Հայաստան աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներու առաջին տասին մէջ
January 14, 2025
Numbeo-ի 2025-ի ապահովութեան ցուցանիշին համաձայն, Հայաստան աշխարհի ամենէն ապահով երկիրներու առաջին տասին մէջ է՝ գրաւելով ցանկին 8-րդ տեղը։
Ըստ երկիրներու, Numbeo-ի մասնագէտները ներկայացուցած են ապահովութեան թարմացուած ցուցանիշը, որ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը. Անտորրա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Թայուան, Օման, Մեն կղզի, Հոնկ Քոնկ, Հայաստան, Սինկափուր եւ Ճափոն։
Վրաստան կը գրաւէ 21-րդ տեղը (73,7 կէտ), Ատրպէյճան՝ 33-րդը (68,2 կէտ), Ռուսիա՝ 51-րդը (61,3 կէտ), Թուրքիա՝ 57- րդը (58,8 կէտ), Իրան 93-րդն է (49,5 կէտ)։
Աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր երկիրներն են Վենեզուելա, Փափուա Նիւ Կինէա, Հայիթի, Աֆղանիստան, Հարաւային Ափրիկէ, Հոնտուրաս, Թրինիտատ եւ Թոպակօ, Սուրիա, Ճամայքա եւ Փերու։