Մեծարումը կարեւոր է սինեմայի աշխարհին մէջ
May 28, 2024
Մեզի՝ հայերուս համար, այս տարի, Festival de Cannes-ի ամենէն յատկանշական դէպքը հանդիսացաւ Sean Baker-ի հեղինակած ու բեմադրած Anora ֆիլմին յաղթանակը Palme D’Or-ով: Anora-ի գլխաւոր դերասաններու շարքին են ամերիկահայ Կարէն Կառագուլեան ու հայրենի դերասան Վաչէ Թովմասեան:
Արուեստագէտի մը կայունութեան եւ շարունակական ստեղծագործութեան համար շատ կարեւոր է, որ անոնց գործերը գովաբանուին: Իսկ բարձրագոյն պատիւը, ստեղծագործութիւններու գովասանքէն անկախ, իրենց անձի ճանաչումն ու անձին հանդէպ հիացմունքն է։
Ֆիլմաշխարհի մէջ, ամէնէն երեւելիները կ’ըլլան դերասանները, ապա բեմադրիչը եւ երբեմն ալ երաժիշտը. հանդիսատեսը ոչ գրողին մասին կը մտածէ, ոչ ալ նկարիչին (cinematographer), ալ ուր մնաց անձնակազմի մնացեալը: Այս պատճառով ալ, մրցանակներ եղած են բոլոր բնագաւառները գոհացնելու եւ արժեւորելու համար, ինչպէս տարազ, դիմայարդարում, editing, sound editing եւ այլն: Տարեկան դրութեամբ, տարբեր մրցանակներ կը բաշխուին ֆիլմի տարբեր մարզերու նուիրեալներուն:

Ամերիկեան ամենէն հռչակաւոր եւ բարձրագոյն մրցանակը Oscarներն են, որոնք յատուկ բաժիններուն կողքին, նաեւ ունին պատուոյ մրցանակ՝ Academy Honorary Award(1): Golden Globes մրցանակը ունի Cecil B. DeMille Award(1), որ նոյնպէս կը պատուէ ֆիլմաշխարհի տարբեր մարզերու երկար տարիներու նուիրեալներ:
Անգլիա ունի նշանաւոր BAFTA (British Academy of Film and Television Arts) մրցանակը, որուն պատուոյ մրցանակն է BAFTA Fellowship-ը(1): Ֆրանսայի պարագային կայ Les César du cinéma-ի César d’honneur-ը(1):
Այս մրցանակներէն իւրաքանչիւրը կ’արժեւորէ իր երկրի արտադրութիւնը, դատական կազմը կը բաղկանայ իւրաքանչիւր շրջանակի մասնագէտներէ, իսկ մրցանակի բնոյթը կ’ըլլայ շքեղ` լուսարձակի տակ առնելով նորաձեւութեան եւ շպարի երեւոյթները: Լաւագոյն օտար ֆիլմի բաժինը յատկացուած կ’ըլլայ բնականաբար ոչ իրենց երկրի արտադրութիւններուն:

Պատուոյ մրցանակն ալ նոյն ձեւով կը տրուի. ընդհանրապէս իւրաքանչիւրը իր երկրի արուեստագէտին: Բացառութիւններ միշտ կան` այսպէս Academy Honorary Award-ի 100-է աւելի մեծարուողներէն 13-ը ամերիկացի չեն, օրինակ 2017-ին, Academy Honorary Awardով պատուուեցաւ պելճիգացի բեմադրիչ, գրող, նկարիչ Agnès Varda-ն(2) կամ 2021-ին նորվեկիացի դերասանուհի Liv Ullmann-ը: Cecil B. DeMille Award-ի 70 մեծարուողներէն 10-ն ոչ-ամերիկացի են, օրինակ 1983-ին Cecil B. DeMille Awardով պատուուած է անգլիացի դերասան եւ բեմադրիչ Laurence Olivier կամ 1995-ին իտալացի աստղ դերասանուհի Sophia Loren-ը:
BAFTA Fellowship 105 մեծարուողներէն 34-ը անգլիացի չեն, օրինակ 2017-ին ամերիկացի դերասան Mel Brooks, 2021-ին թայուանցի բեմադրիչ Ang Lee:

César d’honneur 99 մեծարուողներէն 34-ն ֆրանսացի չեն, օրինակ, 2018-ին սպանացի դերասանուհի Penelope Cruz(3), 2024-ին անգլիացի բեմադրիչ Christopher Nolan:
Մրցանակաբաշխումներու կողքին կան շքեղ փառատօններ, որոնք համաշխարհային ֆիլմեր կը ցուցադրեն: Ամենէն յատկանշական եւ անուանի փառատօներէն նշեմ՝ Իտալիոյ Venice Film Festival-ը, Գերմանիոյ Berlin International Film Festival-ը, Գանատայի Toronto International Film Festival-ը (TIFF), Ամերիկայի Sundance Film Festival-ը, իսկ ամենէն համբաւաւորը՝ Ֆրանսայի Festival de Cannes-ը, որ բնոյթով կը տարբերի բոլոր մրցանակներէն եւ հանրածանօթ է իր բարձրագոյն մրցանակ՝ Palme d’Or-ով:
Այս փառատօներուն դատական կազմը տարեկան դրութեամբ կը փոխուի եւ կ’ընդգրկէ համաշխարհային յայտնի դէմքեր, աշխարհի չորս կողմերէն: Մրցանակաբաշխումն ալ կը փոխուի իր տարբեր բաժիններով: Իւրաքանչիւր փառատօն ունի իր բարձրագոյն մրցանակը, որ կը տրուի տարուան լաւագոյն ֆիլմին (Golden Lion, Golden Bear, TIFF Tribute Awards):

Ինչպէս մնացեալ բոլոր մրցանակաբաշխումները, փառատօներն ալ ունին մեծարանքի բաժին՝ Golden Lion for Lifetime Achievement(4), Honorary Golden Bear(4), TIFF Special Tribute Awards(4). իսկ festival de Cannes-ի պարագան Palme d’Or d’Honneur(4)՝ ուր 2002էն ի վեր, բայց ոչ անպայման տարեկան դրութեամբ, աշխարհահռչակ յայտնի դէմքեր կը մեծարէ:
Palme d’Or d’Honneur ամեէնէն համբաւ ունեցողն է, կրնայ ըլլալ ամենէն հին festivalի պատկանող ըլլալուն պատճառով, բայց նաեւ որովհետեւ աւելի հանրածանօթ է եւ լրատուամիջոցներու կողմէ մեծ քարոզչութեան արժանացած է:
Այս տարի, 14 մայիսին, 77-րդ festival de Cannesի բացման հանդիսութեան ընթացքին, Palme d’Or d’Honneur-ով մեծարուեցաւ ամերիկացի դերասանուհի Meryl Streep-ը(5), ֆիլմաշխարհի մէջ 50 տարուան լայնածաւալ եւ վառ գործունէութեան համար:
Palme d’Or d’Honneur-ը յանձնեց ֆրանսացի համբաւաւոր դերասանուհի Juliette Binoche: Շատ զգացական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Juliette Binoche, իր խօսքին մէջ, անդրադարձաւ Meryl Streep-ի ձգած դրոշմին ընդհանրապէս ֆիլմաշխարհի, եւ յատկապէս կին դերասաններու վրայ:

Meryl Streep 1989-ին արժանացաւ Festival de Cannes-ի լաւագոյն դերասանուհիի մրցանակին` A Cry in the Dark ֆիլմով(6). ան 3 անգամ Օscar-ի արժանացած է (Kramer vs. Kramer (1980), Sophie’s Choice (1983) եւ The Iron Lady (2012) ընդամէնը 21 թեկնածութիւններէ, որ մրցանիշ է:
Շուրջ 400 մրցանակներու թեկնածու, գրեթէ 200 անգամ մրցանակակիր Meryl Streep դարձած է ֆիլմաշխարհի պատմական դէմքերէն մէկը եւ համաշխարհային աստղ մը:

Festival de Cannes-ի աւարտին մեծարուեցաւ նաեւ Star Wars եւ Indiana Jones շարքի հեղինակ George Lucas: Մեզի՝ հայերուս համար, այս փառատօնի ամենէն յատկանշական դէպքը հանդիսացաւ Sean Baker-ի հեղինակած ու բեմադրած Anora ֆիլմին յաղթանակը Palme D’Or-ով, զոր յանձնեց George Lucas: Anora-ի գլխաւոր դերասաններու շարքին են ամերիկահայ Կարէն Կառագուլեան (7) ու հայրենի դերասան Վաչէ Թովմասեան (7): Ֆիլմին առաջին ներկայացումն էր. ան արժանացաւ 7,5 վայրկեան յոտնկայս ծափահարութեան: