Վարձատրութեան խտրութիւն սինեմայի աշխարհին մէջ
April 29, 2024
Ինչպէս այլ մարզերու մէջ, այդպէս ալ Hollywoodի մէջ, վարձատրութեան խտրութիւն կայ կիներու եւ այրերու միջեւ:
Բնականաբար պատմութէնէ եկած հարց մըն է՝ «it’s a man’s world». թագաւորներ, ղեկավարներ, տնօրէններ, զինուորականներ եւ այլ բարձր դիրքեր զբաղեցնողները միշտ տղամարդիկ եղած են:
Նոյն ձեւով, երբ ֆիլմաշխարհը սկսած է, հերոսները եղած են տղամարդիկ, ֆիլմերու նիւթերը դարձած են տղամարդոց շուրջ, գրողներն ու արտադրիչները եղած են տղամարդիկ, ֆիլմերու ստեղծագործական կազմը բաղկացած եղած է տղամարդոցմէ: Կինը երկրորդական կամ նոյնիսկ երրորդական դիրքի վրայ եղած է: Բնականաբար բարձր վարձատրուողը պիտի ըլլար տղամարդը:
Նախ անդրադառնանք թէ առհասարակ ի՞նչ հիման վրայ կ’որոշուին վարձատրութիւնները: Դերասաններու պարագային, այդ կախում ունի եթէ հիմնական դերակատարն է կամ երկրորդական դեր ունի, դերի բարդութիւնը, անգիր սորվելիք տողերու քանակը, ֆիլմի ընթացքին դերասանին երեւելու տեւողութիւնը: Բեմադրիչներու պարագային, այդ կախեալ է գործը ամբողջութեան մէջ կազմակերպելու կարողութիւնը, արտադրութեան չափը, ֆիլմին genreը, հասոյթը (blockbuster)՝ եթէ action ֆիլմ է, ինքնաբերաբար բարձր կը վարձատրուի: Անշուշտ երկուքին պարագային, հիմնականապէս նկատի կ’առնուին փորձառութիւնը, տարիներու ընթացքին ձեռք ձգած յաջողութիւնները (ներառեալ մրցանակները), եւ ամենէն կարեւորը բանակցելու կարողութիւնը:

Երբ Humphrey Bogart, John Wayn, James Stewart, Audrey Hepburn, Marilyn Monroe եւ նմաններ Hollywoodի դասական շրջանի փայլուն աստղերն էին, Elizabeth Taylor-ի պարագան էր որ շրջադարձ արձանագրեց, երբ 60ական թուականներուն աշխարհի ամենէն բարձր վարձատրութիւն ստացող դերասանը դարձաւ, Cleopatraի(1) դերին համար: Բայց այս ոչ մէկ նախընթաց ստեղծեց:

Իսկ 90ական թուականներէն մինչեւ 2000ի կէսերուն, Hollywoodի ամէնէն սիրելի կին աստղն էր Julia Roberts(2) իր լայն ժպիտով, եւ իր romantic/comedy ֆիլմերու յաջող շարքով, ինչպէս՝ Pretty Woman(2), My Best Friend’s Wedding, Notting Hill եւ Runaway Bride: Շարունակական այս յաջողութիւնները բարձր վարձատրութիւն պահանջելու բանակցութիւններու իրաւունքը տուին իրեն: Եւ այսպիսով, 2000 թուականի Erin Brockovich ֆիլմին մէջ հիմնական դերը ստանձնելուն համար ստացաւ 20 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ արժանացաւ լաւագոյն դերասանուհիի Oscar-ի: Հետաքրքրական է իմանալ որ այդ ժամանակաշրջանի աստղերէն էին՝ Tom Cruise, Tom Hanks, Brad Pitt, Mel Gibson եւ Nicole Kidman: Ֆիլմը ապացուցեց, որ կին հերոսի շուրջ դարձող նիւթով ֆիլմ մը կրնար հասնիլ մեծ յաջողութեան: Այս իրողութիւնը ապագայի բանակցութիւններու ճամբան դիւրացուց եւ դուռեր բացաւ դերասանուհիներուն առջեւ հաւասար վարձատրութիւն պահանջելու: Բայց նորէն հաւասարութիւն չեղաւ: Տղամարդիկ շարունակեցին աւելի բարձր գումարներ ստանալ:

Բեմադրութեան պարագային, այս նիւթը նոյնքան աղմուկ չի բարձրացներ որքան դերասաններու, որովհետեւ այնքան կին բեմադրիչներ չեն եղած ու չկան: Կը լսենք Steven Speilberg-ի, Peter Jackson-ի, George Lucas-ի, Christopher Nolan-ի, James Cameron-ի անունները, ոչ թէ որովհետեւ պայման կը դնեն բարձր վարձատրութիւնը, այլ որովհետեւ իրենց գործերը միշտ մեծ եւ յաջող արտադրութիւններ եղած են. այսպէս՝ Steven Speilberg հանրածանօթ է յատկապէս իր Jurassic Park եւ Indiana Jones ֆիլմերու շարքերով, E.T. the Extra- Terrestrial եւ Jaws ֆիլմերով, Peter Jacksonը՝ Lord of the Rings եւ The Hobbit ֆիլմերու շարքերով, George Lucasը իր Star Warsեր-ով(2), Christopher Nolan-ը Batman-ի շարքերով, Inception-ով, Intersteller-ով եւ Oppenheimer-ով, իսկ James Cameron-ը իր Terminator-ով, Aliens-ով, Avatar շարքերով եւ Titanic-ով:

Իսկ կին բեմադրիչներէն՝ Penny Marshall միշտ պիտի յիշուի իր Big (1988)(3) եւ A League of Their Own (1992) ֆիլմերուն արձանագրած յաջողութիւններով եւ շահով, իսկ Kathryn Bigelow՝ The Hurt Locker-ով (2008), որուն համար արժանացաւ լաւագոյն բեմադրիչի Oscar-ի, առանց սակայն յատկանշական վարձատրութեան: Patty Jenkins-ի պարագան եղաւ աննախադէպ, երբ իր Wonder Woman (2017)(4) ֆիլմին համար ստացաւ բաձր վարձատրութիւն մը, թէեւ ոչ տղամարդոց չափ:

Վարձատրութեան խտրութեան հարցով ամենէն մեծ աղմուկ բարձրացնողը եղաւ 2023ի գրողներու (Writers Guild of America (WGA)) գործադուլը, որ տեւեց մօտ 148 օր եւ յանգեցաւ որոշ համաձայնութեան: Բայց կիներու եւ այրերու միջեւ վարձատրութեան խտրութեան դէմ դնելու բողոքի ցուցական աքթերը երեւի միշտ եղած են ոչ-կազմակերպուած, ոչ ալ պաշտօնական, այլ անհատական՝ օրինակ հարցազրոյցներու ընթացքին: Ամէնէն յատկանշականը 2015-ին էր, երբ Boyhood ֆիլմին մէջ լաւագոյն երկրորդական դերի Oscarի արժանացած Patricia Arquette, իր շնորհակալական խօսքին ընթացքին անդրադարձաւ այս նիւթին: Խտրականութիւնը մինչեւ օրս կը մնայ անփոփոխ Hollywoodի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: