«Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը»

Յայտարարութիւն՝ մրցոյթի արդիւնքներուն մասին

«Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը». ամփոփուեցան փորձագրական մրցոյթին արդիւնքները

Տարբերակ21 առցանց հանդէսին խմբագրութիւնը եւ դատակազմին անդամները ուրախութիւնը ունին յայտարարելու յաղթողները «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին, որ կայացաւ սոյն տարուան Յունուար-Մարտ ամիսներուն, եւ որուն մասնակցելու հրաւիրուած էին զանազան մասնագիտութիւններու եւ ասպարէզներու տէր՝ մինչեւ 40 տարեկան մարդիկ աշխարհի բոլոր երկիրներէն:

Դատակազմի որոշումին համաձայն, առաջին մրցանակը (150 ամերիկեան տոլար) կը ստանայ Ռուզաննա Վաղարշակի Սարգսեան (Խ. Աբովեանի անուան Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի հայցորդ, Հայաստան, Կոտայքի մարզ, գիւղ Գառնի):

Յատուկ գնահատանքի երկու մրցանակները (իւրաքանչիւրը՝ 75 ամերիկեան տոլար) կը ստանան Յարութիւն Ղեւոնդյան (Հայաստան, Գեղարքունիքի մարզ, գիւղ Նորատուս) եւ Զարուհի Կիրակոսեան (Հայաստան, Գեղարքունիքի մարզ, գիւղ Նորատուս):

Շուտով Տարբերակ 21 հանդէսին մէջ կը հրապարակուին նախ մրցանակակիրներուն եւ ապա մրցոյթի միւս մասնակիցներուն յօդուածները՝ առանց հերթականութեան մէջ տարբերութիններու: Վերջիններս իրենց գրութիւններուն հրապարակման առիթով կը ը ստանան պատուեգին՝ իւրաքանչիւրը 30 ամերիկեան տոլարի չափով:

Մրցոյթէն դուրս կը հրապարակուի յայտնի գրող պարոն Գրիգոր Ճանիկեանի յօդուածը, զոր ընդունեցինք երախտագիտական ամենաանկեղծ զգացումներով:

Տարբերակ21 հանդէսի խմբագրութիւնը կը շնորհաւորէ յաղթողներն ու մասնակիցները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին՝ մրցոյթի կայացման համար:

Մեծապէս շնորհակալ ենք դատակազմի անդամներուն՝ պատմաբաններ տոքթ. Վահէ Թաշճեանին (Պեռլին, Գերմանիա), տոքթ. Էլքը Հարթմանին (Պեռլին, Գերմանիա) եւ տոքթ. Նանոր Գպրանեանին (Սինկափուր), որոնք սիրայօժար քննեցին մրցոյթին ներկայացուած բոլոր գործերը եւ կայացուցին որոշումները՝ սահմանուած ժամանակին: Իրենց հետ աշխատանքը եղաւ ուսուցանող փորձառութիւն մը, որ, յոյս ունինք, կրնանք ծառայեցնել մեր յառաջիկայ ծրագիրներուն ի նպաստ:

Տարբերակ21 հանդէսի խմբագրութիւն

20 Մայիս, 2022

Պէյրութ, Լիբանան


Դատակազմի անդամներուն մասին

Նանոր Գպրանեան Սինկափուր հաստատուած անկախ գիտնական մըն է, տոքթորական աստիճանը ամբողջացուցած է Օքսֆորտի համալսարանին մէջ, յետ-տոքթորական գիտահետազօտական գործունէութիւն իրականացուցած է Սինկափուրի Նանյանկ Արհեստագիտական համալսարանին եւ Լոնտոնի համալսարանի Իրաւագիտութեան կաճառին մէջ, որպէս դասախօս պաշտօնավարած է Քոլումպիա համալսարանին մէջ (ԱՄՆ), ուր անոր դասախօսական եւ գիտական գործունէութիւնը կեդրոնացած է Միջին Արեւելքի պատմութեան, գրականագիտութեան, մարդու իրաւունքներուն եւ Հայ մշակոյթին վրայ:

Էլքէ Հարթման ղեկավարն է Պեռլինի Ազատ համալսարանի Օսմանեան ուսումնասիրութիւններու եւ թրքագիտութեան ինսթիթութին, տոքթորական աստիճանը ամբողջացուցած է նոյն համալսարանին մէջ, դասախօսական պաշտօններ վարած եւ գիտահետազօտական աշխատանքներ կատարած է եւրոպական տարբեր քաղաքներու համալսարաններուն մէջ, ուսումնասիրած է գլխաւորաբար Օսմանեան եւ հայոց արդի պատմութիւնները, համահիմնադիրն է Պուտափեշթի Փիթըր Փազմանի Կաթոլիկ համալսարանին մէջ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնին եւ “Յուշամատեան” ծրագիրին, հեղինակ է պատմագիտական երկու գիրքերու եւ բազմաթիւ յօդուածներու:

Վահէ Թաշճեան իր տոթքորական աստիճանը ստացած է École des Hautes Études en Sciences Sociales -էն (EHESS), Փարիզի մէջ: Անոր գիրքերն ու յօդուածները կը քննեն Ֆրանսական գաղութարարութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու պատմութիւնը եւ Միջին Արեւելքի մէջ գաղթականութեան հարցերը: Ան համահիմնադիրը, ղեկավարն ու գլխաւոր խմբագիրն է Պեռլինի մէջ հաստատուած Յուշամատեան կայքին (www.houshamadyan.org), հիմնադրուած՝ 2010-ին, որ կը նպատակադրէ վերակառուցել Օսմանեան հայերու տեղական ու կեանքի պատմութիւնները: Տոքթ. Վահէ Թաշճեանի գլխաւոր հրատարակութիւններու շարքին են La France en Cilicie et en Haute-Mésopotamie (2004) եւ  Daily Life in the Abyss: Genocide Diaries, 1915-1918 (2017) պատմագիտական երկերը: