Հայերէն գրողը պարտի զգալ ու մտածել հայու պէս

February 2, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի
  1. Պէտք է

Հայերէնի ամենահին եւ ամենատարածուն բառերէն եղած է պէտք-ը՝ հարկ, կարիք, պահանջ, ստիպում եւ այլն ու տուած է բազմաթիւ կայուն բառակապակցութիւններ՝ յատկապէս գրաբարի մէջ:

Աշխարհաբարի մէջ  «պէտք է»  ձեւի տակ ան սկզբնապէս ծառայած է  կազմելու որեւէ բայի ապառնին՝ պէտք է երթամ-պէտք է երթաս-պէտք է երթայ, որ յետոյ իր տեղը զիջած է  պիտի երթամպիտի  երթաս-պիտի երթայ ըսելու: Այս ծիրէն ներս ունեցած ենք նաեւ  երթալու եմ-երթալու ես-երթալու է, որ նմանապէս հին ապառնի մըն է:

Ներկայիս պէտք է եւ  պէտք էր այլեւս իբրեւ ապառնի, առաւել եւս իբրեւ բայ  չեն ըմբռնուիր, այլ   աւելնալով որեւէ ուրիշ բայի վրայ՝ դիմաւոր  թէ անդէմ,  ցոյց կու տան ենթակայի գործողութեան  մէկ  բարոյական  դատողութիւնը.  օրինակ՝

–Այս պարտքդ  պէտք է վճառես այլեւս…

Պէտք էր բան մը տուած ըլլայիր իրեն…

Իրենց այս կիրարկութեամբ՝ անոնք կը կոչուին եղանակիչ կամ վերաբերական:

Ասոնց մէջ վերացականութիւնը հասած է այնպիսի բարձր աստիճանի մը, որ բայական  նշանակութիւնը բոլորովին նսեմացած, անհետացած է, ադ պատճառով ալ առաջինը իբրեւ ներկայ, երկրորդը իբրեւ անցեալ ըմբռնելու հարկադրանքը նմանապէս  անհետացած է:

Այնպէս որ հայերէնի ներկայ տուեալներով  «պէտք է» ձեւը ազատօրէն կրնանք կիրարկել ներկայ թէ անցեալ ժամանակի բայերու հետ. այսինքն հաւասարապէս ըսել՝ պէտք է երթաս  եւ պէտք է երթայիր, առանց այս վերջինը վերածելու՝ պէտք էր երթայիր ձեւի, որ  օտարաբանութիւն կը նկատուի  եւ հայերէնի արդի զգացողութեամբ, այլեւ ոճաբանութեամբ ա՛լ բեռ մըն է եւ շատ խորթ կը հնչէ:

Կը մնայ, որ օտար լեզուներէ  թարգմանութեան առթիւ, ուր այդ զոյգ ժամանակները յարգուած կրնան ըլլալ, արթուն ըլլայ  հայ գրողը եւ տուրք չտայ տուեալ  լեզուին:

Այլ խօսքով՝ զգայ ու մտածէ հայու պէս:

Ստորեւ յարացուցային օրինակներ՝

պէտք է   երգեմ        պէտք չէ   երգեմ       պէտք է   երգէի        պէտք չէ   երգէի

պէտք է   երգես        պէտք չէ   երգես       պէտք է   երգէի        պէտք չէ   երգէիր

պէտք է   երգէ          պէտք չէ   երգէ         պէտք է   երգէր        պէտք չէ   երգէր

Ուրմն երգել բայը հանդէս եկած է մի՛այն դիմաւոր ձեւերու  կից:

Յատուկ ուշադրութեան արժանի են պէտք է երգէր եւ պէտք չէ երգէր, որոնք ընդհանրապէս տեղիք կու տան յաճախակի սխալագրութեան. արդի արեւմտահայը հակամէտ է գրելու՝ պէտք է երգեր  ու մանաւանդ  պէտք չէ երգեր, ինչ որ  կրկնակի սխալ է[1]:      

Պէտք է եղանակիչը կրնայ ժխտական եւս կիրարկուիլ. օրիկակ՝  

–Պէտք է ուշադիր լսես զինք: 

–Պէտք չէ երեւոյթներէն խաբուիլ:

–Պէտք չէ շատ ականջ կախել անոր խօսքերուն:                       

*   *   *

Նոյն «պէտք է»-ն կրնայ հանդէս գալ նաեւ  իբրեւ յարադրաւոր  լիարժէք դիմաւոր բայ՝  «պիտանի, օգտակար ըլլալ» նշանակութեամբ.

պէտք եմ-պէտք ես-պէտք է-պէտք ենք, պէտք էք-պէտք են,

պէտք չեմ-պէտք չես -պէտք չէ-պէտք չենք-պէտք չէք- պէտք չեն:

Նաեւ՝ պէտք էի-չէի, պէտք եղայ-չեղայ,  պէ՛տք եղիր- եղէք, պէտք մ ի՛ ըլլար-ըլլաք, պէտք պիտի ըլլամ-չըլլամ, պէտք պիտի ըլլայի-չըլլայի, պէտք ըլլայի-չըլլայի: Այլեւ՝ պէտք եղած եմ… եւ այլն:

Ան կրնայ ստանալ՝

–Ենթակայ . «Այս մատիտը պէտք է, այդ տետրակը պէտք չէ»:

–Բայական լրացումներ՝ «Հիմա պէտք ես ինծի»: «Այստեղ պէտք չէք դուք»:

Մասնակցիլ բարդ ստորադասական նախադասութեան կազմութեան.

–Այնուհետեւ պէտք եղաւ, որ ստիպուէինք  հարցաքննել  բոլորը:

*    *    *

Գրաբարի մէջ լայն կիրարկութիւն ունեցած է պիտիմ-ը իբրեւ դիմաւոր բայ  բոլոր եղանակներով ու ժամանակներով՝ պիտի-պիտէր-պիտեցաւ- պիտեսցի-պիտիցի-պիտեցեալ:

–Այր  ոչ  պիտի ծածկել զգլուխ իւր (Ոսկեբերան):

(Տղամարդը պիտի չծածկէ իր գլուխը)

–Նմա ոչ պիտէր առ վայր մի կեալն (փարպեցի):

(Անոր պէտք չէր նոյն վայրին մէջ ապրիլ)

Ասոր արձագանգները  մինչեւ այսօր ալ կը հնչեն ոմանց քով. օրինակ՝

«Պիտի հասկցնել իրեն, որ հրաժարի այդ նպատակէն»:

Աշխարհաբարը կը մերժէ այս կիրարկութիւնը, որ ժամանակավրէպ ու անընդունելի հնաբանութիւն մըն է:

*   *   *

Լայն շրջանառութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ  պէտք է դիմաւոր բայի զազրելի կիրարկութիւն մը, ուր    անոր կը կցուի անորոշ դերբայ մը. օրինակ՝

Պէտք եմ այս գիրքը երկու օրէն կարդալ:

–Սկսած գործդ մէկ օրէն պէտք ես  աւարտել:

Ցաւով  նկատած եմ,  որ այս էապէս խորթ կառոյցին ետին կանգնած եղած են Մխիթարեանները, քանի ներկայացող օրինակներուն  90 տոկոսը կը կրէ մխիթարեանի մը ստորգրութիւնը եւ անկէ տարածուած է այլուր:

  1. Կեր

Ընթացիկ լուրերու շարքին  կը կարդանք. «Արցախ է հասցուել 10 տոննա բեռ՝ սնունդ, դեղորայք, մանկական կեր»:   

«Կեր» բառի մէկ հետաքրքրական կիրարկութիւնն  է այս, որուն մինչեւ հիմա չէի հանդիպած արեւելահայերէնի մէջ: Ուրեմն կարելի է կեր կոչել նաեւ  մարդոց, այս պարագային՝ մանուկներու ուտեստեղէնը, մինչդեռ արեւմտահայերս կեր կը կոչենք մի՛այն անասուններու՝ հաւուն, աղաւնիին,  ձիուն, ձուկին  եւ այլնի  յատկացուած ուտելիքները:  Տակաւին կը զանազանենք շան ուտելիքը՝ լափ, լակ, շանի: Իսկ մարդոց համար տեղին համեմատ կ’ըսենք՝ կերակուր, ուտելիք,  ուտեստ,  ճաշ, սնունդ, պարէն, նպար, պաշար:

Ունինք խայծ ընդհանրական բառը, որ կը նշանակէ «հրապուրիչ ուտելիք», այնպիսին,  որ կը ծառայէ հրապուրելու որեւէ երէ՝ որսալու համար զայն: Փոխաբերաբար խայծ կը կոչուի որեւէ  առարկայ, որ կրնայ ծառայել մտափոխելու եւ մոլորեցնելու մարդ արարածը եւս՝ զիջում մը կորզելու համար անկէ:

–Պաշտօնի բարձրացումը կարեւոր խայծ մը հանդիսացաւ Թորոսին:

[1]  Հասկցողներէն կը խնդրուի  բացատրել «Պայքար»-ին եւ «Ասպարէզ»-ին, որոնք մնայուն թեկնածուներ են յիշեալ … սխալագրութեան: