Հրապարակաւ շնորհաւորենք նոր եզրեր հնարող(ներ)ը
March 24, 2022
- Բառագիտական
ա) Մի՛ ըսէք ու գրէք յետագայ, որ հայերէն չէ, այլ ըսէք ու գրեցէ՛ք հետագայ:
Մի՛ ըսէք ու գրէք յետայսու, որ հայերէն չէ, այլ ըսէք ու գրեցէ՛ք այսուհետեւ:
Մի՛ գրէք Գայանէ կամ Գայեանէ, այլ գրեցէ՛ք Գայիանէ:
բ) Այսօր՝ 9-3-2022, ցնծութեան օր մը եղաւ ինծի համար ու կրնայ ըլլալ բոլորիդ համար ալ. «Ազդակ»-ի մէջ՝ էջ 2, հանդիպեցայ երկու նորակերտ բառերու՝ ծոթրինահայս, որ արաբական «մանաղիշ»-ն է, եւ պանրածալ, որ բոլորիդ սիրած «պանիրով պէօրեկն» է:
Երկուքն ալ շատ յաջող կազմութիւններ են, կը գոհացնեն հայերէնի բառակերտումի բոլոր կանոններուն, դիւրըմբռնելի են ու արտայայտիչ: Մասնաւորաբար ճիշդ ընտրուած են զանոք կազմող արմատները, յատկապէս hայս, որ կը նշանակէ «խմոր»: Թերեւս պզտիկ բացատրութիւն մը անհրաժեշտ է ծալ-ին. սա պարզապէս ծալ-ել բայի արմատն է, որ ծալիկ կազմութեամբ կը բնորոշէ ինքնիր վրայ ծալուելով կամ իրարու վրայ բարդուելով ստացուած այն խմորեղէնը, որուն մէջ որեւէ ուտելիք, յատկապէս պանիր կը դրուի ու փուռ կը տրուի:
Ուրեմն հրապարակաւ շնորհաւորենք այս երկու եզրերը հնարող(ներ)ը:
Շնորհաւորանքի արժանի է «Ազդակ»-ն ալ, որ կը տարածէ զանոնք:
Ամէն նորակերտ բառ քիչ մը աւելի կը հայացնէ մեզ ու ի բաց կը վանէ օտարութեան ժանգը մեր երեսէն:
* * *
Մեր հին մատենագրութենէն ծանօթ է ծաղարար բառը, որ «Նոր հայկազեան»-ը կը սահմանէ իբրեւ «ծալարար կամ ծալածոյ խմորս գործօղ». կու տայ թրքերէն հոմանիշն ալ՝ պէօրեկճի:
Իսկ առջի դարուն ծալ արմատը իր ծաղ տարբերակով (լ=ղ) նոր կենսունակութիւն ձեռք բերած է: Այս վերջինը յատկացուած է ընդհանրապէս քաղցր՝ շաքարով, մեղրով, ռուպով, խորիսխով լեցուած խմորեղէնի: Ծախող հաստատութիւնն է՝ ծաղարան, պատրաստողը, ինչպէս տեսանք, ծաղարար:
Անցողակի նկատենք, որ այս ծալ-ով կարելի է կազմել ջրածալ եւս, որ է շատ տարածուած ու բոլորիդ սիրած համով խմորեղէնը, որուն թրքերէնն է սու պէօրեկ–ը[1]:
Կը մնայ, որ հանրութիւնը քաջաբար որդեգրէ ասոնք, եւ թօթափենք օտար համա-պատասխան եզրերը: Եւ Յակոբ Պալեանին կը թողեմ ասոնք արեւելահայերուն սորվեցնելու առաքելութիւնը, որուն հնարքներուն քաջաբար կը տիրապետէ՝ իր լայն թեզանիքներով:
Առանց մոռնալու յաջողութիւն մաղթել:
Բառարան
—ծալիկ – պէօրեկ
—ծաղ -քաղցր խմորեղէն
—ծաղարան -ծաղ վաճառող խանութ
—ծաղարար -ծաղ պատրաստող
—պանրածալ -պանիրով պատրաստուած ծալիկ
—ծոթրինահայս –մանաղիշ, ծոթրինով պատրաստուած հաց, խմորեղէն
—ջրածալ –սու պէօրեկ
- Վերոնշեալներէն բացի՝ «Ազդակ»-ը երկու ուրիշ հաճելի անակնկալներ եւս մատուցած է հայագիտութեան, իմա՝ մեր բոլորին, որոնք հետեւեալներն են.
ա) Տարիներէ ի վեր այնտեղ կը մերժուէր գոյութիւնիը հասկացութիւն բառին:
Երբ սխալէիր եւ յօդուածիդ մէջ կիրարկէիր այս բառը, հոգածու փափուկ ձեռք մը իսկոյն կը ջնջէր եւ կը փոխարինէր զայն հասկացողութիւն-ով, իսկ այս երկուքը այնքան հեռու են իրարմէ, որքան խեչափառը հեռու է լուսնէն, բանիւ նովին այդ միջամտութիւնը սառնասրտօրէն կատարող «հայագէտ»-ը նոյնքան հեռու է հայագիտութենէ:
Բողոք, տրտունջ, գանգատ՝ ասոնք բոլորը ոչ մէկ տեղ կը հասցնէին քեզ: Այս այսպէս էր, կ’ուզես՝ գրէ, չես ուզեր՝ մի՛ գրեր: Դարդէդ մեռնող չկար, ոչ ալ բողոքիդ ականջ կախող կար: Ուրեմն հիմա՝ 9-3-2022-ի թիւով, էջ 3 եւ Համբիկ Պիլալեանի յօդուածին մէջ անվթար կը գտնենք հասկացութիւն բառը:
Յուսանք, որ վերջնականապէս վերականգնած է ան իր բառային իրաւունքները, եւ տեղի ունեցածը անուշադրութեան հետեւանք չէ միայն:
բ) Յաջորդ անակնկալը,− եւ խմբագրականի մակարդակով (տե՛ս 21-2-2022-ի թիւը),− ուղենիշեր յոգնակին է, որ, ուրեմն գրուած է ճիշդ այսպէս՝ եր-ով եւ ոչ թէ ներ-ով:
Սա իր կարգին, բոլոր նիշ-ով վերջացող բարդ բառերու շարքին եւ նոյն փափուկ ձեռքին բարեխնամ հպումով, կը վերածուէր… ներ-ի: Դուն կը գրես՝ յատկանիշեր, ցուցանիշեր, բարենիշեր, չափանիշեր, օր մըն ալ կը կարդաս յատկանիշներ, ցուցանիշներ, բարենիշներ, չափանիշներ՝ բոլորը ներ-ի վերածուած:
Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ այս պարագային եւս բողոքներուդ ականջ կախող չէր ըլլար, եւ հիմնաւորումներդ ժողովրդավարօրէն կը մերժուէին:
Այսուհանդերձ պէտք չէ աճապարել, ինչպէս վերը ըսի, սա իր կարգին կրնայ անուշադրութեամբ սպրդած ըլլալ կամ թէ խմբագրապետին գրածին միջամտող չէ եղած, ինչպէս կը միջամտեն հասարակ մահկանացուներուս ծիրէն ներս:
Սպասենք եւ յուսանք, որ Դանիոյ թագաւորութենէն ներս բան մը փոխուած է :
* * *
Մինչ այդ պարտիմ բացատրել կանոնը եւս, որպէսզի այս անգամ ալ ուրիշ ծայրայեղութեանց չդիմուի, որովհետեւ կա՛յ կանոն մը:
ա) Երբ բարդ բառը պարզապէս «նշան» մը ցոյց կու տայ, յոգնակին կը կազմենք եր-ով. օրինակ՝ բարենիշ՝ վարք ու բարքի նշան, ձայնանիշ՝ ձայնի նշան, յատկանիշ՝ յատուկ նշան, նամականիշ՝ նամակի նշան, պիտակ, ուղենիշ ՝ուղիի, ճամբու նշան, չափանիշ՝ չափի նշան եւ այլն, ասոնք կը յոգնականանան եր-ով՝ բարենիշեր, ձայնանիշեր, յատկանիշեր, նամականիշեր, ուղենիշեր, չափանիշեր:
բ) Երբ բարդ բառը կ’ունենայ բայական կամ դերբայական նշանակութիւն, այսինքն՝ «բան մը ընող կամ ունեցող»-ի նշանակութիւն, ապա կը յոգնականանայ ներ-ով. օրինակ՝ հականիշ, որ կը նշանակէ հակառակ իմաստ ունեցող, ուրեմն՝ հականիշներ, հոմանիշ՝ հոմանիշներ, նոյնանիշ՝ նոյնանիշներ, մերձանիշներ, միանիշներ (մէկ նշանակութիւն ունեցող), յոգնանիշներ, բազմանիշներ, վանկանիշներ (վանկ նշող) եւ այլն:
[1] Կը ստացուի խմորի բազմաթիւ թերթիկներով, որոնք գաղջ ջուրի մէջ կը դրուին, ապա կը շարուին իրարու վրայ՝ ծալքերուն միջեւ պանիր լեցնելով եւ հալած կարագ ցօղելով, եւ ստացուած զանգուածը կ’եփեն փուռի մէջ: