Հայերէնը կ’այլասերի….հայ մամուլին մէջ
December 13, 2023
1.Ուշադրութի՛ւն ծուղակին
Փութին ու Ռայիսի պիտի քննարկեն յարաբերութիւններու զարգացումը, ներառեալ տնտեսական ոլորտներուն մէջ («Ազդակ», 6/12/23, էջ 4):
–Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառեալ ճարտարագիտական ոլորտին մէջ (անդ, էջ 1):
* * *
Ներառեալ-ը ներառել բայի գրաբարաձեւ մէկ դերբայն է` յարակատարը:
Աշարհաբարի մէջ ունի չորս նշանակութիւն՝ ներառած, ներառելով, ներառուած, ներառուելով: Տեղին համեմատ կը նշամակէ նաեւ՝ ներառող եւ ներառուող:
Եթէ փորձենք որոշել, թէ մէջբերուած օրինակներուն մէջ այս չորս նշանակու-թիւններէն ո՛ր մէկն է յարմարագոյնը, ապա պիտի նկատենք, որ ասոնցմէ գոնէ երեքը աւելի կամ պակաս յարմար են:
Այսպէս՝
–Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառած ճարտարագիտական ոլորտը:
–Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառելով ճարտարագիտական ոլորտը:
–Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառուած ճարտարագիտական ոլորտը:
Ի՞նչ կը նկատենք:
Կը նկատենք շատ կարեւոր երեւոյթ մը. ո՛ր թարգմանութիւնն ալ տանք ներառեալ-ին, ապա ոլորտը կը դրուի անփոփոխ. սա աշխարհաբարի ուղղական-հայցական հոլով ըսուածն է:
Գրաբարը չինարէն չէ, ան ալ հայերէն է, եւ ուրեմն ան ալ ներառեալ-ին հետ պարտի ըսել ու գրել ոլորտը կամ ոլորտները:
Եւ ո՛չ՝ ոլորտին մէջ կամ ոլորտներուն մէջ:
Ասոնք երկուքը… ահա չինարէն են, եւ արեւմտահայը ընդհանրապէս ներառեալ-ը կը կիրարկէ չինացիի պէս՝ առանց հայագիտութեան դափնեպսակը մէկուն զիջելու:
Արեւելահայը օրին աւելի ճիշդ կը կիրարկէր ներառեալ-ը. անկախութիւնը, շատ մը բաներու կողքին, խախտեց ասոր ճիշդ կիրակութիւնն ալ, վկայ՝ հայրենի ԶԼՄ-ները, որոնք զիրար կը գերազանցեն՝ առանց հրեայի ու հեթանոսի խտրութեան:
Եզրակացութիւն
Ուրեմն ներառեալ-ին կից միշտ անփոփո ՛խ կիրարկել անոր բնորոշած բառը, որ իր քերականական խնդիրն է: Եւ այս՝ անկախ նախադասութեան այլ հոլով ունեցող խնդիրներէն. օրինակ՝
–Մենք կը հպարտանանք Թորոսով ու Մարկոսով, նեարառեալ Կիրակոսը:
–Դիմեցինք Թորոսին ու Մարկոսին, ներառեալ Կիրակոսը:
–Հրաժարեցաւ Թորոսէն ու Մարկոսէն, ներառեալ Կիրակոսը:
* * *
Կը շարունակեմ անոնց համար, որոնք կը ձգտին քիչ մը աւելի առաջ երթալ:
Ինչպէս նկատեցիք, ներառեալ դերբայը աշխարհաբար թարգմանեցինք թէ՛ ներգործաբար՝ ներառած, թէ՛ կրաւորաբար՝ ներառուած:
Ասոնց առաջինը քերականօրէն կը պահանջէ հայցական հոլով խնդիր, իսկ երկրորդը՝ ուղղական հոլով խնդիր:
Քանի որ գոյականին ուղղականն ու հայցականը նոյնն են, ապա հաւասարա-պէս կը գրենք ոլորտը, որ իրօք թէ՛ ուղղական է, թէ՛ հայցական: Ուրեմն գոյական խնդիրի պարագային երկբայելու կարիք ու վախ չունինք:
Սակայն խնդիրը կրնայ ըլլալ անձնական դերանուն մը, որուն ուղղականն ու հայցականը տարբեր են՝ ես/զիս, դուն/քեզ, ինք/զինք, ան/զայն, մենք/մեզ, դուք/ձեզ, իրենք/զիրենք, անոնք/զանոնք:
Ինչպէ՞ս որոշել, ինչպէ՞ս ընտրել, ո՞ր մէկը ընտրել:
ա) Ներգործական՝ ներառեալ/ներառած
Երբ, ուրեմն, ներառեալ-ը մտածուած է ներգործաբար, պարտաւոր ենք կիրարկելու հայցական հոլով դերանուն խնդիր. օրինակ՝
–Բոլորը հրաւիրեցին տօնահանդէսի, ներառեալ/ներառած զիս:
–Խուսափեցան իրենց բոլոր ծանօթներէն, ներառեալ/ներառելով քեզ:
Հաւանաբար այս վերջին օրինակին առթիւ զօրաւոր հակում ունիք ըսելու՝ քեզմէ: Սակայն անհեթեթ է ըսել քեզմէ. Ճիշդ ինչպէս որ չեմ կրնար աշխարհաբար ըսել «ներառելով քեզմէ», այնպէս ալ թոյլատրելի չէ ըսել «ներառեալ քեզմէ», քանի ներառեալ եւ ներառելով համարժէք են:
բ)Կրաւորական՝ ներառեալ/ներառուած
Իսկ երբ ներառեալ-ը մտածուած է կրաւորապէս, պարտաւոր ենք կիրարկելու ուղղական հոլով դերանուն խնդիր. օրինակ՝
–Բոլորը հրաւիրուեցան տօնահանդէսի, ներառեալ/ ներառուած ես:
–Բոլոր դիմորդները նկատի պիտի առնուին, ներառեալ/ներառուած դուն:
Ինչո՞ւ սխալ կը կիրարկուի ներառեալ-ը:
Այսինքն՝ այս դերբային խնդիրը:
Սխալ կը կիրարկուի, որովհետեւ ներառեալ-ը գրաբար կառոյց է, եւ աշխարհաբարեան մտածողութիւն ունեցողին համար,− իմա՝ արդի հայութեան բացարձակ մեծամասնութեան,− ան այլեւս թելադրական չէ, եւ արդի հայը զայն կ’ընկալէ համադասական շաղկապի մը պէս եւ ներառեալ-ի խնդիրին կու տայ ափեղ-ցփեղ ձեւաւորում մը, ինչպէս է պարագան թիւ 1-ի մէջ բերուած բնագրային օրինակներուն: Ի՞նչ ընել:
Ամէն բանէ առաջ ցուցաբերել սորվելու պարկեշտ ու անկեղծ ճիգ մը:
Երկրորդ՝ ամէն առթիւ ներառեալ-ը մտովի թարգմանել աշխարհաբարի եւ ուշադրութիւն ընել, թէ ձեր գրածը հա՞շտ է աշարհաբարեան ձեւին:
Երրորդ՝ հրաժարիլ գրաբարեան ձեւէն եւ կիրարկել աշխարհաբարեան համարժէքը. այս կը հանդիսանայ սխալները կանխելու լաւագոյն միջոցը:
* * *
Մասին
Արդի հայը հակում ունի ձերբազատելու մասին յետադրութենէն, որ վերաբերում ցոյց կու տայ եւ որուն կիրարկութիւնը հետզհետէ կը նօսրանայ, լեզուէն դուրս մղուելու բացայայտ հակումով մը:
–«Թորոսին մասին խօսեցաւ»,− կը նշանակէ Թորոսին վերաբերող բաներ մը ըսաւ:
Սա իբրեւ հոմանիշ ունեցած է առնչութեամբ կապական բառը, որ այնքան ալ ընդհանրացած չէ. «Թորոսին առնչութեամբ խօսեցաւ»,− թէեւ մերթ ընդ մերթ ձեռնհասօրէն կը կիրակուի ան. օրինակ՝
–Անդրադարձ կատարուած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առնչուող թեմաներու («Արարատ», 12/10/2023):
–Ներկայացումը եւ անոր յաջորդած քննարկման նիստը շատ բան կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու փորձառութեան առնչութեամբ («Ակօս», 13/10/2023):
Մասին-ը թօթափելու հակումը արեւելահայերէնի մէջ թարգմանուած է վերաբերեալ կապական դերբայով. «Թորոսին վերաբերեալ խօսեցաւ»,−որ անմիջապէս որդեգրուեցաւ արեւմտահայութեան կողմէ, որ իր թերթերը կ’ողողէ այս բառով. բացէ՛ք, օրինակ, «Ազդակ»-ի հերթական որեւէ թիւ ու անոր քաղաքական էջերուն վրայ, ի ժամու թէ տարաժամու, այլեւ ի պէտս ու յանպէտս պիտի համրէք զայն կուշտուկուռ, զի մնայուն ներկայութիւն է ան, անկոչ հիւրի մը պէս, որ ոչ մէկ հրաւէրի կը կարօտի:
— Կողմերը մօտ եղած են զինադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն կայացնելուն:
Ասոր մօտաւորապէս զուգահեռ նմանապէս արեւելահայերէնը հնարեց գծով կապական բառը, որ իր կարգին վերաբերում, որոշ չափով ալ սահմանափակում ցոյց կու տայ. օրինակ՝ «Տնօրէնին ուսումնական գծով տեղակալը…»,− որ կը նշանակէ «տնօրէնին՝ ուսումնական հարցերու վերաբերող կամ առնչուող պարտաւորութեանց մէջ փոխարինողը»:
–Թուրքիա կը դատապարտէ Արցախի հարցով Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը:
—Արաբիա արտակարգ ժողով գումարեց… քննելու համար Կազայի պատերազմին հարցը:
Հարկ չկայ ըսելու, որ արեւմտահայը ասոր առջեւ ալ լայն բացաւ իր դռները՝ իր յառաջապահներով ու յետսապահներով՝ տեղին համեմատ գերազանցելով փոխատու աղբիւրը: Կը յիշեմ, մեր թերթերուն մէջ նոր-նոր սկսած էր երեւիլ ան, երբ առիթով մը Հրաչ Տասնապետեան, որ իր ժամանակին եղած է արեւմտահայերէնը լաւագոյն կիրարկողներէն մէկը, ըսաւ.
− Եղբա՛յր, ուրկէ՞ բուսաւ այս գծով-ը. ջիղերս կը սղոցէ…
Անկէ ի վեր շա՜տ ուրիշ ջիղեր սղոցեց ան՝ առանց տեղի տալու:
Այո, ուրկէ բուսաւ ու կը բուսնին այսպիսիները…
Աստուած գիտէ. արեւելահայուն բառաստեղծական գաղտնիքները միշտ ալ ծանօթ չեն: Տակաւին կասկածելի է, որ ստեղծուած ըլլան, շատ աւելի իրապաշտ պիտի ըլլար մտածել ինչ-որ փոխառութեան մասին՝ բառացի թարգմանութեան ճամբով, եւ առաջին հերթին ռուսերէնէ, եւ ոչ միայն. այսօր արեւելահայը քաղաքացին է գրեթէ ամբողջ Եւրոպայի եւ անոր բոլոր ոստաններուն: Եւ գնա՛ գուշակէ, թէ ուկէ՛ կու գան անոր փոխառութիւնները:
Եւ շարքը փակուած չէ:
Վասնզի այսօր առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ մասով կապական բառին, որ ահաւասիկ.
—ԼՂ-ում ռուս խաղաղապահների մասով մենք խօսելու ենք Բաքուի հետ. Զախարովա («Առաջին լրատուական»):
–Այդ մարմինն է, որ կարող է արտաքին քաղաքական հետքի մասով տեղեկություն տալ (անդ):
–Հյուսիս-հարավ ճանապարհի կառուցման մասով լուրջ առաջընթաց ունենք (Փաշինեան, «Հայկական ժամանակ»):
–Ատոմակայանի մասով ունենք 2 պրոցես (Հայկական ժամանակ):
–Ատոմակայանի մասով ունենք 2 պրոցես.
Տարընթերցում չէ տեղի ունեցածը, տառասխալ ու վրէպ ալ չէ. սա միսով ու ոսկորով մաս բառին գործիականն է. մաս-մասին-մասէն-մասով. ուրեմն ծանօթ մասին՝ տրականի հետեւողութեամբ, անոր քովն ի վեր եւ որուն առաջին անգամն է որ կը հանդիպիմ:
Գալով անոր ծագումին, ապա չարաշուք Զախարովայի քստմնելի անունին յիշատակումը՝ իբրեւ աղբիւր, ըստ ամենայնի թելադրական է. ուրեմն ենթադրաբար ռուսերէնէ թարգմանութիւն մըն է տեղի ունեցածը, եւ բացառուած չէ, որ հէնց ռուսերէնն ալ ըլլայ այս բառաձեւը թելադրողը:
Ճիշդ ի՞նչ կ’ըլլայ ասոր ճակատագիրը՝ չեմ գիտեր, ժամանակները կ’որոշեն եւ… սփիւռքահայ լրագրողները, որոնք միշտ առաջին գիծի վրայ են փոխառութեան, դուք ըսէք՝ կոյր ընդօրինակութեան… գծով: Առ այժմ՝
–Ան կարծես ջիղերս կը սղոցէ:
Եթէ ընթերցողի ջիղերը բան մը կ’արժեն արեւմտահայ գրողի աչքին:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան