Storytelling-ի վրայ հիմնուած ֆիլմերը՝ մեր օրերուն
May 21, 2024
Շատ փոքր տարիքէս սկսած եմ ֆիլմեր դիտել, երբ անոնք կը սփռուէին միայն տեղական հեռատեսիլի կայաններէն: Հայերէնէն անկախ, այլ լեզուներու նոյնիսկ բաւականին ծանօթ չէի. կը բաւարարուէի միայն նկարը դիտելով, կամ դիտելով հօրս կամ հօրաքրոջս հետ՝ որպէսզի իւրաքանչիւր տեսարանի աւարտին իրենց հարցնէի «ի՞նչ ըսաւ», «հի՛մա ի՞նչ ըսաւ»: Եւ եթէ պատահէր որ տեղւոյն վրայ պատասխան չստանայի, ուզած ձեւովս կը մեկնաբանէի նիւթին ընթացքը. չէի գիտակցեր որ կը խանգարէի անոնց կեդրոնացումը:
Աւելի ուշ երբ սկսայ արաբերէն ենթախորագիր կարդալ կարենալ, մօրս օգնութեամբ՝ թէ արաբերէն լեզուին տիրացայ եւ թէ սկսայ ֆիլմը ամբողջութեամբ հասկնալ:
Կը յիշեմ հեռատեսիլէն որքան western ֆիլմեր կը սփռէին. Clint Eastwood-ի The Good, the Bad and the Uglyն(1), For a Few Dollars More-ը, John Wayneի True Grit-ը եւ ֆիլմեր որոնց անունները չեմ յիշեր, բայց գիտեմ որ չէի սիրեր զանոնք. կը ձանձրանայի: Տօնական օրերուն՝ տարեկան դրութեամբ, կը սփռէին գրեթէ նոյն ֆիլմերը. օրինակ Զատիկին՝ հռոմէական ֆիլմերու երկար շարքերը, որոնցմէ Richard Burton-ի The Robe-ը եւ Charlton Hestonի Ben-Hur-ը(2), միշտ եթերի վրայ էին: Այս օրինակները տուի որովհետեւ Ֆիլմի միջոցով ներկայացուող պատմութիւններ են – Storytelling: Ֆիլմին հերոսն ալ… նիւթն է:
Storytelling-ի վրայ հիմնուած դասական ֆիլմը ընդհանրապէս կ’ըլլայ երկարատեւ (երկու ժամէն աւելի), ժամանակագրական ձեւով ընթացք կ’առնէ, մեծաթիւ դերասանական կազմ կ’ունենայ: Նիւթը կը զարգանայ աստիճանաբար՝ նախաբան, նիւթին ընթացքը եւ աւարտ: Նախաբանով կը ծանօթանանք կերպարներուն եւ նիւթին. երկրորդ բաժինով կը տեսնենք ինչպէս հարցը կը բարդանայ, իսկ աւարտին կը տեսնենք հարցը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ լուծումի կը հասնի:

Պատմական ֆիլմերն ալ այս ոճին մաս կը կազմեն, ինչպէս Lawrence of Arabia(3), Schindler’s List, Braveheart, Lincoln. կամ նոյնիսկ Peter Jackson-ի Lord of the Rings ֆիլմերու շարքը: Կը տեւեն երեք ժամ կամ աւելի:
Կ’ուզեմ Martin Scorsese-ի օրինակը նշել հոս. ան storytellingի վրայ հիմնուած ֆիլմերու ռահվիրան կը համարուի եւ այս ոլորտին մէջ նախասիրած storyteller բեմադրիչս է, որուն Goodfellas(4) ֆիլմը մեծագոյն տպաւորութիւնը ձգած է վրաս, հաւանաբար որովհետեւ իր գործերէն առաջինն է զոր դիտած եմ:

Նոյն շարքին մաս կը կազմեն The Age of Innocence, Gangs of New York, The Aviator, The Departed եւ The Wolf of Wall Street ֆիլմերը: Martin Scorsese-ի Hugo(5) ֆիլմը դիտելէ եւ իմանալէ ետք Georges Méliès-ի մասին՝ կապը հաստատեցի մանկութեանս դիտած western, հռոմէական, դասական այլ ֆիլմերու, Martin Scorsese-ի ոճին եւ storytelling-ի միջեւ. Georges Méliès ֆրանսացի դերասան, բեմադրիչ, որ կը սեպուի cinema-ի զարգացման ռահվիրայ special effect-ներու եւ պատմութիւն մը պատմելու միջոցաւ:

Վերը նշուած օրինակները Hollywood-ի storytellingի դասական ոճ կը կը սեպուին: Որեւէ մարզի պէս, ֆիլմի այս ոճն ալ ժամանակի ընթացքին կրեց փոփոխութիւններ. այլեւս ֆիլմին հերոսը միայն նիւթը չեղաւ, այլ կերպարներու հոգեկան բարդ վիճակը եւ անոնց միջեւ յարաբերութիւնը: Նկարահանումի ձեւը փոխուեցաւ ու որպէսզի քայլ պահէ գիտարուեստին հետ, նոյնիսկ ժամանակագրական ընթացքը խախտեցաւ, ինչպէս Christopher Nolan-ի եւ Quentin Tarantino-ի ֆիլմերը:

Այսպէս, Steven Spielberg, Paul Thomas Anderson, David Fincher, Alfonso Cuarón կը սեպուին Hollywood-ի արդի cinema-ի storyteller-ներ: Յատկանշական է որ արդի այս ոճի ֆիլմերու աւարտը երբեմն անորոշ է, ազատութիւն տալով հանդիսատեսին հասնելու իր փափաքած եզրակացութեան: Եւ ճիշդ այս փոփոխութիւններուն պատճառով է, որ այս ֆիլմերը հանդիսատեսէն աւելի կեդրոնացում կը պահանջեն նիւթին կապը չկորսնցնելու համար: Christopher Nolan եթէ Memento(6) եւ Inception ֆիլմերը ժամանակագրական ձեւով ներկայացուցած ըլլար, ֆիլմը մէկ ժամուան մէջ շատ յստակօրէն կրնար վերջանալ: Paul Thomas Anderson-ի Magnolia կամ There Will Be Blood ֆիլմերու կերպարները եթէ բարդ հոգեբանութիւն չունենային, ֆիլմերը իրենց խորհրդաւորութիւնը կը կորսնցնէին:
Ֆիլմաշխարհի ամենէն արժէքաւոր եւ դժուար, թէեւ պարզ թուող, genre-երէն մէկն է storytelling-ը: Ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներուն վրայ տարածուող կարճ եւ արագ video-ներու հոսանքին պատճառով, մարդոց համբերութիւնը դարձած է կարճ, բայց կը յուսամ որ այս genre-ը ժամանակավրէպ չըլլար եւ կը շարունակէ գնահատուիլ:
Կարելի՞ է հարց տալ: Մի՞թե հնարավոր չէ, որ հայը հայերի համար հայերեն գրի, մեր տառե՞րն են պակասում դրա համար, թե՞ բառերը: