«Ինչ որ թոյլատրուած է Զեւսին, թոյլատրուած չէ…եզին»
April 7, 2023
- Կեդրոն եւ մասամբ նորին
Մեր նախորդ թողարկումով անդրադարձանք «Ազդակ»-ի քաղաքական էջի գիւտերէն մէկուն, որ էր անոր «կեդրոնացումը ինչ որ բանի մը շուրջ»: Եւ հատուածը աւարտեցինք այն լաւատեսութեամբ, որ նման անակնկալներ բացառուած չեն ապագային եւս:
Եւ ինչպէս կ’ըսեն՝ մելանը դեռ չէր չորցած, երբ այդ անակնկալը ոսկեայ սկուտեղի վրայ հրամցուեցաւ նոյն էջին վրայ եւ նոյն… մեծահոգութեամբ:
Որ ահաւասիկ.
–Արցախի մէջ հայերու պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ միջազգային ուշադրութեան կեդրոնին մէջ (29/3/23, էջ1):
Եւ զարմանալիօրէն խնդրոյ առարկան նոյն կեդրոնն է, որ չի գիտեր ո՛ւր զետեղուի՝ շո՞ւրջը, թէ՞ մէջը:
Այո, պէտք է ճիգ թափել ըմբռնելու համար, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ կամ գտնուիլ բանի մը կեդրոնին… մէջը:
Դուք լսա՞ծ էք կամ կարդացած էք նման բառակապակցութիւն մը:
Արեւելահաերէնի խաղացած խաղն է այս արեւմտահաերէնի գլխուն. մեր քաջարի հայագէտը թարգմանած է «կեդրոնում» ներգոյականը հոն, ուր արեւմտահայերէնը իր գոյութեան ողջ ընթացքին կ’ըսէ «կեդրոնը»:
–Թորոսը կը գտնուի Մարկոսի ուշադրութեան կեդրոնը:
* * *
Եւ այս չէ միայն. ան գլխարկին տակ պահած ունի այլ աղաւնի եւս, որ ահաւասիկ.
–Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնած են վերաբանալ մէկզմէկու մէջ իրենց դեսպանատուները (Ազդակ, 24/3/23, էջ1):
Մեսրոպ երազին մէջ պիտի չհամարձակէր գուշակել, թէ օր մը հայորդի մը կրնար իր գտած այբուբենով գրել՝ «երկու պետութիւն մէկզմէկու մէջ դեսպանատուն պիտի բանան»:
Ի՜նչ գիտնար Մեծ սուրբը, որ նոր հայերէնի մը մեկնարկը տրուած է…
Այլեւ չմոռնանք, թէ «ինչ որ թոյլատրուած է Զեւսին, թոյլատրուած չէ…եզին»:
- Խորհրդանշանական
Շուրջ քառորդ դար առաջ Պէյրութ եկած էր ակադեմիկոս Լեւոն Հախվերդեանը՝ հրաւէրովը Հայկազեան համալսարանի եւ դասախօսական շարքի մը համար: Ճառագայթող դէմք՝ ան հանգիստ չունէր. քիչ մը ամէն տեղ էր ու մանաւանդ իր հրապարակային դասախօսութիւններով կը լեցնէր մեր ժամանակն ու… միտքերը:
Այդ դասախօսութիւններէն մէկուն աւարտին՝ զրոյց կ’ունենար ներկաներուն հետ, երբ խնդրոյ առարկայ դարձաւ ունկնդիրներէն մէկուն խորհրդապաշտ(ական) բառը:
–Այդ ի՞նչ բառ է,– հարցուց Հախվերդեան յօնքերը խստիւ պռստած:
–Symbolist(e) բառի հայերէնն է,— պատասխանեց խօսակիցը
–Սակայն symbol(e)-ը խորհրդանիշ-ն է կամ խորհրդանշան-ը, ուրեմն պէտք է ըսել խորհրդանշապաշտ կամ խորհրդանշանապաշտ եւ ոչ թէ խորհրդապաշտ, որ կը նշանակէ «խորհուրդը պաշտող»… եւ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի:
Եթէ չոփ-չոր մտածենք, հաւանաբար յօժարինք իրաւունք տալ Հախվերդեանին, սակայն լեզուն երբեմն ալ կը խուսափի մտածումի այդ ոճէն, որովհետեւ ան ալ ունի ի՛ր պահանջները, որոնցմէ մէկն ալ գեղեցկութիւնն է. այո, պչռասէր է լեզուն եւ ամէն ճիգ կը թափէ հրապուրիչ, բարետես ու բարեհունչ երեւելու,− որքան ոմանք ամէն ճիգ թափեն՝ այլանդակելու զայն,− եւ առ այս՝ ան յաճախ հակամէտ է զոհելու տրամաբանականն ու ձեւականը:
Մտածենք պահ մը «իմաստասէր» բառին մասին… որ բառացի կը նշանակէ իմաստը սիրող: Բան մը կը նշանակէ՞ այս բառակապակցութիւնը՝ «իմաստը սիրող»,− բայց ահա հայը ի դէմս այս «անիմաստ» բառին կը ճանչնայ Սոկրատն ու Պղատոնը, Արիստոտէլն ու Պերկսոնը, իսկ ժամանակակիցներէն՝ Նուազի լը Կրանի աւատապետը՝ իր ճապկումներով:
Մտածենք պահ մը, որ մէկը որոշէր «իմաստութիւնասէր» կոչել այսպիսիները:
Հախվերդեանի ըրածը ճիշդ այս վերջինն է:
* * *
Անխուսափելիօրէն դիմեցի արեւելահայ բառարաններու՝ տեսնելու, թէ ի՛նչ կացութիւն կը տիրէր այստեղ, եւ ի մխիթարութիւն բոլորիս, գտայ՝
«Խորհրդանշանականան – տե՛ս խորհրդանշական»:
Սակայն ուրիշ բաներ ալ գտայ այստեղ, որ ահաւասիկ՝ խորհրդապաշտ, խորհրդապաշտական, խորհրդապաշտութիւն, ինչ որ պահ մը թեւ ու թռիչք տուաւ տրամադրութեանս, սակայն քիչ անդին նոյն սիւնակը, բոլորովին անըմբռնելի լայնամտութեամբ, հիւրընկալած է նաեւ խորհրդանշապաշտ եւ խորհրդանշանապաշտ բառերը եւս, այսինքն՝ ճիշդ անոնք, որոնց կ’ակնարկէր Հախվերդեան:
Ասոնք համակեաց ու համատեղելի պէտք չէ ըլլային, բայց ահա եղած են, եւ այս՝ այնքան պատկառելի բառարանի մը մէջ, որ սերունդնեդու ճաշակը կրթելու առաքելութիւնը պէտք է ունենայ: Ցաւալի է, բայց այս այսպէս է:
Յիշեցէ՛ք օդանաւակայան-ը՝ մեր օդակայան-ին փոխարէն:
Մինչեւ հիմա ալ երբ արեւելահայու մը նկատել կու տաս առաջինին ճապաղութիւնը եւ երկրորդին կոկիկութիւնն ու բարեհնչութիւնը, կը ստանաս անվրէպ նոյն պատասխանը. «Օդակայան նշանակում է օդի կայան, դա ոչ մի նշանակութիւն չունի…»:
Նոյն ջուրն է ու նոյն ջրամանը. ոչինչ փոխուած է:
- Ոչ եւս է…
Կը բանամ «Պայքար»-ի 317-րդ թիւը եւ ըստ սովորութեանս կը փնտռեմ երկրորդ էջը, ուր ահա աւելի քան վեց տարի է կանոնաւորապէս կը կարդամ խմբագրականը. այդ ընթերցումով ալ կը ձեւաւորուի ազգային-քաղաքական ճաշակս. այնքան հմուտ, ամբողջական, սրտցաւ ու համոզիչ կ’ըլլան անոր վերլուծումները: Եւ ահա առաջին անգամ ըլլալով կը բացակայի ան: Բացակայութիւն մը, որուն ճաշակը չեմ ունեցած նախապէս: Իսկ կարճ ժամանակ մը անց կ’իմանամ, որ զայն գրողը՝ Երուանդ Ազատեանը, պիտի չգրէ այլեւս…: Հանգիստ իր հոգիին: Շատեր պիտի փնտռեն իր գրիչը:
* * *
Այդ կորուստին հետեւանքներէն մէկն ալ կը ցոլայ «Պայքար»-ի այս պատկերին մէջ, որուն տակ կը կարդամ. «Կռունկները տուն կը դառնան»: Իսկ ասոնք… կռունկ չեն, այլ արագիլ: Կռունկը սեւ կ’ըլլայ՝ սպիտակ երիզներով, իսկ արագիլը՝ սպիտակ կ’ըլլայ քանի մը սեւ երիզով:
Արագիլը բարձունքի վրայ կը դնէ իր բոյնը, իսկ կռունկը՝ հողին վրայ: