Ծանօթանանք օսքարներու (Մարտ 2) թեկնածու ֆիլմերուն եւ դերասաններուն
February 18, 2025

1929-էն ի վեր, Օսքարները հիմնականօրէն ամերիկեան արտադրութեամբ եւ անգլիախօս ֆիլմերը արժեւորելու համար եղած են: Հետաքրքրական երեւոյթ մը կայ վերջին տարիներուն եւ հետզհետէ աւելի հանրայայտ կը դառնայ. օսքարները սկսած են լուսարձակի տակ առնել նաեւ եւրոպական ֆիլմեր եւ անոնց տարբեր բաժինները: Լաւագոյն օտար ֆիլմի* բաժինը պաշտօնապէս սկսած է 1956ին, Federico Fellini-ի La Strada(1) ֆիլմով: Իսկ 1962-ին Sophia Loren եղաւ առաջին դերասանուհին, որ օտար լեզուով (իտալերէն) ֆիլմին՝ Two Women (La Ciociara) մէջ շահեցաւ լաւագոյն դերասանուհիի մրցանակը: Այս ձեւով ճամբան բացուեցաւ օտար ֆիլմերու առջեւ:

Աւելի հետաքրքրական երեւոյթը եղաւ երբ նոյն այդ օտար լեզուով ֆիլմերը նաեւ արժանացան «լաւագոյն ֆիլմ»-ի թեկնածութեան: Առաջինը եղաւ 1999-ին Roberto Benigniի La Vita È Bella(2) (Life is Beautiful) իտալերէն ֆիլմը, որ երկու բաժիններու թեկնածութեան արժանացաւ, բայց շահեցաւ միայն լաւագոյն օտար ֆիլմի մրցանակը. երկրորդը՝ 2019ին, Bong Joon-hoի Parasite(2) հարաւային քորէական ֆիլմը, որ արժանացաւ երկու մրցանակներուն: «Լաւագոյն ֆիլմ»երուն կողքին նոյնը կը կիրառուի մնացեալ բաժիններուն վրայ:

2025-ի օսքարներու ամենէն շատ թեկնածութիւն ունեցող մրցակից ֆիլմերն են՝ Emilia Pérez(3), 13 թեկնածութիւններով, The Brutalist(3)` 10 եւ Wicked(3)` դարձեալ 10: Թեկնածութեան թիւը չափանիշ չէ, վերջ ի վերջոյ ֆիլմը արուեստ է եւ արուեստը՝ ճաշակ: Այսպէս՝ թեկնածուներու քանակը բարձր է եւ խառն: Օտար ֆիլմ մը՝ նաեւ լաւագոյն ֆիլմի թեկնածու է, օտար ֆիլմի դերասանուհին նաեւ լաւագոյն դերասանուհիի թեկնածութիւն ունի, նոյնպէս օտար ֆիլմի գրող, երաժիշտ…

Այս պարագան, այս տարի առկայ է երկու ֆիլմերով՝ Emilia Pérez (Ֆրանսա) եւ I’m Still Here (Պրազիլ): Երկու ֆիլմերը նաեւ ունին լաւագոյն դերասանուհիի թեկնածութիւն՝ Karla Sofia Gascón(4) (Emilia Pérez) եւ Fernanda Torres(4) (I’m Still Here), երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանուհիի՝ Zoe Saldaña(4) եւ լաւագոյն բեմադրիչ եւ adapted screenplay-ի՝ Jacques Audiard (Emilia Pérez): Այն ալ նշենք, որ Karla Sofia Gascón եղաւ առաջին transgender անձը որ սեռը արականէ իգական փոխելէ ետք կ’արժանանայ այս թեկնածութեան:

Ուրիշ յատկանշական կէտ մըն ալ կայ՝ երկու դերասանուհիներ ունեցան իրենց երկար տարիներու ասպարէզի օսքարի առաջին թեկնածութիւնը, լաւագոյն դերասանուհի՝ Demi Moore(5) (The Substance) եւ երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանուհի՝ Isabella Rossellini(5) (Conclave):

Գալով Anora ֆիլմին, որու առաջնախաղը 2024-ի Cannes Film Festival-ին էր, ուր արժանացաւ 7,5 վայրկեան յոտնկայս ծափահարութեան եւ Palme D’Or-ի, այս տարուայ օսքարներուն ունի վեց թեկնածութիւն՝ լաւագոյն ֆիլմի, բեմադրիչի, original screenplay-ի, film editing-ի յանձինս Sean Baker-ին(6), դերասանի՝ Yura Borisov(6), եւ դերասանուհիի` Mikey Madison(6): Մեզի՝ հայերուս համար, պիտի ուրախանայինք եթէ Anora ֆիլմը օսքարակիր դառնար քանի թէ երկու հայ դերասանները՝ Կարէն Կառագուլեան(6) (Թորոս) ու Վաչէ Թովմասեան(6) (Գառնիկ) հայու դեր կը մարմնաւորեն եւ թէ հայերէն գործածուած է ֆիլմին մէջ:
Իսկ տարբեր փառատօններու մասնակցած եւ տարբեր մրցանակներու արժանացած Pedro Almodóvar-ի

The Room Next Door(7) ֆիլմը օսքարի ոչ մէկ թեկնածութիւն ունեցաւ: Pablo Larraín-ի Maria** ֆիլմը դարձեալ չարժանացաւ որեւէ թեկնածութեան: Կ’ըսուի թէ պատճառներէն մէկը այն է որ Angelina Jolie(7) ինք չ’երգեր Maria Callas-ի երգերը, ինչպէս որ Timothée Chalamet` A Complete Unknown ֆիլմին մէջ, ինք կ’երգէ Bob Dylan-ի երգերը:

Իւրաքանչիւր ֆիլմ՝ արուեստի գործ ըլլալէ անկախ, նաեւ քաղաքականութիւն մը կը կրէ: Այսպէս, եթէ Emilia Pérez մեծամասնութեամբ շահի, այսինքն ինչպէս վերը նշեցի թէ դերասանուհին transgender է, այդ երեւոյթը լուսարձակի տակ առած կ’ըլլայ: Այլ քաղաքականութիւն կայ The Brutalist, հունգարացի հրեայ ճարտարապետ László Tóth-ի մասին ֆիլմին մէջ: Հերոսը համաշխարհային երկրորդ պատերազմի հրեական ողջակիզումէն վերապրած՝ ապաստան կը գտնէ Ամերիկա, ուր իրեն առիթ կ’ընծայուի հիմնելու Brutalist architectural style-ը: Արդեօ՞ք դիտմամբ է Adrian Brody-ի László Tóth-ի(8) դերը ստանձնելը 2002-ի The Pianistի մէջ Wladyslaw Szpilman(8) դերով օսքար շահելէ ետք: Իսկ երրորդ քաղաքականութիւնը, որ օսքարներու երեկոյեան նորութիւն չէ՝ սեւերու հանդէպ անիրաւութիւնն է որ այս տարի ներկայացուած է Nickel Boys եւ Sing Sing ֆիլմերով եւ ստացած օսքարի երեքական թեկնածութիւն:
Սպասենք մարտ 2-ը, որ տեսնենք արդիւնքները ինչ ուղղութեամբ պիտի ընթանան: Այս տարուան հակումները շատ են: