ՔԱՋ ՆԱԶԱՐ (Հեքիաթ, Յովհաննէս Թումանեան)

January 28, 2024

24 Յունուար 2024-ին, «տարբերակ21»-ի սիւնակագիրներէն՝ Արայիկ Մկրտումեան ստորագրած էր «Նահանջը առանց երգի» իր շարքին 3-րդ մասը՝ «Քաջ Նազարը՝ թագաւոր, Փոքր Մհերն ու Արտաւազդը՝ կալանաւոր» խորագրով:
Մկրտումեան իր յօդուածը կ’աւարտէր հետեւեալ եզրակացութեամբ. «Եւ քանի՞ դար է, որ Նազարը նստած է գահին, իսկ Արտաւազդն ու Փոքր Մհերը` շղթայուած: Արդեօ՞ք ժողովուրդը կրնայ ազատիլ իր իսկ վախերէն ու հոգեբանական շղթաներէն, երբ նոյնիսկ առասպելներուն մէջ այս տեսակի դերաբաշխում կայ: Իսկ թերեւս ժողովուրդը իր բոլոր սերունդներուն կը պատգամէ ազատել հերոսները ու ազատիլ Նազարէն, բայց մենք մոռացած ենք այդ մէկը ու հեքիաթ կը համարենք մեր ազգային հոգեբանական մեծ խնդիրը: Երբ անհատը կ’ընկճուի, անոր կ’օգնէ հոգեբանը, իսկ ո՞վ պիտի օգնէ ժողովուրդին, որուն հերոսները շղթայուած են, իսկ անազնիւ դահիճը` գահին բազմած»:
Գահին բազմած բոլոր նազարները, բոլոր անազնիւները՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ առանց յատուկ բնորոշումի:
Այս առիթով, կը հրատարակենք Յովհաննէս Թումանեանի «ՔԱՋ ՆԱԶԱՐ» հեքիաթը՝ առ ի թարմացում բոլորիս յիշողութեան եւ…իրազեկութեան:
Թումանեանի հեքիաթին հետագայ տարբերակը արեւմտահայերէնի վերածած է գրագէտ Զարեհ Խրախունի, 1969-ին, Պոլիս:

1

Կար ու չկար, խեղճուկրակ մարդ մը կար՝ Նազար անունով։ Այս Նազարը թոյլ եւ ապիկար մարդ մըն էր. ա՛յնքան ալ վախկոտ՝ որ ճկոյթն անգամ չէր շարժեր մինակը, եթէ մեռցնելու իսկ ըլլայիր…։ Օրը մինչեւ իրիկուն կնոջը քովէն չէր զատուեր, անոր հետ դուրս կելլէր, անոր հետ տուն կու գար: Այս պատճառաւ՝ անունը Վախկոտ Նազար դրած էին:

Գիշեր մը, Վախկոտ Նազարն ու կինը դրան սեմին կը նստէին: Պայծառ, լուսնակ գիշեր մըն էր: Յանկարծ Վախկոտ Նազար գոչեց.

— Ախ կնիկ, ճիշդ ճամբայ կտրելու գիշեր է ասիկա…։ Սատանան կըսէ՝ ելի՛ր, գնա՛ Հնդկաստանէն եկող Շահին կարաւանը կողոպտէ, բե՛ր տունը լեցուր ինչ որ կայ…

– Ձայնդ կտրէ՛, նստէ՛ տեղդ, չախեց կինը, կտրողին նայեցէք…

Նազար բարկացաւ.

– Անմիտ կին, ինչո՞ւ չես ձգեր որ երթամ կարաւան մը կողոպտեմ, բերեմ տունը լեցնեմ: Ես այր մարդ չե՞մ … Ինչի՞ կը ծառայէ մօրուքս, եթէ դուն պիտի համարձակիս խօսիլ ինծի դէմ…

Երբ կինը տեսաւ որ խօսքը կերկարի, տուն մտաւ եւ դուռը երեսին գոցեց, ըսելով.

– Աղեմ այդ վախկոտ գլուխը որ չհոտի… գնա’ հիմա ճամբայ կտրէ եթէ կրնաս…

Նազար կը մնայ դրան առջեւ՝ վախէն լեղապատառ կ’աղաչէ, կը պաղատի որ կինը դուռը բանայ, բայց ան մտիկ չ’ըներ, չի բանար: Ճարահատ, կ’երթայ պատի մը տակ կը կծկի, դողալով կ’անցընէ գիշերը մինչեւ լուսածագ: Յետոյ, արեւուն մէջ պատին տակ կը պառկի մտահոգ, ու կը սպասէ որ կինը գայ, զինքը տուն տանի:

Ամառուան տաք օր է, ճանճերը կը բզզան: Մարդը այնքան ծոյլ է որ՝ քիթը սրբելու իսկ կը ծուլանայ։ Ճանճերն ալ կու գան քթին վրայ կը նստին, ռունգերէն ներս կը մտնեն: Երբ շատ անհանգիստ կընեն, ձեռքը կը վերցնէ վերջապէս ու երեսին կը զարնէ: Ճանճերը վար կը թափին՝ սատկած:

Նազար կը նայի անոնց, զարմացած: Կ’ուզէ համրել թէ մէկ զարնելով քանի՞ հատ սպաննած է, բայց չի կրնար, որովհետեւ համրել չի գիտեր։ Յետոյ կը մտածէ թէ՝ հազարէն պակաս պէտք չէ ըլլայ . . .

– Ախ, կըսէ ինքնիրեն, ես այսպէս էրիկմարդ եմ եղեր մինչեւ այսօր չեմ գիտցեր… ես որ մէկ զարնելով հազար շունչ կը մարեմ… դեռ ի՞նչ կեցեր՝ այս անպիտան կնոջ կը սպասեմ…

 Տեղէն վեր կը ցատքէ, կ’երթայ շիտակ իրենց գիւղի քահանային:

– Տէր Հայր, օրհնեա՛ ի Տէր։

– Աստուած օրհնէ, որդի։

– Տէր Հայր, գիտե՞ս թէ ինչ պատահեցաւ։

Ու կը պատմէ իր քաջագործութիւնը, աւելցնելով որ իր կնոջմէն պէտք է բաժնուի այլեւս: Կը խնդրէ միայն Տէր Հօրմէն որ գրի առնէ իր շահատակութիւնը, որպէսզի անյայտ չմնայ, ամէն ոք կարդայ ու գիտնայ…

Տէր Հայրն ալ լաթի կտորի մը վրայ կը գրէ իբր կատակ.

Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար,

Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար։

 Նազար այս լաթի կտորը կ’անցընէ ձողի մը ծայրը, մէջքին ժանգոտած երկաթի կտոր մը կը կապէ եւ դրացիին իշուն վրայ հեծնելով կը հեռանայ գիւղէն:

Իրենց գիւղէն դուրս ելլելէ վերջ, ճամբայ մը կը բռնէ կերթայ: Ինքն ալ չի գիտեր թէ այդ ճամբան ուր կը տանի: Կ’երթայ, կերթայ, մէյ մըն ալ ետ կը նայի որ գիւղը հեռուն մնացեր է: Երբ ասիկա կը տեսնէ սիրտը դող կ’ելլէ։ Վախը փարատելու համար կը սկսի երգել, քթին տակէն մրմռալ, ինքնիրեն խօսիլ եւ էշը յանդիմանել: Քանի կը հեռանայ՝ ա’յնքան կ’աւելնայ վախը, քանի վախը կաւելնայ՝ այնքան ձայնը կը բարձրացնէ, կը սկսի պոռչտալ ու տարօրինակ ձայներ հանել, մինչ միւս կողմէ՝ էշն ալ կը ձայնակցի իրեն, զռալով…: Այս աղմուկէն թռչունները ծառերէն կը թռչին, նապաստակները թուփերու տակէն կը փախչին, գորտերն ալ աճապարանքով ջուր կը նետուին…

Իսկ երբ անտառ կը մտնէ, իրեն այնպէս կը թուի թէ ամէն մէկ ծառի տակէն, ամէն մէկ թուփի մէջէն կամ քարի ետեւէն գազան մը կամ աւազակ մը պիտի յարձակի իր վրայ, եւ սարսափած՝ կը սկսի պոռալ կանչել – այնպէս պոռալ կանչել որ՝ ականջդ կը խլանայ . . .:

Այդ միջոցին, անտառի ճամբէն գիւղացի մը կու գար՝ ձին իր ետեւէն քալելով, ամէն բանէ անտեղեակ: Երբ այս զարհուրելի ձայնը կը լսէ, տեղն ու տեղը կը մնայ:

– Վայ, կը գոչէ, աւազակներն են . . .: Աստուած վկայ՝ ասոնք գլուխս ուսերուս վրայ չեն ձգեր…

Կը լքէ ձին, կը մտնէ անտառ եւ առանց ետեւը նայելու կը փախչի :

Բախտը ի՞նչպէս կըլլայ…: Քաջն Նազար պոռալով կանչելով կու գայ որ ի՞նչ տեսնէ, թամբուած ձի մը ճամբուն մէջտեղ իրեն կը սպասէ: Անմիջապէս էշէն վար կիջնէ, կը հեծնէ ձիուն վրայ ու կը շարունակէ ճամբան:

2

Շատ կ’երթայ, քիչ կերթայ – շա՞տ էր, քի՞չ էր, միայն ինք գիտէր – կ’իյնայ գիւղի մը վրայ, գիւղը իրեն անծանօթ, ինքը՝ գիւղին: Որո՞ւ դիմէ, ո՞ր դուռը զարնէ։ Յանկարծ տունէ մը զուռնայի ձայն կը լսէ, ձին կը քշէ դէպի այդ կողմը եւ կը տեսնէ տուն մը՝ ուր հարսնիք կայ: Շիտակ ներս…

— Բարեւ ձեզ։

— Աստծու բարին, բարի եկար հազար բարով, հրամէ՛, Աստուծոյ հիւրը մեր գլխուն վրայ է:

Եւ կը տանին, սեղանին գլուխը կը բազմեցնեն Նազարը իր դրօշակով։ Ուտողին սիրողին անուշ ըլլայ ինչ որ կը բերեն իր առջեւ… տեսակ տեսակ ուտելիք թէ խմելիք…

Հարսնեւորները հետաքրքիր են հասկնալու թէ ո՞վ է այս տարօրինակ անծանօթը։ Սեղանին վարի ծայրէն մէկը կը մշտէ իր քովը նստողը եւ կը հարցնէ. ան ալ իր քովը նստողը կը մշտէ, այսպէս կարգաւ զիրար մշտելով, փսփսալով, հարցը կը հասնի մինչեւ վերի ծայրը նստած տէրտէրն, որ վերջապէս ձեւով մը կը կարդայ դրօշակին վրայ գրուածը`

 

               Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար

               Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար:

 

Կը կարդայ, եւ զարհուրած՝ կը յայտնէ քովը նստողին, ան ալ՝ իր քովինին, ան ալ՝ երրորդին, երրորդը՝ չորրորդին, եւ այսպէս՝ լուրը կը հասնի մինչեւ դրան տակը։ Ամբողջ հարսնետան մէջ կը շրջի մրմունջ մը թէ՝ չե՞ս գիտեր, նորեկ հիւրն է՝

                   Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար

                   Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար:

– Ի՞նչ, Քաջ Նազա՞րն է, կը բացագանչէ պարծենկոտ մը, որչափ փոխուեր է… չկրցայ ճանչնալ առաջին անգամ . . .

Ուրիշներ, անկէ վար չմնալու համար, կը սկսին պատմել անոր քաջագործութիւնները, եւ խօսիլ՝ իրենց հին ծանօթութեան եւ միասին անցուցած օրերուն մասին: 

Բայց ի՞նչպէս կըլլայ որ այսպիսի երեւելի մարդ մը իր հետ ծառայ չունի, կը հարցնեն չճանչցողները՝ զարմացած:

– Իր սովորութիւնը այսպէս է, չի սիրեր ծառաներով պտը տիլ: Անգամ մը հարցուցի, պատասխանեց թէ ծառա՞ն ինչ պիտի ընեմ, ամբողջ աշխարհը իմ ծառաս է…

– Բայց ի՞նչպէս կըլլայ որ շէնքով շնորհքով սուր մըն ալ չունի եւ այլ ժանգոտ երկաթի կտորը մէջքին է կապեր։

– Շէնքն ալ շնորհքն ալ հոն է որ՝ այդ ժանգոտ երկաթի կտորով մէկ զարնելով հազար կը ջարդէ, եւ ոչ թէ լաւ սուրով: Ատիկա սովորական քաջերն ալ կընեն, ի՞նչ է որ….

Եւ ապշած կոչնականները ոտքի կելլեն ու կը խմեն Քաջ Նազարի կենացը: Անոնցմէ լեզուն բերնին մէջ դարձող մէկն ալ կելլէ ճառ մը կը խօսի Նազարին ի պատիւ, կ’ըսէ թէ՝ մենք հինէն ի վեր լսած էինք քու մեծ հռչակղ, երեսդ տեսնելու կարօտ էինք, եւ ահա այսօր բախտը կ’ունենանք քեզ մեր մէջ վայելելու: Նազար կը հառաչէ եւ ձեռքով շարժում մը կընէ։ Կոչնականները գաղտնօրէն իրարու աչք կընեն, հասկցնելու համար թէ՝ այդ հառաչանքն ու ձեռքի շարժումը ո՜րքան խոր նչանակութիւններ ունէին . . .

Աշուղն ալ, որ հոն կը գտնուէր, յանկարծ երգ մը յօրինեց ու սկսաւ երգել` 

Բարով եկար, հազար բարի,

Մեր սարերու արծիւ արի,

Թագ ու պարծանք մեր աշխարհի,

Անյաղթ հերոս Քաջդ Նազար,

Որ մէկ զարկով ջարդես հազար։

Դուն տկարին տէր, ապաւէն,

Կը հասկնաս անոր ցաւէն,

Մեզ կը փրկես անիրաւէն,

Անյաղթ հերոս Քաջդ Նազար,

Որ մէկ զարկով ջարդես հազար։

Մենք մատաղ ենք քու դրօշին,

Մէջքիդ թուրին արնոտ թուշին,

Ձիուդ ոտքին, պոչին, բաշին

Անյաղթ հերոս Քաջդ Նազար, 

Որ մէկ զարկով ջարդես հազար։ 

Գինով հարսնեւորները երբ կը ցրուին, ամէն տեղ կը խօսին, ամէնուն կը հաղորդեն թէ կուգայ՝

Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար,

Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար։

եւ կը պատմեն անոր զարմանալի քաջագործութիւնները, կը նկարագրեն անոր վախազդու կերպարանքը: Եւ ամէն տեղ մարդիկ իրենց նորածին զաւկին անունը Քաջ Նազար կը դնեն:

3

Նազար հարսնետունէն կը մեկնի եւ կը շարունակէ ճամբան: Կերթայ, կերթայ եւ կը հասնի կանանչ դաշտ մը։ Ձին կ’արձակէ որպէսզի արածի դաշտին մէջ, ինքն ալ դրօշակը գետին կը տնկէ եւ կը պառկի, կը քնանայ դրօշակին շուքին տակ։

Բայց այս տեղերը կը պատկանէին եօթը հսկայ եղբայրներու, որոնց ամրոցը մօտակայ լերան գագաթին վրայ էր։ Անոնք, երբ կը տեսնեն Նազարին գալը, շատ կը զարմանան՝ խորհելավ որ այդ ի՞նչ յանդուգն մարդ պէտք է ըլլայ որ առանց վախնալու եկեր՝ իրենց հողերուն վրայ է պառկեր եւ ձին ալ ձգեր է որ արածի:

Եօթը հսկաներէն իւրաքանչիւրը քառասուն օխանոց լախտ մը ունէր: Այդ քառասուն օխանոց լախտերը կ՚առնեն ու կու գան: Կու գան որ ի՞նչ տեսնեն. անօթի ձի մը որ դաշտին խոտերը կը լափէ, եւ մարդ մը որ ընկողմանած կը քնանայ՝ գլխուն վերեւ դրօշակ մը տնկած, ուր գրուած է.

Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար,

Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար:

Վայ, Քաջ Նազարն է…: Հսկաներուն արիւնը կը սառի, գամուած կը մնան իրենց տեղերը։ Գինով հարսնեւորներուն տարածած լուրը մինչեւ անոնց հասեր էր: Այդպէս կը մնան իւրաքանչիւրին թուքը բերնին մէջ չորցած, ու կը սպասեն մինչեւ որ Նազար քունէն կ’արթննայ: Նազար աչքերը կը բանայ որ ինչ տեսնէ. գլխուն վերեւ եօթը ահռելի հսկաներ, իւրաքանչիւրը քառասուն օխանոց լախտ մը շալկած: Ասիկա տեսնելուն պէս Նազարին քով ոչ սիրտ կը մնայ, ոչ լեղի: Վեր կը ցատքէ, կը մտնէ դրօշակին տակ ու կը սկսի դողալ աշնան տերեւի նման: Հսկաները կը տեսնեն թէ ան գունատեցաւ եւ սկսաւ դողալ, կը խորհին թէ ահաւասիկ բարկացաւ, հիմա ուր որ է մէկ հարուածով մեր եօթն ալ կը սպաննէ. եւ անոր առջեւ գետին կը փռուին ու կը սկսին աղաչել՝

«Անյաղթ Հերոս Քաջն Նազար,

Որ մէկ զարկով ջարդես հազար,

մենք լսեր էինք քու ահաւոր անունդ եւ տեսութեանդ արժանանալ կը փափաքէինք։ Ո՛րքան բախտաւոր ենք որ դուն պատուեցիր մեր հողերը: Մենք, քու խոնարհ ծառաներդ, եօթը եղբայրներ ենք, մեր ամրոցն ալ ահա հոն՝ լերան գագաթին է: Հոն է նաեւ մեր գեղեցիկ քոյրը։ Կը ինդրենք որ բարեհաճիս գալ եւ մեր աղն ու հացը ուտել…»

Այս խօսքերը լսելով Նազար կը հանդարտի, կը հեծնէ իր ձին, հսկաներն ալ դրօշակը առած՝ հանդիսաւոր կերպով զինքը կ’առաջնորդեն իրենց դղեակը: Իսկ դղեակին մէջն ալ թագաւորի վայել պատիւներ կընեն իրեն, եւ այնքան կը գովեն, այնքան կը խօսին անոր քաջագործութիւններուն մասին՝ որ իրենց գեղեցիկ քոյրը կը սիրահարի Նազարին։

4

Այդ ատենները վագր մը մէջտեղ ելած էր այդ երկրին մէջ, եւ կը սարսափեցնէր ժողովուրդը։ Ո՞վ կրնայ սպաննել վագրը, ո՞վ կը համարձակի վագրին դէմ ելլել, անշուշտ միայն Քաջ Նազարը: Ամէն մարդ Նազարին բերնէն է կախուած. վերը՝ Աստուած վարը՝ Քաջ Նազար. . .

Վագրի խօսքը լսելուն պէս Նազար վախէն դուրս կը վազէ, կ’ուզէ փախչիլ ու պահուըտիլ իր տան մէջ. իսկ ներկաները կը կարծեն թէ ան կը վազէ վագրը սպաննելու: Նշանածը կը հասնի ետեւէն, կը կեցնէ.

 – Ու՞ր կը վազես այդպէս առանց զէնքի, կը գոչէ հսկաներուն զեղեցիկ քոյրը։

Զէնք կը բերէ եւ կուտայ անոր, որպէսզի երթայ եւ իր համբաւին վրայ փառք մը եւս աւելցնէ: Նազար կառնէ զէնքը, կերթայ անտառ եւ ծառի մը վրայ կը բարձրանայ, որպէսզի ո’չ ինք վագրին հանդիպի, ոչ ալ վագրը իրեն։ Ծառին վրայ կը կծկուի ու կը նստի անշարժ: Բայց հակառակ պիտի ըլլայ՝ վագրն ալ կու գայ ճիշդ այդ ծառին տակ կը պառկի: Նազար երբ վագրը կը տեսնէ՝ լեղին ջուր կը կտրի, աչքերը կը մթագնին, ձեռքերն ու ոտքերը կը թուլանան ու թաւալգլոր կ’իյնայ վագրին վրայ: Գազանը սարսափած վեր կը ցատքէ, Նազարն ալ վախէն անոր մէջքին կը փաթթուի: Այսպէս՝ խելացնոր Նազարը քամակին, զարհուրած վագրը կը փախչի՝ ամբողջ ոյժը ոտքերուն տուած: Ան չի վազեր, կարծես կը թռչի քարերուն, ժայռերուն, լեռներուն, ձորերուն վրայէն:

Մարդիկ մէյ մ’ալ կը նային, ի՞նչ տեսնեն. Քաջ Նազարը վագրին վրայ նստած կը սուրայ . . .

–  Հէ՛յ, եկէք, եկէ՛ք, տեսէք Քաջ Նազարը վագրին վրայ հեծեր ձիու պէս կը քշէ… զարկէ՛ք, հա՛ զարկէք . . .

Ամէնքն ալ քաջութիւն կ’առնեն, պոռալով կանչելով կը յարձակին վագրին վրայ, քարով, փայտով, դանակով, թուրով կը գարնեն, կը սպաննեն գազանը։

Նազար երբ ինքզինքը կը գտնէ քիչ մը, լեզուն կը բացուի.

– Ախ, կ՚ըսէ, ինչո՞ւ սպաննեցիք… հազիւ ինծի յարմար երիվար մը գտեր, հեծեր էի… այնպէս պիտի արշաւէի որ…

Լուրը մինչեւ ամրոց կը Հասնի: Այր, կին, մեծ, պզտիկ, ժողովուրդը դուրս կը թափի Նազարը դիմաւորելու համար: Անմիջապէս անոր վրայ երգ մըն ալ կը յօրինեն ու կ’երգեն.

Այս աշխարհին

Մէջ նոր թէ հին

Ո՞վ կայ քեզի հաւասար,

Ո՜վ Քաջ նազար:

Իբրեւ ուրուր

Կայծակ ու հուր,

Բարձր բերդէն թռար հասար

Ո՜վ Քաջ Նազար:

Վագրին արուն

Ձի ըրիր դուն

Հեծար անցար սարէ սար,

Ո՜վ Քաջ Նազար:

Մեզ փրկեցիր,

Ազատեցիր,

Փառք ու պարծանք քեզ դարէ դար

Ո՜վ Քաջ Նազար։

Եւ Քաջ Նազարը ամուսնացուցին հսկաներուն գեղեցիկ քրոջը հետ: Եօթը օր, եօթը գիշեր հարսնիք ըրին, երգերով հիւսեցին գովքը թագաւորին ու թագուհիին։

– Լուսընկան նոր սարն ելաւ,

Որո՞ւ նման էր։

– Լուսընկան նոր սարն ելաւ,

Ան Քաջ Նազարն էր:

– Արեգակ նոր շողշողուն,

Որո՞ւ նման էր։

– Արեգակ նոր շողշողուն Անոր հարսարն էր։

Մեր թագաւորն էր փայլուն,

Իր արեգակն էր փայլուն,

Թագն էր փայլուն, հէ՜յ փայլուն,

Հագուստ փայլուն, հէ՜յ փայլուն,

Գօտին փայլուն, հէ՜յ փայլուն,

Կօշիկ փայլուն, հէյ փայլուն,

Թագուհին փայլուն հէ՜յ փայլուն,

Փայլուն թագուհւոյն բարեւ,

Փայլուն թագւորին արեւ:

Շնորհաւոր, շնորհաւոր,

Քաջ Նազարին շնորհաւոր,

Իր հարս–եարին շնորհաւոր,

Ողջ աշխարհին շնորհաւոր:

5

Բայց եկուր տես որ դրացի երկրի թագաւորը նախապէս ուզած է եղեր այդ աղջիկը։ Երբ կը լսէ թէ իրեն չեն տուած եւ ուրիշի հետ ամուսնացուցած են, զօրք կը ժողվէ եւ պատերազմի կու գայ եօթը եղբայրներուն վրայ ։

Եօթը հսկաները կ’երթան Քաջ Նազարին կը հաղորդեն պատերազմի լուրը, եւ խոնարհելով անոր առջեւ՝ հրամանի կը սպասեն:

Պատերազմի իօսքը լսելուն պէս կը սարսափի Նազար. տեղէն կը ցատքէ, դուրս կը փախչի, կ’ուզէ երթալ պահուըտիլ իրենց զիւղը: Իսկ մարդիկ կը կարծեն թէ ան կ’ուզէ իսկոյն յարձակիլ թշնամի բանակին վրայ: Ետեւէն կ’իյնան, կը բռնեն ու կը խնդրեն.

– Ո՞ւր կերթաս, ի՞նչ կ’ընես, առանց զէնքի զրահի մինակդ ո՞ւր կը վազես, խե՞լքդ թռցուցիր, ի՞նչ է. . .

Կը բերեն զէնք զրահ, կինն ալ եղբայրներէն կը խնդրէ որ չձգեն Նազարը՝ քաջութենէն տարուած՝ մինակը երթայ յարձակի թշնամի բանակին վրայ։

Այս լուրը կը տարածուի բանակին եւ ժողովուրդին մէջ, լրտեսներու միջոցով ալ կը հասնի թշնամիին՝ թէ Քաջ Նազար առանձին կը վազէր պատերազմի դաշտ, թէ հազիւ կարողացած են զսպել, ու հիմա զինուորներով շրջապատուած կը բերեն՝ որպէսզի աշխարհը տակնուվրայ չընէ . . .:

Պատերազմի դաշտին վրայ խեռ ու վայրի նժոյգ մը կը քաշեն Նազարին տակ, կը նստեցնեն վրան: Զինուորներն ալ կ’ոգեւորուին աշտանակած տեսնելով Նազարը, եւ ահազին աղմուկով կը գոռան. — Կեցցէ՛ Քաջն Նազար . . . մա՛հ թշնամիին . . .

Անընտել նժոյգը երբ կը զգայ թէ անպիտանին մէկն է հեծած վրան, կը խրխնջայ, կը վրնջէ ու գլուխը կ’առնէ կերթայ դէպի թշնամի բանակը։ Զինուորները կ’ենթադրեն թէ Քաջ Նազար յարձակման անցաւ, հուռռա՛ կը պոռան իրենց ամբողջ թափով յառաջ կը նետուին: Նազար, որ չի կրնար զսպել երիվարը, վար չիյնալու համար կ’ուզէ փաթթուիլ ծառի մը ճիւղին, բայց եկուր տես որ ծառը փտած է եղեր, ահագին գերանի չափի ճիւղը կը կոտրի, կը մնայ ձեռքը…: Թշնամի զինուորները, որոնք արդէն նախապէս անոր համբաւը լսած էին եւ վախը փորերնին էր, երբ իրենց աչքերով կը տեսնեն պատահածը՝ բոլորովին կը սարսափին ու երես կը դարձնեն կռիւէն. – Փախիր, հա փախիր, ով որ կրնայ՝ թող ազատէ իր հոգին… Քաջ Նազարը կու գայ ծառերը արմատախիլ ընելով… վա՜հ:

Այդ օրը թշնամիէն ջարդուելիքը ջարդուեցաւ, ըստ բախտի ազատողները իրենց սուրերը դրին Քաջ Նազարի ոտքին տակ, անոր հնազանդութիւն եւ հպատակութիւն յայտնեցին գետնամած ։ Արիւնայեղ պատերազմի դաշտէն հսկաներու ամրոցը վերադարձաւ Քաջն Նազար։ Ժողովուրդը անոր համար յաղթանակի կամարներ շիներ էր, աննկարագրելի ոգեւորութեամբ, հուռռաներով, կեցցէներով, երգով եւ երաժշտութիւնով, աղջիկներով ու ծաղիկներով, պատգամաւորներով եւ անոնց ճառերով դիմաւորեցին զինքը: Այդքան փառք պատիւի դիմաց՝ Նազար մնաց ապշած ու շշմած:

Յետոյ, մեծ շուքով ու ցնծութեամբ զինքը հռչակեցին թագաւոր եւ բազմեցուցին թագաւորական գահին վրայ։ Քաջ Նազար եղաւ թագաւոր, եօթը հսկաներուն պաշտօններ բաշխեց, եւ այսպէս՝ աշխարհը առաւ իր ափին մէջ:

Կ՚ըսեն թէ՝ մինչեւ այսօր ալ դեռ կ’ապրի ու կը թագաւորէ Քաջ Նազարը։ Ու երբ իր քով կը խօսին քաջութեան, խելքի, հանճարի մասին, ան կը խնդայ ու կըսէ.

– Ի՞նչ քաջութիւն, ի՞նչ խելք, ի՞նչ հանճար. պարապ բաներ են ատոնք: Կարեւորը՝ մարդուս բախտն է։ Բախտ ունիս . . . գործդ կարգին է։

Եւ կ’ըսեն թէ՝ մինչեւ այսօր ալ Քաջ Նազարին գործը, կարգին է եւ կը ծիծաղի աշխարհի սուտ ու փուտ բաներուն վրայ։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x