Ֆիլմ քարոզչութեան համար. ուղղակի՞ թէ՞ անուղղակի

November 1, 2024

Իւրաքանչիւր երկիր, ազգ ունի իր պատմութիւնը որ լեցուն է պատերազմներով (յաղթանակ, բարոյական յաղթանակ, պարտութիւն) եւ քաղաքական մեծ իրադարձութիւններով: Բայց քիչերն են որ կրցած են cinema-ի միջոցով իրենց պատմութիւնները, ուղղակի, բացայայտ թէ անուղղակի, զգացական ձեւով, ներկայացնել եւ համայն աշխարհին հրամցնել:

Մայրիկ (1991) 1
Amerikatsi (2022) 2

Առնենք մեր հայոց պատմութիւնը, որուն մեծագոյն դէպքը կը համարուի 1915-ի ցեղասպանութիւնը: ֆիլմերու միջոցով աշխարհին տեղեկացնելու համար ունինք ուղղակի ցեղասպանութիւնը ներկայացնող, ցաւալի եւ վայրագ պատկերներով ֆիլմեր, որոնցմէ նշեմ Henry Verneuil-ի «Մայրիկը»(1) (1991), որ դասական եւ վաւերագրական ձեւով կը ներկայացնէ 1915-ի հայոց ցեղասպանութիւնը եւ բռնագաղթը, The Lark Farm (La masseria delle allodole) (2007), The Cut (2014) եւ The Promise (2016): Անուղղակի ձեւով ցեղասպանութեան անդրադարձող ֆիլմերէն են Ատոմ Էկոյեանի Ararat (2002), 1915 (2015) եւ Amerikatsi(2) (2022) (2024ի Oscarներու օտար ֆիլմերու զտումի մասնակից) ֆիլմերը: Անուղղակի՝ այսինքն այս պարագային ցեղասպանութենէն երկար տարիներ ետք պատահող նիւթ մը, ուր զուգահեռ ընթացող այլ դէպք մը կը յիշեցնէ կամ ձեւով մը կ’առնչուի ցեղասպանութեան:

Անձնական նախասիրութիւնս է երկրորդ ոճը: Ինչո՞ւ:

Meryl Streep – Sophie’s Choice (1982) 3

Առարկայականօրէն դիտենք. երբ խնդրոյ առարկայ նիւթը  պատահած է քանի մը սերունդ առաջ, իսկ դիտողին համար նորութիւն է, աւելի հետաքրքրական եւ ազդու կը դառնայ երբ քիչ տեղեկութիւն տալով, առանց ճառախօսութեան, զգացական ձեւով շօշափուի նիւթը՝ առիթ տալով զայն դիտողին յաւելեալ պրպտումներ կատարելու եւ նիւթին պատմականին ծանօթանալու:

Ատոմ Էկոյեանի Remember (2015) 4

Ահա այսպէս, որքան որ հրեական holocaust-ի անհամար չարչարանքները, հալածանքները եւ սպանութիւնները (ուղղակի) ներկայացնող ֆիլմեր կան, ինչպէս Sophie’s Choice (3) (1982), Schindler’s List (1993), The Pianist (2002), The Boy in the Striped Pyjamas (2008), նոյնքան ալ կան անուղղակի ձեւով նիւթը արծարծող ֆիլմեր կան, ինչպէս Apt Pupil (1998), The Debt  (2010), Ատոմ Էկոյեանի Remember(4) (2015), Woman in Gold (2015), The Good Liar (2019), Jojo Rabbit (2019), White Bird (2023), որոնց հիմնական նիւթը բոլորովին հեռու է հրեական ցեղասպանութենէն, կամ մեր օրերուն պատահած դէպք մըն է, բայց յանկարծ կերպարի մը անունին կամ ըրած մէկ արարքին միջոցով ֆիլմին նիւթը կը կապուի հրեական ցեղասպանութեան:

Անդրադառնանք ամերիկեան քարոզչութիւն կատարող ֆիլմերուն: Իբր պատերազմ իր հողին վրայ, Միացեալ Նահանգները ունեցած է յեղափոխական եւ քաղաքացիական պատերազմները հազար եօթը եւ ութ հարիւրական թուականներուն. մնացեալը կամ այլ երկիրներու հողերուն վրայ պատահած են (համաշխարհային պատերազմները, Վիեթնամ, Իրաք, Աֆղանիստան…), կամ իր հողին վրայ պատահած է ճակատամարտ մը կամ դէպք մը (Pearl Harbor, 9/11): Հակառակ պատերազմական «բեղուն» անցեալ չունենալնուն, ամերիկացոք բացառիկ ճկունութեամբ կ’անդրադառնան այդ դէպքերուն՝ ուղղակի կեդրոնանալով հիմնական կերպարին ապրումներուն վրայ՝ դիտողին ուշադրութիւնն ու համակրանքը ամբողջովին թեքելու դէպի այդ կերպարին հոգեվիճակը, նոյնիսկ մոռցնել տալով որ պատահածը իրականութեան վրայ հիմնուած է կամ չափազանցուած երեւակայութիւն: Բազմահարիւր օրիկնակներ կան, որոնցմէ միայն փոքր տոկոս մը դիտած եմ: Անոնցմէ մէկական օրինակով բացատրեմ:

Mel Gibson – The Patriot (2000) 5

The Patriot(5) (2000), անգլիական ուժերուն դէմ ամերիկեան յեղափոխական պատերազմի նիւթը ներկայացուած է հերոսին՝ Mel Gibsonի դիտանկիւնէն, պատերազմին զուգահեռ կեդրոնանալով անոր ընտանեկան ողբերգութիւններուն վրայ (այրի ըլլալը, զաւակներուն սպանութիւնները եւ այլն), եւ մէջբերելով սիրային դէպք մը:

Ամերիկեան քաղաքացիական հիւսիս-հարաւի պատերազմը ներկայացուած է Cold Mountain(6) ֆիլմով (2003), ուր հերոսը (Jude Law) հեռանալով իր սիրած կնոջմէ (Nicole Kidman) կ’երթայ պատերազմի: Ընթացքին կը տեսնենք

Jude Law + Nicole Kidman – Cold Mountain (2003) 6

պատերազմի վայրագութեան ազդեցութիւնը թէ՛ կռուողին եւ թէ՛ ետեւ մնացողին վրայ: Պահ մը կը թուի թէ պատերազմին արդիւնքը կախեալ է հերոսին իր սիրուհիին վերամիացումէն:

Christopher Nolanի Dunkirk (2017) 7

Համաշխարհային առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու մասին ֆիլմերէն՝ 1917 (2019) եւ Dunkirk(7) (2017) կը կեդրոնանան հիմնական կերպարին վրայ, եւ պատերազմը կը դառնայ երկրորդական նիւթ:

Վիեթնամի պատերազմի ամենէն հռչակաւոր ֆիլմերէն է Apocalypse Now(8) (1979) կամ Platoon (1986), ուր կը ներկայացուի պատերազմի ազդեցութիւնը ամերիկացի զինուորին մտային եւ հոգեկան առողջութեան վրայ եւ անոր հետեւանքը անոնց առօրեային վրայ:

Marlon Brando – Apocalypse Now (1979) 8

Վիեթնամի պատերազմէն ետք կայ պաղ պատերազմի ժամանակի ֆիլմերը, որոնք ընդհանրապէս լրտեսական նիւթերով կը ներկայացուին, ամբողջ երկրի ապահովութիւնը դրուած հիմնական կերպարի մը ուսերուն վրայ (Tinker Tailor Soldier Spy(9) (2011)):

Gary Oldman – Tinker Tailor Soldier Spy (2011) 9

Իրաքի, Աֆղանիստանի եւ ընդհանրապէս միջին արեւելքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմները եւ ինչ որ «9/11»ի հետ կապ ունի այլեւս հոգեբանական ֆիլմեր եղան՝ Jarhead, (2005), The Hurt Locker (2008), Lone Survivor(10) (2013), ուր կը ներկայացուին գետնի վրայ կռուող զինուորին հոգեվիճակը:

Mark Wahlberg – Lone Survivor (2013) 10

Իւրաքանչիւր պատերազմական ժամանակաշրջանի ֆիլմ կը կրէ քարոզչական յատուկ քաղաքականութիւն եւ արժէք, միշտ ամերիկեան ծածանող դրօշակը ցոյց տալով եւ այսպէս «ապացուցելով» ամերիկացի զինուորին խղճամիտ ու արդար ըլլալը, բարիին համար զոհուողը:

West Beirut (1998) 11

Հասանք լիբանանեան պատերազմներու մասին ֆիլմերուն: Լիբանանեան պատրաստութիւններ՝ քաղաքացիական պատերազմի մասին ցուցա դրուած են տարբեր երկիրներու մէջ. Ziad Doueiri-ի West Beirut(11) (1998) կը մնայ ամենէն հարազատ ձեւով ներկայացուածը եւ 1999-ի Oscar-ներու օտար ֆիլմերու զտումի մասնակից, իսկ Իսրայէլի դէմ սահմանի վրայ բախումներու մասին՝ Randa Chahal Sabbagh-ի Le Cerf-Volant(12) (2003), որ 2004-ին եղաւ Oscar-ներու օտար ֆիլմերու զտումի

Le Cerf-Volant (2003) 12

մասնակից: Այս ֆիլմերը, լիբանանեան ուրիշ ֆիլմերու կողքին, ընկերային նիւթերու ընդմէջէն կը ներկայացնեն լիբանանեան տարբեր պատերազմները:

Թէեւ դեռ շատ կանուխ է անդրադառնալ այս հարցին, բայց արդեօք ֆիլմեր

պիտի պատրաստուի՞ն Լիբանան-Իսրայէլ ներկայ պատերազմին մասին:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x