Միասնաբար փրկենք հայերէնը
March 12, 2025
Պայքար (թիւ 412)
***Բարեփոխումների օրակարգը հետ է մնում:
—Բարեփոխումների օրակարգը յետ է մնում:
***ֆէօտալական
—ֆէոտալական…նախընտրաբար՝ աւատապետական
*** Շուրջ պարը չյաջողուեց:
—Շուրջպարը չյաջողուեց:
***Այժմ հաւակնում է դափնեպսակին:
—Այժմ յաւակնում է դափնեպսակին:
***Մէկ մասը անվերադարձ մեկնեցան:
—Մէկ մասը անվերադարձ մեկնեցաւ:
Ակօս (թիւ 1487)
***Վեց հազար մարդու ներառող
—Վեց հազաար մարդ ներառող
***հետադիմական
—յետադիմական
***փոխ տնօրէն
—փոխտնօրէն
***հաշւոյն
—հաշուոյն
***ձերամբ
—ձեռամբ
Արարատ (25/2/2025)
***երրորդ ամեակին
—եռամեակին
***Ճիշդ ժամանակն է արի զօրավար:
—Ճիշդ ժամանակն է, արի՛ զօրավար:
*** Սաւառնող արծիւներ կը սպասենք ակնակառոյց կերպով:
—Ակնկառոյց կը սպասենք սաւառնող արծիւներ:
Նաեւ՝ ակնդիր, ակնթարթ, ակնկալում, ակնկոր, ակնյայտ:
*** Բաղդաւորուեցաւ աղջիկ զաւակով:
—Բախտաւորուեցաւ աղջիկ զաւակով:
*** Եւ ի՜նչ իմանաս, եթէ սիրտը … բաբախելէ դադրած չէր:
—Եւ ի՜նչ իմանաս, թէ սիրտը … բաբախելէ դադրած չէր:
Զարթօնք, (18/2/2025)
*** Եկեղեցուոյ պատմութիւնը, ունի պատուաբեր սոովորութիւններ:
—Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ունի պատուաբեր սովորութիւններ:
***Պարսիկը մեր եկեղեցիները չվերածեն ատրուշաններու:
—Պարսիկը մեր եկեղեցիները չվերածէ ատրուշաններու:
*** Յականէ անուանէ նզովել բոլոր անոնց...
—Յականէ-անուանէ նզովել բոլոր անոնք…
***Բողոքարար զանգուած մը, որոնք վրդոված էին…հրկիզած են…
—Բողոքարար զանգուած մը, որ վրդոված էր …հրկիզած է…
***Լաւ, որ ղեկավարութիւնը թուրք են… Հայաստանի քարտէզներ կար:
—Լաւ որ ղեկավարութիւնը թուրք էր … Հայաստանի քարտէզներ կային:
Ապագայ (24/2/2025)
*** Նստաշրջանը որոշում ընդունեց դիմելու խորհուրդներուն:
—Նստաշրջանը որոշում կայացուց դիմելու խորհուրդներուն:
***Այս մեծ ողբերգութեան իբրեւ արդիւնք՝ 150 հազար արցախցիներ ստի-պուած էին տեղահանուիլ:
—Այս մեծ ողբերգութեան հետեւանքով 150 հազար արցախցիներ…
*** Թափած արիւնն ու քրտինքը մեզի կը մղեն չընկրկելու:
—Թափած արիւնն ու քրտինքը մեզ կը մղեն չընկրկելու:
***Որպէսզի, իր իսկ պնդումով, բռնի կերպով գանձէ տուրքերը:
—Որպէսզի, իր իսկ պնդումով, բռնի գանձէ տուրքերը:
***Բարեփոխումների օրակարգը հետ է մնում…
—Բարեփոխումների օրակարգը յետ է մնում:
Մասիս (22/2/2025
***Քոչարեան խուսափեցաւ ուղղակի պատասխանել:
—Քոչարեան խուսափեցաւ ուղղակի պատասխանելէ:
***Իր կողմնակիցները չեն ընդունիր Սարգսեանին:
—Իր կողմնակիցներըչեն ընդունիէ Սարգսեանը:
*** Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է:
—Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է:
***վերջին հաշւով
—վերջին հաշուով
***Նշանակելով ամենահարուստ մարդուն:
—Նշանակելով ամենահարուստ մարդը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան