Հայաստան կը մասնակցի «Vivatech 2024» միջազգային ցուցահանդէսին

May 29, 2024

22–25 Մայիս, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Viva-Tech 2024» միջազգային ցուցահանդէսին, Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերած է տաղաւարով մը, ուր ներկայացուած են տասը start-up ընկերութիւններ:

Ցուցահանդէսի մասնակցութիւնը կարելի եղած է իրականացնել աջակցութեամբ Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան։ Հոն ցուցադրուած են հայրենի արհեստագիտական ներուժն ու նուաճումները՝ արուեստական բանականութեան, համացանցային անվտանգութեան, ռոպոթաշինութեան, ելեւմտական եւ մարզական արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ։

24 Մայիսին, «ARMENIA» տաղաւար այցելած է դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ ծանօթացած հայկական ընկերութիւններու նորարարութիւններուն եւ ցուցահանդէսին ներկայացուած արտադրանքներուն։ Ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուած են սոյն ոլորտի զարգացման եւ ֆրանսական ընկերութիւններու հետ համագործակցութիւն հաստատելու հեռանկարներուն առնչուած հարցեր։

Ցուցահանդէսին մասնակցած են 120 երկիրներէ շուրջ 3500 ընկերութիւններ։ Իսկ Հայաստանէն մասնակցած ընկերութիւններն են՝ «Մետրիկ» (Metric), «Իզիթեք» (Izitek), «Սոֆթ Կոնստրակտ» (SoftConstruct), «Վիթրուվի» (Vitruvi), «ՖայվԲրէյն Լաբս» (FiveBrane Labs), «Հեքս Դիվիժն» (Hex Division), «Դիջի Սոֆթ» (DigiSoft), «Նեքստստեք» (NextStack), «Ադեվից» եւ որպէս այցելու՝ «Ինորեյն» (INORAIN), «Արփինետ» (Arpinet) ընկերութիւններն ու «Զլինկ» (Zlink) գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x