«Կիսաշխարհիկ»ը հայերէնին մէջ
May 19, 2022
1.Կիսաշխարհիկ
Գերմանաբնակ բարեկամ մը վերջերս կը գրէր, որ Շահնուրի «Նահանջ»-ին մէջ հանդիպած է կիսաշխարհիկ բառին եւ տեղեկութիւն կը խնդրէր անոր մասին: Իսկ ես այդ տեղեկութիւնը չունէի, քանի առաջին անգամն է, որ կը հանդիպէի նման բառի: Եւ եթէ այս բարեկամս չակնարկէր, կրնայի բնաւ ալ չիմանալ անոր գոյութիւնն իսկ: Այո՜, այսպիսի բաներ ալ կան կեանքի մէջ: Բառ ըսուածը աստուծոյ մանանան չէ, որ տեղայ վրադ, եւ դուն բերանդ բանաս ու իւրացնես զայն: Եթէ դուն բառին ետեւէն չգացիր, ապա ան դիւրին-դիւրին չի գար ու գիտակցութեանդ մէջ չի տեղաւորուիր:
Մեղքը վիզդ:
* * *
Ու խօսքը գործի վերածելով՝ դիմեցի մեր արեւմտահայ քաջարի բառարանագիրներուն՝ Գայայեանին, Ճիզմեճեանին, Տէր Խաչատուրեանին, Կռանեանին ու Ճերեճեանին… եւ ոչ մէկուն քով նուազագոյն ակնարկութիւնը գտայ. կարծես Գէորգ Աբով «սեւ ֆաշիզմի հետ» առաթուր ջնջած ըլլար անոր վերջին հետքը մեր բառարաններէն՝ դաշնակցական կարծելով զայն:
Հարկադրուած դիմեցի արեւելահայ բառարանագիրներուն՝ Մալխասեանին, Ակադեմիայի քառահատորին, Աղայեանին, որոնց բոլորն ալ ունին՝ կիսաշխարհ, կիսաշխարհիկ, կիսաշխարհային…
Ուրեմն՝
—կիսաշխարհ – ֆրանսերէն demi-monde բառն է, որ կը նշանակէ թեթեւաբարոյ կեանք վարող կանանց միջավայր. «Այդ կինը մի ժամանակ կիսաշխարհի աստղերից մէկն էր» (Մալխասեան):
—կիսաշխարհիկ – այդ միջավայրի ներկայացուցիչ. «Հետզհետէ իր քենիին հետ կիսաշխարհիկ կնոջ մը պէս սկսաւ վարուիլ» (Երուանդ Օտեան):
–կիսաշախարհային – այդ միջավայրին յատուկ, վերաբերող:
Ասոնք կը գտնենք մինչեւ անգամ Սուքիասեանի «Հոմանիշներու բառարան»-ին մէջ՝ գունագեղ հոմանիշներով. օրինակ՝ «կիսաշխարհիկ – թեթեւաբարոյ, շուայտ, անպարկեշտ, անբարոյ»:
* * *
Այս բառերը կը գտնենք արեւմտահայ երկլեզուեան բառարաններու մէջ, եւ երբեմն շատ աւելի առաջ, քան արեւելահայերունը. օրինակ՝
— Մեսրոպ Գույումճեան (1970). «կիսաշխարհիկ – demimonde, woman of dubious character»
–Միհրան Յովհաննէսեան (1925). «կիսաշխարհիկ – demi-mondaine»
–Լուսինեան-Պասմաճեան (1915). «կիսաշխարհ – demi-monde, կիսաշխարհիկ − demi-mondain(e)»
–Մեսրոպ Նուպարեան (1912). «demi-monde – բարի ծաղիկ կիներ, կիսաշխարհ»
–Եղիա Տեմիրճիպաղեան (1896). «demi-monde – կիսաշխարհ, բարի ծաղիկ կիներ»
Ուրեմն բառս օրին շատ կայուն ներկայութիւն եղած է արեւմտահայերէնի մէջ:
Այստեղ խորհրդածելու ահագին նիւթ ու առիթ կայ:
Եթէ դուք սիրտը ունիք:
Այս բառերը ծնունդ առած են ֆրանսական մշակոյթի ծիրէն ներս. անգլիացին փաստօրէն չունի այս բառին սեփականը: Ֆրանսացին հնարած է զայն, իսկ ֆրաներէնին շատ աւելի մօտ եղած է արեւմտահայը, մինչ արեւելահայուն համար ան գրեթէ օտար ու անմատչելի աշխարհ մըն էր: Բայց ահա ան բացակայ է վերջինի բառարանային բարքերէն, մինչ արեւելահայ բառարանները բոլորն ալ տեղ տուած են անոր՝ առանց զլանալու բնագրային օրինակներ եւս:
Պարզ է, որ մեր բառարանագիրներէն ոչ մէկը իր աշխատութեան առթիւ ցուցաբերած է գործին պահանջած բծախնդրութիւնը եւ աչքէ անցուցած՝ արեւելահայ բառարանները, այլեւ… արեւմտահայ երկլեզուեանները: Այստեղ իշխող բնօրինակը եղած է Վենետիկի «Առձեռն»-նը՝ իր ժամանակավրէպ բառերու ահարկու տարափով, որ կը ճամբորդէ բառարանէ-բառարան:
Այս մասին… ուրիշ անգամ մը:
2.Օրհնանք… օրհնենք… օրհնէնք… օրհնէք
Ժամանակին Գրիգոր Զոհրապի մէկ գրութեան մէջ հանդիպած եմ այս բառին՝ օրհնէնք ձեւով, հետագային նոյնը՝ Մուշեղ Իշխանի քով, սակայն երկուքին ալ աղբիւրը մոռցած եմ: Աւելի ուշ հոս-հոն ցանցնուած հանդիպած եմ միւս երեքին նմանապէս՝ մասնաւորաբար բառարաններու մէջ[1]: Եւ հիմա, ահա, սնանկացած հրեայ վաճառականի պէս, օգտուելով համավարակի ընձեռած անզբաղ,– ու անվերջանալի՜ ,– ազատութենէն՝ միտք կը բերեմ զանոնք ու կը փորձեմ կողմնորոշուիլ:
Ասոնց ո՛րն է ճիշդ, ո՛րն է սխալ, եւ ինչո՛ւ:
Կը թուի, թէ բաւական սուղ պիտի արժէ ինծի այս… հետաքրքրասիրութիւնս:
Եւ անդ լինիցին հեծեծումն հառաչանաց եւ կճրտումն ատամանց:
* * *
«Նոր հայկազեանը»-ը, իմա՝ գրաբարը, ասոնց ոչ մէկը ունի. ուրեմն չորսն ալ աշխարհաբարեան յղացքներ են՝ արեւելահայ ու արեւմտահայ հաւասարապէս:
Հոմանիշ են գրաբար օրհնութիւն, ֆրանսերէն ու անգլերէն bénédiction բառերուն:
Արմատն է օրհն-, մնացեալները ածանցներ են:
—Օրհնանք. ըստ ամենայնի հայեցի կառոյց է իր –անք շատ ծանօթ ածանցով. օրինակ՝ փրկանք, սխրանք, յանցանք, յարգանք, մրցանք, Վարդանանք եւ այլն:
—Օրհնենք. սա իր կարգին հայեցի ըլլալէ չի դադրիր իր –ենք ածանցով, այս տար-բերութեամբ, որ շատ աւելի սակաւ ու նեղ կիրարկութիւն ունի. օրինակ՝ Թորոսենք, Մարկո-սենք, Վարդանենք եւ այլն, որոնք կ’անուանեն իրենց արմատով բնորոշուած անձը եւ իր համախոհները կամ անմիջական հարազատները: Ունինք երկու հազուագիւտ կառոյցներ՝ խոնջենք եւ օրհնենքը, որոնք կը խոտորին այդ նշանակութենէն: Աւելցնենք, որ ասոնց նախընտրելի ձեւերը օրհնանք եւ խոնջանք է:
—Օրհնէնք (եւ խոնջէնք). սխալ ու ոչ-հայեցի կառոյց է, քանի հայերէնը էնք ածանց կամ ածանցախումբ չունի. շատ յատկանշական է, որ Մալխասեան ունի «օրհնենք – տես՝ օրհնէնք»,− այլ խօսքով՝ բոլորովին սխալ ընտրութիւն կը կատարէ: Մալխասեանի միակ սխալ ընտրութիւնը չէ այս. ան ունի նաեւ երբէք եւ քնքոյշ, որոնց երկուքն ալ հայերէն չեն:
—Օրհնէք. սա իր կարգին սխալ ընտրութիւն է, քանի օրհնէք-ը բառային անկախութիւն չունի: «Նոր հայկազեան»-ը ունի «աղօրհնէք», աւելցուցէք՝ խաղողօրհնէք, հիմնօրհնէք, ջրօրհնէք, տնօրհնէք եւ այլն, որոնց բոլորին մէջ ալ օրհնէք-ը կախեալ ձեւոյթ է: Այլ խօսքով՝ օրհնէք բառ չէ ունեցած հայերէնը: Քիչ մը կը յիշեցնէ ամեակ-ը, որ, հակառակ իր «ամ» արմատին, անկախ կիրարկութիւն չունի եւ միայն կախեալ կը կիրարկուի:
[1] Աճառեանի «Գաւառական բառարան»-ին մէջ (1913) կը գտնենք օրհնանք, օրհնէնք, օրհնէք:
Հիւրմիւզեանի «Աշխարհաբարէ-գրաբար բառարան»-ին մէջ (1869) կը գտնենք օրհնենք:
Ջախջախեանի «Հայերէնէ-իտալերէն բառարան»-ին մէջ (1837) կը գտնենք օրհնենք:
Տիգրան Նաւասարդեանցի «Բառգիրք Արարատեան բարբառի»-ն (1903) ունի օրհնանք:
Տեմիրճիպաշեանի «Բառարան ֆանսերէնէ-հայերէն»-ը ունի օրհնէք եւ օրհնենք:
Գուիտոն Լուսինեանի «Նոր բառգիրք ֆրանսահայ»-ը (1900) ունի օրհնէք:
Մուրատեան-Խաչատրեանի «Ֆրանսերէն-հայերէն բառարան»-ը (2010) ունի օրհնանք:
Շնորհակալութիւն, պարոն Եղիայեան, տրուած այս լայն բացատրութեան համար:
Հարցումս կը վերաբերի «աշխարհիկ» հասկացութեան, որ մեր բարբառին մէջ կը գործածուի իբրեւ ցոփ կեանքի հոմանիշ: Աշխարհիկ կեանքով կ՛ապրի կամ աշխարհիկ կին է… եւ այլն: Հարցումս՝ կիսաշխարհիկ-ին կը վերաբերի. երկու կէս աշխարհներու հարց կը թուի ըլլալ, արդեօք մէկը հոգեւոր, միւսը աշխարհի՞կ հասկնանք: Յետոյ ինչո՞ւ աշխարհը կիսել, երբ ցոփ ու շուայտ կեանքը զուտ աշխարհին կը պատկանի, այլ ոչ թէ հոգեւորին:
Լաւագոյն բացատրութիւնը ասոր կարծես ըլլայ «աշխարհական» եւ «հոգեւոր» խումբերու մասին մեր մօտ ստեղծուած հասկացութիւնը: Կիսաշխարհիկը ըլլալով հանդերձ ֆրանսերէնի հետեւութիւն, ինծի համար կը զիջի «աշխարհիկ»ին, որ բոլորիս մտքին կը բերէ անբարոյ կնկան մը կամ մարդու մը բարոյական կերպարը: Համաձա՞յն էք: