Մինչ Արտաւազդն ու Փոքր Մհերը կը մնան անիծուած ու աքսորուած, օտարն ու Քաջ Նազարը կը դառնան փրկարար

June 30, 2024
«Քաջ Նազար». նկարը քաղուած՝ Յ. Թումանեանի նուիրուած «Կենդանացող նկարներ» ցուցահանդէս-մրցոյթէն

Հայկական առասպելներուն մէջ մեր ինքնութիւնը կրող, նպաստող ու խանգարող կերպարներու շարքին կայ նաեւ մէկը, զոր մենք յաճախ կը մոռնանք, բայց մշտապէս կը զգանք անոր ներկայութիւնը, կամ աւելի ճիշդ՝ բացակայութիւնը: Կը շարունակենք զան փնտռել անընդհատ ու անընդմէջ եւ քանի որ չենք գիտեր, թէ ան ի՞նչ տեսք ունի, կը փորձենք զայն գտնել բոլորին մէջ։ Եւ միշտ կը սխալինք։ Կը սխալինք այն պատճառով, որ կը փնտռենք բան մը, որ գոյութիւն չունի։ Անոր անունը Հայ Ազատագրական Առասպել է՝ իր բազմադէմ ուրուականներով, զորս մենք հերոս կը կոչենք։ Այդ առասպելը, որ ծագեցաւ հայոց պատմութեան ամենէն մութ ժամանակաշրջաններէն մէկուն` որպէս փրկութեան խաբուսիկ յոյս, մինչեւ հիմա կը տանջէ հայ ժողովուրդը՝ զայն անվերջ ստիպելով ծիածանի ետեւէն վազել։

Ուշադիր նայելով ժամանակագրութեան, կրնանք նկատել, որ Հայ Ազատագրական Առասպելը ծագեցաւ Արտաւազդի հարկադիր բանտարկութենէն եւ Փոքր Մհերի ինքնակամ մեկուսացումէն յետոյ։ Նախորդ հատուածներուն (տեսնել ծանօթագրութիւնները 1, 2, 3, նաեւ՝ «Քաջ Նազար» հեքիաթը 4), մենք փորձեցինք հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ անոնք հեռացուեցան գործողութիւններու դաշտէն ու թէ ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ Քաջ Նազարը։ Բայց մենք կարիք ունինք հասկնալու նաեւ այն, թէ Արտաւազդի, Փոքր Մհերի եւ Քաջ Նազարի կողքին ծագած Ազատագրական Առասպելը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ խոստացաւ մեզի, որ մենք մինչեւ հիմա կառչած ենք անոր եւ ազատ չենք թողուր։

1045-ին, Անիի թագաւորութեան կործանումով, Հայաստանի մէջ ըստ էութեան աւարտեցաւ պետականութիւններու դարաշրջանը եւ սկսաւ օտար տիրապետողներու տանջալի փուլը, որ չնչին ընդհատումներով տեւեց մինչեւ 1991, երբ Հայաստան անկախացաւ: Շուրջ մէկ հազարամեակ պետականութիւն չունենալը մեծ խնդիրներ յառաջացուց ո՛չ միայն տնտեսական, քաղաքական, ժողովրդագրական ու ռազմական առումներով, այլեւ մեծ չափով այլասերեց հայ ժողովուրդի լեզուամտածողութիւնը: Հայկական լեռնաշխարհ ներթափանցած օտար ցեղերը հայ ժողովուրդին պարտադրեցին իրենց տնտեսական ու մշակութային կանոնները: Չունենալով պետականութեան վերականգնման համար անհրաժեշտ զինուորական ուժը, հայերը փորձեցին հարցը լուծել դաշնակցային որոնումներով: Օտար տիրապետողներու կողմէ հայկական ազնուականութեան ոչնչացման ուղղուած քայլերը ի վերջոյ յանգեցան աղէտալի իրավիճակի մը, երբ հայ ժողովուրդը մեծ մասամբ զրկուեցաւ դրամական, ռազմական ու վարչական ուժ ունեցող կառավարիչներէ՝ ազնուական դասէն: Ստեղծուած պայմաններուն մէջ միակ կառոյցը, որ կարողացաւ դիմանալ՝ եկեղեցին էր, որուն առաջնորդներն ալ իրենց վրայ վերցուցին ժողովուրդին կազմակերպման վարչական աշխատանքները՝ միջնորդ հանդիսանալով օտար նուաճողներու ու ժողովուրդին միջեւ:

Անկախութեան ու պետականութեան վերականգնման նպատակով ընտրուեցաւ դաշնակիցներ փնտռելու ճանապարհը: Դաշնակից որոնելու եւ զայն համոզելու` որպէս դիւանագիտական գործիք սկսան օգտագործել կրօնական քողով դրսեւորուող ազատագրական գաղափարախօսութիւն մը, որ պատմութեան մէջ մտաւ «Հայ ազատագրական առասպել» անուանումով: Այդ առասպելը, որ տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր երկիրներ կ’ընտրէր որպէս ազատարար՝ դարերու ընթացքին կը փոխուէր եւ կ’ամբողջանար «նոր բացայայտումներով ու հիմնաւորումներով»:

Առաջ կը քշուէին Մեծն Ներսէս կաթողիկոսի մարգարէացումները, Բիւզանդիոնի կայսր Կոնստանդինոսի կողմէ իբրեւ թէ գրուած «դաշանց թուղթը», որով բիւզանդացիները յաւիտեանս յաւիտենից եղբայր կը հռչակուէին հայերուն: Գաղափարախօսութեան իմաստը որեւէ քրիստոնեայ ուժեղ պետութիւն շահագրգռելն էր՝ Հայաստանի զինուորական օժանդակութիւն ցուցաբերելու եւ նոյնիսկ հայերը տարբեր նուաճողներու դէմ կռուելու առումով: Այդ գաղափարախօսութիւնը ինքն իրմով անորոշ էր եւ ոչ մէկ յստակ առաջարկ չէր պարունակեր, ուստի եւ ոչ մէկ գործնական յաջողություն արձանագրեց: Անոր փոխարէն ժողովուրդին մէջ արմատաւորուեցաւ ուրիշին վրայ յոյս դնելու, սեփական ուժերուն չվստահելու միտումը: Այդ մտածողութիւնը այնքան կարծրացաւ, որ դարձաւ հայ հասարակութեան քաղաքական ու ռազմական տրամաբանութեան սիւներէն մէկը:

13-րդ դարէն սկսեալ հայ քաղաքական միտքը կը զարգանար մարդասիրական արժէքներու վրայ հիմնուած աղերսագիրերու տեսքով, որ, ոչ մէկ օգուտ տալով, կը բթացնէր հասարակութիւնը եւ զայն կը համոզէր, որ սեփական ուժերով անհնար է որեւէ յաջողութեան հասնիլ: Մենք նման մտածողութեան կը հանդիպինք տարբեր դարաշրջաններու մէջ եւ այդ առասպելը ենթագիտակցաբար կենսունակ է նաեւ այսօր, երբ նոյնիսկ 1991-ի անկախութենէն եւ Արցախեան առաջին պատերազմը յաղթելէ ետք, հասարակութեան մեծ մասը տասնամեակներ շարունակ համոզուած է, որ Հայաստան իր հարցերը կրնայ լուծել միայն այն պարագային, երբ ունենայ հզօր հովանաւոր մը, ընդ որում ան պիտի օգնէ հայերուն ո՛չ թէ փոխադարձ շահու, այլ, ինչպէս արդէն նշուեցաւ՝ յանուն մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներու:

Հիմա, երբ Արցախը այլեւս չկայ եւ մենք կը փորձենք անոր մեղքը բարդել բոլորին վրայ, բացի մեր հաւաքական թուլութենէն, կը շարունակենք նաեւ զիրար հակադրել «արեւմտեան ու արեւելեան փրկիչները»՝ պնդելով, որ միայն անոնց օգնութեամբ կրնանք ապահովել մեր պետութեան գոյութիւնը։ Այսօր Եւրոպական Միութիւնը եւ Արեւմուտքը կը հակադրուին Ռուսիոյ այնպէս, ինչպէս դարերով հակադրած ենք Հռոմ-Պարթեւստան, Բիւզանդիա-Պարսկաստան, Արաբական Խալիֆայութիւն-Բիւզանդիոն, թուրքմենական տարբեր ցեղեր, Օսմաններ-Պարսկաստան, Ռուսեր-Օսմաններ․․․հիմա ալ ԵՄ-Ռուսիա։ Ըստ էութեան մենք գործ ունինք դանդաղ զարգացող ախտաբանութեան մը հետ, որ այնպէ՛ս ախտահարած է մեր գիտակցութիւնը, որ հոն այլեւս ոչ մէկ սեփական միտք ու դեր չէ մնացած։ Ամէն ինչ յանձնուած է օտարներուն։

Ծանր հեգնանք է նաեւ այն, որ եթէ դարեր առաջ մենք կը ձգտէինք միմեանց ապացուցելու, որ օտարի շնորհիւ պիտի ազատագրուինք եւ պետութիւն ունենանք, այժմ կը փորձենք փաստել, որ օտարը կը պաշտպանէ մեր պետութիւնը։

Մենք այդ առասպելին հերոսները սկսանք փոխել ամեն անգամ, երբ մեր հորիզոնին յայտնուեցաւ որեւէ նոր ու զօրեղ կերպար մը։ Մենք փրկիչ սկսանք համարել Ֆրանսայի Լուի 14-րդ արքան, Լեհաստանի Ճէն Սոպյէսքին, Աւստրիոյ Լէոբոլդ կայսրը, Վենետիկի տոճը (իշխանաւորը), ռուս ցարերը, յետոյ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընը, Քլեմանսոն, Լենինը։ Բայց անոնցմէ ոչ մէկը մխիթարութիւն չէ բերած հայերուն։ Հիմա ալ մեր փրկիչներն են ռուս Փութինը, ֆրանսացի Մաքրոնը, իրանցիները, հնդիկները, ամերիկացիները․․․իսկ մեր Արտաւազդն ու Փոքր Մհերը կը շարունակեն մնալ հեռուները, մէկը՝ անիծուած, եւ միւսը՝ աքսորուած։

Յատկանշական է, որ այդ օտար փրկիչները մեր մտածողութեան մէջ յայտնուեցան, երբ Արտաւազդն ու Փոքր Մհերը վերջնականապէս մոռացութեան մատնուեցան։ Եթէ մէկ կողմ դնենք փիլիսոփայական ոճը եւ խօսինք աւելի չոր եւ հաշուենկատ, ապա կրնանք արձանագրել, որ Արտաւազդի եւ Փոքր Մհերի մեկուսացումէն, այսինքն հայկականութեան եւ սեփական ուժի խորհրդանիշներու անհետացումէն, վերացումէն կամ մոռացութեան տալէն ետք, ժողովուրդին մօտ այդ հատուածը սկսաւ լեցուիլ օտարով, ոչ հայկականով։ Այսինքն առասպելական մակարդակի վրայ, հայ հերոսները փոխարինեցին օտար կերպարները, փրկութեան հայկական ծրագիրները փոխարինուեցան օտարներէ սպասումներով։ Եւ քանի որ օտարներէն ոչ մէկ մխիթարութիւն կայ, իսկ հերոսներն ալ մոռացուած են, այսինքն բարձր եւ կարեւոր ծրագիրները եւ գաղափարները մէկ կողմ նետուած են, տիրապետող սկսած են դառնալ միջինէն վար ու անմակարդակ, շահամոլ էութիւնները, մէկ բառով՝ Քաջ Նազարները։

Ամփոփելով, կրնանք ըսել, որ այս նահանջը հայկականութենէ կ’արտահատուի բոլոր ուղղութիւններով ու փոխադարձաբար։ Կը մոռցուի սեփականը, օտարը կը դառնայ պահանջուած. միակ այլընտրանքը Քաջ Նազարն է։

Մենք կրնանք գրել եւ գրած ենք տասնեակ անգամներ եւ գուցէ կը շարունակենք գրել եւ խօսիլ, բայց յետո՞յ։ Մի՞թէ գովասանք լսելու կամ սեփական խելացիութեամբ հպարտանալու համար։ Արդեօ՞ք որեւէ իմաստ ունի մեր հասկնալը, եթէ ոչինչ կը փոխուի։ Եթէ տակաւին քաջնազարությունը կը շարունակէ տիրապետող մնալ, երբ դեռ հայկական պետութեան գոյութիւնը կը կապուի օտարին։ Արդեօք մենք պիտի կարենա՞նք որոշակիացնել մեր միտքերն ու ուղղութիւնները եւ ի վերջոյ, գէթ մէկ անգամ կարեւոր ու առաջնակարգ համարել հայկականը։ Ոչ այն հայկականը, որ մեզի պիտի տան օտարները եւ ոչ ալ այն հայկականը, որ մեզի կ’առաջարկէ Քաջ Նազարը, այլ Մհերի եւ Արտաւազդի հայկականութիւնը։ Եւ հոս առկայ է շատ կարեւոր նրբութիւն մը․ եթէ Արտաւազդն ու Մհերը իրենք հայկականութիւն կը բերեն եւ կ’ամրացնեն զայն, ապա Նազարներն ու օտարները իրենք կը փորձեն տեղաւորուիլ հայկական ինքնութեան մէջ եւ պղտորել զայն։

Այս մէկը տակաւին կը շարունակուի, ան դեռ պիտի շարունակուի։ Այս մեր նահաջն է մեր ինքնութենէն, նահանջը առանց երգի։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x