Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (գ./գ. մաս)

Երկխօսութիւն՝ առցանց հարթակներու վրայ հայատառ արեւմտահայերէնով արտայայտութեան երեւոյթին հետ

(Kata GAÁL, DATING IN CYBERSPACE, 2019, mixed technique on wood)

Նախորդ մասը կարդալ այստեղ

Ինչո՞ւ է այս առցանց արեւմտահայերէն մշակոյթին ծաւալումը

Առցանց հարթակներու վրայ հայատառ արեւմտահայերէնի ծաղկումը զուգադիպեցաւ քորոնա ժահրի պատճառած ինքնարգելափակման օրերուն. այնուամենայնիւ, անիկա տեղի չունեցաւ առանց ենթահողի, որն է պարզ, խօսակցական, առօրեայ լեզուով արտայայտուելու մարմաջը։ Առցանց արեւմտահայերէնի տարբեր անհատական նախաձեռնութիւններ խթան հանդիսացան այլոց քաջալերանքին եւ այսպէս շատցաւ թիւը արեւմտահայերէնով գրողներուն։ Աւելին, «Նայիրի» բառարանը խելախօսներու համար արեւմտահայերէնի անվճար ուղղագրիչ ստեղնաշար մը հրապարակեց։ Այս բոլորը եկան արեւմտահայերէնը դուրս բերելու դասագիրքերէն եւ դպրոցական գրասեղաններուն ետեւէն, եւ բնականաբար դարձուցին ոչ միայն բանաստեղծութեան եւ հայապահպանման, այլեւ՝ սովորական նիւթերու լեզու, իսկ արեւմտահայերէն լեզուն պահպանելը ստացաւ այլ կերպար՝ գործածելու եւ զարգացնելու։

Պեռնարտ Սբոլսքի (2009:40), լեզուի օրէնսդրութեան (language policy) մասին խօսելով,  կը նշէ, որ լեզուի օգտագործման տարբեր տարածքներ կան, հետեւաբար լեզուի նկատմամբ մօտեցումը կրնայ ընկերութեան տարբեր դասակարգերուն եւ գործածութեան զանազան  մարզերուն մէջ յառաջանալ եւ կիրարկուիլ։ Այս իմաստով, Ժիւլիա Սալլապանք (2013:36) օրէնսդիր մարմին (policy maker) կը համարէ բոլոր անոնք, որոնք ներդրում ունին լեզուի մը օգտագործման քաղաքականութեան եւ օրէնքի մը  մշակման մէջ, այսինքն օրէնսդիր մարմին կը համարուին  պետութիւններ, կրթական համակարգեր, լեզուի մասնագէտներ, նաեւ՝ անհատներ, լեզուի աքթիվիստներ, ընկերաբաններ։ Սբոլսքի (2009:40) կը շարունակէ ըսելով, որ անշուշտ լեզուի գործածութեան քաղաքականութեան մէջ կայ ուժի եւ հեղինակութեան երեսակը, որուն համար ներկայ աշխարհին մէջ պետութիւններուն կը տրուի լեզուի օրէնսդրութեան այդ հեղինակութիւնը։

Իսկ ի՞նչ կը պատահի արեւմտահայերէնին նման պետութիւն/պետականութիւն չունեցող լեզուի մը։

Հայկազեան համալսարան հայագիտութեան ուսանողութեանս օրերուն, հայերէն քերականութեան առաջին դասապահերս տեսակ մը հոգեխոց մը յառաջացուցած էին մէջս, որովհետեւ ստիպուած էի մոռնալ ազգային վարժարանիս հայերէն լեզուի կարգ մը քերականական օրէնքներ եւ տիրապետել նորին՝ հաւատալով, որ գիտցածս սխալ էր եւ սորվելիքս՝ ճիշդ, անշուշտ այս մէկը ըստ դասախօսիս։ Այդ օրերուն էր, որ ծանօթացայ նախակրթարանի դասագիրքերուս հեղինակ Արմենակ Եղիայեանին Ե-նամակագրութիւններուն շարքին, որուն միջոցով շաբաթական դրութեամբ մամուլի կամ հրապարակագրութիւններու մէջ արեւմտահայերէնի սխալ կիրարկումներ կը մատնանշէր (եւ տակաւին կ՚ընէ), կը սրբագրէր՝ բացատրութիւններով, եւ կը սփռէր իր հետ առնչութիւն ունեցող ելեկտրոնային հանրութեան։ Աւելի ուշ, 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հովանաւորութեան տակ յառաջացաւ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովը՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառին, եւ որ մինչեւ օրս կը գործէ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն խումբ մը լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտներով, որուն հիմնական աշխատելադաշտերէն է ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցի մը պատրաստութիւնը։

Յունիս 2016-ին, Լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Արեւմտահայերէնը` կենսունակ լեզու» վերնագիրով դասախօսութեան ընթացքին, Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան անդրադարձած է «նահանջի հոգեբանութեան եւ անոր հետեւանքներուն` տրուած ըլլալով, որ լեզուն գործածողին հոգեբանութիւնը սերտօրէն կապուած է լեզուին կրած հետեւանքներուն հետ: Նահանջի հոգեբանութենէն մեկնելով հայոց լեզուի պահպանումը պատճառ կը դառնայ լեզուի կարծրացումին, հետեւաբար ան կը դադրի կենսունակ ըլլալէ եւ այլեւս չի պատասխաներ լեզուն գործածողին պահանջներուն: Իսկ արեւմտահայերէնը  յստակօրէն կը ցոլացնէ սփիւռքահայու ինքնութիւնը եւ առիթ կ՛ընծայէ բաժնեկցելու մէկէ աւելի ինքնութիւն ունենալու, բազմամշակոյթ ինքնութիւն ունենալու եզակի փորձառութիւնը» (Ազդակ, 2016)։

Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ ընկերային ցանցերուն վրայ արեւմտահայերէնի հայատառ օգտագործման գծով շատեր  որակեցին որպէս զարթօնք. @sarinakbas, 11 Ապրիլ 2020-ին կը գրէ՝ «Արեւմտահայերէն տեսերիզներ, ձայնագրութիւններ ամենուրեք։ Պիտի լամ ուրախութենէս։ #ՊսակաձեւԶարթօնք», իսկ @dhalaj, 1 Ապրիլ 2020-ին՝ «Այս մեկուսացման շրջանը Արեւմտահայերէնի համար բեղուն շրջան մը եղած է։ Միթէ՞ լեզուն զարթօնքի փուլ մը կը շրջանցէ։ Կը տեսնեմ նոր համացանցային էջեր, տեսանիւթեր, բանավէճեր, բջջային կիրարկումեր եւ այլն, ու իսկապէս անհուն բերկրանքի պահ մը կ՚ապրիմ։ Շարունակե՛նք…»

 Եզրակացութիւն

Առցանց արեւմտահայերէնի տարածքները կամաց-կամաց ստացան պատկեր մը, որուն կազմաւորման համար կան ինչպէս ժամանակաւոր այցելուներ, նոյնպէս ալ մնայուն եւ աշխուժ աքտիվիստներ, որոնք իրենց գրառումներով եւ ստեղծագործութիւններով կ՚ապրեցնեն եւ կենդանի կը պահեն լեզուն՝ օգտագործելով համացանցի ուժականութիւնը։ Այս մասին տակաւին 2017 թուականին արտայայտուած է սփիւռքահայ գրող եւ բանասէր Գրիգոր Պըլտեան, «Հայ Ձայն»-ի հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին, ըսելով՝ «Այսօր գիր ու գրականութեան անմիջական արտայայտման հարթակը տպագիր մամուլի փոխարէն դարձած է համացանցը, սակայն այդպէս ներկայացուող ստեղծագործութիւնները դեռեւս նկարագիր չունին, այսինքն՝ կը բացակայի ընդհանուր ուղղութիւնը, հոսանքը, մտահոգութիւնները, գաղափարը, իւրաքանչիւրը իր ցանկութիւններուն համապատասխան կը գրէ: Այսօր, մարդիկ կը կարծեն, թէ շարադրութիւն գրողը կրնայ նաեւ գրականութիւն ստեղծել: Բայց այդպիսիները գրական ստեղծագործութիւն չեն, համացանցը հրաշալի միջոց է առանց գրաքննութեան հրապարակելու ստեղծագործութիւններ»:

Տարածքներու արտադրութեան մասին գոյութիւն ունին զանազան տեսութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ կ՚արժէ նշել ֆրանսացի ընկերաբան Անրի Լոֆեվրինը։ Ան կը յայտնէ, որ տարածքները կը կազմուին երկու բնոյթով՝ որպէս ընկերային արտադրութիւն եւ մտաւոր կազմութիւն, եւ հանդէս կու գան երեք հանգամանքներով՝ ընկալուած, ըմբռնուած եւ ապրուած։ Լոֆեվր կը խօսի նաեւ տարածքներու մէջ գոյացող պայքարներու եւ առնուած տարբեր մարտահրաւէրներու մասին ու տարածքները կը նկատէ քաղաքականացած. «Տարածքներու քաղաքականութիւն կայ, քանի որ տարածքը քաղաքական է», կ՚ըսէ ան։ Դարձեալ տարածքներու արտադրման մասին խօսելով, Միշէլ Ֆուկոյ իր «Այլ տարածքներու մասին» գործին մէջ (1967) կը ներկայացնէ «հեթերոտոպիա» հասկացողութիւնը, որ կը սահմանէ որպէս համակարգը դիմադրող վերակառուցուած տարածքներ՝ նշելով, որ «հեթերոտոպիա»-ի համար յստակ չեն հանրային եւ անձնական սահմաններուն բաժանումները։ Ըստ Ֆուկոյի, քանի մը տարածքներու մէկ տարածքի մէջ յարադրուիլն է «հեթերոտոպիա»-ն, որ Ֆուկոյ կը գործածէ հարցադրումներ տալու համար տուեալ տարածքի մը զանազան տեղադրութիւններու յարաբերութիւններուն մասին։

Ընկերային ցանցերուն վրայ սփիւռքի զանազան գաղութներէն երիտասարդներ քով-քովի գալով կ՚արտադրեն նոր տարածք մը եւ նոր տարածքի մը վրայ կը դրսեւորեն ինքնութիւն մը, որուն ամենէն ազդեցիկ քաղաքական գործիքը հայատառ արեւմտահայերէնն է։ Հոս չկան անոնց լեզուները վերահսկողութեան ենթարկողներ, կամ եթէ կան՝ նոյնքան իշխանութիւն չունին, որքան առաջ, որովհետեւ այս տարածքին ուժը, իշխանութիւնը, կը գտնուի տարածքը ստեղծողներուն ձեռքը։ Մինչ տարածք ստեղծելու ազդակը հնարաւորութիւն կու տայ շատերուն անկաշկանդ կերպով արեւմտահայերէն գրելու կամ ստեղծագործելու՝ մանաւանդ անոնց համար, որոնց մօտ արեւմտահայերէնը մայրենի լեզու չէ, այս չի փոխարիներ արեւմտահայերէնի արտադրման դասական միջոցները, ուր Պըլտեանի նշած ուղղութիւնն ու չափանիշները լեզուի զարգացման հիմնական դերակատարներ են։ Առցանց արեւմտահայերէնի պարագային, կեդրոնական դերակատարը օգտատէրերուն՝ հաւաքական գործունէութեամբ արեւմտահայերէն արտադրելու անպաշտօն մեքանիզմներ յառաջացնելու կարողականութիւնն է, որ առաջին հերթին կը հիմնուի ընկերային յարաբերութիւններու վրայ, որոնք գլխաւոր ազդակ են լեզուի մը վերակենդանացման (Պարպրա Ա. Միք, 2010)։

Այս յօդուածը արտադրելու ընթացքին, նկատեցի, որ առցանց հայատառ արեւմտահայերէնի ծաղկման զուգահեռ, տեղի ունեցած է նաեւ արտացանց տարածքներու արտադրութիւն, որ առիթ ստեղծած է երիտասարդներու ֆիզիքապէս հանդիպելու՝ ըլլայ տանիքներու թէ՛ պատշգամներու վրայ, ու տարբեր ծրագիրներ մշակելու՝ թէկուզ միան արծարծելու արեւմտահայերէնի հայատառ գրութեան քաղաքականութիւններ եւ կամ ստեղծելու իրենցինը։

Ինչպէս ամէն տարածք, արեւմտահայերէնի առցանց տարածքներն ալ եւս հաւանաբար փոփոխութեան ենթարկուին եւ այլափոխուին, բայց կը յուսամ, որ չդադրին ստեղծագործելէ եւ արեւմտահայայերէնի հայատառ գրութեան պարարտ հող ստեղծելէ՝ թերեւս դասական այլ ոլորտներու ալ մաս կազմելու միտումով։

(վերջ)

Նախորդ մասը կարդալ այստեղ

Արազ Գոճայեան Պուրճ Համուտէն է։ Հայկազեան Համալսարանէն ստացած է հայագիտութեան BA եւ մանկավարժութեան TD, իսկ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն` մարդաբանութեան MA վկայականները։ Հետաքրքրուած է կատարողական արուեստներով եւ spatial diffusion-ով, քիչ մը` գրելով, քիչ մըն ալ` պարելով։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x