Լիբանանի Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի հիւրախաղերը Հայաստանի մէջ
July 19, 2024

Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը(1) 29 յունիսէն 6 յուլիս 2024, հիւրախաղերով այցելեց Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոն եւ Երեւանի «Սօս Սարգսեան»ի անուան Համազգայինի թատրոն, ներկայացնելու «Տեսակ մը թատրոն»ը:
Առաջին անգամը չէր որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը այս երկու բեմերը կը բարձրանար: 2018-ին, ներկայացուց «Ժողովուրդի Թշնամին» եւ «Կոնտոլէզիա՝ Իմ Սէր»ը իսկ 2019-ին՝ «The Good Doctor»ը: Թատերախումբին բեմադրիչ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեանն ալ, յատուկ հրաւէրով, բեմադրեց Արա Արծրունիի «Բարի Լոյս, պարոն Մաթէոս»ը, Գիւմրիի թատերախումբի դերասաններու խաղարկութեամբ:

Իւրաքանչիւր այցելութիւն իր յատկանշական համը ունէր:
Ժամանակի ընթացքին երկու քաղաքներու հանդիսատեսները աւելիով ծանօթացան լիբանանահայ թատերախումբին եւ միշտ սիրով ընդունեցին զայն իր բեմին վրայ:

Գիւմրի այցելութեան յատկացուած երեք օրերու ընթացքին, վերայցելեցինք պատմական քաղաքը(2), մեր բոլոր ծանօթ բարեկամները, ծանօթացանք թատերախումբի նոր սերունդի անդամներուն եւ «Մհեր Մկրտչեան» փոքր թատերասրահի բեմին վրայ դիտեցինք «Բոհեմ»(3) ներկայացումը, բեմադրութեամբ խումբի երիտասարդ բեմադրիչ՝ Տաթեւ Ժաքեանի եւ դերասանութեամբ՝ խումբի փորձառու չորս դերասանուհիներուն: Հմայուած էինք:

Յունիս 30-ին մեր ներկայացումն էր(4): Գիւմրեցի հանդիսատեսը՝ միշտ ամենէն անկեղծը, համարձակը եւ ուղիղը իր կարծիքը յայտնելու, տարբեր առիթներով, պաշտօնապէս եւ անհատներու մօտենալով իր ազատ կարծիքը տուաւ՝ թեր ու դէմ, բայց միշտ քաջալերելով խումբը, որ սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ յամառօրէն ու անվհատ կը գործէ:

Գիւմրիի յուզախառն այցելութիւնը վերջ գտաւ եւ թատերախումբս ուղղուեցաւ դէպի Երեւան միանալու Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»ի անուան Երեւանի թատերախումբի բարեկամներուն: Չորս օր ալ ունէինք Երեւանի մէջ անցընելու:

Նոյն ձեւով թատրոնի պատրաստութիւնները բարեյաջող ընթացան: Յուլիս 3ին ներկայացուցինք մեր գործը(5). այս անգամ հանդիսատեսը, թէեւ մեծամասնութեամբ լիբանանահայ, շատ ջերմ, ուրախ, խանդավառ եւ կարօտով լի ընդունեց ներկայացումը:

Երեւանի խումբը ծրագրած էր որ իրենց խաղացանկէն դիտէինք երկու ներկայացում՝ «թատերական ընթերցանութեան» ծիրէն ներս: Առաջինը, Անուշ Ասլիբեկեանի «Մերսեդես»ն էր, բեմադրութեամբ՝ Նարինէ Գրիգորեանի եւ խաղարկութեամբ խումբին հոյակապ դերասանուհիներուն՝ Տաթեւ Ղազարեանի եւ Արմինէ Անդրէասեանի: Իսկ երկրորդը՝ մնջախաղային ոճով «Պյերետայի Քողը»(6), բեմադրութեամբ՝ Յուրի Կոստանեանի, խաղարկութեամբ խումբի ութ նոր եւ երեք փորձառու դերասաններու: Շատ հետաքրքրական փորձառութիւն էր մեզի համար դիտել ոչ-բեմի վրայ տեղի ունեցող թատերական ներկայացումներ, գրեթէ առանց decor-ի, բայց տարազով եւ props-ով ու text-ը դերասանին ձեռքը, եւ սրահի մը մէջ ուր հանդիսատեսը դերասանին շատ մօտ է:
«Գասպար Իփէկեան»ի Գիւմրի եւ Երեւան թատերական փորձառութեամբ յագեցած այցելութիւնները վերջ գտան վերադարձի մշտական յոյսով եւ մեր բարեկամ թատերախումբերը հիւրընկալելու մշտական փափաքով(7):

Եօթը օր Հայաստանի թատերական մթնոլորտի մէջ անցընելու առիթը միշտ չէ որ պիտի ընծայուի. եօթը օրուան փորձառութիւն՝ երեք թատերախումբերուն համար. երեք թատերախումբեր, որոնք իրարմէ կը զանազանուին հիմնականապէս իրենց ոճով, անձնակազմի թիւով եւ բաժանմունքներով ու մարդուժով:
Լիբանանահայ բոլոր թատերախումբերը սիրողաբար ճամբայ ելած են եւ սիրայօժար նուիրուած են իրենց առաքելութեան, բայց կը գործեն արհեստավարժօրէն: Մեր թատերախումբի «սիրողական» խումբ ըլլալու մօտեցումն ալ տարուէ տարի աւելիով հերքուեցաւ մեր երկու բարեկամ թատերախումբերու կողմէ:
Կարեւոր չէ ուր, եւ ինչպէս կը գործէ, թատրոնը իր բոլոր բաժիններով եւ հանգրուաններով` ապրելաձեւ է: