Վրացահայ(ութիւն) բառ չկայ. կայ վիր-ա-հայութիւն
July 29, 2021
1.«Ազդակ»-ը եւ իր քաղաքական էջը (13 յուլիս 2021)
***Անգարա այս առաջարկը տրամադրած էր ՕԹԱՆ-ին (էջ 1):
Առաջարկ հասկացութիւնը իր գոյութեան բոլոր հազարամեակներուն որեւէ ատեն տրամադրուած չէ եղած: Հայեցի մտածողութեամբ՝ առաջարկը կը ներկայացուի, կը բերուի, ռամիկ ոճով՝ կ’ընենք զայն (առաջարկ մը ընել), սակայն երբեք ու երբեք չի տրամադրուիր:
«Առաջարկ տրամադրել»-ը հայերէն չէ:
***Ցուցարարները վարկաբեկիչ բացագանչութիւններ կատարեցին…(անդ):
Այս ալ ուրիշ այլանդակութիւն մըն է. բացագանչութիւնը կ’արձակենք, կ’ըսենք նաեւ՝ բացագանչութիւնը թռաւ, բացագանչութիւն լսուեցաւ: Ու տակաւին բացագանչութեամբ կը դիմենք… սակայն, Աստուծոյ սիրոյն, բացագանչութիւն չե՛նք կատարեր. այս երկուքը անյարիր են իրարու, անհամատեղելի. «կոճատ զոյգը»,− պիտի ըսէր լուսահոգի Խտըշեան:
***«Երկրին մէջ յուսալքումը կը շարունակուի խորանալ, իսկ տագնապալի իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ, իսկ կառավարութեան կազմութեան օրակարգը կը մնայ անորոշութեան ենթակայ» (անդ):
—Կրնա՞նք ըսել, թէ հայերէն է այս հատուածը:
Ո՛չ, չե՛նք կրնար ըսել:
Բառերը հայերէն են, ձեւաբանութիւնը հայերէն է, քերականութիւնն ալ հայերէն է, սակայն… լեզուամտածողութիւնը հայերէն չէ: Առողջ միտք ունեցող հայը այսպէս չի կրնար մտածել. երկու անգամ իսկ չի կիրարկեր ան: Կարդացէք ձեզի ծանօթ բոլոր հեղինակները, ոչ մէկուն քով նման կառոյց պիտի գտնէք: Նման բացառութիւններու օրրանը «Ազդակ»-ի քաղաքական էջն է:
Բաց աստի՝ պէտք չէ ըսել «կը շարունակուի խորանալ», այլ «կը շարունակէ խորանալ»:
Այս հատուածը կը փրկուի հետեւեալ երկու միջոցներով.
ա) Երկրին մէջ յուսալքումը կը շարունակէ խորանալ, իսկ տագնապալի իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ, եւ կառավարութեան կազմութեան օրակարգը կը մնայ անորոշութեան ենթակայ:
բ) Երկրին մէջ յուսալքումը կը շարունակէ խորանալ, իսկ տագնապալի իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ, մինչ կառավարութեան կազմութեան օրակարգը կը մնայ անորոշութեան ենթակայ:
***«Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Քուպայի ամբողջ տարածքին խօսքի եւ հաւաքի ազատութեան, եւ բուռն կերպով պիտի դատապարտէ իրենց իրաւունքները գործադրող խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ որեւէ բռնարարք կամ թիրախաւորում»,− նշեց Սոլիվըն (էջ 8):
—Առհաւական անէծք մը ահա տասնամեակներէ ի վեր յամառօրէն կը սաւառնի «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերուն վերեւ եւ… թոյլ չի տար որ ճիշդ եւ միօրինակ կիրարկուի «Միացեալ Նահանգներ» կոչուած պետութեան քերականական թիւը. ան մերթ յոգնակի է, մերչ եզակի է, յաճախ ալ… խառն, ինչպէս է այստեղ՝ թէ՛ եզակի, թէ՛ յոգնակի:
—կը զօրակցին՝ յոգնակի,
—պիտի դատապարտէ՝ եզակի:
***«Կը բարձրացուին վրացահայութեան վերաբերող խնդիրներ» (անդ):
—Մեր լեզուին մէջ վրացահայ(ութիւն) բառ չկայ:
Վրաստան ապրող հայերը կը կոչուին վիրահայ, հաւաքական անուանոմով՝ վիրահայութիւն: Այսպէս է հազարաւոր տարիներէ ի վեր:
Ասոնք կը ծագին Վրաստանի Վիր(ք) պատմական անունէն:
Ուրեմն՝ վիր-ա-հայ եւ վիր-ա-հայութիւն:
Ծանօթ.− Պատմականօրէն ունեցած ենք՝
—Վիրք, որ է Վրաստան,
–Պարսք, որ է Պարսկաստան,
—Հայք, որ է Հայաստան:
Կար երկու Հայք՝
–Մեծ Հայք` Armenia maior,
–Փոքր Հայք` Armenia minor:
Մեծ Հայքի հիմնադիրը Արտաշէս Առաջինն է, 189-ին Քա., Արտաշատ մայրաքաղաքով:
Փոքր Հայքին հիմնադիրը Զարեհն էր՝ նոյն թուականին:
Այս վերջինը կը գտնուէր Մեծ Հայքի արեւմուտքը, կը կոչուէր նաեւ Ծոփք:
- Փորձենք զանազանել եւ իւրացնել՝
ա)—Խումբ մը բարեկամներ մօտեցան…
—Բարեկամներու խումբ մը մօտեցաւ…
բ) —ը > ն
—վեց > վեց-եակ
—եօթը > եօթն -եակ
—ութ > ութ-եակ
—ինը > ինն-եակ
—տասը > տասն-եակ
Սխալ եւ անընդունելի կառոյցներ են՝ վեցնեակ եւ ութնեակ: Երկուքն ալ կը վխտան արեւելահայ բարքերու մէջ եւ հիմա կը խուժեն արեւմտահայերէնի անդաստանները:
- Արժէք, արժեգին, արժէգին
Նաեւ՝ արժեզրկել, արժեզուրկ, արժեթուղթ, արժեչափ, արժետոմս, արժեցուցակ, արժեւորել եւ այլն: Ոմանք այս բառերը բնազդաբար կը գրեն է-ով՝ արժէգին եւ այլն[1], այն «տրամաբանութեամբ», որ ասոնց առաջին բաղադրիչը արժէք է, որուն ք բաղաձայնը սղած է: Արդ, էք ածանցը (արժէք) մասնատելի չէ, ան կա՛մ այս էք ձեւով երեւան կու գայ, կա՛մ ալ լրիւ կ’անհետանայ, ուրեմն չի կրնար ըլլալ, որ էք կրող բառերը կորսնցնեն միայն ք բաղաձայնը՝ պահելով է ձայնաւորը, եւ կարելի ըլլայ նոր բառեր կազմել արժէ հիմքով. նման հիմք չունի այս բառը: Բերուած բարդ բառերուն առաջին արմատը արժ է պարզապէս, որուն յաջորդող ե տառը յօդակապ է, ճիշդ ինչպէս ան յօդակապ է այց-ե-տոմս, խաբ-ե-պատիր, ծաղկ-ե-պսակ բառերուն մէջ:
Ուրեմն՝ արժ-ե-գին , արժ-ե-թուղթ, արժ-ե-չափ եւ այլն:
Ուրիշ է արժէքաւոր ածականը, որուն հիմքը արժէք ածանցաւոր գոյականն է` արժ > արժ-էք > արժ-էք-աւոր:
[1] Ստ. Մալխասեան ունի արժէգին եւ արժէթուղթ: Աճառեան՝ արժէթուղթ, արժեգին, արժետոմս (Արմ. բառ): Ջահուկեան՝ արժեգին, արժեթուղթ, արժետոմս («Ստուգաբանական բառարան»): Երեք մեծագոյնները՝ խայտաբղէտ ու տարակարծիք: