Հայաստանի համալսարանները շուտով կը մէկտեղուին «Ակադեմական քաղաքի» մէջ
July 4, 2024
Թէ՛ Հայաստանի բարձրագոյն կրթութիւնը եւ թէ՛ Երեւանի քաղաքային համայնապատկերը վերափոխելու յաւակնոտ քայլով մը, Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացուցած է «Ակադեմական քաղաքի» ստեղծման ծրագիր մը: Այս ծրագիրը, որ կը միտի էականօրէն փոխելու երկրին բարձրագոյն կրթական եւ գիտահետազօտական հաստատութիւններու համակարգը, կը նպատակադրէ անոնց համալրումը աւելի մեծ միաւորներով՝ մէկտեղուած նոր վայրի մը մէջ, մայրաքաղաքի ծայրամասին: Նկատի առնելով, որ ծրագիրը կը խոստանայ անվճար դասընթացքներ տրամադրել բոլոր դիմող ուսանողներուն, ան հրապարակային քննարկումներու եւ հակասութիւններու դուռ բացած է:
Քաղաքը պիտի կառուցուի Երեւանի 17-րդ թաղամասին կից շուրջ 680 հեքթար տարածութեան վրայ, որ սահմանակից է Արմաւիրի, Արագածոտնի եւ Կոտայքի մարզերուն եւ փոխադրական տարբեր միջոցներով կապուած պիտի ըլլայ թէ՛ Երեւանին, թէ՛ ալ մարզերուն:
Այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակներէն մէկը մօտաւորապէս 60 բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համախմբումն է շուրջ ութ աւելի մեծ միաւորներու մէջ: Այս հաստատութիւնները բոլորը կը փոխադրուին վերոնշեալ նորամշակ վայրը, որուն յատակագիծը պատրաստած է գերմանական Gerkan, Marg and Partners (gmp) ճարտարապետական ընկերութիւնը: Նախագիծը կ’ընդգրկէ արդիական կառոյցներ եւ համարկուած ակադեմական համալիրներ:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորթի նախարար, դոկտ. Ժաննա Անդրէասեան կ’ընդգծէ, որ այս նախաձեռնութիւնը օրակարգի վրայ է աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր՝ ընդգրկելով միջազգային խորհրդատու ընկերութիւններ: Անդրէասեանի համաձայն, անոր նպատակն է Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները համաշխարհային մակարդակով մրցունակ դարձնել: «Մենք հետամուտ ենք, որ առնուազն մեր համալսարաններէն չորսը մաս կազմեն աշխարհի 500 լաւագոյն ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններու վարկանիշներու ցանկին», – կը նշէ ան` նկատի ունենալով Times Educational Ranking-ի եւ Shanghai Ranking-ի նման վարկանշային դրութիւններ:
Ակադեմական քաղաքի ծրագիր յղանալու հիմնական հարցերէն մէկը Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու գերբնակեցումն է, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անարդիւնաւէտութեան եւ կրթական մակարդակի անկումին: Կ’ակնկալուի, որ անոնց մէկտեղումով աւելի մեծ կուտակումներու մէջ, առաւելագոյնի կը հասնի արդիւնաւէտութիւնը եւ կը կրճատուին վարչական ծախսերը: Անդրէասեան զուգահեռներ կը գծէ օրինակներու հետ, ինչպէս՝ Լոնտոնի Արուեստից Համալսարանը, որ յաջողութեամբ համարկած է բազմաթիւ գոլէճներ մէկ հովանիի ներքեւ` միաժամանակ պահպանելով անոնց առանձնայատկութիւնները:
Ակադեմական քաղաքին մէջ, ակադեմական իւրաքանչիւր համախմբում համագործակցութիւն պիտի հաստատէ միջազգային գիտական հիմնարկներու հետ, ինչպէս՝ Միւնիխի արհեստագիտութիւններու համալսարանը (TUM), Գալիֆորնիոյ արհեստագիտութիւններու հիմնարկը (CIT) եւ Armenian Society of Fellows (https://asof.am/)` համաշխարհային լաւագոյն փորձառութիւն ապահովելու հեռանկարով:
Ծրագիրը կ’ընթանայ փուլային մօտեցումով. նախագծման փուլ (2023 հոկտեմբերէն մինչեւ 2025 սեպտեմբեր), շինարարութիւն (2025-էն մինչեւ 2029) եւ ակադեմական խմբաւորուներու նախնական օգտագործում՝ 2030-էն սկսեալ: Կառավարութիւնը կ’ակնկալէ, որ ծրագրին ամբողջական իրագործումը տեւէ 30-50 տարի: Առաջին հիմնարկները կրնան 5-7 տարուան ընթացքին տեղափոխուիլ:
Տակաւին յստակ չէ, թէ ծրագրին ընդհանուր ծախսը որքա՞ն է: Միայն նախագծումի եւ նախնական աշխատանքներուն սկսելու համար նախատեսած է շուրջ 3 միլիառ տոլար յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէին մէջ: Այս ծրագիրը եւ անոր ընդհանուր ծախսը մտահոգութիւն յառաջացուցած է՝ նկատի առնելով ազգային այլ առաջնահերթութիւններ, ինչպէս՝ պաշտպանութիւնը եւ գաղթականներու օժանդակութիւնը: Քննադատները կը պնդեն, որ այդ միջոցները կրնան աւելի լաւ ծախսուիլ անմիջական կարիքներու համար, մինչդեռ կողմնակիցները ծրագիրը կը նկատեն կենսական ներդրում մը Հայաստանի ապագային համար:
Ընդդիմութիւն գոյութիւն ունի նաեւ Երեւանի մշակութային կեանքին անբաժանելի մասը նկատուող հիմնարկներու տեղափոխման դէմ, ինչպէս՝ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը: Կրթական նախարարութիւնը սակայն, կը խոստանայ, որ Ակադեմական քաղաքին մէջ բարելաւուած փոխադրամիջոցները եւ նախատեսուած արդիական յարմարութիւնները կ’երաշխաւորեն մշակութային ներգրաւուածութիւնը:
Ակադեմական քաղաքի կառուցման առաջին փուլով կը նախատեսուի գործարկել համալսարանական խմբաւորումներու չորսը` կրթական, արուեստներու, արհեստագիտական եւ սպայական ուղղութիւններով: Նշուած խմբաւորումներուն եւ անոնց յարակից տարածքներուն մէջ, նախնական տուեալներով կը նախատեսուի, որ աշխատին ու բնակին շուրջ 44.000 անձեր: ԸՆթացքի մէջ են ենթակառոյցներու ծրագրումի եւ փոխադրամիջոցներու ցանցի նախագիծի պատրաստութեան աշխատանքները, որոնք կ’աւարտին 2025-ին, որմէ ետք կը սկսի կառուցապատման առաջին փուլը. նախնական գնահատումով, առաջին փուլի աշխատանքները կ’աւարտին 2030-ին: