Փորձ անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բացատրական բառարանի կազմութեան

October 3, 2026

Ինչո՞ւ այս բառարանը

Նոր արհեստագիտութիւնը միայն նոր գործիքներ չի ստեղծեր։ Ան նաեւ նոր հասկացողութիւններ եւ նոր բառապաշար կը բերէ։ Artificial Intelligence, prompt, algorithm, deep learning, chatbot, token, cloud computing, cybersecurity, deepfake եւ հարիւրաւոր այլ եզրեր արդէն մտած են մեր առօրեային, կրթութեան, աշխատանքին, մամուլին եւ հանրային խօսակցութեան մէջ։

Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ նոր աշխարհ մը կը ստեղծուի, իսկ լեզուն չունի այդ աշխարհին մասին խօսելու բառապաշարը։ Այս բառարանին մեկնակէտը ճիշդ այդ հարցումն է։ Նպատակը պարզապէս անգլերէն արհեստագիտական եզրերուն դիմաց հայերէն բառեր շարելը չէ։ Նպատակը ժամանակակից արհեստագիտութեան մասին արեւմտահայերէնով խօսելու, գրելու, դասաւանդելու եւ մտածելու գործածելի լեզու մը զարգացնելն է։

Տարբերակ21 այս աշխատանքը զերոյէն չի սկսիր։ Կայքը իր հրապարակումներուն մէջ արդէն ստեղծած կամ որդեգրած է արեւմտահայերէն ԱԻ եւ թուային բառապաշարի կարեւոր կորիզ մը՝ «արուեստական իմացականութիւն», «ալկորիթմ», «մոտել», «քոտաւորել», «մշակող», «տուեալներ», «խոր ուսուցում», «թուային անվտանգութիւն», «թուային յարձակում», «ենթակառոյց» եւ այլ եզրերով։ Հետեւաբար առաջին քայլը նոր բառեր հնարելը չէ, այլ հաւաքել եւ համակարգել Darperag21-ի մէջ արդէն գործածուող լեզուն, ապա բացերը լրացնել։

Մեր խմբագրական սկզբունքը

Տարբերակ21 «Artificial Intelligence»-ի համար գիտակցաբար ընտրած է «արուեստական իմացականութիւն (ԱԻ)» եզրը։ Այս ընտրութեան ետին աւելի լայն լեզուական սկզբունք մը կայ (կարելի է ստուգել այս կապով). ժամանակակից աշխարհը հայերէնով արտայայտելը չի նշանակեր ամէն օտար բառի դիմաց անպայման բառացի հայերէն համարժէք մը հնարել։ Նոյն սկզբունքը պիտի առաջնորդուի այս փորձ-բառարանը։

Երբ կենդանի արեւմտահայերէնին մէջ բնական եւ ճշգրիտ եզր մը արդէն գոյութիւն ունի, պիտի գործածենք զայն։ Երբ Տարբերակ21 արդէն հետեւողական ձեւ մը որդեգրած է, պիտի արձանագրենք այդ գործածութիւնը։ Երբ ընդունուած հայերէն համարժէք մը կայ, զայն առանց պատճառի պիտի չփոխարինենք։ Իսկ երբ տակաւին յստակ եւ բնական լուծում չկայ, բառը պիտի մնայ քննարկելի։

Այս պատճառով բառարանը պիտի զատորեշէ չորս տարբեր կարգավիճակներ.

  • Տարբերակ21-ի գործածութիւն — եզրը արդէն գործածուած է կայքին մէջ։
  • Նախընտրելի եզր — ուսումնասիրութենէ եւ քննարկումէ ետք կ՚’առաջարկուի իբրեւ հիմնական արեւմտահայերէն ձեւ։
  • Ընդունուած գործածութիւն — Տարբերակ21-ի ստեղծած եզրը չէ, բայց հայերէնի մէջ արդէն ընդունուած է։
  • Քննարկելի — վերջնական ընտրութիւնը տակաւին չէ կատարուած։

Այս զատորոշումը անհրաժեշտ է, որովհետեւ բառարանը պէտք չէ այն տպաւորութիւն ձգէ, թէ արհեստագիտական ամէն նոր հասկացողութեան համար արդէն անվիճելի հայերէն համարժէք գոյութիւն ունի։ Անիկա պէտք է նաեւ ցոյց տայ, թէ լեզուն ո՛ւր լարդէն պատասխան ունի եւ ո՛ւր տակաւին աշխատանք կայ կատարելիք։

Ոչ միայն ԱԻ-ի բառարան

Արուեստական իմացականութիւնը այսօր մեկուսացած ոլորտ մը չէ։ Ան կապուած է համակարգիչներու, ծրագրաւորման, տուեալներու, համացանցի, թուային անվտանգութեան, աշխատանքի, կրթութեան, լրատուամիջոցներու եւ բարոյական հարցերու։ Հետեւաբար աւելի նպատակայարմար է բառարանը կազմակերպել ութ կապակցուած բաժիններով.

  1. Արուեստական իմացականութիւն եւ մեքենական ուսուցում
  2. Համակարգիչ եւ ծրագրաւորում
  3. Տուեալներ եւ հաշուարկ
  4. Համացանց եւ թուային հաղորդակցութիւն
  5. Թուային անվտանգութիւն
  6. Ռոպոթներ, մարդառոպոթներ եւ ինքնագործութիւն
  7. ԱԻ, կրթութիւն եւ աշխատանք
  8. ԱԻ-ի բարոյական եւ ընկերային բառապաշար

Այս կառուցուածքով բառարանը պիտի ընդգրկէ շուրջ 200 հիմնական եզր՝ զուտ արհեստագիտական բառերէն մինչեւ privacy, bias, misinformation, copyright, authorship, transparency, accountability, digital divide եւ այլ հասկացողութիւններ։

Ինչպէ՞ս պիտի ձեւակերպուի իւրաքանչիւր բառի բացատրութիւնը: Պարզ անգլերէն–հայերէն բառացանկ մը բաւարար պիտի չըլլայ։ Բառը պէտք է նաեւ բացատրուի եւ կենդանի գործածութեան մէջ դրուի։

Օրինակ՝

ALGORITHM — ալկորիթմ

Համակարգչային գործողութիւններու կամ հրահանգներու որոշակի եւ կարգաւորուած շարք մը՝ տուեալ խնդիր մը լուծելու կամ արդիւնքի մը հասնելու համար։

Օրինակ. ԱԻ համակարգը ալկորիթմներու միջոցով մեծ քանակութեամբ տուեալներ կը մշակէ։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։ Տարբերակ21-ի մէջ «ալկորիթմ»-ը արդէն հետեւողականօրէն կը գործածուի: Ուսողութեան մէջ գործածուող այս եզրը հայերէն համապասխանը չունի եւ մօտաւոր որեւէ եզր ծիծաղելի եւ անհեթեթ կրնայ թուիլ, հետեւաբար, զայն հայացնելը անպատեհութիւն չի ստեղծեր մեր կարծիքով:

GENERATIVE AI — ստեղծարար կամ ծնող ԱԻ

Արուեստական իմացականութեան համակարգ մը, որ կրնայ ստացած հրահանգներուն հիման վրայ նոր բնագիր, պատկեր, ձայն, տեսանիւթ կամ այլ բովանդակութիւն ստեղծել։

Օրինակ. Ստեղծարար ԱԻ-ն կրնայ բնագիր մը ամփոփել, պատկեր մը ստեղծել կամ նոր գրութիւն մը պատրաստել։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

«Ստեղծարար»-ը հետաքրքրական ընտրութիւն է, որովհետեւ հայերէնով անմիջապէս կը փոխանցէ նոր բովանդակութիւն արտադրելու գաղափարը՝ փոխանակ պարզապէս generative օտար բառը հայատառ դարձնելու։

PROMPT — հրահանգ

ԱԻ համակարգին տրուած հարցումը, ցուցմունքը, պահանջը կամ տեղեկութիւնը, որուն հիման վրայ համակարգը պատասխան կը պատրաստէ։

Օրինակ. Յստակ հրահանգ մը կրնայ օգնել ԱԻ-էն աւելի համապատասխան պատասխան ստանալու։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

«Հրահանգ»-ը այս բառարանին համար աւելի գործածելի կը թուի, որովհետեւ prompt-ը կրնայ պարզ հարցումէ մինչեւ մանրամասն պահանջ պարունակել։

HALLUCINATION — շինծու տեղեկութիւն / անհիմն պատասխան. Երեւոյթ մը, երբ ԱԻ համակարգը վստահ հնչեղութեամբ կը ներկայացնէ սխալ, հնարուած կամ փաստերով չհիմնաւորուած տեղեկութիւն մը։

Օրինակ. ԱԻ-ի ներկայացուցած աղբիւրը պէտք է ստուգել, որովհետեւ համակարգը կրնայ շինծու տեղեկութիւն արտադրել։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։

Անգլերէն hallucination-ի բառացի թարգմանութիւնը՝ «ցնորք», բժշկական եւ հոգեբանական իմաստ ունի։ ԱԻ-ի շրջագիծին մէջ «շինծու տեղեկութիւն» կամ «անհիմն պատասխան» աւելի յստակ կը բացատրէ երեւոյթը։

Բառերը, որոնց շուրջ իսկական աշխատանք կայ կատարելիք

Բառարանին ամենէն հետաքրքրական մասը թերեւս այն եզրերը պիտի ըլլան, որոնց համար պատրաստ լուծում չունինք։

Model – մոտել։ Տարբերակ21 արդէն «մոտել» կը գործածէ։ «Կաղապար»-ը կամ «նախատիպ»-ը ԱԻ-ի արհեստագիտական իմաստը ճշգրտօրէն չեն փոխանցեր, հետեւաբար միայն «աւելի հայերէն» հնչելու համար զայն գործածելը կրնայ մոլորեցուցիչ ըլլալ։

Prompt engineering – հրահանգներու մշակում։ «Հրահանգներու ճարտարագիտութիւն»-ը անգլերէնի բառացի թարգմանութիւննէ, բայց բնական արեւմտահայերէն չէ։ «ԱԻ-ին տրուող հրահանգներու մշակում» ձեւը աւելի յստակ կը ներկայացնէ գործողութիւնը։

Chatbot – զրուցավար / զրոյցային ծրագիր։ «Զրուցավար»-ը կրնայ դառնալ բնական եւ հակիրճ արեւմտահայերէն եզր, բայց վերջնական ընտրութենէն առաջ կ’արժէ համեմատել այլ տարբերակներու հետ։

Token – լեզուական միաւոր / այլ նոր եզր։ Այստեղ բառացի թարգմանութիւնը բաւարար չէ, որովհետեւ token-ը լեզուական մոտելներուն մէջ յատուկ արհեստագիտական իմաստ ունի։

Embedding – թուային ներկայացում / այլ եզր։ «Ներկառուցում»-ի նման բառացի թարգմանութիւն մը կրնայ սխալ ուղղութեամբ տանիլ, որովհետեւ ԱԻ-ի մէջ խօսքը ուսողական (mathematical) յատուկ ներկայացման մասին է։

FINE-TUNING — Ճշգրտում. Արդէն մարզուած ԱԻ մոտելի մը յաւելեալ մարզումը՝ որոշակի գործառնութեան, ոլորտի կամ տուեալներու հաւաքածոյի համապատասխանեցնելու եւ անոր աշխատանքը ճշգրտելու նպատակով։

Այս բառերուն պարագային բառարանին նպատակը վերջնական պատասխան տալը չէ։ Երբեմն «քննարկելի» գրելը աւելի օգտակար է, քան վատ հայերէն մը որդեգրելը։

Այս աշխատանքը պէտք չէ ընկալել իբրեւ վերջնական բառարան։ Արհեստագիտութիւնը չափազանց արագ կը զարգանայ։ Նոր հասկացութիւններ մէջտեղ կու գան, հին բառեր նոր նշանակութիւն կը ստանան, իսկ որոշ թարգմանութիւններ գործածութեան մէջ ընդունելի եւ բնական կը դառնան կամ ընդհակառակը՝ կը մերժուին։

Հետեւաբար Տարբերակ21-ի այս բառարանը պիտի արձանագրէ կայքին մէջ արդէն գործածուող բառերը, պիտի առաջարկէ նոր եզրեր, նշէ վիճելի տարբերակները եւ ժամանակի ընթացքին վերանայի իր ընտրութիւնները։ Այդ պատճառով անոր արժէքը միայն բառագիտական պիտի չըլլայ։ Ան կրնայ դառնալ նաեւ արեւմտահայերէնի ժամանակակից զարգացման փոքր աշխատանոց մը։

Եւ եթէ ԱԻ-ն, թուային հաղորդակցութիւնը եւ նոր արհեստագիտութիւնները պիտի կազմեն մեր վաղուան աշխարհին կարեւոր մասը, արեւմտահայերէնը պէտք է կարենայ ոչ միայն ներկայ ըլլալ այդ աշխարհին մէջ, այլեւ զայն իր բառերով հասկնալ, բացատրել եւ քննարկել։

Այս բառարանին վերջնական նպատակը ճիշդ այդ է՝ ոչ միայն թարգմանել նոր աշխարհի բառերը, այլեւ արեւմտահայերէնին տալ այդ աշխարհին մասին մտածելու լեզուն։

Ընթերցողներէն կը սպասուի հակազդել, քննարկել, առաջարկներ ներկայացնել եւ ի պահանջել հարկին՝ քննադատել:

Այսօր կը սկսինք ներկայացնել մեր բառացանկի A-ով սկսող բառերը, եւ շարունակաբար կը հասնինք մինչեւ Z:

Վ. Թէնպէլեան

 

A

ACCOUNT — հաշիւ
Թուային ծառայութեան կամ համակարգի մէջ օգտագործողի անձնական մուտքն ու իրեն վերաբերող տեղեկութիւնները պարունակող բաժինը։
Օրինակ. Օգտագործողը իր հաշիւը պէտք է պաշտպանէ ապահով գաղտնաբառով։
Կարգավիճակ. Ընդունուած գործածութիւն։

ACCOUNTABILITY — պատասխանատուութիւն / հաշուետուութիւն
Սկզբունք, ըստ որուն ԱԻ համակարգ մը ստեղծող, գործածող կամ կառավարող անձը կամ հաստատութիւնը պէտք է պատասխանատու ըլլայ անոր որոշումներուն եւ հետեւանքներուն համար։
Կարգավիճակ. Քննարկելի՝ ըստ քոնթեքսթին (խօսքաշարին)։

AGENT — գործակալ
Ծրագիր կամ ԱԻ համակարգ, որ կրնայ որոշ նպատակ մը հետապնդելու համար ինքնուրոյն քայլեր կատարել, որոշումներ տալ կամ գործիքներ գործածել։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

AI AGENT — ԱԻ գործակալ
Արուեստական իմացականութեան համակարգ մը, որ տրուած նպատակին հասնելու համար կրնայ ծրագրել եւ իրարու յաջորդող գործողութիւններ կատարել։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

AI DEVELOPER — ԱԻ մշակող
Անձ մը կամ խումբ մը, որ ԱԻ համակարգեր կը նախագծէ, կը մշակէ կամ կը կատարելագործէ։
Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։ «ԱԻ մշակող» ձեւը արդէն տեղ գտած է մեր հաւաքած բառապաշարին մէջ։

AI LITERACY — ԱԻ գրագիտութիւն
ԱԻ համակարգերուն աշխատանքի հիմնական սկզբունքները հասկնալու, զանոնք գիտակից կերպով գործածելու եւ անոնց պատասխանները քննական միտքով գնահատելու կարողութիւն։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

AI MODEL — ԱԻ մոտել
Տուեալներով մարզուած հաշուարկային համակարգ մը, որ կրնայ օրինաչափութիւններ ճանչնալ եւ անոնց հիման վրայ պատասխան, նախատեսութիւն կամ նոր բովանդակութիւն արտադրել։
Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութեան համապատասխան։ «Մոտել»-ը նախընտրելի կը մնայ, որովհետեւ «կաղապար»-ը այս արհեստագիտական իմաստը ճշգրտօրէն չի փոխանցեր։

AI SYSTEM — ԱԻ համակարգ
Արուեստական իմացականութիւն գործածող ծրագիրներու, մոտելներու եւ համապատասխան բաղադրիչներու ամբողջութիւն։
Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի բառապաշարին համապատասխան։

ALGORITHM — ալկորիթմ
Հրահանգներու կամ գործողութիւններու որոշակի եւ կարգաւորուած շարք՝ խնդիր մը լուծելու կամ արդիւնքի մը հասնելու համար։
Օրինակ. ԱԻ համակարգը ալկորիթմներու միջոցով մեծ քանակութեամբ տուեալներ կը մշակէ։
Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։ «Ալկորիթմ»-ը արդէն հետեւողական գործածութիւն ունի։

APPLICATION / APP — յաւելուած / ծրագիր
Համակարգիչի, հեռաձայնի կամ այլ թուային սարքի վրայ որոշակի աշխատանք կատարելու համար նախատեսուած ծրագիր։
Կարգավիճակ. քոնթեքսթէն կախեալ։

APPLICATION PROGRAMMING INTERFACE (API) — ծրագրաւորման օղակ (Տարածուած այլ եզր՝ միջերես)
Համակարգի, ծրագրի, սարքի կամ օգտագործողի եւ այլ համակարգի միջեւ կապ ու գործակցութիւն ապահովող միջոց։
Կարգավիճակ. Քննարկելի։

ARTIFICIAL GENERAL INTELLIGENCE (AGI) — ընդհանուր արուեստական իմացականութիւն
Տեսական ԱԻ համակարգ, որ կրնայ իմացականութեան նման բազմատեսակ մտային առաջադրանքներ կատարել։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

ARTIFICIAL INTELLIGENCE (AI) — արուեստական իմացականութիւն (ԱԻ)
Համակարգչային համակարգերու կարողութիւն՝ կատարելու այնպիսի աշխատանքներ, որոնք սովորաբար մարդկային իմացականութեան կը կապուին՝ լեզու հասկնալ, պատկեր ճանչնալ, կանխատեսել, դասակարգել կամ բովանդակութիւն ստեղծել։
Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի որդեգրած եզր։

ARTIFICIAL NEURAL NETWORK — արուեստական նեարդային ցանց
Հաշուարկային կառոյց մը, որ ներշնչուած է կենսաբանական նեարդային ցանցերու ընդհանուր սկզբունքէն եւ կը գործածուի տուեալներու մէջ օրինաչափութիւններ սորվելու համար։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

AUTHENTICATION — ինքնութեան հաստատում
Գործընթաց, որով համակարգը կը ստուգէ, թէ մուտք գործող անձը իսկապէս այն անձն է, որ կը ներկայանայ։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

AUTOMATION — ինքնագործութիւն
Մարդու կողմէ կատարուող գործողութիւն մը մեքենայի կամ ծրագրային համակարգի միջոցով ինքնաշխատ դարձնելու գործընթաց։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

AUTONOMOUS VEHICLE — ինքնավար փոխադրամիջոց
Փոխադրամիջոց, որ զգայակներու, ծրագիրներու եւ ԱԻ-ի օգնութեամբ կրնայ ամբողջութեամբ կամ մասամբ շարժիլ առանց մարդու անմիջական ղեկավարման։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

Յաջորդիւ՝ B-ով սկսող բառերեը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x