Օտարաբանութեամբ եւ մասամբ նորին…

July 12, 2024

Ձախորդ շաբաթ մը… «Ազդակ»-ին  համար:

            Կարծես այն օրը՝ 6   յունիս 2024, հայոց լեզուի բոլոր սխալները մրցումի ելած  ըլլային անոր երբեմնի լուսաւոր էջերուն:

  1. «Քննարկումի նիւթ դարձան Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, հարաւի կացութիւնն ու Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան սպառնալիքները» (էջ 1):

            Ճիշդ ի՛նչ տրամաբանութեամբ կրկնուած է շղթայազերծուած  դերբայը՝ յայտնի չէ, քանի կարելի էր դիւդաւ խուսափիլ նման անհաճոյ կացութենէ: Այդպիսով պիտի ստացուէր շատ աւելի կուռ ու տպաւորիչ կառոյց մը. փորձեցէ՛ք կարդալ այս մէջբերումը առանց երկրորդ շաղթայազերծուած-ին, եւ պիտի անդրադառնաք իրողութեան:

            Միւս կողմէ՝ այս նախադասութիւնը պիտի խուսափէր բառային սխալ կիրարկումէ մըն ալ. քանզի  եթէ կարելի է ըսել «շղթայազերծուած պատերազմ», ապա կարելի չէ ըսել «շղթայազերծուած սպառնալիք»,  հայերէնը նման բառակապակցութիւն  կամ նման ոճ չունի. սպառնալիք-ին համար կ’ըսենք  ուղղուած, ուրեմն՝ « Լիբանանին ուղղուած իսրայէլեան  սպառնալիքները»:

          Նկատելի է, որ ջնջեցինք դէմ   նախադրութիւնը եւս, որ աւելորդաբանութիւն մըն է՝ գոնէ այս պարագային:           

  1. [Սքայ նիուզ կ’աւելցնէ], որ յստակ չէ, եթէ Էրտողան Ասատը Թուրքիա՞ հրաւիրելու կ’ակնարկէ» (անդ):

            Այս սխալը ատենը մէյ մը գլուխ կը ցցէ արեւմտահայ մամուլի եւ ի մասնաւորի ա՛յս էջին մէջ եւ սրբագրուելու ոչ մէկ նպատակ ունի. դուն ուզածիդ չափ խօսի՛ր, իրենք անշեղ գիտեն ընելիքնին:

            Հարցը կը վերաբերի եթէ շաղկապի կիրարկութեան՝ թէ շաղկապի փոխարէն:

            Եթէ-ի այս կիրարկութիւնը օտարաբանութիւն է, հայերէն չէ. անգլերէնն ու ֆրանսերէնն են, որ այս պարագային կը գործածաեն  if  եւ  si (=եթէ) շաղկապը, որ այդ լեզուներուն մէջ կը ծառայէ անուղղակի հարցում ուղղելու. եւ ճիշդ այս պատճառով ալ այս տողերը  գրողը պարոյկով օժտած է Թուրքիա՞ բառը, որովհետեւ յիշեալ լեզուներէն մէկով  կը մտածէ ան եւ ըստ այնմ ալ կը կէտադրէ, իսկ հայերէնը բացակայ է, բացակայ է մա՛նաւնդ  զայն սորվելու տարրական տրամադրութիւնը, այս պատճառով ալ բազմիցս ակնարկուած այս սխալը առանց վարանումի կը քաշքշուի  եւ  ի դէպս ու յանդէպս կը հրամցուի հայ ընթերցողին:

            Ուրեմն՝ «յստակ չէ, թէ Էրտողան Ասատը Թուրքիա հրաւիրելու կ’ակնարկէ»:

            Ինչպէս կը նկատէք՝ ջնջեցինք պարոյկը եւս, քանի հայեցի մտածողութեամբ հարցական նախադասութիւն չկայ այստեղ, այսուհանդերձ կարելի է նաեւ ձգել այդ պարոյկը, քանի օտար լեզուներու ազդեցութեամբ՝ մենք եւս սկսած ենք իբրեւ հարցական ընկալել այս կառոյցը:

                                                                               *   *   *

            Օտարաբանութեան այլ տեսակ մըն է  հետեւեալը, որ իր կարգին կոյր ու չմտածուած թարգմանութիւն է օտար աղբիւրէ. հաւանաբար անգլերէնէ.

            Եւ կը յաւակնի հայերէն ըլլալ. «Առկախ հարցերը կը վերաբերին  համաձայնութիւնը  ինչպէս (=how to) գործադրելու խնդիրին» (անդ):

            Հայեցի մտածողութեամբ՝ պիտի գրէինք.

            «Առկախ հարցերը կը վերաբերին համաձայնութիւնը գործադրելու ձեւին»:

            Նկատելի է միւս կողմէ,  որ ջնջեցինք խնդրին աւելորդաբանութիւնը. չես գիտեր ուրկէ՛ բուսաւ այս զազրելի նորարարութիւնը եւ մասնաւորաբար ա՛յս էջին վրայ՝ անխտիր բոլո՛ր հասկացութիւնները հարց կամ խնդիր բառերով բնորոշելու անբացատրելի մոլութիւնը:

  1. «Պաշտօնական հանդիսութեամբ նշուեցաւ…միութեան 50-ամեակը «դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով (անդ):

            Խորագի՞՞՞ր… ճիշդ կը կարդա՞նք… բայց այո՜՜՜, ճիշդ կը կարդա՛նք:

            Իսկ ի՞նչ ըսել է  խորագիր: Մեր գրեթէ բոլոր բառարանները զայն կը նկատեն «գիրքի տրուած անուն, վերնագիր, տիտղոս»: 

            Որ այստեղ տրուած է… «միութեան մը 50-ամեակին»:

            Սիրուած միութեան մը վերագրուող յանձնառութիւնը կամ բարեմաղթութիւնը՝ «դէպի երկրորդ յիսնամեակ», ի՞նչ  առնչութիւն ունի խորագիր-ի հետ. տեղի ունեցածը կամ թէ որդեգրուածը կարգախօս  մըն է, նշանաբան մըն է, թէկուզ… լոզունգ մը, բայց ոչ երբեք «խորագիր»:

            Փցուն ու ձախող բառակապակցութիւն մըն է «պաշտօնական հանդիսաւորութեամբ»-ը:

            Պաշտօնական,— եւ ուրեմն նաեւ անպաշտօն (ական),— հանդիսաւորութիւն բառակապակցութիւնը ոչինչ ըսող ճոռոմաբանութիւն մըն է. կարելի է կիրթ ու կոկիկ հայերէնով ըսել՝ «հանդիսաւորապէս»  ու վե՛րջ. այս մէկ հատիկ բառով շեշտած եղանք այն մեծ, թէկուզ արտասովոր կարեւորութիւնը, որ կը փորձուի վերագրել տուեալ հաւաքին  կամ հանդէսին:

  1. «Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտեան քուէարկելէ ետք շեշտեց» (անդ):

            Ձեր դպրոցական քերականութեան վրայ հիմնուելով կ’անդրադառնաք, որ այստեղ առաւօտեան բառը կիրարկուած է իբրեւ մակբայ. ժամանակական մակբայ եւ կ’եղանակաւորէ  քուէարկելէ դերբայը.

            ***Ե՞րբ քուէարկելէ (ետք), — (ուրբաթ) առաւօտեան:

            Արդ, հայերէնը այս կազմով  մակբայ չունի. կրնաք բանալ ձեզի ծանօթ բոլոր արեւմտահայ բառարանները եւ պիտի չգտնէք այդպիսին:    

            Եան-ով ածականներ ըմբռնելի են, ինչպէս՝ արեւելեան, սեւծովեան, աջա-կողմեան, ձախակողեան, միջնադարեան, երեւանեան, ուրեմն… առաւօտեան:

            Իսկ ածականով բայ չենք կրնար եղանակաւորել:

            Արդի հայերէնի մէջ  առաւօտ բառը կա՛մ անփոփոխ՝ առաւօտ  (հայցական հոլով) ձեւով կա՛մ տրական՝ առաւօտուն ձեւով կը կիրարկուի իբրեւ բայական լրացում. հետեւաբար բերուած նախադասութիւնը կրնանք գրել՝

            *** Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտ  քուէարկելէ ետք շեշտեց…

            *** Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտուն քուէարկելէ ետք շեշտեց…

            Բայց ո՛չ՝ առաւօտեան

 

             [email protected]                                                             Արմենակ Եղիայեան

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x