Վերացականութեան իրական չարաշահում՝ յոգնակի թիւով

April 14, 2022
  1. Յոգնակիի չարաշահում

Ի՞նչ կը մտածէք հետեւեալին մասին.

«Վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Թրուտոյի եւ Պլինքընի հետ» («Ազդակ», 15-3-20225, էջ 1):

Դուք ի՞նչ թիւով կը գրէիք հաղորդակցութիւններ-ը.

Եզակի՞, թէ՞ յոգնակի:

*   *   *

Մենք այլապէս գիտենք,  եւ յօդուածին բովանդակութիւնն ալ կը հաստատէ, որ վարչապետը խօսած է՝ մէյ մը Թրուտոյի հետ, մէյ մըն ալ Պլինքընի հետ: Այս պայմաններու մէջ  լեզուական  ոչ մէկ անհրաժեշտութիւն կը թելադրէ, առաւել եւս կը պարտադրէ, որ յոգնակի կիրարկենք հաղորդակցութիւններ-ը:

Հաղորդակցութիւնը փոխարինենք կենցաղային առօրեայ արարքով մը՝ բանաձեւելով Թորոսի եւ Մարկոսի նարինջ ուտելը. ո՞րն է ճիշդը.

–Թորոսը եւ Մարկոսը նարի՞նջ կ’ուտեն,  թէ՞

–Թորոսը եւ Մարկոսը նարինջներ կ’ուտեն:

Ես չեմ հաւատար, որ  գտնուի ողջախոհ  հայ մը, որ ըսէր ՝ «նարինջներ կ’ուտեն»:

Այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ այս միտքը արտայատողին նպատակը Թորոսին ու Մարկոսսին կերած նարինջներուն քանակը նշել չէ, այլ նարինջ ուտելու արարքը, իրողու-թիւնը: Վերը մէջբերուած լուրին  նպատակը իր կարգին  վարչապետին ունեցած հաղորդակ-ցութեան քանակը չէ, այլ իրողութեան, գործողութեան հաստատումը, հաղորդումը:

Հիմա պահ մը ենթադրենք, թէ որոշած ենք մեզ ընկալողը  իրազեկել  կերուած  նարինջի քանակութեան, ապա այդ պարագային կրնան ներկայանալ անհամար  պարագաներ.

–Թորոսը եւ Մարկոսը  մէկական նարինջ կերան:

–Թորոսը մէկ նարինջ կերաւ, Մարկոսը՝ երեք:

–Թորոսը նարինջ մը կերաւ, Մարկոսը՝ բազմաթիւ նարինջներ կերաւ:

–Թորոսը եւ Մարկոսը՝ իւրաքանչիւրը բազմաթիւ նարինջներ կերան:

Այլապէս «վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Թրուտոյի եւ Պլինքընի հետ» կառոյցը քանակական ոչ մէկ յստակաութիւն կը բերէ խօսքին՝ բացի թելադրելէ, թէ… վարչապետը գլուխները արդուկելու  չափ հաղորդակցութիւն ունեցած է մէկուն ու  միւսին հետ: Մինչ մենք բոլորս, անկիւնի նպարավաճառը ներառեալ, գիտենք, որ ան շատ-շատ մէկ-երկու անգամ հաղորդակցած է մէկուն ու  միւսին հետ: Ու վե՛րջ:

*   *   *                                                                                    Շատ խօսած ու շատ գրած եմ, որ առանց նախադրութեան հետ առհասարակ յոգնակի խնդիր չի կիրարկուիր.  չենք ըսեր, պէտք չէ ըսենք՝ «առանց նախապայմաններու»,− ինչպէս տիւ ու գիշեր  կը կարդանք այս օրերս, այլ պէտք է ըսել «առանց նախապայմանի»:

Առանց նախապայմանի-ն արդէն կը վանէ առկայ նախապայմաններու ամբողջութիւնը, ոչ մէկին կը խնայէ ան,  ալ ի՞նչ տեղիք կը մնայ  բառը յոգնակի կիրարկելու:

  1. Վերացականութիւն եւ յոգնակի թիւ

Լեզուն կը խորշի յոգնականացնելէ  վերացական  գոյականները  եւս:

Սակայն ընթացիկ կանոնները չեն վերաբերիր  Պարոյր Աղպաշեանի գրիչին, վասնզի անոր «գիրը ուրիշ գրէն է»:

–Իրենց գձուձ եսականութիւններուն հանրահաշիւները («Պայքար», թիւ 353):

–Տիրող հակասական եռուզեռներուն մէջ (անդ):

–Գալիք ընտրութիւնները իրենց կայացումներով (անդ):

–Յղի են անյեղելիութեան  հաւանականութիւններով (անդ):

–Յօգուտ մարդկութեանց յարաբերութիւններու նպաստի[1] (թիւ 255):

–Ամէն ինչ ձգուած էր ինքնահոսութեանց ու կամայականութեանց, ապիկարութեանց եւ անջատողականութեանց (թիւ 260):

–Սկսաւ հանդէս գալ … հովերգութիւններով[2] (թիւ 261):

–Հակառակ օժանդակութիւններուն եւ խնամատարութեանց (թիւ 262):

–Հայրենական տագնապներուն ու հրատապութիւններուն (անդ):

–Այս ոճով կարելի էր հաշուեյարդարներ տեսնել (անդ):

*   *   *

Հանրահաշիւ, իր իմաստին թելադրանքով, կ’ընդգրկէ տուեալ հաշիւներու ամողջու-թինը, ըստ այսմ՝  որեւէ քանակութիւն մէկէ աւելի հանրահաշիւ չի կրնար ունենալ:

Եռուզեռ մը, որքան ալ  տարածուն ըլլայ ան,  մէ՛կ ըլլալէ չի դադրիր. օրինակ՝     «Ռուսերու  ներխուժումը արտասովոր եռուզեռ  մը յառաջացուց ամբողջ Հայաստանի տարածքին»,−  որ կը նշանակէ եռուզեռ կը տիրէր Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր գաւառները՝ ամէն տեղ, եւ այս բոլորը թարգմանուած է մէկ եռուզեռ եզակիով:

Նոյնը պիտի չկարենայինք ըսել խճողում-ի պարագային. օրինակ՝

«Յորդ անձրեւ(ներ)ը խճողումներ ստեղծեց քաղաքի  տարածքին»,− ուր յոգնակի կիրարկեցին խճողում-ը,  քանի ան աւելի շօշափելի, համրելի երեւոյթ է:

Ուրիշ մերժելի յոգնակի մըն է ընտրութիւններու կայացումներ-ը. ընտրութիւնները որքան ալ  բարդ ու երկարատեւ եղած ըլլան, կը կազմեն  մէ՛կ արարում, մէ՛կ  կայացում, եւ կարելի չէ յոգնականացնել այս վերջին բառը:

Մարդկութիւն կը նշանակէ «Երկիր մոլորակի մարդոց ամբողջութիւն», հետեւաբար  չի կրնար մարդկութիւններ գոյութիւն ունենալ, որպէսզի ըսենք մարկութեանց:

Այլանդակութիւն մըն ալ  խնամատարութեանց-ն է…

Պատկերացուցէք անկելանոց մը, որ կը պատսպարէ 1000 զառամեալ, որոնց օրնիբուն կը ծառայէ մօտաւորապէս 100  հոգինոց անձնակազմ մը: Արդ, օր աւուր տրուած խնամքներու այս առասպելական  քանակութիւնը հետեւեալներէն ո՞ր  կառոյցով  պատշաճ է ներկայացնել.

–Անկեալներու խնամատարութի՞ւնը,   թէ՞

–Անկեալներու խնամատարութիւնները:

Լեզուական ամենատարրական ճաշակը պիտի թելադրէր՝  խնամատարութիւնը:                     Չեմ շարունակեր…

[1] Յօգուտ…նպաստի՝  կրկնաբանութիւն (ի օգուտ= ի նպաստ):

[2] Հովուերգութիւն… ըսել կ’ուզուի: Արմատը հովիւ է, ան pastoral-ին  թարգմանութիւնն է:

  Pasteur=հովիւ, pastoral=հովուական, հովուերգութիւն (իւ > ու):

  Իսկ հովերգութիւն  բառ գոյութիւն չունի: