեւաչափը ընդլայնել դէպի այլ մարզեր:
- Armenian Code Academy-ն կը սկսի մեքենայական ուսուցման bootcamp.
Ինչո՛ւ յատուկ կ’անդրադառնամ այս ձեւաչափին. bootcamp կը նշանակէ, որ դասընթացքները պիտի ըլլան լիաժամ: Մասնակիցները պիտի ամէն գործ ձգեն եւ հինգ ամիս զբաղին ասորմով: Վերջաւորութեան, աշխատանքի ընդունուիլը գրեթէ երաշխաւորուած է:
- Գիւմրիի հրթիռաշինութեան խմբակը շատ աշխոյժ կ’աշխատի. գրեթէ ամէն շաբաթ տասնեակ երեխաներու մասնակցութեամբ տպաւորիչ տեսանիւթեր կը տեսնենք: Այս շաբաթ ալ բացառութիւն չէր․ https://www.facebook.com/khachaturtadevosyan1/posts/4025816857543659
- Յուլիս 18-ին կը կայանայ Ռոպոթներու համաշխարհային ողիմպիականի ազգային փուլը, զոր կը կազմակերպէ «Այբ» հիմնադրամը:
- «4090 հիմնադրամ»ին մասին մէկ անգամ գրած էի. մարտական գործողութիւններուն մասնակցած անձերուն համար կրթաթոշակի մրցոյթ կ’ընեն, վերջին ժամկէտը` Օգոստոս 5.
- Գոլպա գիտաշխանոցը մարզաբնակ երիտասարդներուն համար վճարովի ինթերնշիփ կը կազմակերպէ SMM ուղղութեամբ․
https://kolba.am/hy/paid-internship-smm/
այս պահուն միայն Լոռիի, Շիրակի, Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն համար:
- Նոր Երզնկա գիւղին մէջ «Արմաթ» գիտաշխանոց բանալու դրամահաւաքը բարեյաջող աւարտեցաւ․
https://www.facebook.com/photo?fbid=3072047869693080&set=gm.856841438259985
- ԵՊՀ Արեւելագիտութեան հիմնարկի ուսանողական գիտական ընկերութիւնը կը կազմակերպէ Արեւելագիտութեան ամառնային դպրոց, գրանցումը բաց է․
https://docs.google.com/…/1mpzSVFFIx8…/viewform
- Մասնաւոր ֆինանսաւորմամբ վերաբացուած է Լեւոն Արոնեանի եւ Գաբրիէլ Սարգսեանի ճատրակի ուսումնական կեդրոնը:
- «Գիտուժ» նախաձեռնութիւնը կը կազմակերպէ մեծ bootcamp գիտական եւ արհեստագիտական թեմաներով աշխատող լրագրողներուն համար:
- «Իրական» դպրոցը յայտարարեց 10-15 տարեկան երեխաներու համար IT խմբակի ընդունելութիւն․
https://www.facebook.com/photo?fbid=254818519783147&set=a.183391003592566
- Լոռիի գիւղերու աշակերտներուն համար ուսողութեան փոքր ամառնային դպրոց կը կազմակերպուի․
- Ամառնային մէկ այլ դպրոց, «Գիտարար» անունով, ուր կ’ուսուցանուին հետազօտական աշխատանքներ կատարելու հիմունքները: Դիմելու ժամկէտը աւարտեցաւ արդեն:
- Գիւմրիի մէջ կը սկսի EDA-ի անվճար դասընթացքներ Ինսթիկեյթի կողմէ:
- Գիւմրիի ու Վանաձորի մէջ կը գործէ Yandex ծրագրաւորման դպրոց մը: Անցեալ շաբաթ, 55 ուսանող աւարտեց ուսուցումը․
- Դիլիջանի մէջ աւարտեցաւ «Արմաթ» թեքնոճամբարը: Լուսանկարներէն դատելով 100-է աւելի աշակերտ կը մասնակցէր․
- Արցախի Մարտունիի շրջանի Հաղորտի գիւղին մէջ, չորս հոգիանոց web ծրագրաւորման խումբ մը ստեղծուած է. տարածք առեր են, վերանորոգեր, համակարգիչներ են նուէր ստացեր: Կը կարծեմ պատրաստ են ընդունելու պատուէրներ․
- Բացուեցաւ այս տարուայ «Տիճիթէք Էքսփօ»-ի գրանցումը:
- Ներդրումներու աշխարհէն․ 10web ընկերութիւնը յայտարարեց, որ $2 միլիոն ներդրում ստացած է ամերիկեան Sierra Ventures եւ յայտնի գիտնական Andrew Ng-ի հիմնադրած AI Fund հիմնադրամներէն.
- ՀՀ Կառավարութիւնը քանի մը միլիոն տոլար յատկացուց ֆոնտի մը, որ այլ աղբիւրներու հետ արդէն կը դառնայ $45 միլիոննոց ֆոնտ մը, եւ եթէ ճիշդ հասկցայ, պիտի կառավարուի «Ամպեր Քափիթալ»-ի կողմէ.
- «Ճարտարագիտական քաղաք»ին կապուած որոշակի աշխոյժութիւն երեւցաւ. գրանցուած են քաղաքի «ռեզիտենթ» առաջին ութ ընկերութիւնները․
- Friends of the Armenian Soldier and Family հիմնադրամը յայտարարեց, որ դրամաշնորհներ պիտի տրամադրէ Հայաստանի մէջ գործող այն խումբերուն, որոնց հիմնական գործունէութիւնը զինուորներուն եւ վեթերաններուն աջակցիլն է:
- Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը կը շարունակուի, երկրորդ փուլը սկսած է 68 երիտասարդներու հետ՝ 8 երկիրներէ.
Առաջին փուլի մասնակիցներէն մէկը քոյրս էր, չափազանց տպաւորուած էր 🙂
- Գիտութեան կոմիտէն յայտարարեց կիրառական արդիւնքին միտուած գիտական հետազօտութիւններու դրամաշնորհ:
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան