19-րդ դարուն հայագիտութիւնը մեծ յաջողութիւններ կ’արձանագրէ Ֆրանսայի մէջ: Ասպարէզ կը մտնեն ականաւոր գիտնականներ, ինչպէս Վիքթոր Լանկլուան:
Վիկտոր Լանկլուա (Louis Victor Langlois, ծն. 20 Մարտ 1829 – մահ՝14 Մայիս 1869) ֆրանսացի պատմաբան, հնագէտ, դրամագէտ եւ արեւելագէտ մըն էր, որ մասնագիտացած էր միջնադարու ուսումնասիրութեանց մեջ։ Լանկլուան յատկապէս հանրայայտ դարձաւ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին իր աշխատութիւններով։ Հեղինակ է հայոց պատմութեան նուիրուած աւելի քան երեսուն գիրքերու։ Հայ հին մատենագրութեան նուիրուած իր աշխատութիւնները այսօր ալ չեն կորսնցուցած իրենց գիտական արժէքը։
Լանկլուա ֆրանսերէնի թարգմանած է Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւնը», ինչպես նաեւ Կորիւնի, Եղիշէի, Ղազար Փարպեցիի եւ Եզնիկ Կողբացիի երկասիրութիւնները: Իր առաջին հատորը՝ «Collection des historiens anciens et modernes de l’Arménie»-ի կը հրատարակուի 1867-ին (420 էջ), հայազգի եգիպտական պետական գործիչ եւ բարեգործ Նուպար փաշա Նուպարեանի հովանաւորութեամբ եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան աջակցութեամբ։ 1969-ին, գիրքը ( 405 էջ) դարձեալ կը հրատարակուի:
Վիկտոր Լանկլուան կրթութիւնը ստացած էր «École Nationale des Chartes» – Ազգային Ակադեմիայի եւ արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին մէջ։
1852 թուականի Մայիս 7-ին, 23 տարեկան հասակին, ան ֆրանսական կառավարութիւնէն հրաման կը ստանայ այցելելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող Կիլիկիոյ գերակշռող հայաբնակ տարածքը՝ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար ֆրանսական եւ հայկական պատմական յարաբերութիւններու մասին։ Մասնաւորապէս, Լանկլուային յանձնարարուած էր ուսումնասիրել հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները խաչակրաց արշաւանքներուն ժամանակ եւ բացայայտել հնագիտական գտածոները։
Մնալով Կիլիկիոյ մէջ մինչեւ 1853 թուականը, Լանկլուան 1861-ին կը հրատարակէ գիրք մը իր գտածոներուն մասին՝ «Voyage dans la Cilicie et dans les montagnes du Taurus» (Travels in Cilicia and the Taurus Mountains) վերնագրով («Ճամբորդութիւններ Կիլիկիոյ եւ Տաւրոսի լեռներուն մէջ»): Թերաքոթայի (Terracotta) պատկերները, որոնք ան գտած էր Տարսոնի մէջ իր պեղումներուn ժամանակ, ցուցադրուած են Լուվրի մէջ։
1857- 1861 թուականներուն Լանկլուա կը ճանապարհորդէ Իտալիա՝ խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին աւելի շատ պատմական տեղեկութիւններ բացայայտելու համար։ Իր միւս աշխատութիւնները կը վերաբերին եգիպտական եւ վրացական դրամագիտութեան (1852թ.) եւ Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար կղզիին:
Այդ ընթացքին՝ 1863 թուականին, ան կը հրատարակէ գիրք մը թուրքերու կողմէն հայերու ջարդերու մասին՝ «Les Arméniens de la Turquie et les Massacres du Taurus» (Թուրքիոյ հայերը եւ Տաւրոսի ջարդերը) վերնագրով։
1867 թուականին կը հրատարակէ «Le mont Athos et ses monastères» («Աթոս լեռը եւ անոր վանքերը»), Պտղոմէոսի աշխարհագրութեան ֆօթո-վիմագրական վերարտադրութեամբ։ Լանկլուա կը դառնայ Փարիզի «Collège de France»-ի փրոֆէսօր։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ.-
- Կորիւն (380 – 450), հայ պատմիչ, վարդապետ, թարգմանչաց շարժման գործիչ։ Մեսրոպ Մաշտոցի առաջին աշակերտներէն:
- Եղիշէ (410 – 475), հայ գրականութեան Ոսկեդարի գրող, պատմագիր։
- Ղազար Փարպեցի (442, Փարպի, Հայաստան – 510, Փարպի, Հայաստան), միջնադարեան հայ պատմիչ, «Հայոց պատմութեան» եւ «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան» երկերու հեղինակ:
- Եզնիկ Կողբացի (մօտ 380, Կողբ – 450), հայ փիլիսոփայ, թարգմանիչ, հասարակական–եկեղեցական գործիչ։ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներէն։ Մասնակցեր է Աստուածաշունչի եւ այլ երկերու թարգմանութեանը։
- Մովսէս Խորենացի (410, Խորնի, Տարոն, Տուրուբերան, Մեծ Հայք – 490, Հայկական մարզպանութիւն, Սասանեան Պարսկաստան), Ոսկեդարի գրող-պատմիչ, մեկնիչ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, իմաստասէր, աստուածաբան, պատմահայր։ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն» աշխատութիւնը միջնադարուն եղեր է ազգային ինքնաճանաչման, քաղաքական-հայրենասիրական դաստիարակութեան ուսումնական ձեռնարկ։
- Terracotta թրծուն, թրծակաւ, գեղարուեստական եւ կիրառական խեցեղէն կերտուածքներ (անօթներ, սկահակներ, քանդակներ, ճարտարապետական մանրամասեր եւ այլն):
Աղբիւրներ՝
- Langlois, Victor (1863). Les Arméniens de la Turquie et les massacres du Taurus (in French). Paris: Clays.
- Ripley, George (1875). The American Cyclopaedia A Popular Dictionary of General Knowledge. p. 145.
- Collection des historiens anciens et modernes de l’Arménie: pub …, Volume 1: pub. en français sous les auspices de son excellence Nubar-Pacha … et avec le concours des membres de l’Académie arménienne de Saint-Lazare de Venise et des principaux arménistes français et étrangers https://books.google.fr/books?id=0bQFAAAAQAAJ
Նման նուիրեալ անուններ պեղելը, լոյս աշխարհ բերելը, ծանօթացնելը ոչ միայն առաքելութիւն է այլ գիտական պրպտում է, որ ունի իր գնահատելի իմաստը։ Շատ շնորհակալ գործ կատարած ես սիրելի Շաքէ։
Sihan Basmajian Tutunjian
Յաջողութիւն և շնորհաւորելի ։