AI ֆիլմեր՝ արուե՞ստ, թէ՞ արուեստական

May 7, 2024
The Horse in Motion 1

19րդ դարուն՝ շնորհիւ Eadweard Muybridge-ի «The Horse in Motion»(1) անշարժ նկարներու շարունակական շարքին, շարժական նկարի գաղափարը մէջտեղ եկաւ, իսկ Thomas Edisonի եւ Lumière եղբայրներու անջատ գործերուն շնորհիւ՝ շարժական camera-ն. այս բոլորը սեւ ճերմակ նկարով:

Տարբեր գիտնականներու տարիներու պրպտումներէն ետք, 20րդ դարու սկիզբը, Kodak ընկերութիւնը հրապարակեց Kodachrome-ը որ եղաւ առաջին քայլը գունաւոր նկարով cinema-ի ֆիլմերու արտադրութեան մէջ:

Gone with the Wind 2

The Wizard of Oz եւ Gone with the Wind(2) (1939) ամէնէն հռչակաւոր գունաւոր առաջին ֆիլմերէն են, որոնք նկարահանուած են գունաւոր 35mm negative film-ի միջոցով:

Black Hawk Down – bleach bypass 3

Տարիներու ընթացքին, negative film-ին որակը բարելաւուեցաւ, եւ տարբեր տեսակի նորարարութիւններ մէջտեղ եկան նկարահանումէն ետք փոխելու համար նկարին ոճը, ինչպէս bleach bypass, push and pull processing, cross-processing: Այս ձեւերը կը գործադրուին նկարահանումէն ետք, negative filmի մշակումի ընթացքին, որպէսզի, օրինակ՝ նկարին գոյնը դարձնեն շատ վառ, կամ շատ աղօտ եւ տալու այլ  բնոյթներ. ահաւասիկ կարգ մը օրինակներ՝ Ridley եւ Tony Scott եղբայրներու ֆիլմերէն՝ Black Hawk Down (2001)(3), Man on Fire (2004), Domino (2005), bleach bypass-ով արտադրուած են որպէսզի նկարին գոյնը ըլլայ շատ վառ եւ աւելի կանաչի զարնող: Push processing-ը, օրինակ, օգտգործուած է Coen եղբայրներու No Country for Old Men (2007)(4) ֆիլմին որոշ  պատկերներու նկարին contrast-ը զօրացնելու եւ լոյսը թեէւ տկար  լուսաւորումով՝ յայտնաբերելու համար: Իսկ Pull processingը օգտագործուած է Steven Spielberg-ի Saving Private Ryan (1998) ֆիլմին մէջ, ուր նկարին contrast-ը տկար է եւ գոյները աղօտ: Այս ձեւերը, զարգացում կը համարուին ֆիլմարուեստի աշխարհին մէջ, որովհետեւ cinematographer-ին եւ բեմադրիչին նկարչական աշխատանքին մաս կը կազմեն:

No Country for Old Men – push processing 4

Այժմ, վերոնշեալները մեքենայացած են color grading-ի technology-ով կամ ուղղակի digital camera-ին միջոցաւ:

Saving Private Ryan – pull processing 5

Միւս կողմէ, բոլոր նկարահանումները կը կայանային camera-ին առջեւ. օրինակ՝ մեծ ամբոխ կամ հսկայական կռիւի տեսարան մը նկարելու համար մեծ թիւով մարդիկ կը հաւաքուէին եւ թելադրուածը կը կատարէին. առաւելագոյն «ճարպիկութիւն»ը կրնար ըլլալ, օրինակ, հայելի գործածելով ամբոխի կրկնապատիկը նկարել:

2001 – A Space Odyssey 6

 Այսպէս, 2001: A Space Odysseyի (1968)(6) երեւակայական տեսարանները նկարուեցան  փոքրանկարներ (miniature) գործածելով:

60-ական թուականներուն, Computer-Generated Imagery-ն (CGI) հնարուեցաւ եւ առաջին անգամ գործածուեցաւ 1973-ի Westworld(7) ֆիլմին մէջ՝ robot-ի աշխարհ ստեղծելու համար: Ժամանակի ընթացքին, բնականաբար բարելաւուելով,  մեծ ամբոխի հարցն ալ լուծուեցաւ՝ օրինակ The Matrix-ի (1999)(8) կռիւի տեսարանները, The Lord of the Rings (2001-2002-2003) երեք ֆիլմերու հազարաւոր կերպարներու ներկայութիւնը կամ Troy (2004) ֆիլմի հազարաւոր նաւերու տեսարանը: Լուծուեցաւ  նաեւ երեւակայական աշխարհ եւ կերպարներ ստեղծելու հարցը, ինչպէս՝ Terminator եւ Jurassic Park ֆիլմերու շարքի մէջ:

Westworld – Yul Brynner 7
The Matrix 8

Եւ ահա analogue-ի աշխարհը վերջ գտաւ տեղի տալով digital-ին: Երեւակայական անգոյական աշխարհը ֆիլմի մէջ իրականութիւն դարձաւ: Առաջին անգամ George Lucasի Star Wars: Episode II – Attack of the Clones-ը (2002) նկարահանուեցաւ digital camera-ով: Իսկ ամենէն յատկանշականը եղաւ Avatar ֆիլմերու շարքը:

Ex machina 9

Cinema-ն ալ սկսած էր մեքենայանալ` միշտ սակայն մնալով ընտիր արուեստի սահմաններուն մէջ: Ֆիլմերու մէջ արուեստական բանականութիւնը (artificial intelligence, AI) ներկայացուած է իբր «մեքենայ» կերպար՝ փոխ-յարաբերութեան մէջ մտնելով եւ խօսելով մարդուն հետ, օրինակ՝ Steven Spielberg-ի A.I. Artificial Intelligence (2001), Spike Jonzeի Her (2013) եւ Alex Garland-ի Ex machina (2014)(9): Նկարի գոյնի փոփոխութիւնը, դժուար նկարահանելի տեսարաններու CGI-ով աւելցնելու  թեքնիքը, AI-ով խօսուն կերպարներ ստեղծելու կարելիութիւնը տակաւին կը ծառայեն ֆիլմի արուեստին, որովհետեւ բեմադրիչը գետնի վրայ է դերասանին հետ, decor-ին վրայ, անձնակազմին կողքին:

Կրնայի՞նք երեւակայել որ պիտ գար օրը երբ այս բոլորը կատարուէին միայն AI-ով, ամբողջովին մեքենայացած:

Next Stop Paris 10
Next Stop Paris 10

 

 

 

 

Ահա, կը թողարկուի Next Stop Paris(10) AI-ով “նկարահանուած” առաջին կարճ ֆիլմը, որուն trailer-ը արդէն կարելի է տեսնել: Բեմագրութիւնը, կերպարներուն ձայնը իսկական դերասաններու ձայնին համահունչ, բայց նկարը ամբողջովին շինծու այս ֆիլմը մեքենայականութիւնը կը բուրէ:

Արդեօք դերասանութեան, բեմադրութեան, ընտիր արուեստի հետ առնչուող բան մը կա՞ր որ մարդ արարածը չէր կրնար իրագործել: Դերասանական գերմարդկային կարողութիւն մը կա՞ր որ մարդը տակաւին չէ կրցած ներկայացնել Փարիզի մէջ պատահող այս սիրային պատմութեան նիւթով արտադրութեան համար:

Ֆիլմաշխարհի մէջ յեղափոխութի՞ւն, ստեղծագործութի՞ւն, թէ՞ երեւակայութեան պակաս կայ:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x