2024-ի վեցամսեայ հաշուեկշիռ լիբանանահայ թատրոնի

June 13, 2024
Գոմէշ 1

2024 տարուան լիբանանահայ թատերաշրջանը սկսաւ փետրուար ամսուն, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հրաւիրած՝ Հրանդ Մաթեւոսեանի «Գոմէշ»(1) ներկայացումով, բեմադրութեամբ եւ մենակատարութեամբ` Հայաստանի հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ եւ Երեւանի Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատրոնի գեղարուեստական տնօրէն Նարինէ Գրիգորեանի: Հազուադէպ առիթներ ունեցած եմ մենակատարութիւն դիտելու. կը խոստովանիմ, որ նախասիրած ոճս չէ. բայց երբ 55 վայրկեան տեւողութեամբ ներկայացումի մը ընթացքին, աչքս յառած մնաց դերասանին եւ հակառակ նախասիրութեանս՝ մնացի կեդրոնացած, այդ կը նշանակէ որ ներկայացումը բացառիկ գրաւիչ էր եւ հմտօրէն իրականացուած:

Մամէի Վիզան 2

Մարտ ամսուան ներկայացումն էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Պէյրութի «Երուանդ Օտեան» թատերախումբի «Մամէի Վիզան»ը(2), հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Վաչէ Ատրունիի:

Գորոնա ժահրի եւ տնտեսական տագնապի պատճառով, «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը վերջին տարիներուն բեմէն բացակայ էր: Արդ, այս ներկայացումը ոչ միայն լիբանանահայ թատերախումբի մը գեղեցիկ վերադարձը հանդիսացաւ, այլ նաեւ հարստացուց թատերաշրջանի խաղացանկը:

Երիտասարդ եւ աւագ սերունդի դերասաններով, այժմէական նիւթով, ժողովրդական լեզուով ներկայացուած «Մամէի  Վիզան» թէ սրտի մօտիկ էր, թէ հաճելի եւ միեւնոյն ատեն յուզիչ:

Թատերաշրջանը լաւ սկսած էր:

«Գ. Իփէկեան» հանդիպում 3

Թատերական ներկայացումներուն կողքին, թատրոնի միջազգային օրուան առիթով, Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը կազմակերպած էր հանդիպում(5) մը լիբանանահայ թատերախումբերուն («Վահրամ Փափազեան», «Երուանդ Օտեան», «Մհեր Մկրտիչեան», «Թեաթրոն», «Արեգ» մանկապատանեկան) եւ թատերասէրներու հետ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ: Աննախադէպ, իւրայատուկ եւ դրական երեւոյթ էր տեսնել ու լսել նոյն բեմահարթակին վրայ հաւաքուած բոլոր թատերախումբերու բեմադրիչներ, դերասաններ, վարչական անդամներ եւ թատերասէրներու զրոյցը: Աւելի դրական էր սակայն այն երեւոյթը  որ շրջանակաձեւ շարուած քսանհինգ աթոռները անբաւարար եղան յիսունէ աւելի մասնակիցներու ժամանումով: Շրջանակը ընդլայնուեցաւ. արծարծուեցան տարբեր նիւթեր եւ հարցեր, արտայայտուեցան դէմ եւ թեր կարծիքներ: Հիմնական նիւթերն էին Լիբանանի տնտեսական տագնապի հետեւանքով թատերական ծախսերը հոգալու ձեւեր եւ. հանդիսատեսը թատրոնին կապել:

Տեսակ մը Թատրոն 4

Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, ապրիլ ամսուն ներկայացուց «Տեսակ մը Թատրոն»(4) ներկայացումը, բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Ներկայացումը կ’ընդգրկէր ամերիկացի գրողներու 5 տարբեր եւ իրարմէ անջատ պատկերներ: 5 տարբեր թատերախաղեր մէկ ներկայացումի մէջ: Բեմը

Քննարկում 5

ամբողջութեամբ չգործածուեցաւ՝ փոքր տարածքի վրայ, նուազագոյն decor-ով, խառն թեմաներ արծարծուեցան՝ սիրային, սեռային, կատակերգական, անհեթեթ, բայց բոլորն ալ մեր առօրեայ կեանքին առնչուող:

Հանդիսատեսը տարակարծիք դուրս եկաւ, ուստի վարչութիւնը, ներկայացումին յաջորդող շաբաթը, կազմակերպեց քննարկումի(5) երեկոյ: Երեկոն վարեց Վարուժան Թէնպէլեան: Արծարծուեցան թարգմանութիւնը, բեմադրութիւնը, դերասանութիւնը, եղան հարցումներ բեմադրիչին եւ մասնակիցներուն: Ներկաները զրոյցէն բաւարարուած դուրս եկան:

Այս բեմադրութիւնը յունիս 30-ին պիտի ներկայացուի Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի, իսկ յուլիս 3-ին՝ Երեւանի Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատրոնի բեմերու վրայ:

Հրէշը Լուսնի Վրայ 6

Նոյն ամսու երկրորդ կէսին, Լիբանանի ՋԱՀ (Ջաւախք Արցախ Հայաստան) յանձնախումբը Լիբանան հրաւիրեց Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան»ի անուան դրամատիկական թատերախումբը, որ ներկայացուց Ռիչըրտ Քալինոսքիի «Հրէշը Լուսնի Վրայ»ն՝(6), թարգմանութեամբ եւ բեմադրութեամբ Վահան Խաչատրեանի: Այս ներկայացումը Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահերուն  համար ռուսերէն լեզուով կը հրամցուէր: Այս եղաւ հայերէն լեզուով առաջին ներկայացումը՝ Լիբանանի մէջ: Հանդիսատեսը թէ գնահատանքի եւ թէ յուզմունքի զգացումով դուրս ելաւ սրահէն:

Մայիս ամսուն, երկու շաբաթավերջերու ընթացքին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի «Վահրամ Փափազեան»

Հայրս Ո՞վ է 7

թատերախումբը ներկայացուց Րէյ Գունիի «Հայրս Ո՞վ է» (It Runs in the Family) կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ՝ Վաչէ Տօնէրեանին:

Ուրախալի եւ քաջալերելի երեւոյթը նոր դերասաններու ներկայութիւնն էր: Երկու ժամ տեւողութեամբ, տասներկու հին ու նոր դերասաններով, ներկայացուց արագընթաց եւ ճկուն խաղարկութեամբ ներկայացում մը:

Օթել Փլազայի
Սենեակը 8

Թատերաշրջանի յաջորդ ներկայացումը տեղի ունեցաւ յունիսի սկիզբը. «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը բեմ բարձրացուց Նիլ Սայմընի «Օթել Փլազայի Սենեակը» ներկայացումը, բեմադրութեամբ՝ Յարութ Գնդունիին: Երեք տարբեր արարներով հաճելի ներկայացում մըն էր: Ամենայատկանշականը բեմադրիչին՝ Յարութ Գնդունիին բեմ բարձրանալն էր՝ խաղալով հիմնական դերերէն մէկը:

Այսպէս, 2024 տարուան առաջին կիսամեակի թատերաշրջանը կ’աւարտի վեց ներկայացումներով: Թէեւ երկու հատը լիբանանահայ արտադրութիւն չէին, բայց ի շահ լիբանանահայ հանդիսատեսին էին: Յոյսով եմ, որ երկրորդ կիսամեակը եւս կ’ըլլայ բեղուն, որովհետեւ թատրոնը միշտ ներկայ պէտք է ըլլայ մեր կեանքին մէջ. բազմազանութիւնն ալ բախտաւորութիւն է:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x