ՊԱՐՏԱՀԼՈՒ* ԸԼԼԱԼՆ Է ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Տակաւին պզտիկ յոյս մը կը փայեմ, թէ մարդկութիւնը պիտի վերգտնէ խիղճը կորուսած՝ մեր բաց աչքերու հայելիին մէջ ինքզինք փնտռելէն...


Գրութեան մէջ պահպանուած է արդի հայերէնի «օ»-ին համապատասխանող՝ հեղինակին կիրառած ուղղագրական «աւ» դասական ձեւը:


Դուք յստակ գիտէք, որ մեր քաջերը

իրաւ չեն պարտուած։

Քանի՞ հեղ պիտի փորձէք համոզել,

թէ արիւնը մեր լոյս տղաներու

ի զուր հեղուեցաւ։

Դուք կը մտածէք, թէ պզտիկ ազգ մ’ենք

եւ սա աշխարհին մէջ յաջողելու

հնար մ’իսկ չունինք՝

պզտիկ ծով մը բաց կամ յարմար դիրք մը,

քարեւղով հարուստ գրաւիչ ընդերք։

Կը հեգնէք յաճախ, թէ բարոյական

յաղթանակներն են ճակատնիս զուգած։

Թէ միջոց մը ետք պիտի սփոփուինք,

որ այս անգամ ալ

բարոյական էր յաղթութիւնը մեր։

Ու չվհատիլ պիտի յորդորէք,

ըլլալ իրատես եւ լուռ ընդունիլ,

որ միայն ատոր առ այժմ կրնանք արժանի ըլլալ։

Ես ձեր նիւթապաշտ հայեացքին առջեւ

կանգներ եմ ահա յուսահատ այնպէս

եւ պատրանաթափ։

Ոչ անոր համար, որ ինչպէս կ’ըսէք՝

պարտուեր ենք եղեր, այղ որ կը ճգնիք հաւատացնել ձեր այդ խաբէութեան

ճիշդ այն վայրկենին,

երբ որ աւգնութեան բազուկ կը մեկնէք

իմ յաղթանակս ինձմէ խլողին։

Պարտութիւնը միշտ ի ցոյց կը դնէ

պարտուածին մարմնոյն ամենայն արատ

ու պակասութիւն,

բայց նա եւ անոր արժանիքները

կը ցուցնէ հարկաւ։

Իսկ բարոյական արժէքներէ զուրկ

կամ ինքզինք զրկող ամէն գոյութիւն

չունի արժանիք։

Եւ մեր պատմութեան

անծայր ու անծիր ընթացքին տրուած՝ յաղթեր ենք յաճախ,

բայց եւ պարտուեր ենք անողոքաբար.

ճակատագիրը

այդպիսին է մեր մաքառող ազգին,

որ շուրջը ունի լոկ դրացիներ աննախանձելի։

Բայց ունի հարկաւ

եւ «բարեկամներ» անվստահելի։

Մենք փոքր ազգ չենք, եւ ո՞չ ապաքէն,

ազգերը փոքր ու մեծ չեն ըլլար։

Անոնց գոյութիւնն իրենց նիւթեղէն,

հոգեմտաւոր ներաշխարհներու յայտնագործութեամբ,

անոնց նրբագոյն մշակութեամբ է,

որ կը յայտածուի…

Այսաւր աշխարհը դարձեալ պարտուեցաւ,

ինչպէս պարտուեր էր

Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն առաջ։

Անկումէն առա՜ջ… Ծուլութեան բոլոր

ուտեստները ճոխ առաջնին դրած

եւ ընկողմանած պարտահլութեան գահոյքներու մէջ,

արդէն ոգեղէն բոլոր զէնքերէ

զինաթափ եղած։

Աշխարհը դարձեալ կրած է այսաւր

իր անվերապահ պարտութիւնը սեւ

նոյն իր լռութեամբ

եւ անդրդուելի ու անարձագանգ,

ի սպառ բացակայ, անխաւս հայեացքով։

Այսաւր պարտուեցանք մենք բարոյազուրկ մարդկութեան կեղտոտ առեւտուրին մէջ, աշխարհիս շքեղ սրահներու մէջ անազնուութեան խրախճանքը դեռ

անյոյս կ’երկարի։

Մեր կրակներէն զմեզ «դուրս բերող»,

եւ իր աւգնութեան ճերմակաձեռնոց

ձեռքը երկարող աշխարհը կրկի՛ն,

այս անգամ ե՛ւս, դարձեա՛լ, վերստի՛ն

անբարոյական յաղթանակ տարաւ։

Եւ յաղթանակն այդ

ճիշդ մեր պարտութեան արտացոլանքն է՝ հակապատկերուած այս այղասէրուած աշխարհի բեկուած հայելւոյն վրայ։

Եւ յաղթանակն այդ իր իսկ՝

մարդկութեան տապալումն է լուռ։

Տակաւին պզտիկ յոյս մը կը փայեմ,

թէ մարդկութիւնը պիտի վերգտնէ

խիղճը կորուսած՝

մեր բաց աչքերու հայելիին մէջ

ինքզինք փնտռելէն…

————-

* Պարտահլու – պարտուելու պատրաստ, հլու (հեղինակային)

Լուսինէ Աւետիսեան (Երեւան, Հայաստան) բանաստեղծ է, գրականագէտ, գրաբարագէտ եւ թարգմանիչ։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան կաճառի աշխատակից է 1996-էն, գրաբար կը դասաւանդէ համալսարաններու մէջ։: Գիտական գործունէութեան հիմնական առարկաներն են գրաբառը, դասական ուղղագրութիւնը եւ արեւմտահայ լեզուն։ Պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն՝ «Տիրան Չրաքեանի պոէտիկան» թեմայով: Հեղինակ է 10 գիրքերու եւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու։ Անոր աշխատասիրութեամբ հրատարակուած են Լեւոն Շանթի երկերու ութհատորեայ ժողովածուին ակադեմական հրատարակութեան երկու հատորները։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x