Վան Լէօ․ լոյսի եւ ստուերի վարպետը

Վան Լէօ անունով հռչակուած եգիպտահայ լուսանկարիչ Լեւոն Պոյաճեան դրամ չէր փնտռեր: Նոյնիսկ կը հրաժարէր «հռչակաւոր անձերու լուսանկարիչ» կոչուելէն:

Վան Լէօ իր լուսանկարչական գործիքին կողքին,1996-ին. Phot. Josef Polleross

Լեւոն Ալեքսանտր Պոյաճեան, որ հանրածանօթ էր իր արուեստի անունով՝ Վան Լէօ, ծնած է 20 Նոյեմբեր 1921-ին, Ճիհուն քաղաքին մէջ՝ 43 քմ. Ատանայի արեւելքը, Կիլիկիա: Անոր ընտանիքը վերապրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութեան ահաւոր տարիները՝ միայն շնորհիւ անոր, որ Պոյաճեանները պաշտպանուած էին Պոյաճեան հօր ընկերային դիրքին բերումով, իբրեւ գերմանացիներուն պատկանող Պաղտատի երկաթուղային ընկերութեան բանուոր, նաեւ որովհետեւ Օսմանեան պետութիւնը  չէր պարտադրեր իր դաշնակիցին՝ Գերմանիոյ հաշւոյն աշխատող կառավարիչներուն եւ բանուորներուն հեռացումը:

Ընտանեկան նկար մը (1928). Վան Լէօ՝ ձախին, եղբայրը՝ Անճելօ՝ կեդրոնը եւ քոյրը՝ Ալիս, աջին: AUC Collection, Phot. Varjabedian

Պոյաճեաններուն ընտանիքը Կիլիկիա կը մնայ մինչեւ 1925 թուականը, երբ Քեմալ Աթաթուրքի իշխանութեամբ յառաջացած իրավիճակին լոյսին տակ այլեւս անյոյս կը դառնայ հոն հայ ընտանիքի մը համար ապագայ կերտելու հաւանականութիւնը։ Առ այդ, անոնք կ’արտագաղթեն Եգիպտոս: Պոյաճեան ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Զաքազիք քաղաքին մէջ, նախքան 1930-ին Գահիրէ տեղափոխուիլը, ուր հայրը կը սկսի աշխատիլ հանրակառքի ընկերութեան մէջ, մինչ Լեւոն կը յաճախէ Գահիրէի College de la Salle (1930-31) եւ British Mission College վարժարանները (1932-1939): Ան միաժամանակ Գահիրէի կեդրոնը գտնուող «Քասր էլ Նիլ» փողոցին մէջ գտնուող  Studio Venus-ին մէջ աշկերտ կը դառնայ: Լեւոն 17 տարեկան էր, երբ կ’որոշէ մասնագիտանալ լուսանկարչական ասպարէզին մէջ, որուն բերումով ալ, 1940-ին Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանը ընդունուելէն յետոյ կը լքէ ուսումը՝ իր հետաքրքրութիւնը հետապնդելու համար:

Այդ օրերուն, Եգիպտոսի մէջ լուսանկարչութեան մարզը գրեթէ մենաշնորհն էր հայ լուսանկարիչներուն, որոնց լուսանկարչական հաստատութիւնները կը վայելէին մեծ համբաւ։ Անոնցմէ էին Venus Studio, Armand Studio, Arshag Studio, Vartan and Alban Studio, ինչպէս նաեւ Վարժապետեանը, որուն մօտ Լեւոն կը սորվի լուսանկարչութեան նախնական գիտելիքները, նախքան իր արուեստի հմտութեան զարգացումը՝ աշխատելով մէկ այլ նշանաւոր հայ լուսանկարիչի՝ Արթինեանին պատկանող Venus Studio-ին մէջ:

1941-ի Յունուարին Լեւոն իր եղբօր՝ Անճելոյի հետ կ’որոշէ  ունենալ լուսանկարչական սեփական սթիւտիօ մը։ Պոյաճեան եղբայրները «Ֆուատ եւ Շերիֆ փաշա» պողոտային վրայ գտնուող իրենց բնակարանին հիւրասենեակը կը վերածեն լուսանկարչատան, իսկ բաղնիքը՝ «մութ սենեակ»ին: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի օրերուն անոնց յաճախորդները մեծ մասամբ անգլիական բանակի զինուորներն էին եւ սպաները, նաեւ գրողներ եւ արուեստագէտներ, որոնք զինուորագրուած էին, պարզապէս աշխարհը տեսնելու համար։ Անոնցմէ էին, օրինակ, օփերայի արուեստագէտներ Vivian Leigh, Noel Coward, Miriam Voigt, Olivia Manning, Lawrence Durrell եւ Cecil Beaton, գիշերային ակումբներու պարուհիներ, ազնուական դասակարգի ներկայացուցիչներ:

1947-ին երկու եղբայրներուն գործընկերութիւնը կը դադրի: Լեւոն արդէն ունէր մեծ թիւով յաճախորդներ՝ լիբանանցի վաճառականներ, շարժանկարի աստղեր, փաշաներ եւ հանրայայտ դէմքեր: Ան կ’որոշէ ստեղծել իր անձնական լուսանկարչատունը «Ֆուատ» պողոտային (26th of July Street) եւ «Էմատ էտտին» նշանաւոր փողոցին վրայ, որուն համար ալ Լեւոն կ’ընտրէ արուեստի անուն մը իր անուան  տառերէն բաղկացած՝ Van Leo, եւ այդպէս ալ կը կոչէ նորահաստատ սթիւտիոն։

Phot. (L) AUC Collection, Van Leo, (R) Norbert Schiller Collection

Հակառակ  անոր, որ երկու եղբայրներու համագործակցութեան վեց տարիներուն ընթացքին բոլոր տպագրութիւնները կը կրէին Անճելոյի անունը, այնուամենայնիւ, ընդունուած էր, որ Վան Լէօ աւելի տաղանդաւոր էր: 1961ին, Անճելօ կը հաստատուի Փարիզ եւ կը հիմնէ իր լուսանկարչատունը «Ուակրամ» պողոտային վրայ: Վան Լէօ նոյնպէս կը մտադրէ մեկնիլ եւ աշխատիլ Փարիզի «Studio Harcourt»-ի մէջ, բայց գաղափարը չի զարգանար, որովհետեւ Վան Լէոյի համար դժուար էր հրաժարիլ իր հեղինակութիւնէն՝ իր դրոշմ դարձած իր անունէն եւ աշխատիլ մէկ այլ լուսանկարիչի սթիւտիոյին մէջ: Ան կ’որոշէ մնալ իր սիրելի Գահիրէին մէջ՝ մնալով հաւատարիմ իր կեանքին սիրելի արուեստին:

Վան Լէօ իր սթիւտիոյին մէջ Photo Courtesy: The American University in Cairo

Լուսանկարչական ասպարէզի առաջին տարիներուն, յանուն իր սթիւտիոյին ծանուցման եւ ծանօթացման, Վան Լէօ յաճախ անվճար կը նկարէր հանրածանօթ դէմքեր, օփերայի դերասան-դերասանուհիներ, որոնք շարունակ նոր նկարներու կարիքը ունէին իրենց աշխատանքին բերումով։ Վան Լէոյի անվճար աշխատանքի պայմաններէն մէկը այն էր, որ իւրաքանչիւր լուսանկարի տակ տեսանելի ըլլար «Van Leo» մակնիշը․ այդպէս, անոր անունը կը կապուէր հռչակաւոր մարդոց անուան:

Դիմանկար, Norbert Schiller Collection

Վան Լէօ կը հիանար միայն այն բանով, որ ինք լուսանկարիչ էր:

Ան դրամ չէր փնտռեր: Նոյնիսկ կը հրաժարէր «հռչակաւոր անձերու լուսանկարիչ» կոչուելէն, ինչպէս այդ օրերուն քանի մը լուսանկարիչներ, որոնք իրենց մասին կը ծանուցէին իբրեւ թագաւորներու կամ նախագահներու լուսանկարիչ:

Դերասան Օմար Շարիֆ Copyright: American University in Cairo

Ապտէլ Նասէրի 1952-ի յեղաշրջումէն յետոյ, Վան Լէոյի յաճախորդները կը շարունակեն մնալ գլխաւորաբար եգիպտական հասարակութեան բարձր եւ հարուստ դասակարգի անհատները, Եգիպտոս բնակող օտարները, նաեւ՝ դերասաններ եւ դերասանուհիներ, ինչպէս Օմար Շարիֆ, Ֆաթմա Ռուշտի Տորիա Շաֆիք, Ֆարիտ Աթրաշ, Տալիտա, մեծանուն գրող Թահա Հիւսէյն եւ ուրիշներ:

Եգիպտացի նշանաւոր գրող եւ մտաւորական Թահ Հիւսէյն. լուսանկարը՝ Վան Լէոյի: AUC Collection.

Կեանքի պայմաններուն բերումվ, Վան Լէօ կը ստիպուի զբաղիլ անցագիրներու եւ անձնաթուղթերու, հարսանեկան դիմանկարներու, եգիպտական բանակի զինուորներու եւ սպաներու դիմանկարներու լուսանկարահանումով եւ նոյնիսկ հանգուցեալներու լուսանկարներու վերարտադրութեամբ:

1990-ականներուն սկիզբը, Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ Վան Լէօ երկու անգամ կը ցուցադրէ իր տարիներու լուսանկարած դիմանկարները:

Եգիպտացի-ֆրանսացի երգչուհի Տալիտա

Վան Լէօ 57 տարիներու լուսանկարչական ասպարէզին վերջին լուսանկարը կ’առնէ 24 Յունուար 1998-ին։ Վատառողջութեան պատճառով կը փակէ իր արուեստանոցը, երբ այլեւս չէր կրնար վեր բարձրացնել լուսանկարչական ծանր գործիքը:

Վան Լէօ երբեք չէր ուզեր, որ իր լուսանկարները թանգարան դրուին, այլ անոնք հասանելի ըլլան ժողովուրդին: 1998ին ան կ’ընդունի ամերիկացի լուսանկարիչ Պարի Այվըրսընի առաջարկը, որ իր սթիւտիոյին մէջ գտնուող տասը հազարէն աւելի լուսանկարներն ու negative-ները նուիրէ Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին, որ այդ օրէն սկսեալ, բացառապէս պատասխանատուն է Վան Լէոյի գործերուն: Համալսարանին նախաձեռնութեամբ, Վան Լէոյի գործերու շարք մը ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ այլուր:

2000-ին Վան Լէօ կը դառնայ առաջին լուսանկարիչը, որ կը ստանայ Հոլանտայի թագաւորական հեղինակաւոր «Royal Netherlands Prince Claus Prize» մրցանակը։ Այս մրցանակը նշելու համար «Town House» պատկերասրահը կը կազմակերպէ Վան Լէոյի լուսանկարչական գործերուն յետահայեաց ցուցահանդէս մը, գնահատելու համար անոր աւելի քան կէս դար երկարած վաստակը: Վան Լէօ կրնայ վայելել միայն բացման արարողութիւնը։ Ան կը մահանայ սրտի կաթուածի հետեւանքով, 18 Մարտ 2002-ին, եւ կը թաղուի յաջորդ օրը, Գահիրէի հայկական գերեզմանատան մէջ:

Աղբիւրներ՝

http://www.armeniapedia.org/wiki/Van_Leo

https://www.vetogate.com/4147964

http://www.photorientalist.org/exhibitions/van-leo-master-lights-shadows/article/

http://www.photorientalist.org/exhibitions/van-leo-master-lights-shadows/article-testimonials/

http://www.luminous-lint.com/app/vexhibit/_PHOTOGRAPHER_Van_Leo_01/2/0/0/

http://www.armeniapedia.org/wiki/Van_Leo

Անգլերէնէ եւ արաբերէնէ թարգմանեց Շաքէ Մանկասարեան

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x