Հատուածներ՝ արեւմտահայերէնին զարկ տալու նպատակով Հայաստանի վարչապետին եւ սփիւռքի, կրթութեան, մշակոյթի նախարարութիւններուն հեղինակին ներկայացուցած ծրագիրէն եւ ճանապարհային քարտէսէն (2017):
Գրութեան մէջ պահպանուած է արդի հայերէնի «օ»-ին համապատասխանող՝ հեղինակին կիրառած ուղղագրական «աւ» դասական ձեւը:
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան
Ա. Լեզուն որպէս ազգի մը կենսական անհրաժեշտութիւն
Ազգի մը ինքնագիտակցութեան մէջ առաջին եւ ամենակայուն արժէքը լեզուն է, անոր գոյութեամբ մարդկութեան առանձին զանգուածները ժամանակին գոյաւորած են տարբեր ազգեր։ Աստուածաշունչի բաբելոնեան աշտարակաշինութեան բազմախորհուրդ առասպելը, ըստ էութեան, կու տայ գիտական բացատրութիւն մը ազգերու առաջացման՝ հիմնաւորելով պատճառը տարբեր լեզուներու ծագման փաստով. լեզուներն են եղած պատճառը եւ հիմքը ազգերու կազմաւորման համար։
Լեզուն ծնողն է ազգին… Իսկ ազգին ծնունդէն ի վեր կը մնայ անոր ամենաապահով ապաստանը, անոր մտածողութեան միակ անկողոպտելի կրիչը… Անիկա է ազգին ճշմարիտ հայրենիքը, ուրկէ ոչ ոք կրնայ կազմակերպել տեղահանութիւն, եթէ անոր «բնակիչները» իրենք զայն չլքեն… Պատմութիւնը կը հաւաստէ, որ եթէ հազարամեակներով պետականազուրկ եւ հայրենազուրկ ազգերը չեն չքացած պատմութեան թատերաբեմէն, ապա գոյատեւած են նախ եւ առաջ իրենց լեզուին շնորհիւ։
Մարդկութեան այգաբացէն ի վեր լեզուն եղած է միջոց՝ մտածողութեան կերտման, անոր արտացոլման, ինքնութեան բացայայտման ու դրսեւորման, ինքնաճանաչման եւ աշխարհաճանաչողութեան… Երբ լեզու մը բնական կամ արուեստական ճանապարհով կորսնցնէ ազգի մը համար այդ միջոցը ըլլալու մենաշնորհը, կը բռնէ մեռնելու ուղին։ Եւ զայն երբեմնի կրողներու սերունդներուն ուղղուած կոչերը ի զաւրու չեն իրագործել լեզուն պահպանելու նպատակը, որովհետեւ առարկայական ու ենթակայական հանգամանքներու բերումով՝ ազգայինին փոխարէն արդէն ուրիշ լեզուներ կը կատարեն մտածողութեան կերտման, աշխարհաճանաչողութեան, հաղորդակցութեան եւ այլ գործառոյթներ։ Եւ այս ճանապարհով կը ձեւախեղուի- կ՛այլակերպուի ազգային ինքնութիւնը։ Այստեղ է, որ պէտք է կարենալ շրջահայեացաւրէն, իմաստնաբար լեզուին վերադարձնել անոր առաքելութիւնը՝ անոր առջեւ դնել բարձր նպատակ եւ զայն անմնացորդ ծառայեցնել այդ նպատակին, մինչեւ որ անիկա վերստանայ իր շքեղ փառապսակը եւ վերստին կրաւորաբար իշխէ մտածողութեան՝ անցնելով ճոխացման ու կատարելագործման նոր ճանապարհներ (կրաւորաբար, քանի որ վերջինս նոյնպէս փոխադարձաբար կ՛իշխէ լեզուին։ «Եթէ միտքերն են, որ լեզուն կը շինեն, լեզուն ալ միտքերը կը շինէ», -իրաւացիաւրէն նկատած է Ինտրան) ։
Բ. Ներկայ իրավիճակը
Այսաւր ականատեսն ու ականջալուրն ենք վերջին արտագաղթին՝ անդառնալի կորուստներու դառն գիտակցութեամբ. Ցեղասպանութենէն յետոյ առաջին գաղթական սերունդները կրցան որոշակիաւրէն պահպանել իրենց ինքնութիւնը սնուցող աւիշը՝ լեզուն, եւ այդպիսով դեռ մնացին լեզու-հայրենիքին մէջ։ Ցեղասպանութիւնը զրկեց նիւթեղէն հայրենիքէն, իսկ նիւթեղէն ամէն ինչ կարելի է կանուխ թէ ուշ վերադարձնել, եթե սիրտին ու միտքին մէջ կը փայփայես վերադարձին գաղափարը։ Բայց նոյն ցեղասպանութիւնը անկարող եղաւ արմատախիլ ընել ազգը իր լեզուէն։ Եթէ այսաւր բարձրանանք անհատներէն եւ փորձենք ներկայացնել հայերէն լեզուամտածողութեան աշխարհագրութիւնը, տխուր պատկեր մը կը յայտնուի մեր առջեւ. վիճակագրութիւնը չափազանց խաւսուն է։ Մերձաւոր Արեւելքը՝ որպէս արեւմտահայերէն լեզուամտածողութեան ապաստան, անշրջելիաւրէն կը կորսնցենք։ Չարեաց փոքրագոյնը եղաւ այն, որ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերը չկորսնցուցին լեզուն, բայց շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին արեւելահայերէնի ազդեցութեամբ անիկա կը զեղչէ իր առանձնայատկութիւնները եւ ի վերջոյ կ՛անէանայ… Դեռ կը մնայ Լիբանանը, որ Արեւմուտքի համեմատ ունի արեւմտահայերէնը պահպանելու առաւել նպաստաւոր պայմաններ։ Պոլսոյ մէջ, թէեւ ազգային փոքրամասնութիւններէն հայերը ունին մայրենին սորվելու իրաւունք, սակայն, ինչպէս Արեւմուտքի վարժարաններուն մէջ է, միայն մայրենին կը դասաւանդեն հայերէն, միւս առարկաները թրքերէն կ՛ուսուցանուին, իսկ որոշ վարժարաններու մէջ կը դասաւանդեն Հայաստանէն մեկնած ուսուցիչներ, որոնց արեւելահայերէնը պատճառ կը դառնայ արեւմտահայերէնի հետզհետէ նահանջին։ Արեւմուտքի մէջ խնդիրը բազմաշերտ է, քանի որ բազմաշերտ է նաեւ այնտեղի հայութիւնը՝ կազմուած աւանդական եւ նոր սփիւռքներէն։ Նոր սփիւռքին ներկայացուցիչները հայաստանաբնակ հարազատներու եւ միմեանց հետ հաղորդակցման մակարդակին վրայ որոշակիաւրէն դեռ կը պահպանեն արեւելահայերէնը (որ, թէեւ այսաւր, բնականաբար, առաւել շահաւէտ դիրքի մը մէջ է, բայց եւ նոյնպէս ապահովագրուած չէ), մինչդեռ առարկայական պատճառներով, ի հեճուկս ձեռնարկուող քայլերուն՝ տարուէ տարի աւելի դժուարիրագործելի կը դառնայ, երբեմն ալ ինքնանպատակ կը թուի Արեւմուտքի մէջ արեւմտահայերէնին պահպանութիւնը. զայն կենդանի պահելուն մղումը սոսկ հովուերգական կարաւտի արտայայտութեան կը նմանի, ռոմանթիքական վերյուշի դրսեւորման, քանի որ այլեւս չունի կիրառական նշանակութիւն…
Մենք ուշացած ենք շուրջ մէկ դար։ Մենք չենք կրցած մեր ազգը պատուհասած մեծագոյն ողբերգութիւնը վերածել ամենահզաւր ազգերէն մէկը դառնալու հնարաւորութեան։ Սակայն երբեք ալ ուշ չէ, եթէ ունիս նպատակակէտ մը եւ անոր հասնելու ծրագիր մը։
Ներգաղթի կազմակերպումը ուրիշ մակարդակ մը կ՛ենթադրէ այսաւր։ Ի լրումն նախկին եւ գալիք ներգաղթներուն՝ պէտք է ըլլայ սրբազան Ներգաղթ մը, որուն ուղղութիւնը ոչ թէ դէպի Հայաստան, այլ՝ դէպի լեզուն պէտք է ըլլայ, դէպի ամենաապահով ապաստանը… Նահանջը տեղի ունեցած է աւտարացման ճանապարհով՝ մտածողութեան ու լեզուի աւտարման։ Վերադարձը պէտք է ըլլայ նոյն ճանապարհով՝ աւտար եզերքէն դարձով դէպի սեփական լեզուն ու լեզուամտածողութիւնը։
Գ. Արեւմտահայերէնը պահպանելու նպատակը
Եթէ որոշակի է նպատակդ, նախ՝ կը փնտռես անոր հասնելու եղանակներ եւ ուղիներ, ապա՝ սեփական խիղճի եւ արժանապատւութեան համապատկերին մէջ կը հաշուարկես բոլոր հնարաւորութիւններդ ու կարողութիւններդ, եւ յետոյ՝ կը մշակես զանոնք գործարկելու եղանակներ ու կերպաբանութիւն։ Գլխաւոր խնդիրը կը մնայ նպատակդ որոշակիացնելը։
Մենք կը ձգտինք ընել ամէն ինչ՝ լեզուն՝ մասնաւորապէս արեւմտահայերէնը պահպանելու, զարգացնելու, անոր աշխարհասփիւռ գոյութիւնը շքեղաւրէն կենդանի պահելու համար… Սակայն կարեւոր է նպատակին աւարտուն ձեւակերպումը, ընդ որում, աւելի կարեւոր է, որ այդ ձեւակերպման աւարտը անցեալին փոխարէն ուղղուած ըլլայ ապագային։ Պէտք է յստակացնել, ի վերջոյ, մեր նպատակն է պահպանել լեզուն՝ որպէս…. թանգարանային նմո՞յշ, նախնիներէն մնացած յիշողութի՞ւն, թէ՞ որպէս ինքնութիւն՝ անոր խոր գիտակցութեամբ, գիտութիւնն ու մշակոյթը սպասարկող միջոց… Միայն նպատակի լիարժէք ձեւակերպումը կը յուշէ, որ լեզուն պահպանելը այլ նպատակներէ ածանցեալ, յընթացս անոնց եւ անոնց զուգահեռ իրագործելիք նպատակ մըն է։ Եւ զայն ի կատար ածել հնարաւոր է միայն բնական անհրաժեշտութիւններ վեր հանելով եւ լեզուն որպէս միջոց կիրառելու առիթներ փնտրելով։
Անառարկելի է, որ արեւմտահայերէնին բառապաշարը գրաբարեան բնական ապարներուն միջով հոսող եւ միջինհայերէնեան հողաշերտերէն բխած աղբիւր է, եւ անխոհեմութիւն է զայն անխնամ ձգելն ու կազդուրող անոր տարրերէն մտածողութիւնը զրկելը։ Խաւսքս հաւասարապէս կը վերաբերի թէ՛ արեւելահայերէնի, թէ՛ արեւմտահայերէնի կրողներուն։ Արեւմտահայերէնի կենսահիւթով առատաւրէն սնուելով եւ միաժամանակ ամենահարազատ միջնորդի անոր պրիսմակը գործածելով՝ արեւելահայերէնը կը լեցուի նոր կենսուժով։
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ արեւմտահայերէնը նոյն բնական մղումով կարող է ոչ միայն ստեղծել բառեր՝ որպէս գեղարուեստական բիւրեղ, այլեւ ճկունաւրէն կերտել նորաբանութիւններ եւ հայերէն լիարժէք ու ինքնաբաւ եզրոյթներ՝ այս հարցին մէջ ըլլալով ու մնալով խիստ սկզբունքային. եթե աւտար բառը կը գործածուի ալ, ապա միայն հայերէն համարժէքին կողքին՝ փակագիծերու մէջ եւ լատինատառ։ ԱՒրինակ՝ դրապաշտութիւն (positivism), տպաւորապաշտութիւն (impressionism), առարկայական (objective), հոյապակի (vitrage), փապուղի (tunnel), ենթապատկեր (fond, background), խմբավար, նուագավար (diriger), սահիկ (slide) եւ այլն։ Ուստի, արեւմտահայերէնը ունի բոլոր նախադրեալներն ու հնարաւորութիւնները՝ գիտութիւնը, փիլիսոփայութիւնը, առհասարակ մշակոյթը սպասարկող լեզու մը դառնալու համար։
Դ. Ինչպէ՞ս պահպանել արեւմտահայերէնը. թարգմանութիւնը որպէս լեզուի պահպանութեան եւ զարգացման ճանապարհ
Թարգմանական գրականութեան համար հայրենական գիտութիւնը ունի որոշակի հիմքեր։ ԵՊՀ Ռոմանագերմանական, Արեւելագիտութեան բաժինները եւ Աւտար լեզուներու համալսարանը կոչուած են ապահովելու մեր կապը աշխարհի հետ՝ լեզուական մակարդակի վրայ, որոնք, սակայն, ի վիճակի չեն պատրաստել բնագէտ լեզուաբաններ, որոնք կարենան թարգմանել բնական եւ ճշգրիտ գիտութիւններուն արձանագրած վերջին նորութիւնները։ Սա շատ կարեւոր հարց մըն է, քանի որ աւտար լեզուին տիրապետելը քիչ է, ըսենք, հոգեբանութենէն, կենսաբնագիտութենէն, աստղաբնագիտութենէն, համեմատական լեզուաբանութենէն, ուսողութենէն, կենսաբանութենէն, երաժշտագիտութենէն, երկրագիտութենէն, բժշկագիտութենէն եւ այլ գիտութիւններէ թարգմանութիւններ կատարելու համար։ Այս բացը կրնան լրացնել նշուած գիտութիւններուն մասնագէտները՝ զուգահեռաբար լեզուական որոշակի հմտութիւններ ձեռք բերելով։ Սակայն նշուած եւ չյիշատակուած գիտաճիւղերուն մասնագէտները չունին նեղ մասնագիտական գրականութիւն հայացնելու անհրաժեշտ լեզուական հմտութիւնները։ Պէտք չէ ըլլալ վիճակագիր, հաստատելու համար, որ Հայաստանը, ունենալով գիտակրթական լուրջ հաստատութիւններ, չունի մասնագիտական գրականութիւն թարգմանելու բաւարար ներուժ… Մեզի հայրենական գիտութիւնը հզաւրացնելու լծակներ պէտք են…
Այդ լծակներէն կարեւորագոյնը տասնամեակներով ուշադրութեան չարժանացաւ։ Աշխարհասփիւռ հայ գիտնականները լոկ պահանջուած թարգմանիչները պիտի ըլլային, քանի որ, բացի իրենց մասնագիտութենէն, անոնք, ապրելով աւտարալեզու հասարակութիւններու մէջ, մայրենի եւ աւտար լեզուներու եւ լեզուամտածողութիւններու կրողներն էին։ Կը մնար թարգմանութեան ոլորտին մէջ անոնց հմտանալու պահանջարկը ապահովելը։
Թարգմանութիւնը լեզուի մը պահպանութեան եւ զարգացման ճանապարհներէն մէկն է, իսկ սփիւռք ունեցող ազգի մը համար՝ լաւագոյնը։ Պէտք է սփիւռքի ներկայ սերունդը դարձնել թարգմանիչներու սերունդ, ստեղծել թարգմանական նոր դպրոց, հիմք դնել թարգմանչաց նոր շարժման, իսկ արեւմտահայերէնին տիրապետող միջին եւ աւագ սերունդներուն իմացութիւնն ու գիտելիքները արդիւնաւէտ աւգտագործել։ Սփիւռքի հայուն համար կան անհրաժեշտ այն պայմանները, որոնք հիմնականին մէջ կը բացակային Հայաստանի մէջ աւտար լեզուներ ուսումնասիրողներուն համար, անոնցմէ իւրաքանչիւրը գոնէ տեսականաւրէն ներամփոփ (potential) թարգմանիչ մըն է՝ ըլլալով մայրենի եւ աւտար լեզուներու կրող, եւ եթէ գործնականին մէջ այդպէս չէ, ապա ատիկա մեր թերացումն է։
Սփիւռքի հայ նոր սերունդին կարելի է «ստիպել» խաւսիլ հայերէն՝ միայն անոր համար հայերէն մտածելու հնարաւորութիւն ստեղծելով։ Այդ հնարաւորութիւնը կարելի է ստեղծել՝ կիրառելով լեզու սորվելու նոր մեթոդ մը, դպրոցներուն մէջ ծրագրուած կերպով մանուկներուն յանձնարարելով հայերէն թարգմանել իրենց ծանաւթ ու սիրելի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ՝ ընտրուած ըստ տարիքային խումբի ընկալունակութեան։ Թարգմանութիւնը դէպի լեզու դարձի ճանապարհ է։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ զուգակշռել յայտնի հանգամանքներու բերումով անոնց բաժին հասած աւտար եւ որպէս ինքնութիւն ժառանգուած մայրենի լեզուներուն նժարները։ Պէտք է հայերէնը դուրս բերել աւտար լեզուի կարգավիճակէն։ Թարգմանիչները կը հաստատեն, որ թարգմանութեան ընթացքին կը կատարելագործուի իրենց այն լեզուն, դէպի այն մէկը, որուն կը կատարեն փոխադրութիւնը։ Փոխադրութեան ատեն շատ կարեւոր ստեղծագործական աշխատանք մը կ՛ընթանայ, միտքը կը փնտռէ բառեր, կը փորձէ վերյիշել իմացածը, կը ստիպէ դիպուկ բառ մը գտնելու համար բանալ բառարաններ, մտապահել նոր բառեր, եւ, ի վերջոյ, տեսնել սեփական աշխատանքին արդիւնքը՝ գրագէտ հայերէն թեքսթ։ Ասիկա այն աշխատանքն է, որ մանուկի մը համար ինքնիւրոյն հայերէն մտածելու խթան մը կրնայ դառնալ։ Եւ այս աշխատանքը պիտի ոգեւորէ մանուկը։ Մանաւանդ եթէ ան տեսնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր հայերէնին հետ յստակ նպատակներ ու յոյսեր կը կապէ… Սփիւռքի մէջ կան հայեր, որոնք կ՛ուզեն իրենց նպաստը բերել հայրենիքի կայացման, սակայն բոլորը չունին նիւթական միջոցներ, եւ պէտք է անոնց ցոյց տալ, որ գէթ միայն լեզուին էութեամբ վերադառնալով կրնան ատիկա ընել։ Լեզուն չմոռնալը ձանձրալի կարգախաւսքէն պէտք է բարձրացնել բացառիկ հնարաւորութեան։ Ասիկա կարելի է ընել միայն պետականաւրէն՝ կազմելով նոր ծրագիրերներ, նոր պահանջներուն համապատասխանող դասագիրքեր եւ վարժութիւններու տետրեր։
Դպրոցէն ետք աշակերտներէն ոմանք պիտի ընդունուին բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներ։ Անոնց հետ պէտք է շարունակել աշխատանքը։ Համալսարանի հայ ուսանողը ուսումնառութեան զուգահեռ կրնայ սկսիլ կատարել իր մասնագիտութեան վերաբերող ոչ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններու թարգմանութիւններ։ Իսկ թէ ինչ պիտի թարգմանէ, կրնայ որոշել խորհրդատուական մարմին մը:
Ասիկա գլխաւոր նախադրեալն է Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի իրաւահաւասար գործառնութիւնը ապահովելու համար՝ զայն վերածելով գիրի ու գիտութեան կիրառական լեզուի։ Այս ճանապարհով Հայաստանի մշակութային գործիչներուն թիւը կը բազմապատկուի, քանի որ այն, ինչ պիտի կատարէ այդուհետեւ սփիւռքը, պիտի ըլլայ ի նպաստ հայրենական մշակոյթին ու գիտութեան զարգացման. սփիւռքի մտաւորականը պէտք է այցելէ Հայաստան ոչ որպէս հիւր, այլ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչ։
[…] ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 25, 2021 – ԼՈՒՍԻՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ – darperag21.net: […]