Կրնա՞նք եզրակացնել, թէ հայերէնը կը դժուարանայ հետզհետէ
October 28, 2022
- ***Մի՛ ըսէք՝
Որոշում ընդունիլ կամ առնել:
Այլ ըսէք՝
Որոշում կայացնել կամ որոշում տալ:
***Մի՛ գրէք՝
Փոխ կառավարիչ՝ անջատ, «Հասկ»-ի պէս:
Այլ գրեցէ՛ք՝
Փոխկառավարիչ՝ միացած, հայու պէս:
***Մի՛ արտասանէք ու գրէք՝
Ի՞նչպիսի , ո՞րքանով՝ «Մարմարա»-ի եւ Պարոյր Աղպաշեանի պէս:
Այլ արտասանեցէ՛ք ու գրեցէ՛ք՝
Ինչպիսի՞, որքանո՞վ՝ հայու պէս:
2.Ուշադի՛ր կարդանք հետեւեալները.
–Թուրքերու 64 տոկոսը համոզուած են, որ Էրտողանը կարող չէ…
–Գլխաւոր հարցերը իր անդամակցած ՆԱԹՕ-ի հետն է:
–Մեծ մասը կը ղեկավարուէին փորձառու անձերու կողմէ:
–Ուսանողներուն մեծ մասը ընդգրկուեցան ազգային գործունէութեան մէջ:
–Պայքարը սուր է, կը սպասուի արդիւնքները:
–Աւելի աշխուժացան ու հրապարկային դարձան մեր գործունէութիւնը:
–15 մայիսին կատարուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւնները:
–Նախատեսւում է Հայաստան-Չինաստան կանոնաւոր չուերեթներ:
—Եթէ իշխանութիւնը ժամանակին լրջօրէն զբաղուէին այս գործընթացներով…:
Ասոնք բոլորը կը յատկանշուին ենթակայ-բայ թուային անհամաձայնութեամբ. այսինքն՝ ոմանց ենթական եզակի է, բայը՝ յոգնակի, ուրիշներու բայը եզակի է, ենթական՝ յոգնակի: Մինչ հայերէնը,−եւ քիչ մը ամէն լեզու,− կը պահանջէ, որ ենթական եւ բայը ունենան նոյն թիւը, այսինքն՝ համաձայնին իրենց թիւով: Քերականական անհրաժեշտութենէ մը աւելի՝ սա բանական անհրաժեշտութիւն է, այլեւ բնական, այնքան բնական, որքան ծառաւին համար ջուրի պահանջն է, անօթիին համար՝ հացի պահանջը,− բայց ահա եկուր-տես, որ այդ տարրական պահանջն է, որ հիմա սկսած է չքանալ արդի հայուն մէջ՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս, իրարու հետ մրցակցութեան ելած են ուղղակի՝ իրենց բոլոր խաւերով ու շերտերով եւ միշտ գերազանցելով զիրար:
Հարց է, թէ ե՛րբ լեզուական այսքան պարզ կարգ մը չի յարգուիր, հապա ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ աւելի խրթին երեւոյթներ մատնանշել եւ… սրբագրութիւն ակնկալել: Միւս կողմէ չմատնանշես զանոնք, հապա ինչպէ՞ս հաշտուիս աչքերուդ առջեւ ամէն օր քիչ մը աւելի աղաւաղուող, լլկուող, բռնաբարուող մայրենիիդ:
3.Ապօրինի, ապօրէն
Հայերէնը ունի բառեր, որոնց նշանակութիւնը բոլորովին բեւեռացած չէ, եւ միջին հայուն համար անոնք կը տարուբերին ածականի ու մակբայի միջեւ. բերուած երկու օրինակները այդպիսին են: Եւ բնաւ զարմանալի չէ, որ մեր բառարանները իրենց կարգին միօրինակ վերաբերում ցոյց չեն տուած այս երկուքին համդէպ, այլ իրենց կարգին կը տարուբերին ածականի ու մակբայի միջեւ:
Կարդանք, օրինակի համար, հետեւեալը.
«Ապօրինի գաղթող երիտասարդներու նաւ մը ծովամոյն եղած է»:
Յստակ է, անշուշտ, որ գաղթելու գործողութիւնն է, որ կոչուած է ապօրինի, եւ ոչ թէ… երիտասարդնրը, այլ հարց թէ ապօրինի գաղթողը իր կարգին կը դառնայ… ապօրինի կամ ապօրէն:
Անցնինք:
Եւ հարց տանք, արդեօք իրապէս կարելի՞ է հաւասարութեան նշան դնել ապօրէն եւ ապօրինի բառերուն միջեւ: Իմ բոլորովին անձնական տպաւորութիւնս այն է, որ շատ աւելի մակբայական հնչեղութիւն ունի ապօրէն-ը, մինչ ապօրինի-ին մէջ շեշտուած է ածականական նշանակութիւնը, մանաւանդ որ ի ածանցը, որ աւելցած է ապօրինի (ապօրէն+ի) բառին ետեւը, շատ աւելի ածականակերտ է. օրինակ՝ ամայի, աւելի, երկսայրի, կատաղի, ձրի, յարգի, ներքինի եւ այլն, որոնց դիմաց մէկ հատ իսկ ի-ով վերջացող մակբայ չեմ գտներ:
Միւս կողմէ ունինք օրէն-ով վերջացող մակբայներու անհաշուելի քանակութիւն մը:
Հետեւաբար կ’ենթադրեմ, թէ աւելի բարեհունչ է հետեւեալը.
«Ապօրէն գաղթող երիտասարդներու նաւ մը ծովամոյն եղած է»:
Աւելի ճիշդը՝
«Ապօրէն գաղթող երիտասարդներու մէկ նաւը ծովամոյն եղած է»:
Որովհետեւ՝ յատկացուցիչ-յատկացեալ կապակցութիւնը (երիտասարդներու նաւ) կը թելադրէ, որ յատկացեալը օժտուի ը ստացական յօդով. իմ տունս-քու տունդ-իր տունը… այս ը յօդէն է, որ չենք կրնար հրաժարիլ: Ուրեմն պարտաւոր ենք գրելու նաւը: Իսկ ինչ կը վերաբերի տուեալ նաւու անորոշ բնոյթին, որ գրողը ուզած է մը անորոշ յօդով ներկայացնել, ապա այդ անորոշութիւնը կը նշենք մէկ թուականով, որ տեղին համեմատ նաեւ անոորոշ դերանուն է. օրինակ՝ «Ճամբան կը քալէի, երբ մէկը մօտեցաւ եւ…». այս մէկը անորոշ դերրանուն է այլեւս: * * *
Կրնա՞նք եզրակացնել, թէ հայերէնը կը դժուարանայ հետզհետէ:
Հայերէնը կը մնայ նոյնը, զայն գրողներն են, որ պէտք եղած պատրաստութիւնը չունին, յատկապէս մեր լրագրողները, որոնց ոչ մէկը կը լրացնէ տուեալ պաշտօնի պահանջները, որոնց առաջինն է լեզուի պարկեշտ տիրապետումը: Կրնա՞ք թուել մէկ արեւմտահայ լրագրող, որ հայագիտութիւն ըրած է,– անշուշտ ամէն կրպակ հայագիտութիւն չի կրնար ուսուցել,– վկայուած ըլլալով նաեւ համալսարանի լրագրական բաժանմունքէ:
Ասոնք իբրեւ նախատինք չեն ըսուիր, այլ կը մատնեն մեր ցաւը, մեր մորմոքը, մեր յուսահատութիւնը. անհեռանկարային մտահորիզոնը: Վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Ամենամտահոգիչը այն է, որ բարելաւումի ոչ մէկ յոյս կրնանք փայփայել:
- Արմէնպրես եւ… հայերէնը
«Ողջունում եմ հայ ժողովրդի ուժն ու տոկունութիւնը և իրենց ապագան կերտելու յանձնառութիւնը. Լին Թրեյսին շնորհաւորել է ՀՀ Անկախութեան տօնը» («Արմենպրես»): Ամերիկացի դեսպանը իր այս ողջոյնը անգլերէն շարադրեց անշուշտ եւ անգլերէնի մէջ ժողովուրդ (people) յոգնակի է, այդ պատճառով ալ յոգնակի կիրարկած է նաեւ իրենց դերանունը (their): Լուրը հաղորդող Արմենպրեսը պարտաւոր էր ըսելու իր՝ եզակի, քանի ժողովուրդ բառը հայերէնի մէջ եզակի է՝ «իր ապագան»:
Սակայն այսքան բան կրնա՞նք ակնկալել «Արմէնպրես»-էն:
—Վիեննայի բանակցութիւնների մի քանի փուլերի արդիւնքներով կողմերին Է ներկայացուել համաձայնութիւնների վերջնական տեքստը (Արմենպրես):
Վերը անգլերէնն էր, այստեղ ալ ռուսերէնն է. հայը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նահանջէ Հայաստանէն եւ… հայերէնէն: Այլապէս պիտի գրէր՝ շնորհիւ, եւ օրինակ ալ դառնար իր արեւմտահայ եղբայրներուն, որոնք նուազ օտարամոլ չեն: