Հայերէնը «ամեակ» անունով բառ չունի

May 17, 2024
  1. Շնորհաւորենք Կարո Արմէնեանը՝ կարենալ բայի ճիշդ գործածութեան համար:

            –«Վերոյիշեալ պայմանները օրը-օրին գոհացնել կարենալու համար»:

            Նաեւ՝ «Յուսաբեր»-ը՝ պատասխանատւութիւն ուղղագրութեան համար: 

  1. Առոգանական այլանդակութիւնները կ’երեւի պիտի շարունակուին հայրենի ԶԼՄ-ի ծիրէն ներս:

Ահա խօսուն օրինակ մը եւս.

Պուտինը Ալիեւին միջնորդ է կարգե՞լ («Հայկական ժամանակ»):

Սա մաքուր պարսկական արտասանութիւն է. պարսկերէնը կը հարցադրէ միշտ վերջին բառը՝ երկարելով զայն:

Մինչ հայը կըսէ՝

— Պուտինը Ալիեւին  միջնո՞րդ է կարգել:

  1. Ինչպէ՞ս կը մտածէ ու կը շարադրէ արեւելահայը.

            –Երեւանի յիշեալ բնակիչը, 67-ամեայ տղամարդուն ապօրինաբար կեանքից զրկելու դիտավորութեամբ,  հրազէն հանդիսացող ատրճանակով մէկ անգամ կրակել է վերջինիս կենսական կարեւոր օրգանների ուղղութեամբ («Հայկական ժամանակ»):

          Ուրեմն պէտք է ենթադրել, թէ՝

          ա. Կարելի էկեանքից զրկել նաեւ… օրինաւորապէս, իսկ յիշեալ բնակիչը զրկել է  ապօրինաբար:

          բ. Կան ատրճանակներ, որոնք հրազէն չեն, մինչ այստեղ կիրարկուածը… հրազէն է:

          գ. Գոյութիւն ունին կենսական ոչ-կարեւոր օրկաններ եւս, մինչդեռ այստեղ թիրախաւորուած են կարեւորները:

          Ծանօթ.— որքա՜ն ուսուցողական պիտի ըլլար, եթէ  այս լուրը շարադրողը թուէր «կենսական ոչ-կարեւոր օրկան մը»: Ինչե՜՜՜ր կրնայինք սորվիլ ու մեր կարգին սորվեցնել ուրիշներուն ալ:

  1. Որքան ամեակները աւելնան, զուգահեռ կ’աւելնան նաեւ զանոնք արձանագրելու գայթակղութիւնները: Ասոր վառ ապացոյցը կու տան «Ազդակ»-ի եւ «Պայքար»-ի հետեւեալ օրինակները.

            –«Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ  ամեակի ոգեկոչման առիթով» (9/5/24):

            –«Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակի նշում» (12/5/24):

            Մէյ մը կը կարդանք յօդուածին սկիզբը, եւ կը մտածենք, թէ թիւրիմացաբար սպրդած է նման  կոտոշաւոր սխալ մը, սակայն քիչ անդին կը հանդիպինք նոյնին կրկնութեան. չէ, ուրեմն… թիւրիմացութիւն չկայ, այլ կայ լեզուական եւ իմացական  սայթաքում մը, որ, դժբախտաբար ասոնց մենաշնորհը չէ. անոր կը հանդիպինք սփիւռքահայ մամուլի քիչ մը բոլոր էջերուն՝ կանոնաւոր հերթականութեամբ:

            Եւ ըսել, թէ քանի-քանի անգամ անդրադարձած եմ այս սխալին եւ քանիցս յանձնած եմ զայն մեր մամուլի բոլոր միաւորներուն ա՛նխտիր:

            Հայերէնը ամեակ անունով բառ չունի, որպէսզի զայն անջատ գրենք եւ անոր վրայ աւելցնենք դասական թուական որոշիչ մըն ալ՝ 109-րդ (հարիւրիններրդ):

            Ամեակ-ը շատ իւրայատուկ ձեւոյթ մըն է, որ աւելնալով բացարձակ թուականի վրայ, ըսենք՝ թիւի վրայ, զայն կ’օժտէ երկու կարգերով.

            –տարուան կարգով,

            –դասականութեան կարգով:

            Եւ զայն կրող թիւը կը նշանակէ «այսինչերորդ տարի»:

            Օրինակ՝  յիսունամեակ կը նշանակէ յիսուներորդ տարի:

            Ըստ այնմ ալ՝ 109-ամեակ պիտի նշանակէ 109-րդ տարի կամ  տարեդարձ:

            Ուրեմն՝ 2000 թուականը Ցեղասպանութեան  85-ամեակն էր, ոչ 85-րդ ամեակը:

            2024-ը Համազագայինի հիմնադրութեան 95-ամեակն է, ոչ 95-րդ ամեակը:

            Այսինչերորդամեակ կոչուած ճիւաղութիւն չկայ հայերէնի մէջ:

            Ան կայ ուղեղներու մէջ, ուրկէ պէտք զայն վանել այլեւս:

            Մեղք է… հետզհետէ աւելի կը բթանան կոր մեր ուղեղները հոն, ուր միամտաբար հակառակին ակնկալութիւնը կը փայփայենք:

  1. Կարդանք հետեւեալը.

            –«Ռուսիան ինքզինքին  կը վերապահէ հակազդելու իրաւունքը»:

            Ինքզինք-ը արեմտահայերէնի «անդրադարձ» կոչուած դերանունն է:

            Մի՛ակը՝ օժտուած բոլոր դէմքերով եւ թիւերով՝

            —Ինքզինքս-ինքզինքդ-ինքզինք(ը)-ինքզինքնիս-ինքզինքնիդ-ինքզինքնին

            Այս դերանունի առկայութեան՝ նախադասութեան ենթակային կատարած գործողութիւնը կ’անցնի նոյնինքն ենթակային վրայ. օրինակ՝

            —Ես ինքզինքս  դիտեցի:

          –Դուն  ինքզինքդ մատնեցիր:

          –Անոնք ինքզինքնին  ներկայացուցին:

            Համազօր է անգլերէնի  himself-ի այլազան դէմքերուն եւ թիւերուն:

            Ամէն լեզու անդրադարձ դերանուն չունի. այսպիսիները կը դիմեն զանազան  միջոցներու,  հետեւաբար բախտաւորութիւն է, որ հայերէնը ունի զայն:

            Իր մեծ առաւելութեան կողքին՝ ան ունի հոլովական սահմանափակութիւն մը. հայցական հոլով է: Նոյնն էր գրաբարի մէջ՝ ինքն զինքն:

            Այս թերին դարմանելու  եւ այլ հոլովներ ունենալու համար ռամիկը,— եւ ոչ միայն ռամիկը,— հակամէտ է հոլովելու զայն սապէս՝

                        ինքզինքիս-ինքզինքէս-ինքզինքովս…

            Ինչ որ թոյլատրելի չէ:  

            Հապա ո՞ւր է լուծումը:

            Լուծումը բաղադիր կառոյցներու դիմելն է, ինչպէս կ’ընեն շատ լեզուներ.

                        ես  իմ    –  ես ինծի     –  ես ինձմէ   – ես ինձմով

                      ինքն իր – ինքն իրեն –  ինքն իրմէ – ինքն իրմով

          Պէտք է զգուշ ըլլալ, որ այս վերջինները միացած չգրենք՝ ինքնիր, ինքնիրեն, ինքնիրմէ, իմնքնիրմով… ճիշդ ինչպէս չենք գրեր եսինծի, եսինձմէ, եսինձմով

            Ունինք ինքնիրեն  համադիր ձեւ մը, որ մակբայ է. կը նշանակէ առանց ուրիշի միջամտութեան կամ օգնութեան. օրինակ՝

          —Այս ծառը ինքնիրեն բուսաւ:

            Այսինքն՝ որեւէ մէկը չտնկեց ու  չխնամեց զայն:

            –Վիրահատեալը ինքնիրեն կը քալէ:

            Այսինքն՝ որեւէ մէկուն օգնութեան  չի դիմեր:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x