Հայերէնի շարադասութիւնը ազատ է, բայց անիշխանական չէ

August 22, 2024
  1. Շնորհաւորենք «Յուսաբեր»-ը:

            Ան առաջին արեւմտահայ թերթն է, որ համարձակած է՝ Գուեւո  եւ Լէոնիդովո  օտար յատուկ անունները գրել բառավերջի ո-ով՝ օ-ի փոխարէն (8/8/2024, էջ 1):

            Մաղթելի է, որ երեւոյթը վարակիչ դառնայ:

  1. Սերտողութիւն

            Ստորեւ պիտի սերտենք «Արարատէ»-էն հատուած մը:

            –«Եւրոպական Միութիւնը, հակադարձելով Վրաստանի առած քայլերուն՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարելու մէջ, սառեցուց երկրին  Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը եւ սառեցուց ամէն օժանդակութիւն» («Արարատ», 10/7/2024):

                                                                   *   *   *

            Այս հատուածը, որ խորքին մէջ պարզ (անկախ) նախադասութիւն մըն է, ուշագրաւ է իր բաւական  խրթին կառոյցով եւ  բարդ կէտադրութեամբ, որ  կիրարկուած է անբեկանելի ճշգրտութեամբ:

            Ան կազմուած է ուրեմն մայր  նախադասութենէ մը.

            –«Եւրոպական Միութիւնը… սառեցուց երկրին  Եւրոպական Միութեան  անդամակցութեան  հոլովոյթը եւ սառեցուց ամէն օժանդակութիւն».

            Որ իր ծոցին մէջ կը պարփակէ միջանկեալ դերբայական դարձուած մը. այդ դարձուածն է.

            –«հակադարձելով Վրաստանի առած քայլերուն՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ օտար յայտարարելու մէջ»:

            Կէտադրական սխրանքը կը գտնուի այս դարձուածի մակարդակին:

            –Գրողը ամբողջ դարձուածը երկու ստորակէտերով՝ առջեւէն ու ետեւէն   մեկուսացուցած է, տրոհած է մայր նախադասութենէն. եւ այդպէս ալ կը թելադրէ կանոնը:

            Այս դարձուածը ինքնին ունի բարդ կառոյց մը, քանի ան գումարն է երկու դարձուածներու, մէկը՝ հակադարձելով դերբային շուրջ, միւսը՝ յայտարարելու դերբային շուրջ:

            –Ընդ ոդում՝ այս երկուքէն երկրորդը առաջինէն տրոհած է բութով մը, քանի որ  ան՝ այդ երկրորդը, յեդադաս որոշիչն է  առաջինի քայլերուն անդամի. ո՞ր քայլերուն, ինչպիսի՞ քայլերուն՝ «ոչ-կառավարական  կազմակերպութիւններ օտար յայտարարելու  մէջ»,— այլ խօսքով՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարող է ան:

            –Եւ վերջապէս ոչ-կառավարական բառի բաղադրիչները կապած է միութեան գծիկով մը. եւ այդպէս ալ կը թելադրէ կանոնը:

            Երբ  ոչ   մասնիկը կը դրուի ածականի մը վրայ՝ ստանալու համար անոր հականիշը, ապա ան միութեան գծիկով կը կապուի տուեալ ածականին՝  ոչ-պիտանի, ոչ-տեասնելի,  ոչ-ընդունելի եւ այլն:

                                                                   *   *   *

            Հիմա մտածենք հետեւեալ ուղղութեամբ. կարելի՞ էր այս դերբայական դարձուածը   աւելի կոկել, որովհետեւ քիչ մը խճողուած է ան, — այո՛, կարելի էր. ահաւասիկ.

            –«Հակադարձելով Վրաստանի՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարելու քայլին»…

                                                                             *   *   *

            Կարելի է բարեկարգել գլխաւոր նախադասութիւնը եւս.

            –«Եւրոպական Միութիւնը… սառեցուց անոր՝  Եւրոպական Միութեան  անդամակցութեան  հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ ամէն օժանդակութիւն»:

  1. Շարադասութիւն

            Շատ կը սիրենք ըսել «հայերէնի շարադասութիւնը ազատ է», սակայն ան անիշխանական չէ եւ կարիքը ունի յարգուելու, ինչպէս  ամէն ազատութիւն. այլապէս ան կրնայ փորձանքի վերածուիլ, ինչպէս  է պարագան հետեւեալին.

            –«Փեզեշքեան արեւմուտքին կոչ ուղղած է Իսրայէլի աջակցութիւնը դադրեցնել» («Յուսաբեր», 8/8/2024, էջ 2):

            Իր քաղաքական տեղեկութիւնները մի՛այն «Յուսաբեր»-էն ստացողը պիտի ենթադրէ, թէ Իսրայէլ ինչ-որ աջակցութիւն մը կ’ընէ՝ Իսրայէլի աջակցութիւնը, եւ Փեզեշքեան այսու կոչ կ’ուղղղէ դադրեցնել այդ աջակցութիւնը:

            Իսկ քաղաքական անցուդարձերուն այլապէս  ալ տեղեակ եղողը իսկոյն պիտի հասկնայ Փեզեղքեանի կոչին բուն իմաստը. ան կը թելադրէ, կը խնդրէ, որ կանգ առնէ այն աջակցութիւնը, որ Արեւմուտքը կը տրամադրէ Իսրայէլին:

            –«Փեզեշքեան  կոչ ուղղած է Արեւմուտքին՝ դադրեցնելու իր աջակցութիւնը Իսրայէլին»:

  1. Հերթական սխալ

            Հարցը կը վերաբերի շատ տարածուած, լեզուն սուսիկ-փուսիկ աղաւաղող սխալի մը, որ ունի հետեւեալ տարազը.

            –«Բրիտանիոյ պանդոկի մը տարածքին մէջ յայտնաբերուած է 7-րդ դարու հսկայ գերեզմանատուն»:

            Հայերէնի մէջ յատկացեալը  կը ստանայ ը  կամ ն   յօդը. բերուած օրինակին մէջ պանդոկի  յատկացեալը ստացած է  սխալ՝ անորոշ յօդ, այինքն՝  մը:

            Ճիշդ ձեւը հետեւեալն է՝

            —Բրիտանիոյ մէկ պանդոկի(ն) տարածքին մէջ յայտնաբերուած է… 

            Յատկացուցիչը կարելի է փոխարինել որոշիչով մըն ալ. սապէս՝

            —Բրիտանական պանդոկի մը տարածքին մէջ յայտնաբերուած է…

            Այս պարագային պանդոկի բառը կրնայ ստանալ որեւէ յօդ. այսպէս՝

            –Բրիտանական  պանդոկի(ն) տարածքին մէջ…

            –Բրիտանական պանդոկի մը տարածքին մէջ…

            Կարելի  է ազատօրէն ջնջել նաեւ  մէջ-ը, որ աւելորդաբանութիւն մըն է:

            –Բրիտանիոյ մէկ պանդոկի(ն) տարածքին յայտնաբերուած է…

            –Բրիտանական պանդոկի մը  տարածքին յայտնաբերուած է…

            [email protected]                                                     Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x